21 Փետրուարին, Նոր Հաճընի ՀԿԲՄ-ի դարմանատան տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը կազմակերպեցին «Առողջապահական Բաց Օր» մը, Սէն Ժոզէֆ համալսարանի բժշկական բաժանմունքին հետ համագործակցաբար։
Այս առիթով, 30 հոգինոց բժիշկներու եւ ուսանողներու պատուիրակութիւն մը այցելեց դարմանատուն՝ տոքթ. Կրէյս Ապի Ռըզքի հսկողութեամբ, իրենց գիտելիքն ու ժամանակը տրամադրելով շրջանի բնակիչներուն ծառայելու նպատակով։ Օրուան ընթացքին մօտ 50 բնակիչներ օգտուեցան անվճար բժշկական խորհրդատուութիւններէ եւ ամբողջական առողջապահական քննութիւններէ։

Կատարուեցան բազմաթիւ կանխարգիլիչ ստուգումներ, ներառեալ՝ HbA1C քննութիւն, HDL եւ LDL քոլեսթերոլի չափումներ, ընդհանուր քոլեսթերոլի քննութիւն, Pap smears, սակաւարիւնութեան՝ hemoglobin քննութիւն, ինչպէս նաեւ ոսկրային՝ osteoporosis ստուգումներ։ Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները նպատակ ունէին խթանել վաղ ախտորոշումը, բարձրացնել առողջապահական իրազեկութիւնը եւ նպաստել բնակիչներուն ընդհանուր բարօրութեան։
Բժշկական ծառայութիւններէն զատ, հիւր բժիշկներն ու ուսանողները այցելուներուն բաժնեցին անհրաժեշտ դեղորայք՝ ըստ տրուած ցուցումներուն, ապահովելով անմիջական աջակցութիւն եւ գործնական օժանդակութիւն։ Անոնք նաեւ սիրալիր կերպով նախաճաշ հիւրասիրեցին դարմանատան անձնակազմին եւ ներկայ բնակիչներուն, ստեղծելով ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտ մը։

Ձեռնարկը լայնօրէն գնահատուեցաւ որպէս յաջող նախաձեռնութիւն, վերահաստատելով ակադեմական բժշկական հաստատութիւններու եւ համայնքային առողջապահական կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Նոր Հաճընի ՀԿԲՄ-ի դարմանատան տնօրէնուհի Դուին Շորճեան-Արսէնեան յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններ պիտի շարունակուին ապագային՝ ապահովելու համար մատչելի եւ կանխարգիլիչ առողջապահական ծառայութիւններ։

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ տոքթ. Համբիկ Գուրիէին՝ այս արժէքաւոր համագործակցութիւնը իրականութիւն դարձնելու եւ երկու հաստատութիւնները իրար կապելու մէջ ունեցած առանցքային դերակատարութեան համար։

