Ծնողներէս ետք, մեր տան երէցը Անահիտ քոյրս էր: Թռչունի մը պէս նուրբ, փափուկ սրտով անձնաւորութիւն մը: Երկու մանչ զաւակներու մայր: Տարիներ ետք, երրորդ յղութեան, զաւակը կորսնցուց, որմէ ետք ծայր տուաւ անհանգստութիւններու երկա՜ր շարք մը:
Անտանելի վախ մը պատած էր իր մէջ: Իրեն մօտիկ սիրելիներէն անոնք որոնք իր աչքին առջեւ չէին, գէշ «բան» մը պատահած ըլլալու էր անոնց:
Տասնչորս տարի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի միջեւ, 14 տեսակ բժիշկ: Հոգեբոյժ, հոգեբան, նեարդաբան, կնկայ, «բժիշկ», բժիշկ, «բժիշկ»: Բոլորն ալ դարման մը չէին կրցած գտնել, կամ ալ յաճախորդ չկորսնցնելու համար չէին ուզած դարմանը տալ: Անհանգստութիւնն ու վախը այն աստիճանի սաստկացած էր, որ երկու անգամ մտադրած էր անձնասպան ըլլալ, երկրորդին հրաշքով մը ազատելու պայմանաւ:
Տեսողութեան դժուարութիւն ունենալով, դիմած էր ակնաբոյժի մը: Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ սքանչելիք, ակնաբոյժը հարց տուած էր իրեն. «Տիկի՛ն, ձեր գեղձերը քննել տուա՞ծ էք»:
Շուարած եկաւ մօտս: Առաջարկեցի իր վերջին բժիշկին խորհուրդը առնել: Լա՛ւ կ’ըլլայ, տիկին», եղաւ բժիշկին պատասխանը: Դիմեց գեղձերու մասնագէտ, նշանաւոր բժիշկի մը: Արեան քննութիւն, ախտաճանաչում եւ ՎԵ՛ՐՋ: Մէկ հատիկ դեղ էր դարմանը, կեանք մը ամբողջ առնելու պայմանաւ:
Տասնչորս տարուայ բազմաչարչար եւ տառապալից կեանքը վերջ գտաւ միայն մէկ տեսակի դեղով: 14 տեսակ մասնագէտ «բժիշկ»-ներ կային, խղճամիտ ճիշդ ախտաճանաչում ընող ակնաբոյժ մըն ալ:
Կրտսեր քոյրս տառապեցաւ քաղցկեղէ, կեանքը աւանդեց 50 տարեկան հասակին: Բոլո՜ր բժիշկները քանի մը ամսուայ կեանք սահմանած էին իրեն: Ունեցաւ բարեկամ բժիշկ մը, որուն վիրահատութիւններուն շնորհիւ Հերմինէն ապրեցաւ աւելի քան երեք տարի:
Գաղտնիք մը չէ՛, թէ աւելի քան 35 տարիէ, մէկ հատիկ զաւկիս մօրմէն անջատ կ’ապրինք: Հրակս պատանի էր տակաւին, երբ ի՛ր ներկայութեան, մօրը սիրականը սրտի տագնապով մահացած էր: Հասկնալի պատճառներով անհանգիստ էր Հրակը: Կրնայի երեւակայել թէ այդքան փափուկ սրտով պատանիի մը համար, ինչպիսի սահմռկեցուցիչ ապրումներու առիթ կրնար տուած ըլլալ այդ դէպքը:
Մեր հետ վարչական, բարեկամ բժիշկի մը հեռաձայնեցի: Տեղեկացնելէ ետք պատահածը, ըսի. «Դարմանումի համար, մօտդ պիտի բերեմ»: Բարով-խերով չտանէի: Զաւակս քննելէ ետք, սկսած էր լեցնել յայտնի տարրալուծարանի մը մեծղի թուղթը, պահանջելով քննութիւններու երկար ցանկ մը: Երկուքս ալ իմաց տուինք իրեն թէ մէկ այլ, արդիական տարրալուծարանի մը մնայուն յաճախորդներէն էինք եւ թէ հոն թղթածրար մը ունէինք արդէն:
«Չէ՛, չէ՛, ա՛յս տարրալուծարանին ecography-ի բժիշկը լա՛ւ մը թող քննէ զինք»: Գիտէի թէ «բանն ինչո՞ւմն է»: Վճարելիք գումարիս 40%-ը (այո՛, քառասուն առ հարիւրը) իրն էր: Ամսուան վերջաւորութեան, ինչպէս այդ նոյն տարրալուծարանին հետ գործակցող բոլոր բժիշկները, պիտի ստանար իր շահաբաժինը:
Վերադարձանք տուն: Այս անգամ հեռաձայնեցի թաղի համեստ, խղճամիտ, մօրս խնամող մէկ այլ բժիշկին: Ո՛չ արեան քննութիւն, ո՛չ ecography-ի եւ ոչ ալ որեւէ տարրալուծարան երթալու կարիքը տեսաւ: Բացատրեց. «Ստամոքսը որոշ ռիթմով մը կ’աշխատի: Ցնցումէն պրկուած ըլլալով, աւելի դանդաղ սկսած է բանիլ: Այդ դանդաղութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ աւելիով ասիտ արտադրէ ստամոքսը: Եղածը ա՛յս է»: Մէկ տեսակի դեղ միայն: Քանի մը օր ետք, մոռցած էինք անհանգստութիւնը:
Գործակից-վարչական «բժիշկ» կար, «աղքատներու հայր» հոգին հարուստ բժիշկ ալ:
Ի միջէ այլոց, արժէ նշել, որ վարչական ընկերոջս տիկինն ալ բժշկուհի էր: Պատահեցաւ որ ինծի շա՜տ մօտիկ անձնաւորութեան մը հեռաձայնեց՝ ըսելով. «եթէ ապահովագրական ընկերութէնէն կապուին հետդ, ինծի սո՛ւտ մի հաներ», ու յանձնարարեց թէ ինչ պէտք էր ըսած ըլլար ընկերութեան: Անտեղի, նոյնիսկ անտրամաբանական քննութիւններ պահանջած էր որպէսզի իր շահաբաժինին գումարը «ընդլայնի»:
Է՜հ, բժշկութիւնը չարաշահելո՛ւ աշխարհ:
Թիկնեղ, փաշայի պէս ֆիզիքական ունեցող բարեկամ մը, շատ յաճախ, բառացիօրէն գետին կ’իյնար: Արեան ճնշումը հաւասարակշռելու դեղահատ կ’առնէր օրական երեք անգամ: Ֆերրարի քշող, լիբանանահայ ծանօթ սրտաբան մըն էր իր բժիշկը: Գործատեղին, անգամ մը եւս գետին իյնալով, դրացիներն ու բարեկամները հիւանդանոց փոխադրած էին զինք: Այս անգամ տարեց, երկար տարիներու դասախօս մըն էր զինք քննող սրտաբան բժիշկը, որուն զաւակներն անգամ մասնագէտ սրտաբաններ էին:
«Դուն արեան ճնղում չունի՛ս տղաս, ինչո՞ւ են այս դեղերը: Իսկ եթէ սրտի գործողութեամբ մըն ալ արդիական ձեւով լայնցուցած են սրտի երակներդ, ո՞ւր է CD-ն:
«Ի՞նչ CD»:
«Նման գործողութեան մը ենթարկուողը, անձնագրի եւ անցագրի նման, CD-ն մնայուն կերպով հետը պէտք է ըլլայ: Կը յանձնարարեմ որ դիմես նախկին բժիշկիդ ու ստանաս գործողութեան CD-ն»:
Լիբանանահայ «բժիշկ»-ին պատասխանը. «Տարիներ ե՞տք եկած ես CD պահանջելու»: Կարծէք հիւանդին պարտականութիւնն ըլլար գիտնալ, թէ CD մը տրուած պէտք էր ըլլար իրեն:
Աստուած գիտէ թէ ինչ գանձած էր (չ)ըրած գործողութեան համար: Մեր բարեկամը դադրեցուց դեղերը, դադրեցան նաեւ գետին իյնալները:
Ֆերրարի քշող հայազգի «բժիշկ» կայ եղեր, տարեց, մէկ այլ սրտաբան բժիշկ ալ:
(Շարունակե՞նք… թէ այսքանով բաւարարուինք: Ի՞նչ կ’ըսէք: Խնդրեմ, իմաց տուէք խմբագրութեան):
(Շար. 1)


Please continue, lt isvery interesting. .