ՍԱԼԱՄ. «ՉԵՆՔ ԸՆԴՈՒՆԻՐ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԷՋ»
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան շատ մօտեցած է ելեւմտական համակարգի բնականոնացումին: Վարչապետարանին մէջ կազմակերպուած իֆթարին ընթացքին, Սալամ ողջունեց ելեւմտական վերականգնումի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ ներառելու՝ խորհրդարանէն առաջարկուող հաւանական փոփոխութիւնները, հաւաստիացնելով որ այսպէս կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ ելեւմտական փլուզումի վտանգէն: Վարչապետը յանձնառութիւն յայտնեց վերակառուցելու հարաւը եւ նշեց, որ զէնքի մենաշնորհի ծրագրին երկրորդ հատուածը կարելի է գործադրել ընդամէնը չորս ամսուան ընթացքին: «Բոլորեցինք մարտահրաւէրներով լեցուն տարի մը, որովհետեւ Լիբանան դուրս եկաւ պատերազմէն, սակայն իսրայէլեան ոտնձգութիւնները չդադրեցան», ըսաւ Սալամ, աւելցնելով որ կառավարութիւնը պիտի չընդունի Լիբանանը ներգրաւել նոր պատերազմի մէջ:

Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռաժի, իր կարգին, Ժընեւէն յայտնեց, որ հարաւի իրավիճակը ականատես դարձած է զգալի բարելաւումի, բացի այն հատուածներէն, որոնք ենթակայ են իսրայէլեան բռնագրաւումի:
ԲԱՆԱԿԸ Կ’ԱՄՐԱՊՆԴԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴԻՐՔԸ
Դիմակայելով իսրայէլեան սպառնալիքները եւ կրակոցներուն վտանգը, լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ աշխատանք տարաւ ամրացնելու հարաւային Մարժաայուն գաւառի սահմանամերձ Սարտէ շրջանին մէջ կառուցած դիրքը: Բանակը յայտարարութեամբ մը դիտել տուաւ, որ իսրայէլեան ուժերը կրակ բացած են նշեալ դիրքին մերձակայ շրջանին ուղղութեամբ, պահանջելով հեռանալ այդ կէտերէն:

Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը սակայն հրահանգներ տուած է ոչ միայն մնալու նոր դիրքին մէջ, այլ անհրաժեշտութեան պարագային պատասխան կրակ բանալու: Իսրայէլեան բանակին բանբերը լիբանանեան կողմը ամբաստանեց նոր դիրքին կառուցումը ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին միջոցաւ չհամակարգելու մէջ, աւելցնելով որ զգուշացնող կրակոցներ արձակած է՝ կանգնեցնելու համար ամրաշինական աշխատանքները:
ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱԽՈՒՄ
Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու եւ համադաշնակցութիւններու նախագահ Պասսամ Թլէյս երէկ գիշեր յայտնեց այսօր նախատեսուած բողոքի շարժումներուն առկախումը՝ վարչապետին ու ելեւմուտքի նախարարին հետ գումարուած դրական ժողովի մը լոյսին տակ: Անոր խօսքով, քննարկումներուն ընթացքին որոշուած է պենզինով բանող հանրային օրինական ինքնաշարժներու սեփականատէրերուն յատկացնել ամսական 12 միլիոն լիրայի հատուցում, պայմանաւ որ վառելանիւթի նոր սակագիները մնան անփոփոխ:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՊԵՆԶԻՆԻ ՆՈՐ ԲԵՌ
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճան այսօր 4500 թոն վառելանիւթ պիտի մատակարարէ Հայաստանին: Ուժանիւթային գործարքը սկսած էր անցեալ Դեկտեմբերին: Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտնեց, թէ «որքան շատ բերենք, ատրպէյճանական պենզինը շատ արագ կը սպառի եւ այդ պատճառով միւս պենզինին սակագինը դարձեալ կը բարձրանայ»: Անոր համաձայն, լուծումը կը կայանայ Ատրպէյճանէն յաւելեալ պենզին բերելու մէջ, որպէսզի քաղաքացիները աւելի յարմար սակագինով գնեն վառելանիւթը: Ըստ նախարարին, Ատրպէյճանէն ստացած են ցանկ մը այն արտադրանքներուն, որ կարելի է գնել, նման ցանկ մըն ալ հայկական կողմը փոխանցած է Պաքուին, սակայն տակաւին յստակ համաձայնութիւններ չկան:
ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ
Թուրքիոյ ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ֆուատ Ոքթայ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումի կախեալ է ուղղակիօրէն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու զարգացումէն: Ըստ անոր, նշեալ երկու հոլովոյթները կ’ընթանան զուգահեռաբար:
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Ատրպէյճանի մէջ 20 տարուայ բանտարկութեան դատապարտուած Արցախի նախկին պետական նախարար, ծանօթ հայ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը յայտարարեց, թէ ան որոշած է չբողոքարկել դատավճիռը:

«Այս որոշումը չի նշանակեր համաձայնութիւն դատավճիռին կամ պաշտպանութենէն հրաժարում», յայտնեց ընտանիքը, շեշտելով որ Վարդանեան չ’ուզեր գիտակցաբար օրինականացնել դատավարութեան հոլովոյթը, որ սկիզբէն ընթացած էր բացայայտ խախտումներով:
ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԷՆ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ԱՌԱՋԱՐԿ
Պոլսոյ Հայոց Սահակ արք. Մաշալեան պատրիարքը առաջարկեց հիմնել սինոտական կառոյց մը՝ լուծելու համար իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն մէջ վերջերս յառաջացած ճգնաժամը:

Պատրիարքութեան համաձայն, Սահակ արք. Մաշալեան այդ մասին խօսած է Վիեննայի մէջ գումարուած եպիսկոպոսներու հաւաքին ընթացքին եւ սինոտական կառոյց ստեղծելու կողքին առաջարկած է նաեւ ճշդել Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարումին թուականը:
ՄԱՐՏ 1-Ի ԳՈՐԾՈՎ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեամբ զբաղող վարչութիւնը յայտարարեց, որ երէկ ձերբակալուած է Յովհաննէս Թամամեանը, որ կ’ամբաստանուի 2008-ի 1 Մարտին Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու մէջ: Յիշեցնենք, որ 2008-ի Փետրուարին կազմակերպուած նախագահական ընտրութենէն ետք, Սերժ Սարգսեանի ընտրութիւնը կեղծուած համարելով, պարտուած թեկնածու Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հազարաւոր հետեւորդներ քանի մը օր շարունակ կազմակերպեցին նստացոյցեր եւ բողոքի երթեր՝ կեդրոնանալով Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Ի վերջոյ, 1 Մարտի առաւօտեան ապահովական եւ զինուորական ուժեր ցրեցին ցուցարարները ու բռնի ուժով վերջ դրին բողոքի շարժումներուն: Եղան կրակոցներ, զոհուեցան քանի մը քաղաքացիներ, յայտարարուեցաւ արտակարգ դրութիւն եւ ձերբակալուեցան բազմաթիւ գործիչներ՝ ներառեալ այդ օրերու ընդդիմադիր գլխաւոր գործիչ համարուող Նիկոլ Փաշինեանը: Յաջորդող տարիներուն տեղի ունեցան դատական նիստեր, սակայն առանց յստակօրէն մատնանշելու պատասխանատուներ: 10 տարի անց, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութենէն ետք, վերաբացուեցաւ 1 Մարտի տխրահռչակ միջադէպերուն դատական թղթածրարը:
ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏ
Միջազգային լրատու գործակալութիւններ երէկ հաղորդեցին, որ ամերիկեան ուժերը աւելի քան երեք հարիւր ռազմական օդանաւ տեղակայած են Քաթարի, Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ իրենց խարիսխներուն մէջ, իսկ ամերիկեան լրաուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իրանի հետ բանակցային երկրորդ նիստէն ետք յաւելեալ 150 օդանաւ տեղակայուած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Իսկ ամերիկեան «AP» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պահրէյնի մէջ տեղակայուած ամերիկեան 5-րդ նաւատորմին մաս կազմող բոլոր մարտանաւերը հրահանգ ստացած են դուրս գալ նաւահանգիստներէն եւ շարժիլ դէպի բաց ջուրեր: Նախապէս, Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի պատրաստակամութիւն յայտնեց թէ՛ խաղաղութեան, թէ՛ պատերազմի ընտրանքներուն:

Այսօր Ժընեւի մէջ կայացող բանակցային երրորդ նիստին նախօրէին, Արաղճի վստահութիւն յայտնեց, որ կարելի է գտնել խաղաղ լուծում՝ հիմնուելով երկրորդ փուլի դրականութեան վրայ: «Անհրաժեշտ է արդար եւ հաւասարակշռուած լուծում մը», ըսաւ իրանցի նախարարը եւ հերքեց ամերիկեան հողեր հասնող հրթիռներու ձգտելու ամբաստնութիւնը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ ահազանգած էր, որ Թեհրան կը փորձէ արտադրել ամերիկեան հողեր հասնող հրթիռներ: «Թեհրանի հետ լուծումի լաւագոյն միջոցը դիւանագիտութիւնն է, սակայն երբեք պիտի չարտօնեմ, որ ահաբեկչութեան գլխաւոր ֆինանսաւորողը տիրանայ հիւլէական զէնքի», ըսաւ Թրամփ:
85-ԱՄԵԱՅ ՀԱՅ ՄԸ ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ ԱՆԱՐԳ ՈՃԻՐԻ ԶՈՀ
Աւստրալիոյ հայ համայնքի ամէնէն սարսափելի մտավախութիւնները իրականացան նախանցեալ օր, երբ ոստիկանութիւնը Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի գիւղական Փիթ Թաուն շրջանին մէջ յայտնաբերեց 10 օր առաջ առեւանգուած 85-ամեայ աւստրալահայ Քրիս Պաղսարեանի դին: Ուրբաթ, 13 Փետրուարի արեւածագին, Սիտնիի մերձակայ Նորթ Ռայտի իր բնակարանէն հայրիկին առեւանգումը խոր վրդովմունք յառաջացուց ոչ միայն աւստրալահայ, այլ ընդհանուր աւստրալական մակարդակի վրայ, մանաւանդ երբ ոստիկանութիւնը վստահեցուց, որ մարդն ու ընտանիքը որեւէ կապ չունին յանցագործ աշխարհին հետ, այլ սխալմամբ առեւանգուած է, հաւանաբար որովհետեւ յանցագործներուն ենթադրեալ թիրախը կը բնակէր նոյն թաղամասին մէջ: Նահանգային ոստիկանութիւնն ու հետախուզութիւնը իսկոյն գործի լծուեցան՝ ազատելու Քրիսը եւ ձերբակալելու յանցագործները:

Քրիսը ազատ արձակելու յորդորով առեւանգողներուն ուղղուած անպատասխան կոչերէն քանի մը օր ետք, ապահովական ուժերը խուզարկեցին լքուած բնակարան մը, ուր ենթադրաբար որոշ ժամանակ արգելափակուած էր հայրիկը: Այնտեղ կարելի եղաւ առգրաւել տեսանիւթեր եւ յանցագործներուն պատկանող առարկաներ: Աւելի ուշ, ճամբաներուն վրայ տեղադրուած ապահովական տեսախցիկներուն նկարահանումներէն երեւցող կասկածելի ինքնաշաժներուն շարժումները վերլուծելով, հետաքննիչները ի վերջոյ, 24 Փետրուարին, զոհի մը մարմինը գտան, 45 քիլոմեթր հեռու գտնուող Փիթ Թաունի մէջ եւ դատաբժշկական քննութեամբ հաստատեցին ինքնութիւնը: Իսկ երէկ կանուխ առաւօտեան, ոստիկանական յատուկ ուժեր Սիտնիի արուարձաններուն մէջ խուզարկեցին երեք բնակարան, ուրկէ ձերբակալեցին 24 եւ 29 տարեկան երկու երիտասարդներ, ապա նախնական հարցաքննութենէն ետք զանոնք պաշտօնապէս ամբաստանեցին 85-ամեայ հայրիկը առեւանգելու եւ սպաննելու մէջ: Նահանգապետն ու ոստիկանապետը խոստացան թղթածրարը հետապնդել մինչեւ վերջ, համոզում յայտնելով, որ կան այլ մեղսակիցներ եւ հարցը կապ ունի այդ շրջանին մէջ գործող թմրանիւթերու վաճառականութեամբ զբաղող եւ իրար միջեւ յաճախակի բախումներ ունեցող ոճրախումբերու հետ, որոնց մէկ մասը կը պատկանի Լիբանանի հիւսիսէն գաղթած ընտանիքներու:

