1 Մայիսէն մինչեւ 25 Յունիս 1915 սարսափելի ժամանակաշրջան մը կը դառնայ հայոց համար: Հայ զինուորները զինաթափուած էին արդէն եւ տաժանակիր աշխատանքով, անօթի, ծարաւ ու կիսամերկ` կը հիւծէին: Քաղաքներու եւ գիւղերու բոլոր կրօնական եւ մտաւորական երեւելի դէմքերը բանտերը նետուած էին:
25 Յունիս 1915-ին բռնագաղթը կը սկսի: Սպանդէն փրկուելու եւ վերապրելու փոքր փորձեր կը կատարուին Ծովքի (տեսնել Յարութիւն Իսկահատեան, «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան», Գ. հատոր, Պէյրութ, 2011, էջ 46 – «Խրայեան Կիւրեղ, «Ծովք – Կէօլճիւք», տպարան «Արարա», Մարսէյլ, 1927, փոքր չափի 303 էջ») եւ Մորենիկի մէջ:
Այդ օրերուն գերմանական ժողովարաններուն մէջ քարոզներ կը խօսուէին: Ներկաները կը յուզուէին եւ կու լային, այդպիսով իբր թէ միանալով բոլոր այն լացողներուն, որոնք դուրսը տառապանքներու եւ չարչարանքներու տակ կը հիւծէին: Հայ ժողովուրդը ամբողջ կու լար…
Հայոց տուներու խուզարկութեանց ժամանակ ամէն մարդ իր ձեռագիր գրութիւնները, գիրքերն ու թերթերը կ’անյայտացնէ: Գերմանական հաստատութիւններու մէջ գտնուող հայերու անուններուն ցանկը կը պահանջուի թուրքերու կողմէ: Այս առիթով, գերմանական հաստատութեանց մէջ կարգ մը ուրիշ հայեր ալ կ’արձանագրուին` թուրքին բարբարոսական հալածանքներէն զերծ մնալու համար: Անոնք այդ հաստատութիւններուն մէջ թաքստոց կը գտնեն ու կ’ապաստանին: Յովհաննէս Պուճիգանեանի զաւակները «Մարանաթա» որբանոցը կը թաքնուին:
Որբանոցին մօտերը՝ Սարգիս Գրանեանի տան մէջ, տասնեակներով հայ պատանիներ ապաստան գտած էին: Անոնք անմաքրութեան, անօթութեան ու ծարաւի մատնուած մահամերձ վիճակի մէջ, մթնոլորտը հռնդիւններով լեցուցած էին: Օր մըն ալ «Մարանաթա»-ի հարաւը՝այգիներուն մէջ փոսեր կը փորուին եւ մեծ թիւով մանուկներ, հաւանաբար վերոյիշեալ տան մէջ գտնուողները, ողջ-ողջ հոն կը թաղուին:
8 Յունիս 1915-ին Բենիամին Ժամկոչեան իրեն պաշտօնակից ուսուցիչներով ու ընկերներով որբանոցէն ճամբայ կ’ելլէ Տերսիմ փախչելու համար: Սակայն, անյաջողութեան մատնուելով, անոնք որբանոց կը վերադառնան: Հայ տղաքը եւ գերմանացի պատասխանատուները դժնդակ օրեր կ’անցընեն որբանոցին մէջ: Այս ժամանակաշրջանին համար վեր. Էհման կը գրէ. «1914-ին երբ հաստատութիւնը տիրացած էր վեց որբանոցներու, երկու փառաւոր դպրոցներու, հիւանդանոցի, երկաթագործի, կօշկակարութեան, դերձակութեան խանութներու եւ սեփական փուռի, ու կը սպասէինք նորանոր գործունէութիւններու, չարագործ դէպքեր եկան, վերիվար ըրին ամէն բան: 1915-ի ձմեռը Ճիհատ (սրբազան պատերազմ) յայտարարուած էր հայոց դէմ մասնաւորաբար եւ քրիստոնեաներուն դէմ ընդհանրապէս: Մայիս եւ Յունիս ամիսներուն հարիւրաւոր եւ հազարաւոր հայեր բանտերու նկուղներուն մէջ կը չարչարուին սադայէլական վայրագութեամբ: Որքա՜ն անձկանօք կը սպասէինք այդ օրերուն, որ աստուածային պատժական դատաստանով երկրաշարժ մը գար տմարդի ու անասնային թուրքերու գլխուն, հոգ չէ թէ ակնկալուած բնական աղէտին տակ մենք ալ կործանէինք: Իրաւամբ, երբ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ողբագին հառաչանքները, անմեղ հայոց լացն ու կոծը մինչեւ երկինք բարձրացան, եկաւ հասաւ աղերսարկու յոյսերով սպասուած երկրաշարժը, բայց աւա՜ղ, ոչ այդքան ուժգին որ կարենար պատուհասել թրքութիւնը, իր կատարած խուժդուժ հալածանքներուն որպէս հատուցում: Բայց Աստուած թոյլ տուաւ, որ թուրքեր անպատիժ կերպով շարունակեն իրենց դժոխային արարքները, թէեւ շատ կարճ ժամանակ մը իրենք ալ ցնցուեցան երկրաշարժէն»: Էհման կը շարունակէ. «Ներքնապէս որքան կը տառապինք տեսնելով, որ քրիստոնեայ հայեր շարունակ կը խաբուին գերմանական իշխանութեանց վրայ դրած իրենց յոյսերուն մէջ»:
Ահաւասիկ կը տեսնենք օտար` գերմանացի կրօնաւորը, որ կը յորդորէ հայերը օտարին կամ գերմանացիին վրայ յոյս չդնել: Որքան սխալած ենք մենք` հայերս, քրիստոնէական հաւատքի հետեւորդ ըլլալով յարատեւօրէն Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն վրայ յոյս դնելով, առանց գիտակցելու որ անոնց մեծ մասը միայն անունով քրիստոնեաներ են եւ անոնց ղեկավար վերին խաւը անաստուած, շահամոլ, մարդակերպ սատանապաշտ գազաններ են, որ պերճախօսօրէն կը փաստուի ներկայիս ալ:
(Շար. 1 եւ վերջ)

