ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐԸ՝ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՃԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ
Մինչ Լիբանանի կառավարութիւնը կը բարձրացնէր պենզինի սակագինն ու TVA-ի տուրքը՝ յաւելում շնորհելու համար հանրային ոլորտի գործող եւ թոշակառու պաշտօնեաներուն, միաժամանակ ելեւմտական ու կենցաղային յաւելեալ խնդիրներ պատճառելով քաղաքացիներուն, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը յստակացուց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական աճ ապահովելու համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ գործադրել բարեկարգումներու ամբողջական ծրագիր մը:

«Լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ մեր քննարկումները կը կեդրոնանան դրամատնային ոլորտը վերականգնելու եւ ելեւմտական երկարատեւ ռազմավարութիւն մը մշակելու կարեւորութեան վրայ», յայտարարեց հիմնադրամը, որուն հետ Պէյրութի իշխանութիւնները կը բանակցին՝ ստանալու համար ներդրումային եւ նիւթական օժանդակութիւն՝ տնտեսութիւնը վերականգնելու եւ աճ ապահովելու խորագրին տակ:
Գետնի վրայ, կառավարութեան վերջին որոշումները կը շարունակեն մտահոգութիւն յառաջացնել քաղաքացիներուն՝ ընդ որում յաւելում ստացող հանրային ոլորտի պաշտօնեաներուն մօտ, որոնք մանաւանդ մտավախութիւն ունին շուկային մէջ գիներու հաւանական ուռճացումէն՝ պենզինի եւ TVA-ի բարձրացումին պատճառով: Տնտեսութեան նախարարութիւնը այս առումով յայտարարեց, թէ կը բազմացնէ դիտարկումներն ու շուկային մէջ աշխուժութիւնը՝ կանխելու համար գիներու կտրուկ աճը եւ պաշտպանելու քաղաքացիներուն իրաւունքները:

Սակայն սննդանիւթ ներածող ընկերութիւններու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յստակացուց, որ պենզինի սակագինին յաւելումը միայն սահմանափակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ շուկայի գնաճին վրայ: Պոհսալիի կանխատեսումով, սղաճը պէտք չէ հատէ երկու առ հարիւրի սահմանը:
ՀԱՐՈՒԱԾ ԱՅՆ ՀԸԼՈՒԷԻ ԴԷՄ
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ օդուժը երէկ թիրախաւորած է Համաս շարժումի կեդրոններէն մէկը Սայտայի մօտակայ Այն Հըլուէ գաղթակայանին մէջ: Իսրայէլեան ուժերը երէկ հրետանային միջոցներով թիրախաւորեցին նաեւ լիբանանեան սահմանային շարք մը շրջաններ՝ Հըզպալլայի գործունէութեան վերականգնումը կանխելու խորագրին տակ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԼԻԲԱՆԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, 19 Փետրուարին, այցելեց վարչապետարան, ուր տեսակցեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Պաղտասարեան վերաhաստատած է հայկական կողմին յանձնառութիւնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացումին, համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ գտնելու եւ կապերը զարգացնելու հարցին մէջ: Սալամ, իր կարգին, յաջողութիւն մաղթած է Հայաստանի դեսպանին՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակաբար աջակցելու դեսպանութեան:
ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԻՏՈՂ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 17-19 Փետրուարին, մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփի հիմնած Խաղաղութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին: Ուաշինկթընէն Հայաստան վերադարձին, Փաշինեան յայտնեց, որ այժմ ունի խաղաղութեան նկատմամբ աւելի մեծ վստահութիւն:

«Կարդալ պատմութիւն, սորվիլ պատմութեան դասերէն եւ ստեղծել ոչ թէ անցեալի, այլ այսօրուայ եւ ապագայի նոր՝ խաղաղութեան, զարգացումի ու երջանկութեան պատմութիւն: Այս է, ինչով ամէն օր կը զբաղինք ժողովուրդին հետ», շեշտեց վարչապետը, որ կարճատեւ զրոյցներ ունեցաւ Տոնըլտ Թրամփի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ, ինչպէս նաեւ տեսակցութիւններ՝ գործընկեր երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Պաշտօնակից նախարարներու հետ տեսակցեցաւ նաեւ նախարար Արարատ Միրզոյեան:
Նշենք, որ Խաղաղութեան խորհուրդը գումարուեցաւ ներկայութեամբ անդամ 22 պետութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ շարք մը դիտորդներու: Թրամփ իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ միջազգային հակամարտութիւններուն, խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորումին մասին եւ շեշտեց, որ 32 տարի տեւած հակամարտութենէն ետք Երեւանի եւ Պաքուի առաջնորդները զգալի աշխատանք տարած են խաղաղութիւն հաստատելու ուղղիութեամբ:

Ամերիկայի փոխնախագահ Ճէյ Տի Վէնս իր կարգին դիտել տուաւ, որ Փաշինեանն ու Ալիեւը ցոյց տուած են իսկական առաջնորդութիւն՝ խաղաղութեան հասնելու համար: Նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Կազայի խաղաղութեան ծրագիրը եւ յառաջիկայ փուլին նախատեսուած քայլերը: Խաղաղութեան խորհուրդին մաս կը կազմեն հետեւեալ երկիրները. Արժանթին, Հայաստան, Ատրպէյճան, Պահրէյն, Պուլկարիա, Էլ Սալվատոր, Հունգարիա, Ինտոնեզիա, Իսրայէլ, Յորդանան, Ղազախստան, Քոսովօ, Մոնկոլիա, Մարոք, Փաքիստան, Փարակուայ, Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Միացեալ Նահանգներ եւ Ուզպեքիստան: Եգիպտոսը, Քուէյթը եւ շարք մը այլ պետութիւններ մտադրութիւն յայտնած են միանալու Խորհուրդին, իսկ Ֆրանսա, Գերմանիա, Սպանիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Վատիկան, Նոր Զելանտա ու եւրոպական այլ պետութիւններ մերժած են մաս կազմել Խորհուրդին: Ռուսիա, Աւստրալիա, Չինաստան, Պրազիլ, Հնդկաստան, Ճափոն, Հարաւային Քորէա եւ Զուիցերիա տակաւին չեն պատասխանած ամերիկեան հրաւէրին:
ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԼԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆՆ Է
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Յունաստանի հայ համայնքի եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցելով եզրափակեց Յունաստան կատարած պետական այցելութիւնը եւ լրագրողներուն յայտնեց, որ յոյն պաշտօնատարներուն հետ արծարծած է մասնաւորաբար համաշխարհային հոլովոյթները եւ անոնց լուծումները: «Լուծումներուն միակ բանալին հարեւաններուն հետ խաղաղութիւնն է», ըսաւ նախագահը: Ան շեշտեց, որ որեւէ երկրի մէջ տնտեսական զարգացումին համար անհրաժեշտ են քաղաքական պայմանները:
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ
Շուէտի կառավարութիւնը իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական զարգացումին եւ ողջունեց Եւրոմիութեան հետ առաւել սերտ համագործակցութեան ուղղուած Երեւանի ջանքերը: Այլ գիծի վրայ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Լիւքսամպուրկը ներկայացնող երեսփոխան Ֆերնանտ Քարթհայզեր վերստին դիմեց Եւրոմիութեան արտաքին դիւանագիտութեան ղեկավարութեան, կոչ ուղղելով աւելի գործնական քայլերու ձեռնարկել՝ Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու ուղղութեամբ, շեշտելով որ գերիներուն խնդիրը կրնայ վնաս հասցնել խաղաղութեան հոլովոյթին:
ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ 38-ԱՄԵԱԿ
Երէկ լրացաւ Ղարաբաղեան շարժումին 38-ամեակը: 1988-ի 20 Փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ժողովրդական երեսփոխաններու խորհուրդը իր արտակարգ նիստին ընթացքին վաւերացուցած որոշումով դիմեց Երեւանին ու Պաքուին՝ ինքնավար մարզը Ատրպէյճանի խորհրդային հանրապետութենէն խզելու եւ հայկական կազմին միացնելու պահանջով: Միաժամանակ, Երեւանի մէջ սկսան արցախահայութեան աջակցող ժողովրդային շարժումներ: Առաջին հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, որ վերածուեցաւ Արցախեան շարժումի հաւաքներու կեդրոնի, ստեղծուեցաւ «Ղարաբաղ» կոմիտէն:
ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէն յայտարարեց, թէ 2025-ին Հայաստան ստացած է հեղինակաւոր «World Travel Awards» մրցանակաբաշխութեան «Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան առաջատար կեդրոն» բարձր եւ պատուաւոր կոչումը:

«Այս գնահատականը անգամ մը եւս կ’ընդգծէ մեր հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, դարաւոր պատմութիւնն ու ինքնատիպ արժէքները, որոնք կ’ոգեշնչեն աշխարհի զանազան շրջաններէն ժամանած այցելուները», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ, կոչ ուղղելով բանալու նոր հորիզոններ եւ Հայաստանի պատմութիւնը ներկայացնելու այնպէս, որ դառնայ ներշնչումի եւ համատեղ փորձառութեան աղբիւր համայն աշխարհին համար:
ՄԱՔՐՈՆ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Կ’ակնկալուի, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 4 Մայիսին երկօրեայ այցելութեամբ ժամանէ Հայաստան: Ըստ հայրենի լրատուամիջոցներու, Մաքրոն պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին: Նշենք, որ Մաքրոն Հայաստան այցելած էր 2018-ին՝ մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին: Մաքրոնէն առաջ Երեւան այցելած են նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահներ Ժագ Շիրաքը, Նիքոլա Սարքոզին եւ Ֆրանսուա Օլանտը:

