ԲԱՆԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ երէկ կազմակերպեց ապահովական եւ զինուորական պատասխանատուներու ժողով մը՝ քննարկելու համար քանի մը օրէն Փարիզի մէջ գումարուելիք լիբանանեան բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Նախարարներու, զինուորական եւ ապահովական հրամանատարներու ներկայութեամբ գումարուած ժողովը արժեւորեց նաեւ Գահիէի մէջ գումարուած նախապատրաստական ժողովին մանրամասութիւնները: Աուն նոյն նիւթը քննարկեց նաեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Նախագահն ու վարչապետը անդրադարձան հարաւի եւ Պեքաայի կացութեան՝ ի տես իսրայէլեան ամէնօրեայ յարձակումներուն:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ երեխայ մը եւ կին մը զոհուած են Պեքաայի ուղղութեամբ իսրայէլեան նախանցեալ օրուայ ծանր հարուածներուն հետեւանքով, միաժամանակ վիրաւորուած է առնուազն 29 հոգի՝ ներառեալ 9 երեխայ: Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը յայտարարած էր Պեքաայի մէջ Հըզպալլայի զինամթերանոցներ եւ զինուորական կասկածելի շարժումներ հարուածելու մասին: Ապահովական տեղեկութիւններ նշեցին, որ լիբանանեան բանակը հարաւի սահմանային Եարուն, Մարուն էլ-Ռաս, Այթարուն եւ Մէյս էլ-Ժապալ գիւղերուն մօտ հաստատած է 7 նոր դիրքեր՝ հետեւելու համար իսրայէլեան շարժումներուն եւ կանխելու ներթափանցումի փորձերը:
ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԲՆԱԿԱՆՈՆ Է
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ քաղաքացիական օդային փոխադրութեան վարիչ խորհուրդի նախագահ Մոհամմատ Ազիզ կտրականապէս ժխտեց օդակայանին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին համացանցի վրայ տարածուած տեղեկութիւնները: «Օդակայանին աշխուժութիւնը բնականոն կ’ընթանայ եւ որեւէ արտակարգ քայլ չէ ձեռնարկուած», ըսաւ ան, սովորական համարելով թռիչքներոուն աշխուժութիւնը: Նշենք, որ վերջին օրերուն ընկերային հարթակներուն վրայ տարածուած էր ահազանգ՝ Իրանի դէմ ամերիկեան պատերազմի շղթայազերծումին պարագային Պէյրութի օդակայանին նկատմամբ ցցուած ենթադրեալ վտանգներուն մասին:
ՅԵՏԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ
Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի յայտնեց, որ Երկուշաբթի օր հիւլէական ծրագրին մասին թեքնիք հարցերու քննարկում պիտի կազմակերպուի Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ: Խօսելով Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցային վերջին նիստին մասին, նախարարը յայտնեց, որ հիւլէական թղթածրարին եւ պատժամիջոցներուն վերաբերեալ եղած է դրական յառաջընթաց: Այսուհանդերձ, ռազմական շարժումները տակաւին չեն դադրած եւ ամերիկացիները յայտարարեցին Ճէրըլտ Ֆորտի անուան օդանաւակիրը Իսրայէլ առաքելու մասին: Իրանի բանակին բանբերը յայտնեց, որ ամերիկեան որեւէ անխոհեմ քայլի պարագային պիտի բռնկի տարածաշրջանային լայնածաւալ պատերազմ մը:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը ահազանգեց, որ Իրանի մէջ հարստացուած եուրանիւմին անյայտ ծաւալը կը յառաջացնէ լուրջ մտահոգութիւններ: Տարածաշրջանային լարուածութեան լոյսին տակ, Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանութիւնը պաշտօնեաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն արտօնեց դուրս գալ երկրէն: Իսկ Չինաստան իր քաղաքացիներուն յորդորեց այս փուլին չճամբորդել Իրան եւ այնտել գտնուելու պարագային անյապաղ հեռանալ:
Ամերիկեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախարար Մարքօ Ռուպիօ Իսրայէլ պիտի այցելէ 2-3 Մարտին, քննարկելու համար Կազայի հարցով Թրամփի ծրագիրը, Իրանի եւ Լիբանանի հարցերը: Իսկ Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարաձակումներուն շարունակութիւնը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջելով անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել՝ իսրայէլեան գործողութինները զսպելու համար:
ԱՖՂԱՆ-ՓԱՔԻՍՏԱՆԵԱՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄ
Միջազգային գետնի վրայ հակամարտութիւն մը տակաւին չդադրած, սկսած կ’ըլլայ միւսը: Անցնող օրերուն իրավիճակը բռնկեցաւ Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի սահմանին վրայ, տեղի ունեցաւ զինեալ բախումներ եւ ամբաստանութիւններու փոխանակում: Աֆղանիստանի բանակին հրամանատարը յայտնեց, որ հակադարձութեան հարուածներ ձեռնարկած են Փաքիստանի սահմանային շարք մը դիրքերու դէմ սպաննելով 55 փաքիստանցի զինուոր եւ գրաւելով 15 դիրք:

Փաքիստանի վարչապետը միւս կողմէ հաւաստիացուց, որ իր ուժերը պատրաստ են տապալելու թշնամական որեւէ արկածախնդրութիւն: Պաշտպանութեան նախարարն ալ բաց պատերազմ յայտարարեց Աֆղանիստանի մէջ իշխող Թալիպան շարժումին դէմ:
ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՇՏԵՑՈՒՄԻ ՈՒ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ
Սումկայիթեան եղեռնագործութեան 38-րդ տարելեցին առիթով, Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 1988-ի Փետրուար 27-էն սկսեալ Ատրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան Սումկայիթ քաղաքին մէջ կազմակերպուած սպանդին, որուն հետեւանքով զոհուած էին հարիւրաւոր հայ քաղաքացիներ: «Յիշողութիւնը միայն անցեալին մասին մտորելու առիթ չէ, այլ կը վերահաստատէ մեր համատեղ պատասխանատուութիւնը՝ պաշտպանել մարդկային իրաւունքները, մերժել ատելութիւնն ու ատելութեան բոլոր դրսեւորումները, միաժամանակ անսասան աշխատելով հաշտեցումի ու երկարատեւ խաղաղութեան համար», յայտարարեց նախարարութիւնը: Նոյն առիթով, Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կատարեց համացանցային գրառում, որուն մէջ նշեց. «Այսօր մենք կը միանանք հայերուն՝ սգալով եւ տուրք մատուցելով 1988-ին Սումկայիթի մէջ զոհուածներու յիշատակին»:
ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԻ ՈՒՂԻՆ Կ’ԱՆՑՆԻ ԳԵՐԻՆԵՐԷՆ
Պաքուի մէջ 20 տարուայ բանտարկութեան դատապարտուած Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան յայտնեց, թէ որոշած են չբողոքարկել դատավճիռը, նկատի առնելով ատրպէյճանական դատարանին կողմնակալութիւնն ու միակողմանի որոշումները: «Տեղի ունեցածը իրական դատավարութիւն չէր, այլ քաղաքական ցուցադրութիւն՝ ներքին լսարանին եւ հաւանաբար արտաքին որոշ դիտորդներու համար», ըսաւ Դաւիթ Վարդանեան: Խօսելով հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումին եւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն մասին, ան ընդգծեց, որ «իրական խաղաղութեան միակ ճանապարհը Պաքուի մէջ արգելափակուած բոլոր պատանդներուն ազատ արձակումն է»:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԵՐԿԻՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայ-լեհական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկեց իր լեհ պաշտօնակից Տոնալտ Թուսքի հետ: «Մենք պատրաստ ենք Եւրոպայի մէջ ընդունելու բոլոր այն երկիրները, որոնք կը կրեն մեր արժէքները», ըսաւ Թուսք՝ աւելցնելով, որ իր իրլանտացի պաշտօնակիցին հետ քննարկած է Հայաստանի քաղաքացիներուն առջեւ Եւրոպայի ճամբան բանալու միջոցները: Որպէս եւրոպական չափանիշեր ան թուեց ժողովրդավարութիւնը, անկախութիւնն ու խաղաղութիւնը: «Վստահ եմ, որ ձեր վարած քաղաքականութիւնը այդ ճամբով կ’ընթանայ եւ այդ առումով վերստին երախտագիտութիւն կը յայտնեմ», ըսաւ Թուսք Հայաստանի վարչապետին:

Փաշինեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է դառնայ Եւրոմիութեան ու եւրոպական չափանիշերուն համապատասխան երկիր մը: Ան տեսակցեցաւ նաեւ Լեհաստանի ծերակոյտի նախագահ Մալկոժաթա Քիտավա-Պլոնսքայի հետ՝ քննարկելու խորհրդարանական համագործակցութեան զարգացումն ու միջազգային հարթակներուն մէջ գործընկերութեան խորացումը: Զրուցակիցները անդրադարձան Երեւան-Վարշաւա երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան համագործակցութեան հեռանկարներուն: Հայկական պատուիրակութեան այցելութեան ընթացքին ստորագրուեցաւ հայ-լեհական համաձայնութիւն՝ ռազմաթեքնիքական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու մասին:
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան յայտնեց, որ եկեղեցի-իշխանութիւն առճակատումը լուծելու հարցին մէջ կողմնակից է երկխօսութեան: Ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը պէտք է շարունակական մնայ, մերժելով մեկնաբանել Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի ուղերձին բովանդակութիւնը, ուր կոչ կ’ուղղուի ճշդելու Ազգային-եկեղեցական ժողովին թուականը եւ ստեղծելու սինոտական կառոյց մը՝ բաղկացած բարձրագոյն հոգեւորականներէն, որպէս ճգնաժամէն ետք:

Պատրիարքը առաջարկած է ընտրել 15 աւագ եպիսկոպոսներ՝ ներառեալ Վեհափառ հայրապետը քննադատողներ, որոնք Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կրնան օգնել կառավարել Մայր աթոռը:
ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒՄԸ
Աննա Յակոբեանը համացանցային նոր գրառումներով վերստին անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն քաղաքացիական ամուսնալուծումի նիւթին, ժողովուրդին կոչ ուղղելով «այս հարցը քննարկելու շատ ժամանակ չծախսելու, այլապէս կը դառնայ պարապ, անօգուտ եւ անպտուղ զբաղմունք»: Հետագայ տարաձայնութիւնները կանխելու նպատակով, ան յստակացուց, որ կը հեռանայ կառավարական առանձնատունէն եւ պիտի վարձէ տուն, որովհետեւ չունի անձնական բնակարան:

Յակոբեան պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու աշխատանքը որպէս «Իմ Քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն, յայտարարեց անցնող տարիներուն իր ստացած նուէրները պետութեան փոխանցելու մասին եւ ժողովուրդին կոչ ուղղեց փողոցը իրեն առանձին տեսնելու պարագային չզարմանալու եւ չվիրաւորել,ու որովհետեւ արդէն անցնող 8 տարիներուն լսած է բաւարար վիրաւորանք:
ԱՌԱՆՑ ՎԻԶԱՅԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մինչեւ Յունիս, Հայաստանի կառավարութիւնը 113 երկիրներու քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն տուած է առանց մուտքի արտօնագրի մուտք գործելու Հայաստան՝ նպատակադրելով զարգացնել զբօսաշրջութիւնը եւ ներգրաւել յաւելեալ այցելուներ: Այս ծիրին մէջ, TTW (Travel and Tour World) զբօսաշրջային գործակալութիւնը յօդուած մը հրապարակեց Հայաստան այցելելու առաւելութիւններուն մասին, որուն մէջ նշեց, թէ «թաքնուած գանձ Հայաստանը վիզայի պարզեցուած քաղաքականութեամբ իր դռները կը բանայ ճամբորդներուն առջեւ՝ ծանօթանալու երկրի բնական գեղեցկութեան, հարուստ պատմութեան եւ վառ մշակոյթին»:

