Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ընտրութիւնն Ու Օծումը Իբրեւ Նուիրապետական Պաշտօնի Հիմնարար Սկզբունքներ Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան (Ժընեւ)

February 26, 2026
in Յօդուածներ
0
Ընտրութիւնն Ու Օծումը Իբրեւ Նուիրապետական Պաշտօնի  Հիմնարար Սկզբունքներ Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայց. առաք. եկեղեցին իր հոգեւոր-նուիրապետական կարգը կը հիմնէ զիրար լրացնող զոյգ սկզբունքներու՝ ընտրական ընթացակարգի եւ ձեռնադրութեան արարողութեան վրայ։ Ասոնք պէտք չէ ընկալուին իբրեւ եկեղեցական իշխանութեան օրինականացման մրցակցային ուղիներ, այլ նոյն իրականութեան փոխլրացնող բաղադրիչներ։ Մինչ ընտրութիւնը կը դրսեւորէ համայնքի կամ թեմի մը անդամներուն վարչական համաձայնու­թիւնն ու վկայութիւնը, ձեռնադրութիւնն ու օծման արարողութիւնը Եկեղեցւոյ նուի­րապետական համապատասխան պաշտօնին,– ըլլայ ան սարկաւագական, քահանայա­կան, եպիսկոպոսական թէ կաթողիկոսական աստիճան,– կը շնորհէ իր զուտ ծիսական-խորհրդական բնոյթը, զայն կապելով Ս. Հոգւոյ շնորհաբաշխութեան եւ ուղղակի Քրիս­տոսէ աւանդուած տնօրինութեան՝ առաքելական յաջորդականութեան հետ։

Հայ եկեղեցւոյ կանոնական աւանդոյթին մէջ ամրագրուած այս փոխազդեցութիւնը յատկապէս ակնյայտ կը դառնայ նուիրապետական-հոգեւոր պաշտօնը համապատասխան ընծայացուին շնորհելու կարգաւորուած գործընթացով: Սարկաւագը սովորաբար կ’առաջադրուի, նորընծայ քահանան, որպէս կանոն, կ’ընտրուի համայնքին, թեմակալ առաջնորդը՝ թեմին, իսկ կաթողիկոսը՝ Ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ։ Վարչա­կան այս նախապայմանը լրացնելէ ետք միայն կ’իրականանայ ձեռնադրութեան կամ օծման արարողութիւնը։ Սոյնը ցոյց կու տայ, որ Եկեղեցին իր նուիրապետական-հոգե­ւոր պաշտօնը չ’ընկալեր իբրեւ միայն իրեն վերապահուած մենաշնորհ մը, այլ անոր իրականացման մէջ կը ներառէ իր հաւատաւոր հօտին մասնակցութիւնը՝ իբրեւ հա­մայնքի, թեմի կամ ազգային կեանքի մէջ ընդունուող եւ հաստատուող ծառայութիւն. այսպիսով նորընծան տեսակ մը վերէն չէ, որ կը նշանակուի, այլ կը կոչուի համայնքի կամ թեմի անդամներու, այլապէս ազգի շրջանակներէ, որոնք կը տեսնեն անոր պի­տանիութիւնը եւ իրենց վկայութեամբ ու մասնակցութեամբ կը զօրակցին անոր կո­չումին՝ հանդէպ Քրիստոսի Եկեղեցիին եւ ազգի հոգեւոր ծառայութեան։

Այսպիսով Հայ եկեղեցին աւանդաբար կը պահպանէ հոգեւոր-նուիրապետական  պաշտօնի այնպիսի ընկալում, որ կարելի չէ սահմանափակել զուտ նուիրապետական «վերէն-վար» գործընթացով, ո՛չ ալ զայն պարզապէս հաստատել ժողովրդավարական ընտրութեան ձեւաչափով։ Աւելին՝ եկեղեցականի պաշտօնը կը հասկցուի իբրեւ հաւատաւոր հօտին կամ համայնքին հանդէպ իրականացուող հոգեւոր առաքելութիւն, ուր Եկեղեցին միաժամանակ կը դրսեւորուի թէ՛ իբրեւ Քրիստոսի հաւատացողներէ կազմուած համայնք եւ թէ՛ հոգեւոր-խորհրդական իրականութիւն։

Ashburnham 1089, Լաուրենցեան Մետիչեան գրադարան (Ֆլորենցա), ձեռնադրութեան Մաշտոց, Կիլիկիա, 1232 թ., ff. 3v–4r, գրիչ՝ Գէորգ, ստացող՝ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս։

Ընտրութիւնն ու ձեռնադրութիւնը կամ օծումը վարչական ընթացակարգի սովորական քայլեր չեն, այլ եկեղեցաբանական ու ծիսաբանական ուղերձներ. ընտրութիւնը կը վկայէ, որ հոգեւոր կոչումը Եկեղեցիին մէջ կ’իրականանայ Քրիստոսի հաւատաւոր հօտին ծառայելու համար, իսկ ձեռնադրութիւնն ու օծումը կը գտնուին Ս. Հոգիի եւ առաքելական աւանդոյթի յաջորդականութեան մէջ։ Ուղղակի այս առնչութեան մէջ յստակ կը դառնայ եկեղեցական պաշտօնին ծառայական բնոյթը, որ գերազանցապէս կը հիմնուի համայնքի ժողովրդավարական-ընտրական սկզբունքին եւ միաժամանակ Եկեղեցւոյ խորհրդական արարողութեան հոգեւոր արժէքին վրայ։

Հայց. առաք. եկեղեցւոյ սուրբ աւազանին մէջ մկրտուած բոլոր հաւատացեալները՝ աշխարհիկ եւ հոգեւոր դասերը, միասնաբար կը ներկայացնեն բովանդակ Հայ եկեղեցին՝ անդամակցելով Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմնին։ Հայ եկեղեցին եւ իր հաւատաւոր հօտը երկու առանձին միաւորներ չեն, այլ մէկ ու միասնական ամբողջութիւն։ Պատմա­կան զարգացման բերումով՝ Եկեղեցին եւ ժողովուրդը անբաժանելի հասկացութիւններ են։ Երբ Եկեղեցի կ’ըսենք, կը հասկնանք Քրիստոսի սուրբ Հաղորդութեան խորհուր­դին առջեւ համախմբուած մարդոց հաւաքականութիւնը եւ ոչ անպայման նիւթեղէն շէնքը։

Աստուածաբանական հայեցակէտէ մեկնելով՝ իւրաքանչիւր հաւատացեալ անձ, այնքան ատեն, որ Հայ եկեղեցիի անդամ է, կոչուած է իր մասնակցութիւնը բերելու Քրիս­տոսի ընդհանուր քահանայութեան պաշտօնին, որ Աւետարանէն կը բխի եւ կ’արտա­յայտուի Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքին համաձայն, իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալի կը վերապահուի ունենալու գործուն մասնակցութիւն եկեղեցական կեանքի շինութեան եւ կազմակերպման գործին մէջ, որովհետեւ ընտրութեան սկզբունքով ան իրաւունք ունի իրեն յատկացուած եկեղեցական իշխանութիւնը փոխանցելու հոգեւոր դասին, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային՝ զայն նոյն այդ իշխանութենէն զրկելու։ Հաւատացեալները այս իրաւունքը ի սկզբանէ եւ ինքնաբերաբար ունին, եւ բոլորովին պարտադիր չէ, որ այդ իրեն փոխանցուած ըլլայ հաստատութենական-կառուցուած­քային իմաստով հասկցուած Եկեղեցիէն։

Ահա այստեղ՝ եկեղեցական իշխանութեան վարդապետութեան մէջ, Հայ եկեղեցին սկզբունքայնօրէն կը տարբերի Արեւմտեան եկեղեցիներէն։ Մինչ Կաթողիկէ եւ Յոյն-ուղղափառ եկեղեցիները եկեղեցական իշխանութիւնը բացառաբար եւ ամբողջութեամբ կը պահեն կղերին ձեռքը, Հայց. առաք. եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ ատիկա հիմնովին կը գտնուի հաւատացեալներուն՝ այսինքն ժողովուրդին մօտ։ Այս­պէս, ամբողջ Եկեղեցին, աշխարհականներն ու հոգեւորականները միասին, կը գործէ իբրեւ եկեղեցական իշխանութեան մարմին։ Ընտրութեան սկզբունքը Հայ եկեղեցւոյ մէջ հոգեւորականութիւնը ժողովուրդէն կախեալ կը դարձնէ այն իմաստով, որ հաւա­տացեալները իրենք կ’որոշեն, թէ որո՞ւ պիտի վստահին քահանայական պաշտօնի գոր­ծադրութիւնը, կամ զո՞վ պիտի նկատեն այդ պաշտօնին արժանի։

Արդարեւ, հոգեւորականը իրեն վստահուած պաշտօնին չի տիրապետեր աստուածային իրաւունքի ուժով, այլ համայնքին կողմէ իրականացած ընտրութեան հիմքով։ Սակայն պէտք չէ ստեղծուի այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ ընտրուած անձը արդէն իսկ ի վիճակի կը դառնայ ստանձնելու եւ կիրարկելու այդ պաշտօնը. սոյնը իրականութեան մէջ կը լիազօրուի միայն այդ ընտրութեան յաջորդող՝ եպիսկոպոսի կողմէ կատարուած օրինաւոր ձեռնադրութեամբ։ Միայն ձեռնադրութեամբ հեղինակաւորուած նորընծան կրնայ իրեն տրուած քահանայական իշխանութեամբ հաւատացեալներուն բաշխել Եկեղեցւոյ խորհուրդները եւ կատարել սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Այսպիսով թէ՛ հաւատացեալները եւ թէ՛ հոգեւորականութիւնը գործուն կերպով կը մասնակցին եկեղեցական կեանքի կառուցման եւ Քրիստոսի առաքելութեան գործին։

Ընտրութեան եւ ձեռնադրութեան այս աւանդոյթը կը գտնենք արդէն իսկ նախնական Եկեղեցւոյ գործնական կեանքին մէջ, երբ առաքեալներ Երուսաղէմի մէջ աճող համայնքին կը թելադրեն՝ ըսելով. «Եղբայրնե՛ր, ձեր մէջէն ընտրեցէք բարի համբաւ ունեցող եօթը մարդիկ, որպէսզի զանոնք նշանակենք այդ ծառայութիւններուն համար» (Գործք Զ, 3)։ Արդարեւ, Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տեղի կ’ունենայ համայնքային առաջին ընտ­րութիւնը, երբ սարկաւագներ նախ կ’ընտրուին, ապա կը ներկայացուին առաքեալնե­րուն, որոնք «աղօթք ընելով ձեռք դրին անոնց վրայ» (Գործք Զ, 6)։

Ցարդ ներկայացուածէն կարելի է ձեւակերպել հետեւեալ եզրակացութիւնը.

  1. Ընտրութիւնն ու ձեռնադրութիւնը/օծումը Հայ եկեղեցւոյ մէջ մրցակցող ուղիներ չեն, այլ նոյն եկեղեցական իրականութեան երկու փոխլրացնող հիմնարար սկզբունքներ։
  2. Ընտրութիւնը կ’արտայայտէ Եկեղեցւոյ անդամներուն վկայութիւնն ու համաձայնութիւնը եւ կ’ապահովէ հաւատացեալներուն գործուն մասնակցութեան արտայայտութիւնը՝ եկեղեցական կեանքի շինութեան ու զօրացման մէջ։
  3. Ձեռնադրութիւնը կամ օծումը կը շնորհէ եկեղեցական պաշտօնին ծիսական-խորհրդական բնոյթը, եւ զայն կը կապէ առաքելական յաջորդականութեան, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Սուրբ Հոգւոյ շնորհաբաշխ գործունէութեան շարունակականութեան հետ։
  4. Եկեղեցական պաշտօնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ չի մեկնաբանուիր զուտ նուիրապետական եւ զուտ ժողովրդավարական առումով, այլ կ’ընկալուի իբրեւ զիրար լրացնող ու պայմանաւորող հոգեւոր առաքելութիւն, որ Եկեղեցւոյ շրջանակէն ներս միաժամանակ կը ճանչցուի, կը հաստատուի եւ խորհրդակատարութեան տարատեսակ դրսեւորումներով կ’իրագործուի։
  5. Հոգեւորականի եկեղեցական պաշտօնը անձնական կարողութիւններու միջոցով իբրեւ ստացուածք ձեռք չի բերուիր, այլ այդ կը շնորհուի կարգաւորուած ընթացակարգով, որ կը ներառէ համայնքի կամ թեմի իրականացուցած ընտ­րութիւնը եւ եպիսկոպոսի կողմէ կատարուած օրինաւոր ձեռնադրութիւնը։
  6. Միայն օրինաւոր ձեռնադրուած եկեղեցականը կրնայ Եկեղեցւոյ անունով ծիսական արարողութիւններ ընել, մասնաւորաբար՝ կատարել Եկեղեցւոյ խորհուրդները, ինչպէս նաեւ մատուցել սուրբ պատարագը։
  7. Եպիսկոպոսութեան պարագային յստակ կը դրսեւորուի տեղական եւ Տիեզերական եկեղեցւոյ փոխկապակցութիւնը. ընտրութիւնը կը շեշտէ, որ թեմակալ ե­պիսկոպոսը որպէս հոգեւոր առաջնորդ կապուած է իր թեմին, իսկ կաթողիկոսի կողմէ կատարուած ձեռնադրութիւնն ու օծումը կը վկայեն, որ ենթական իր պաշտօնով կը խորհրդանշէ Հայ եկեղեցւոյ հաւատքի միութիւնը եւ կը վկայէ առաքելական յաջորդականութեան անընդմիջելի շարունակականութիւնը։
  8. Եպիսկոպոսական մակարդակին վրայ յստակ կ’երեւի թեմերու եւ ասոնցմէ կազմուած ամբողջ Հայ եկեղեցւոյ միութեան գաղափարը. ընտրութիւնը կը շեշտէ թեմական արմատաւորուածութիւնը, իսկ կաթողիկոսի կողմէ կատարուած ձեռ­նադրութիւնն ու օծումը կը յայտնեն համայն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ միութեան եւ առաքելական յաջորդականութեան մէջ ներառուելու գաղափարը։
  9. Այս գործառոյթը արդէն իսկ խօսուն արտայայտութիւնը գտած է նախնական Եկեղեցւոյ գործնական կեանքին մէջ, ինչպէս կը վկայէ Գործք Առաքելոց գիրքի Զ. գլուխը. այսինքն համայնքն է, որ կ’ընտրէ Եկեղեցւոյ սպասաւորները, իսկ առաքեալները աղօթքով եւ ձեռք դնելով կը ձեռնադրեն զանոնք։

Արդարեւ, այսպէս եղած է Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը դասակարգելու աւանդոյթը եւ կանոնական իրաւունքը Հայ եկեղեցւոյ մէջ դարէ ի դար։ Այստեղ թէեւ օծելու իշխանութիւնը (potestas ordinis) եւ վարչական իշխանութիւնը (potestas iurisdictionis) նոյնպէս կը կազմեն եկեղեցական իշխանութեան երկու հիմնական տարրերը, սակայն քանի որ այս եկեղեցական իշխանութիւնը կը պատկանի ամբողջ Եկեղեցւոյ մարմինին, հոգեւոր դասը այս իշխանութիւններու գործադրութեան մէջ կը մնայ կապուած ժողովուրդի կամքին։ Հետեւաբար հայ հոգեւորականութիւնը աշխարհական դասէն վեր բարձրա­ցող առանձնաշնորհուած դիրք մը չի գրաւեր. ան չի կազմեր ինքնուրոյն շահերով օժ­տուած յատուկ դասակարգ մը, այլ կը մնայ Եկեղեցւոյ բովանդակ մարմինին մէջ՝ իբրեւ համայնքին հետ միացած ու անոր ծառայութեան մէջ գործուն ներկայութիւն։

Այսպիսով յստակ կը դառնայ, որ Հայ եկեղեցին իր իշխանութիւնը բացառապէս չի կեդրոնացներ հոգեւոր պաշտօններուն,– սարկաւագ, քահանայ, եպիսկոպոս կամ կաթողի­կոս,– այլ ընդհանուր Եկեղեցւոյ անդամներու ամբողջութեան վրայ։ Սոյնը գերազան­ցապէս իր արտայայտութիւնը կը գտնէ Ազգային-եկեղեցական ժողովին միջոցով (որուն մաս կը կազմեն նաեւ եպիսկոպոսները): Հայ եկեղեցիէն ներս մնացեալ ամէն ինչ ենթակայ է այս գերագոյն ազգային-եկեղեցական իշխանութեան, նաեւ Ամենայն հա­յոց կաթողիկոսը, որ կ’ընտրուի միայն այս մարմինէն եւ, անհրաժեշտութեան պարա­գային, նաեւ կը պաշտօնազրկուի կամ կ’աթոռազրկուի այս գերագոյն իշխանութենէն։

Մատենագրական վկայութիւններու բացակայութեան պատճառով այսօր դժուար է հաստատել, թէ ինչպէ՛ս է տեղի ունեցած եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը կամ նշանակումը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան սկզբնական ժամանակաշրջանին։ Միանգամայն պարզ է, որ հայոց կաթողիկոսները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Սահակ Ա. Պար­թեւ, կաթողիկոսական աթոռը ընտանեկան ժառանգականութեան հանգամանքով ստանձնած են, այնուամենայնիւ պէտք է ենթադրել, որ անոր զուգահեռ եղած է ժո­ղովուրդին կողմէ ծափողջոյններով ընդունման կամ հաստատման աւանդոյթ մը։

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կանոնը, որ մեծ հաւանականութեամբ ձեռնադրութեան սկզբնական շրջանի արարողակարգին մէջ Ե.-Զ. դարերուն ներառուած ըլլալու է, կը վկայէ, որ եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ պատմական աւելի վաղ արմատներ ունի։

Այս առնչութեամբ «Կանոնագիրք Հայոց»-ը ուշագրաւ վկայութիւն մը կը հաղորդէ եպիսկոպոսներու եւ հոգեւոր սպասաւորներու ընտրութեան վերաբերեալ։ Շահապիվա­նի ժողովի (444 թ.) ԺԶ. կանոնը կը թելադրէ.

«Եպիսկոպոսներ, քահանաներ, դատաւորներ, ժողովրդապետեր, օրէնսդիրներ եւ կամ շինական առաջնորդներ կարգելու, Եկեղեցւոյ հովիւներ պատրաստելու համար հարկ է, որ կաշառքով եւ կողմնապահօրէն անպարկեշտները չընտ­րեն, այլ ճշմարտապէս արժանաւորները, որ նախանձախնդիր ըլլան սրբութեան եւ հաս­տատուն՝ օրէնքի մէջ»[1]։

Ս. Ներսէս Շնորհալիի (շուրջ 1100–1173) «Թուղթեր»-ուն մէջ այս մասին եւս աւանդուած է կարեւոր վկայութիւն մը։ Ան Կարսի թեմի եկեղեցական ներկայացուցիչներուն ուղղած իր նամակին մէջ,– որոնք իրենց վախճանած թեմակալ առաջնորդին տեղ ընտ­րած էին այլ եկեղեցական մը եւ զայն եպիսկոպոս օծուելու նպատակով ուղարկած Կի­լիկիա,– կը յայտնէ.

