Ո՛չ, ո՛չ սրբագրեմ: Աստուած փրկէ եւ հեռու պահէ իրենց նուիրական առաքելութիւնը չարաշահող բժիշկներէն, որովհետեւ «բժի՜շկ» կայ, բժիշկ ալ կայ:
1978:
Հայրս ծանր հիւանդ է: Փայծաղի (pancreas) քաղցկեղէ կը տառապի: Ստիպուեցանք հիւանդանոց փոխադրել զինք: Երկարաշունչ քննութիւններէ ետք, գլխաւոր բժիշկը առաջարկեց վիրահատութիւն:
Տան մէջ տարակարծիք էինք: Մայրս կը պնդէր թէ հայրս այնքան տկարացած է, որ գործողութենէն ողջ դուրս չի՛ կրնար գալ: Հակառակ ֆինանսական ծանր պարտաւորութեան, ես այն կարծիքին էի, որ եթէ նոյնիսկ 5 առ հարիւր յոյս կար, գործադրէինք բժիշկին առաջարկը: Քոյրերս երկուքիս միջեւ շուարած էին:
Պարզ բաղդատական մը ընելու կամ գաղափար մը կազմելու համար ըսեմ՝ միայն վիրահատութեան համար պահանջուած գումարը յարկաբաժինի մը գնողական արժէքին քառորդն էր, կամ կրնայինք առ նուազն մէկ կիլօ ձոյլ ոսկի գնել այդ գումարով:
Որոշում մը կայացնելու համար ընտանիքով խոր տագնապի մէջ էինք, երբ աստուածային տնօրինութեամբ մը փրկութիւնը հասաւ գլխաւոր բժիշկին օգնականէն: (Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային երանութեան մէջ ննջէ):
Խնդրելէ ետք, որ յոյժ գաղտնի պահենք ըսածը (կրնար պաշտօնը կորսնցնել) տեղեկացուց՝ ըսելով. «ես անձամբ լսեցի՛, երբ իմ բժիշկս հիւանդանոցի գործընկերոջ հետ հեռաձայնով խօսած ատեն ակնարկեց, թէ հիւանդը եթէ հարուստ ըլլար, անպայման գործողութիւնը կ’ընէինք, դրամը կ’առնէինք»:
Խաղաղութիւն տիրեց մեր տան մէջ: Խիղճերնիս հանգիստ վճռեցինք վիրահատութիւնը չգործադրել: «Բժիշկ»ին փոխանցեցինք մեր որոշումը:
Տան որպէս միակ այր մարդը (թէեւ հազիւ 20-21 տարեկան), լուր ղրկեց որ անձամբ հանդիպիմ իրեն:
«Հայրդ վեց ամսուայ կեանք ունի»,- ըսաւ:
Իսկապէս ալ հայրս հոգին աւանդեց 6 ամիս մէկ շաբաթ ետք: Մօրս նախազգացումը չէր սխալած:
«Բժիշկ»ն ալ չէր յաջողած չարաշահել իր առաքելութիւնը, շնորհիւ իր իսկ մօտ աշխատող քարտուղարուհիին, որ մեր պատկից, մօտիկ դրաձիին խօսեցեալն էր այդ օրերուն:
Դրամ առնել ուզող «բժիշկ» ալ կար, խղճամիտ օգնական ալ նոյն յարկին տակ:
Մայրս մահացաւ 94-րդ տարեդարձին օրը: Մինչեւ վերջին օրերուն, արեան ճնշումն ու թթուածինի բովանդակութիւնը մնացին շա՜տ բնական: Ոսկրախտն էր որ անդենական աշխարհ տարաւ զինք:
Հազիւ 45 տարեկան կար կամ ոչ, անհանգիստ զգալով, դիմած էր Գանատայէն նորաւարտ, այդ օրերուն նշանաւոր սրտաբան բժիշկի մը: Այցեգինը՝ հօրս տասը օրուայ աշխատավարձն էր: Մայրս պէտք էր ամսական դրութեամբ այցելէր բժիշկին:
«Օ՜հ, տիկին, ձեր անհանգստութիւնը լուրջ է»: Ճամբորդութիւնը անկարելի: Աստիճան ելլելը արգիլուած: Սննդականոնի երկար ցանկ մը: Արգելքներ շարան-շարան: Ակռաներու դարմանումն անգամ պէտք էր իր հսկողութեամբ ըլլար:
Մենք արեւելեան, ինք՝ արեւմտեան Պէյրութ: Երկիրը քաղաքացիական պատերազմի մտնելէն ետք, դադրեցան մօրս այցելութիւնները, վերջ մը դնելով եղած շահագործումներուն:
Հետագային, նոյն «բժիշկ»ը անձնական հիւանդանոցի մըն ալ տէրը դարձաւ:
Օրերը փաստեցին թէ ինչքա՜ն վարպետ էր իր նուիրական գործը չարաշահելուն մէջ: Գործընկերս, անհանգստանալով, դիմած էր իրեն: Հակառակ մանկութեան, դպրոցական եւ թաղի ընկերներ ըլլալնուն, ծայր աստիճան օգտագործած էր գորընկերոջս ֆինանսական բարւոք վիճակը:
Տարիները անցան: Հօրս մահուան եւ երկու անգամ մեր տան ռմբակոծուած ըլլալուն հետեւանքները թեթեւցնելու եւ փարատելու համար, ուզեցինք մայրս Կիպրոս ղրկել, քրոջս եւ թոռնիկներուն մօտ: Համեստս՝ ընդհանուր խմբապետ, քոյրս՝ վարչական, իսկ վարչութեան ատենապետը՝ նշանաւոր մէկ այլ սրտաբան մը:
Մօրս քննելէ ետք հաստատեց. «Սրտի հիւանդութեան ոչ մէկ ախտանշան»: Շատ հաւանաբար արդարացուցած ըլլալու համար իր գործընկերոջ ախտաճանաչումը, շարունակեց. «Թերեւս այդ օրերուն փոքր անհանգստութիւն մը անցուցած է: Ո՛չ մէկ արգելք ճամբորդութեան կամ ակռաները դարմանելուն»:
Անձնական հիւանդանոցի տէր դարձած «բժիշկ» ալ կար, բարեխիղճ մէկ այլ բժիշկ ալ:
2006-ին, մայրս առանձինն էր Անճարի հիւղաւան-ամառանոցը: Շաբաթը 2-3 անգամ կ’այցելէի իրեն: Անակնկալ կերպով սկսաւ Իսրայէլ-Հըզպալլահ պատերազմը: Կամուրջները քանդուած էին, երթեւեկն ու այցելութիւնը՝ անկարելի:
Անհանգիստ զգալով, կը դիմէ նոյն գիւղը բնակող, համբաւաւոր նեարդաբան (Neurologue) բժիշկի մը: Երկար տարիներ շարունակեց օգտագործել բաւականին սուղ արժող այդ դեղերը:
Սկսած էին ձեռքերը դողդղալ: Դադրած էր տանտիկինի իր առօրեայ պարտականութիւնները կատարելէ:
Պատահմամբ, մեզի այցելութեան եկաւ մէկ այլ մասնագիտութեամբ բարեկամ բժշկուհի մը: Հաստատեց որ մայրս Parkinson–է չէր տառապեր եւ զարմանք յայտնեց, թէ ինչու այդ դեղերը տրուած էին մօրս:
«Չեմ հասկնար, չեմ կրցած հասկնալ թէ ինչո՞ւ», կ’ըսէր ու կը կրկնէր մեր ամէն հանդիպումին:
Գլխաւոր դեղերէն մին դադրեցաւ շուկայէն: Մատչելի չէր այլեւս: Երկիրը դադրած էր ներածելէ: Բժշկուհիին յանձնարարութեամբ, դարեցուցինք նաեւ տարբերակը օգտագործելէ: Մօրս դողահար ըլլալը վերջ գտաւ:
Է՜հ, նեարդաբան (Neurologue) «բժիշկ» ալ կար, մէկ այլ մասնագիտութեան տէր, ինծի սիրելի մտերիմ բարեկամ բժշկուհի մըն ալ:
(Շարունակելի)

