Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Ժողովրդական Հերոս»-ի Քղամիդը

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

February 26, 2026
in Յօդուածներ
0
«Ժողովրդական Հերոս»-ի Քղամիդը

Պատահական չէ, որ տաղանդաւոր գրագէտ Շահան Շահնուր հայ ժողովուրդի չորս գագաթները կը համարէր Մաշտոցը, Կոմիտասը, Անդրանիկն ու Հայոց Եկեղեցին:

Տարակուսելի է, որ հայոց ազատամարտին պատմութիւնը առանց Զօրավար Անդրանիկի պիտի կրնար ունենալ նոյն շքեղութիւնն ու հմայքը:

Զօրավարը ի տղայ տիոց մտաւ հայ ազատագրական պայքարի հնոցին մէջ՝ հոն մնալու համար ցկեանս եւ յետմահու մնալով նոյն այդ պայքարին մնայուն ներշնչարանն ու ուղեցոյցը: Լեռներու կողին փռուած Շապին Գարահիսար քաղաքը ծնած այս առիւծասիրտ հայորդին՝ փառքով բարձրացուց թուրը եւ նոյն փառքով ալ զայն դրաւ իր պատեանը, կտակելու զայն՝ որպէս աւանդ ու մասունք յետնորդ սերունդներու:

Հնագոյն շրջաններէն մինչեւ օրս հերոսներու պակաս չենք ունեցած: Հերոսներ միշտ ալ գտնուեցան բարեբախտաբար: Ընկերատնտեսական ու պատմաքաղաքական պայմանները յաճախ ծնունդ տուին հերոսներու: Սակայն միայն մէ՛կուն շնորհուեցաւ «ժողովրդական հերոս»-ի քղամիդը: Թէպէտ, քղամիդը կը կրեն արքաներ, իշխանազուններ եւ գահաժառանգներ, բայց Զօրավար Անդրանիկի քղամիդը ժողովուրդին սիրտէն բղխած էր, ժողովուրդը շնորհած էր եւ ազգը համօրէն օժտած էր անով, որովհետեւ ան հայոց «ծագումով ատաղձագործ անթագ թագաւորն» էր, ինչպէս որ կը վկայէր բրիտանացի զօրական, հազարապետ Ու. Կիպպընզ:

25 Փետրուար 1865-ին ծնած Անդրանիկ, նշանաւոր Օզանեաններու ամենափայլուն շառաւիղը հանդիսացաւ իր հրեղէն կեանքով: Ընդոծին մաքառող նկարագիրը հետզհետէ դրսեւորուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ կեանքի փոթորկալի փուլերու ընթացքին: Կարծէք Նախախնամութիւնը զինք յանձնարարած էր յարատեւօրէն պայքարիլ անարդարութեանց դէմ, մշտապէս հրացանը պահել իւղոտ եւ նետուիլ հոն՝ ուր ճակատում կայ ոսոխին դէմ: Անդրանիկի տարերքը եղաւ հուրի եւ սուրի հետ խաղը, իր սէրն ու կիրքը եղաւ թշնամիին հարուածելու արուեստը, իր սիրելի արհեստը եղաւ հայդուկներու եւ ռազմիկներու պատրաստութիւնը: Անարդարութեան դէմ գօտեմարտումը զուարճանք էր իրեն համար: Անդրանիկի վրիժաբիբ աչքերը կրակ ու բոց ժայթքեցին տարատեսակ հակառակորդներու դիմաց: Ինչպէս որ կ’երգէինք մեր դպրոցական օրերուն՝ «թշնամիներ երբ լսեն քո անունը, օձերի պէս պիտի սողան իրենց բոյնը…»: Այո՛, սերունդներ, հոս ու հոն, ամէնուրեք, դաստիարակուեցան Անդրանիկի շունչով, անոր պատկերով, անոր խիզախութեան դասերով: Մի՞թէ կարելի է գրել ժամանակակից հայոց պատմութիւնը առանց Անդրանիկ փաշայի:

Անոր մարտական մկրտութեան աւազանը Հնչակեան Կուսակցութիւնն եղաւ, որ նոր սկսած էր ծլարձակիլ եւ ընձիւղուիլ հայաբնակ գաւառներու եւ շրջաններու մէջ: Իրը զուտ կուսակցական երդումը չեղաւ բնաւ, այլ՝ համազգային պայքարի ընդարձակ դաշտէն ներս ներգրաւուիլն ու ինքնամոռաց նուիրումը: Հայրենիքն էր կարեւոր. ազգային արժանապատուութիւնն էր առաջանհերթ. չընկրկելու կամքն էր էականը: Հայդուկ Անդրանիկ Սասնոյ լեռնակղզիին ծերպերուն մէջ, կիրճերուն եւ ծմակներուն միջով, ձեռք բերաւ իր առաջին մարտական փորձառութիւնը: Մարտավարական շարժումներու մէջ ճկուն, իր զինակիցներուն հմայքը նուաճած, արտակարգ յիշողութեան տէր եւ մանաւանդ սրտոտ եւ արի Անդրանիկ անվիճարկելիօրէն դարձաւ ազատագրական պայքարին պարագլուխը եւ այդպիսով նաեւ եղաւ ամենաժողովրդականը, ձեւով մը դարերէ ի վեր սպասուած «փրկիչ»ը:

Իր ծննդեան թուականը պահ մը կը պարտաւորեցնէ խոկալ այն իւրայատկութեան շուրջ, որ բնորոշ եղաւ Զօրավար Անդրանիկին: Եւ ինքնըստինքեան, անխուսափելիօրէն, կը մտասեւեռենք իր ժողովրդականութեան վրայ, որովհետեւ ծնաւ ժողովուրդի ծոցէն, ուղեկցեցաւ խոնարհ խաւերուն հետ եւ մնաց ժողովուրդին մօտ՝ իր հաղորդական եւ անկաշկանդ վարքագիծով: Շքանշաններու եւ տիտղոսներու հանդէպ տկարութիւն չունեցաւ երբեք. թիկնաթոռներու եւ ապարանքներու դահլիճներու նկատմամբ թուլութիւն չցուցաբերեց բնաւ. գերադասեց արծուային վեհաթռիչ սաւառնումները եւ անոր համար զինք կոչեցին «Սասնոյ Արծիւ»: Բայց յարատեւօրէն խլրտուն էր ան՝ այնքան ատեն որ սպառնալիքի ենթակայ էր իր հարազատ ժողովուրդը եւ ուրեմն պատմական ուխտը կատարուած էր՝ ընդմիշտ մարտնչիլ ու մարտնչիլ թշնամիներու վերացման եւ չէզոքացման համար: Եւ ահա զինք կը տեսնենք տարբեր ճակատներու վրայ՝ հայրենի հողէն մինչեւ Պուլկարիա, Կովկասեան ճակատէն մինչեւ Դիլման եւ Վասպուրական ու Տարօն, Լոռիէն Զանգեզուր եւ Նախիջեւան եւ ապա կը ձգտէր ուղղուելու նաեւ Կիլիկիա, սակայն ֆրանսական մականը թոյլ չէր տար անոր պաշտպանելու Կիլիկիոյ լեռներուն թառած հայկական օճախները: Նոյնիսկ, հեռու իր այնքա՜ն պաշտած հայրենի հողէն՝ սիրտը տրոփեց հայրենիքի վերածնունդով, մասնակցեցաւ անոր վերաշինութեան գործին, իր յորդորներով փայփայեց որբերու սերունդը, որ վերապրելով՝ լծուած էր հայրենակերտումի նուիրական աշխատանքին: Արդարեւ, ի՜նչ սրտառուչ եւ օրինակելի մարտիկ-հերոս մը հանդիսացաւ ան, որ սերունդներ երդուեցին՝ «քաջ անունդ պիտի յիշուի դարէ դար, հսկայ լեռինք քեզ ապաստան, Անդրանիկ»: Ա՛յս է մեծագոյն ապացոյցն ու վկայութիւնը Անդրանիկի «ժողովրդական հերոս»-ի արժանավայել քղամիդին:

Երկա՜ր դեգերումներէ ետք, ի վերջոյ, արժանիօրէն ան իր վերջին հանգրուանը գտաւ անկախ Հայաստանի հողին խորքը: Ափսոսալիօրէն յետմահու: Բայց ինչ փոյթ, խորհուրդն է կարեւոր: Եռաբլուր հանգչեցան իր յոգնաբեկ մասունքները, որպէսզի շարունակէ հսկել իր ժողովուրդին, շարունակէ ոգեւորել իր բացակայ ու ներկայ զինակիցները: Դառնայ օրինակելի օրինակը զօրականութեան, կարգապահութեան, հայրենապաշտութեան եւ ազգային անսասանութեան: Ուրեմն՝ «ժողովրդական հերոս»-ը վերադարձաւ ժողովուրդին:

Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան օրուան առիթով, ինչքա՜ն երախտապարտ պարտինք ըլլալ այն հերոսին, որ տեւական պայքարի ճամբով շքեղօրէն գեղեցկացուց իր կենսագրութիւնը եւ կախարդօրէն խլեց «ժողովրդական հերոս»-ի քղամիդը:

Share62Tweet39
Previous Post

Լուրեր, 26 Փետրուար 2026

Next Post

«Բժիշկ» Կայ, Բժիշկ Ալ Կայ

Next Post
«Բժիշկ» Կայ, Բժիշկ Ալ Կայ

«Բժիշկ» Կայ, Բժիշկ Ալ Կայ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.