«Եպիսկոպոս ձեռնադրեցի ձեր ընտրած եւ ձեր վկայականով ուղարկած քահանան, հաւատալով ձեր վկայութեան յանձնեցի իրեն առաքելական ձեռնադրութեամբ տրուելիք իրաւունքները»[2]։

Այստեղ տեղին չէ առկայ յօդուածը խճողել մատենագրական բազմաթիւ վկայութիւններով եւ նմանատիպ մէջբերումներով։ Այնուամենայնիւ, վերը յիշուած օրինակները արդէն իսկ բաւարար են ցոյց տալու, որ Հայ եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական իշխանու­թիւնը համաեկեղեցական է եւ երբեք՝ առանձնապէս կղերական։

Կաթողիկոսէն ետք, եպիսկոպոսը Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ կը կրէ եկեղեցական իշխանութեան ամենաբարձր աստիճանը։ Ան գլխաւորաբար կը բնորոշուի իր ի պաշտօնէ ունեցած ձեռնադրելու կամ օծելու իշխանութեամբ (potestas ordinis), մինչդեռ վարչական իշխանութիւնը (potestas iurisdictionis) անոր կը շնորհուի իր թեմին կողմէ՝ իբրեւ պատուիրակուած իշխանութիւն: Ուրեմն թեմակալ եպիսկոպոսը թեմի հոգեւոր գլուխն է՝ համապատասխան լիազօրութեամբ օժտուած այն բոլոր սահման­նե­րուն մէջ, որոնք անհրաժեշտ են իր թեմին առաջնորդութեան համար։ Սակայն այս լիա­զօրութիւնը, այսինքն իր վարչական իշխանութիւնը, չի հիմնուիր աստուածային իրա­ւունքի (ius divinum), այլ մարդկային իրաւունքի (ius humanum) վրայ։ Այսպիսով՝ վար­չական հարցերու մէջ եպիսկոպոսը օրինաւորապէս կը գործէ ընտրուած թեմական խորհուրդին հետ՝ թեմի կանոնադրութեան համաձայն։

Նոյնն է նաեւ պարագան Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, որ կ’ընտրուի Ազգային-եկեղեցական ժողովէն եւ կաթողիկոս կ’օծուի առնուազն երեք եպիսկոպոսներէ։ Ան նմա­նապէս կը գործէ Ազգային-եկեղեցական եւ Եպիսկոպոսական ժողովներու կայացու­ցած որոշումներու ծիրէն ներս։ Սոյնը, իր կարգին, կը կանխէ մէկ անձի կողմէ բացար­ձակութեան վտանգը կամ Եկեղեցիին միանձնեայ ղեկավարումը:

Ընտրութեան սկզբունքին մէջ կը գտնուի,– ի տարբերութիւն Արեւմտեան եկեղեցիներուն,– Հայ եկեղեցւոյ յատուկ ժողովրդավարական բնոյթն ու եզակի արժէքը։ Սակայն, ինչպէս կը յայտնէ ծանօթ խօսք մը, «Ժողովրդավարութիւնը ծանօթ կառավարման վատ համակարգերէն լաւագոյնն է»։ Եւ այդպէս ալ՝ Հայ եկեղեցւոյ գործնական կեան­քին մէջ ան յստակ կերպով կը բախի իր սահմաններուն։

Կան պարագաներ, երբ կաթողիկոսը, հիմնաւոր ինչ պատճառներով ալ ըլլայ, կրնայ մերժել իրեն օրինաւոր կերպով ներկայացուած թեկնածուի ձեռնադրութիւնը, եթէ նոյնիսկ ըստ ձեւական ու իրաւական կարգի՝ գուցէ ինք հակադրուելու այդ լիազօրութիւնը չունի։

Ցաւօք, այսօր եկեղեցական պատասխանատու մարմիններու մէջ աշխարհականներու, նոյնիսկ թեմական խորհուրդներու առաջատար անդամներու շրջանակներէն ներս աստուածաբանական հարցերու հանդէպ սահմանափակ հետաքրքրութիւնը, նաեւ այս ոլորտէն ներս անոնց անբաւարար փորձագիտութիւնը յաճախ կը յանգեցնեն Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական մարմիններու մասնագիտական կարողութիւններու եւ գործու­նէութեան բացակայութեան: Հետեւաբար, կաթողիկոսը յաճախ ինքնակամ որոշումով նաեւ Սփիւռքի թեմերուն եւ առաջնորդական վիճակներուն համար թեմակալ եպիսկո­պոսներ կը նշանակէ առանց թեմին կողմէ իրականացած նախնական ընտրութեան, գործընթաց մը, որ զուրկ է կանոնական հիմքէ: Սակայն եթէ հաւատացեալները մերժեն տուեալ թեմի առաջնորդ նշանակուած եպիսկոպոսը, ան ոչ մէկ պարագայի ի վիճակի կ’ըլլայ այդ թեմէն ներս կատարելու իր առաջնորդական գործունէութիւնը:

Հայաստանի եւ խորհրդային շրջանի թեմական երբեմնի վիճակներէն ներս, խորհրդային անաստուածութեան քարոզչութեան եւ պետական հակակրօնական գործունէու­թեան հետեւանքով գոյութիւն չունին կազմակերպուած եկեղեցական-համայնքային կեանք եւ թեմական կազմակերպուած կառոյցներ՝ իրենց ծխական վարչութիւններով եւ վերջիններէս ընտրուած թեմական ներկայացուցչական խորհուրդներով։ ՀՀ-ի տարած­քին գործող բոլոր 13 թեմերուն, նաեւ, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, նախկին խորհրդա­յին երկիրներու մէջ հաստատուած թեմերու եպիսկոպոսներէն գուցէ ոչ ոք թեմական ընտրութեան ընթացակարգով, այլ բացառապէս կաթողիկոսի միանձնեայ որոշումով նշանակուած են։ Սոյնը իր մէջ կը ներառէ այն վտանգը, որ կաթողիկոսը իր կողմէ նշա­նակուած թեմակալ եպիսկոպոսը հիմնաւոր կամ որեւէ այլ պատճառաբանութեամբ կրնայ պաշտօնազրկել եւ տեղը ուրիշ անձ մը նշանակել։ Սպասելի էր, որ խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, գոնէ անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, հետզհետէ կազմակերպուէին համայնքային վիճակներն ու թեմերը՝ վերադառնալով Հայց. առաք. եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեան եւ ժողովրդավարական կանոնական սկզբունքներուն։ Եղո՜ւկ, այդպէս չեղաւ։ Վազգէն Ա. ՀՀ-ի անկախացումէն քիչ ետք վախճանեցաւ, Գարեգին Ա.-ի գահակալութեան ժամանակաշրջանը կարճատեւ եղաւ, իսկ Գարեգին Բ. հայրապետական գահը բարձրանալէն ի վեր ցայսօր 26 երկար տա­րիներ ունէր իր ձեռնարկած տարատեսակ ու մեծածախս շինարարութիւններուն զու­գահեռ ոգի ներդնելու նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան անդաստանին մէջ՝ վերականգ­ներով ծխական ու համայնքային կեանքի համակարգը գոնէ Հայաստանի թեմերէն ներս։ Այսպիսով կարելի պիտի ըլլար վաւերացնել ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներուն միջոցաւ թեմական նոր կանոնադրութիւններ, որոնց տնօրինումներուն համաձայն օրինաւորապէս ընտրուած պիտի ըլլային Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի անմի­ջական հովանաւորութեան տակ գտնուղ թեմակալ առաջնորդները։ 26 տարին յաւի­տենութիւն մըն է, եւ ժամանակի այս հոլովոյթին մէջ կարելի էր այս ուղղութեամբ շատ բան իրագործել, եթէ երբեք «ոսկի հորթ»-ին պաշտամունքը առաջնահերթութեան չվե­րածուէր կամ հետաքրքրութիւնները ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ հոգեւոր-բարոյական առաքելութեան ծիրէն դուրս չփոխակայուէին։

Վերջերս հրապարակուած վիճակագրութիւն[3] մը ցոյց կու տայ, որ Էջմիածնի թեմակալ առաջնորդներուն 64 տոկոսը ուղղակի նշանակուած է կաթողիկոսին կողմէ՝ առանց նախընթաց թեմական ընտրութիւն ապահովելու։ Ցաւալին այն է, որ այս ընթացքը սկսած է հետզհետէ տարածում գտնել նաեւ սփիւռքահայ թեմական վիճակներէն ներս, ուր վերջին տարիներուն առաջնորդներ ուղղակի կը նշանակուին կաթողիկոսին կողմէ։ Թեմեր, զորօրինակ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ, ինչու չէ նաեւ Եւրոպա, ուր գոյութիւն ունին թեմական կանոնադրութիւններ, եւ որոնց տնօրինումներուն համաձայն թեմակալ եպիսկոպոսը նախապէս պէտք է ընտրուած ըլլայ թեմին կողմէ, Մայր աթոռին ծոյլ զիջումներ ընելով՝ սկսած են տեղի տալ իրենց կանոնագրային եւ օրինա­կան սկզբունքներէն։ Թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը կը դառնայ պարզապէս «ձեւ բանի» մը՝ ընտրական գործընթացին մէջ առաջնահերթութիւնը տրուելով Մայր աթո­ռէն առաջադրուած թեկնածուին։ Երբեմն ընտրակարգը կը նմանի ձիարշաւի մը, որուն ձիերէն երկուքին ոտքերը կաղ են եւ միայն մէկն է առողջ, որ միաժամանակ կաթո­ղիկոսի թելադրած թեկնածուն է, հետեւաբար բնական է, որ թեմական պատգամաւոր­ներ զայն պիտի ընտրեն, քանի միւս երկու թեկնածուները չեն լրացներ այն պայման­ները, որոնք անհրաժեշտ են ստանձնելու տուեալ թեմի թեմակալ առաջնորդը ըլլալու ակնկալիքները։

Նաեւ համոզուած չեմ, որ ճիշդ ձեւաչափ մըն է առաջնորդական երեք թեկնածուներու կաթողիկոսին կողմէ առաջադրուիլը։ Այդ իրաւունքը եւս վերապահուած պէտք է մնայ թեմին՝ ժողովրդավարական սկզբունքներու պահպանումին, վերէն-վար թելադրուած չարաշահումներու վտանգը կանխելու նպատակով։

Կաթողիկոսը լիազօրուած կրնայ ըլլալ միայն Մայր աթոռի սահմաններուն մէջ պահանջուած ծառայութիւններուն համար եպիսկոպոսներ նշանակելու, զորօրինակ՝ լու­սարարապետ, դիւանապետ, վանական խորհուրդի ատենապետ եւ այլն, նաեւ՝ վանո­րէից տեսչութեան տեսուչի պաշտօնին համար, ցորչափ որ այդ վանքերը չունին միա­բանութիւններ եւ միաբանական համապատասխան կանոնագրութիւններ։ Այս առնչու­թեամբ այլ է պարագան Արարատեան թեմին, քանզի անոր բուն առաջնորդը ի պաշտօնէ միշտ կաթողիկոսն է, ուստի թեմը կ’առաջնորդուի փոխանորդի մը վիճակով, զոր նմա­նապէս կը նշանակէ կաթողիկոսը։

Երբ 11 Մարտ 1836 թուականին ռուսաց Նիքոլայ Ա. ցարը վաւերացուց Հայ եկեղեցւոյ համար պատրաստուած կանոնադրութիւնը, այսպէս կոչուած՝ «Պոլոժենիա»-ն, որ գործել սկսաւ 1 Յունուար 1837 թուականին Էջմիածնի եւ անոր թեմերուն մէջ մինչեւ 1917 թուականը, կը տնօրինէր ոչ միայն Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նշանակումը ռուսաց ցարին կողմէ, այլեւ՝ թեմակալ առաջնորդներուն։ Այս կարգադրութիւնը միանգամայն խոտոր էր Հայ եկեղեցւոյ ղեկավարման ժողովրդավարական ոգիին եւ հնաւանդ կա­նոններուն։ Ուստի Խրիմեան Հայրիկն էր, որ զերթ աստուածաշնչական Մակաբայե­ցիի[4] մը արիութիւնը ցուցաբերեց՝ իր 10 Մայիս 1906 թուականին հրապարակած հայ­րա­պե­տական սրբատառ կոնդակով[5] այլ կերպ տնօրինելու եւ ժողովուրդին վերա­դարձնե­լու իր թեմակալ առաջնորդը ընտրելու իրաւունքը։ Այս առթիւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիած­նի պաշտօնաթերթ «Արարատ» ամսագիրը կը գրէ.

«Այո, այսօրուանից իւրաքանչիւր մարդ իրաւունք է ստանում իւր ցանկութիւնն ու կամքը արտայայտելու […] Ընտրական իրաւունքի ժամանակ մարդկանց ձայները նման են այն ստորերկրեայ կաթիլներին, որոնք երկրի ներսի շերտերում կամաց-կամաց ի մի համախմբուելով, կազմում են աղբիւրներ եւ գետակներ եւ դուրս հոսելով, սփռում շրջակայքի վրայ կեանք եւ կենդանութիւն։ Նոյն է եւ ժո­ղովրդի ձայնը, որքան համերաշխ եւ բազմաթիւ է լինում այն, որքան գիտակցա­բար եւ ազատօրէն արտայայտուած, այնքան անկասկած է լինում նրա ար­դիւնքն ու փրկարար հետեւանքը։ Մի հաստատութիւն, ժողովրդական մի գործ ծաղկած եւ կենդանի պահելու համար չկայ առաւել կատարեալ մի ձեւ եւ միջոց, քան նոյն ժողովրդի ձայնն ու ընտրական սկզբունքն։ Եւ ահա այսօր Նորին Սրբութիւնը այդ իրաւունքն է վերականգնում մեր եկեղեցու վերաբերութեամբ, որից երկար ժամանակ զրկուած էինք»[6]։

Վերոգրեալ պերճախօս օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի՛ առանձնայատուկ արժէք մը կը վտանգուի Հայ եկեղեցւոյ իրաւական դրոյթին մէջ, երբ ընտրութեան սկզբունքը կ’ընդհատուի կամ կը փոխարինուի օտարերկրեայ իշխանութիւններու կողմէ։ Որովհետեւ սոյնը պարզապէս եկեղեցական կառավարման հարց չէ, այլ միջամտութիւն եկեղե­ցական պաշտօնի եկեղեցաբանական ինքնընկալման մէջ։ Երբ թեմակալ առաջնորդը չ’ընտրուիր ուղղակի թեմի վկայութեամբ եւ հաստատմամբ, այլ կը նշանակուի դուր­սէն, ապա պաշտօնը կը կորսնցնէ իր օրկանական արմատները Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Արդարեւ, այսպէս Եկեղեցին չի զօրանար, այլ ներսէն կը կտրուի իր կենսայորդ արմատներէն՝ սեփական հաղորդութենէն եւ տուած կենդանի վկայութենէն, նաեւ այն փորձառութենէն, որ կոչումը միշտ ալ համայնքի մէջ ճանաչում եւ հաստատում կը պահանջէ։

Ճիշդ այս խորապատկերին վրայ պէտք է մեկնաբանուի Խրիմեան Հայրիկի ձեռնարկած ընտրութեան իրաւունքի վերականգնումը Հայ եկեղեցւոյ վարչական կալուածին մէջ՝ բառին ամենալայն նշանակութեամբ, որ կը գերազանցէ զուտ եկեղեցաքաղաքա­կան բարեփոխումներու սահմանները։ Ան ոչ միայն վարչական վերադասաւորում մըն էր, այլ եկեղեցական ինքնութեան վերականգնում։ Այդ բարենորոգման մէջ կը բացա­յայտուի, որ Հայ եկեղեցին իր պաշտօնը ո՛չ իբրեւ լոկ նուիրապետական տնօրինութիւն կ’ընկալէ, ո՛չ ալ իբրեւ ժողովրդավարական լիազօրութեան պարզ յանձնառութիւն, այլ իբրեւ հոգեւոր առաքելութիւն, որ Եկեղեցւոյ մէջ կը վկայուի եւ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռ­նադրութեան կամ օծման խորհրդակատարութեամբ կ’իրագործուի։

Հայ եկեղեցւոյ մէջ թեմակալ առաջնորդ եպիսկոպոսի ընտրութիւնն ու ձեռնադրութիւնը (կամ օծումը) այլընտրանքներ չեն, այլ մէկ եւ նոյն իրականութեան երկակի վկա­յութիւն։ Հայ եկեղեցւոյ առաքելաշաւիղ եւ սրբազան աւանդութիւնն ու կանոնական իրաւունքը կը վկայեն, որ եկեղեցական պաշտօնը ո՛չ իշխանութիւն է, ո՛չ ալ սեփակա­նութիւն, այլ ծառայութիւն՝ ժողովուրդին վկայութեամբ կռուած եւ առաքելական ձեռ­նադրութեամբ հաստատուած։

[1] «Կանոնագիրք Հայոց», Ա, աշխ. Վազգեն Հակոբյանի, Երևան, 1964, էջ 455–456։ Մելիք Թանգեան, Ներսէս, «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը», Ա, Շուշի, 1903, էջ 336։

[2] Տե՛ս «Ընդհանրական Թուղթք Սրբոյն Ներսիսի Շնորհալւոյ», Երուսաղէմ, 1871, էջ 219։ Մելիք Թանգեան, Ներսէս, նոյն տեղը, էջ 582։

[3] Տե՛ս https://asbarez.am/archives/497672

[4] Աստուածաշնչական աւանդութեան մէջ Մակաբայեցիները հաւատքի հաւատարմութեան, անվեհերութեան եւ ազգային-կրօնական ինքնահաստատման խորհրդանիշն են։

[5] Տե՛ս կոնդակը, «Արարատ» ամսագիր, ԼԹ տարի, թիւ Ե, 1906, էջ 375–376։

[6] Հմմտ. «Արարատ» ամսագիր, նոյն տեղը, էջ 404։

Share62Tweet39
Previous Post

Զմմառու Ժառանգաւորները Նշեցին «Հայոց Լեզուի Օր»-ը

Next Post

Լուրեր. 28 Փետրուար 2026

Next Post
Լուրեր. 28 Փետրուար 2026

Լուրեր. 28 Փետրուար 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.