Այսու կը յայտարարենք, որ Հայկազեան համալսարանի թուային պահոցը (HU Repository), որուն մեկնարկը տրուեցաւ 28 Ապրիլ 2025-ին, Տէրեան հայագիտական գրադարանին մէջ, բաց է հանրութեան առջեւ եւ իր մէջ կ’ընդգրկէ գիտական ու ակադեմական բազմաթիւ նիւթեր, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ’արտացոլեն Սփիւռքի ու Հայաստանի գիտական մտքի բեղուն արգասիքը, միւս կողմէ անկեղծ ու հաւաստի վկայարան կը հանդիսանան համալսարանի եօթանասունամեայ կրթական վեհ առաքելութեան եւ ուսումնական բարձր մակարդակին:
17 Փետրուար 2026-ի դրութեամբ պահոցը կ’ընդգրկէ 1137 նիւթ. այսպէս՝
- «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» – 48 հատոր (1970-2025) եւ 757 յօդուած (1970-2016)
- Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատուն – 25 գիրք
- Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն – 2 գիրք, 8 գիտաժողովի նիւթ եւ վերջինէս առանձնացուած 39 զեկոյց
- Faculty of Business Administration and Economics – 83 աւարտաճառ
- Faculty of Social and Behavioral Sciences – 175 աւարտաճառ
Վերոնշեալ նիւթերը ստացած են թուային առարկայի նոյնականացուցիչ (Digital Object Identifier – DOI), որ անհրաժեշտ է ո՛չ միայն անոնց տեսանելիութեան ու հասանելիութեան բարձրացման, այլեւ թուային ինքնութեան հաստատման ու գիտական հետազօտութիւններու մէջ պատշաճ յիշատակման ու միջազգային ճանաչման համար:
Նշենք, թէ սոյն նոյնականացուցիչները ստանալու նպատակով համալսարանը 29 Մարտ 2024-էն պաշտօնապէս անդամակցած է Crossref միջազգային կազմակերպութեան, որ կը համակարգէ գիտական հրատարակութիւններու նոյնականացուցիչի նշանակման գործընթացը, միաժամանակ ապահովելով անոնց միջազգային գրանցումն ու տարածումը:
Այսպիսով համալսարանը իր համեստ ներդրումը կը բերէ գիտա-ուսումնական աշխատութիւններու համախմբման ծառայող թուային ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման մէջ, ինչը կը նպաստէ գիտելիքի պահպանման ու մատչելիութեան՝ փրկելով զայն ամբողջական կորուստէ:
Պահոց մուտք գործելու համար պարզապէս պէտք է սեղմել ներքոբերեալ յղումին վրայ.
https://haigrepository.haigazian.edu.lb/home
Որոնումներ կարելի է կատարել մատենագիտական տարբեր տուեալներու միջոցով. հեղինակի անուն, նիւթի վերնագիր, հրատարակութեան թուական, թեմա եւ այլն:
Բոլոր նիւթերը, բացի մագիստրոսական աւարտաճառերէն, կարելի է ազատօրէն ներբեռնել ու օգտագործել: Իսկ աւարտաճառերուն հասանելիութեան իրաւունք ստանալու համար պէտք է կապուիլ մեզի հետ՝ գրելով [email protected] ե-հասցէին:
Ծրագիրը աւարտած չէ, եւ պահոցը պարբերաբար պիտի հարստանայ նորանոր նիւթերով, իր մէջ ընդգրկելով այն բոլոր մտաւոր արտադրութիւնները, որոնք գիտական ու կրթական երկարամեայ գործունէութիւնը կը բնորոշեն Հայկազեան համալսարանի:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՏԷՐԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐ

