Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Բազմավաստակ Ուսուցիչ՝ Պրն. Աւօ Չաքմաքեանին Աշակերտական-Ուսուցչական Յուզախառն Վերջին Հրաժեշտով

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

February 20, 2026
in Յօդուածներ
0
Բազմավաստակ Ուսուցիչ՝ Պրն. Աւօ Չաքմաքեանին Աշակերտական-Ուսուցչական Յուզախառն Վերջին Հրաժեշտով

Մեր շրջապատին մէջ, համարեա ամէնօրեայ յաջորդականութեամբ ու դրութեամբ, տեղի կ’ունենան սիրտ ճմլող դէպքեր, տխուր պատահարներ, ցաւալի աղէտներ, ոճրային բռնարարքներ, ողբերգական արկածներ, այլանման բազմաթիւ իրադարձութիւններ, որոնք բոլորն ալ, միայն վիշտ ու կոծ կը պատճառեն հանրութեան մօտ, թախծալի զգացումներ ստեղծելով ամէնուրեք։

Լիբանանը, լիբանանցիները եւ լիբանանահյութիւնը, անցնող քանի մը տասնամեակներուն, առիթէ-առիթ, բայց անդադար թափով, յաճախ ենթարկուեցան դաժան, չարաշուք, ցաւագին ու տրտմայուշ ճակատագրերու, մերթ պատերազմական, մերթ ապահովական, մերթ հակամարտական, մերթ քինախնդրական, մերթ ալ անտրամաբանական պատճառներով տալով զոհեր, որոնցմէ մաս մը եթէ «անխուսափելի» կը նկատուէին, մաս մըն ալ՝ առողջական-հիւանդային մեկնումներ կամ կորուստներ էին։

Իսկ այս թաւալքները եւ անկումները, անշուշտ, խոր սուգի կը մատնէին ժողովուրդը, մանաւանդ երբ ոմանք անհեթեթութեան հետեւանքներով էին, ուրիշներ ալ՝ բնական շիջումներով։

***

Ամէնէն ահաւորը ու ցնցողը, սակայն, այն է, երբ հարազատ մը, մտերիմ մը, գործակից մը, բարեկամ մը, յանկա՜րծ այս աշխարհը կը լքէ, անժամանակ, վաղաժամ ու կանխահաս արտորանքով, կարծես թէ իր երկրային կեանքն ու գործունէութիւնը աւարտած է, մինչդեռ ան տակաւին ունէր ըսելիք ու գրելիք, իր գիտելիքներէն ու փորձառութիւններէն բաշխելու եւ յատկացնելու մերձաւորներուն, միջավայրերուն, ասպարէզներուն ու շրջանակներուն։

Իսկ եթէ տուեալ անձնաւորութիւն մը, հեղինակութիւն մը, բարձր մակարդակի ու դիրքի վրայ գտնուող յարգելիութիւն մըն է, իր աշխարհը կապած է նոր սերունդներու դաստիարակութեան հետ, իր հարուստ մտապաշարները, փորձագիտութիւնները, ուսումնառութիւնները եւ արհեստավարժութիւնները դնելու դպրոցի մը  տրամադրութեան տակ, սերունդ պատրաստելու եւ կոփելու ամբողջական նուիրումով, ատիկա արդէն ցայտուն ու փայլուն բարենիշ մըն է, որ կը հաստատէ թէ խնդրոյ առարկայ անձը նախ իր կոչումին հարազատ կրողն է, ապա՝ իր առաքելութեան անշեղ հետեւորդը։

Այս տողերը երբ կը գրուին, մտորումներ կը յայտնուին, ակնարկութիւններ կը կատարուին, մեր աչքին առջեւ կը պարզուի.

– Պատկառելի անձնաւորութիւն մը

– Բազմավաստակ ուսուցիչ մը

– Հաղորդական ուսուցանող մը

– Հմուտ ընկերաբան մը

– Լաւատեղեակ քաղաքագէտ մը

– Ամբողջական ազգային մը

– Կուռ գաղափարապաշտ մը

– Հարուստ գիտելիքներով օժտուած մը

– Անզուգական ընկերասէր մը

– Համակ հայրենասէր մը

Այս բազմաշնորհ ինքնութեան տէրը կը կոչուի

 

ԱՒԵՏԻՍ (ԱՒՕ) ՉԱՔՄԱՔԵԱՆ

 

ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու վարժարանէն փայլուն շրջանաւարտ մը, ապա, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն վկայուելով՝ անգլերէն լեզուի ու գրականութեան մասնագէտ մը, իսկ այնուհետեւ, ինքզինք նուիրելով դպրոցական-ուսուցչական ասպարէզին, քանի մը վարժարաններու մէջ դասաւանդելով ընկերաբանութիւն, գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, իսկ վերջին տարիներուն՝ ՀԲԸ Միութեան վարժարաններուն մէջ, իբրեւ այցելու ուսուցիչ դասաւանդելով ընկերաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։

Պարոն Աւօն ճանչցուած էր իր բարձր արժանիքներով, յատկութիւններով ու բարեմասնութիւններով, թէ՛ որպէս դասաւանդ, թէ՛ պաշտօնակից, թէ՛ զրուցող, թէ՛ վերլուծող եւ թէ՛… կատակասէր։

Այո՛, չզարմանալ, որ ան ունէր զուարթախոհութեան ու զուարթախօսութեան իւրայատուկ յատկանիշ, միշտ իր զրոյցներուն մէջ, օրինակներով ու նմոյշներով, ճոխացնելով նիւթը, որոնց հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին իր հայ թէ տեղացի պաշօտնակիցները, մանաւանդ երբ անոնց մէջ կային ծիծաղի ու կատակի բաժիններ։

Հայաստանի իրականութիւնը, ինչպէս իր փառքի օրերու կիզակէտին վրայ, իրեն համար հպարտութիւն էր, նաեւ այս օրերուն, երբ հայրենիքը «կ’եռայ» իր անցուդարձերով, Աւօն, տեղ մը բարկացած, վրդոված, ուրիշ տեղ մը՝ իր հայեացքով ու տեսիլքով, կ’ունենար իր մեկնաբանութիւնը, վերլուծումը, հիմնուելով աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական չափանիշերուն վրայ, որոնք ընդհանրապէս տրամաբանական եւ իրապաշտական էին։

Յաճախ հետս կը մտերմանար, գլուխ-գլխի, իր կարծիքները փոխանցելու եւ կամ համապատասխան նորութիւններով համալրելու իր ճշգրիտ տեսադաշտերուն տեղեկութիւնները։

Աւօն կառչած էր իր մասնագիտութեան, երկու գլխաւոր հիմունքներով. ԱՌԱՋԻՆ՝ իրեն համար հայ դպրոցը անգին դարբնոց էր, որմէ չէր կրնար բաժնուիլ, ընդհակառակը՝ աւելի սեղմօրէն ու պնդօրէն կը մնար պատնէշի վրայ։

ԵՐԿՐՈՐԴ՝ ան հայկական իր ինքնութեան հաւատարիմ զաւակը ըլլալով, նոյնքան ջերմութիւն ու կառչածութիւն կը տածէր Լիբանանի նկատմամբ, զայն նկատելով (տակաւի՜ն) անփոխարինելիութիւն մը, եւ պատահական չէր, որ իր սիրելի զաւակը՝ Յակոբ, ուսուցչական մարզը ընտրեց հայկական վարժարանէ ներս, վստահաբար հետեւելով իր հօր վաստակած ուսումնական ուղիին։

ԵՐՐՈՐԴ՝ ինչպէս վերը նշեցի, Աւօն, իր ունեցած բարձր գիտելիքներով եւ անգլերէն լեզուի հմտութեամբ, կրնար որեւէ այլուր գաղթել, բայց այդ փորձանաւոր քայլը չառաւ, մնալով կառչած լիբանանեան իրականութեան, բայց յատկապէս լիբանանահայ համայնքին կեցութեան եւ անոր ծառայելու վճռակամութեան։

Աւօն սկզբունքի տէր ազգային մըն էր, անդրդուելի համոզումներով համակուած եւ իրեն համար հայութիւն, հայրենասիրութիւն եւ հայակերտութիւն ուխտային արժէք ունէին։

Աւոյին հետ ծանօթութիւնս ու բարեկամութիւնս երկար տարիներու պատմութիւն է, սակայն, ոչ յովակիմեանցի կամ դասարանակից ըլլալու իրողութիւններով, այլ՝ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, երբ մայրաքաղաքը «բաժնուեցաւ» երկու մասի (Արեւմտեան եւ Արեւելեան արուեստական բեւեռներով), այն ժամանակ, ես ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական գրասենեակին մէջ պատասխանատու պաշտօններ ունէի (նախ՝ դիւանապետ, ապա՝ Կրթական յանձնախումբի վարիչ քարտուղար), հետեւաբար, նաեւ այցելու ուսուցիչ՝ հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան։

Հետագային, զանազան ժամանակաշրջաններու, մնացի այցելու ուսուցիչ նոյն նիւթերով, ուր հանդիպեցայ պրն. Աւոյին, որուն հետ դարձանք մնայուն եւ յարատեւ ընկերներ, բազմաթիւ առումներով, միշտ համանման մտածումներով, հոգերով ու տեսիլքներով։

Այդ առիթով նկատեցի, որ Աւօն որքան անկեղծ ու պարկեշտ սիրելի ու վստահելի բարեկամ-պաշտօնակից մըն է, իսկ ատիկա տեւեց եւ առաւել ամրացաւ ու խորացաւ հետագայ տարիներուն, մինչեւ այն պահը, երբ մեր սովորական հանդիպումն էր, 28 Յունուար 2026-ին, իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր դասարանը անցնէր, իր դասաւանդութեան սկսելու, իսկ դասադադարին զանգը չհնչած, ուրիշ զանգ մը հնչեց, որ Աւոյէն կու գար եւ… վերջ։

***

Ընտանիքէն, հարազատներէն, անմիջականներէն թէ հեռաւորներէն զատ, իր դպրոցը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, աշակերտութիւնը եւ, ընդհանրապէս, Միութեան վարժարաններու պատկան օժանդակ մարմինները, կորսնցուցին թանկագին հայորդի մը, իր հարուստ եւ արժանաւոր յատկութիւններով։

Աւա՜ղ իր կանուխ մեկնումին, որովհետեւ ան տակաւին տալիք ունէր, որուն համար ինք պատրաստ էր իր առաւելագոյնը նուիրելու ու ձօնելու իր այսօրուան ու վաղուան կրտսեր սերնդակիցներուն։

Այսօր զինք կ’ողբան բոլոր ճանչցողները, դպրոց-ուսուցչութիւն-աշակերտութիւն, նախկին թէ ներկայ, եւ ի պատիւ իրեն, փութացած էին եկեղեցի, ներկայ գտնուելու յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութեանց, սրտի դառնութեամբ, սրտայոյզ ու լալագին, իրենց սէրն ու յարգանքը մատուցելով անոր հոգիին եւ յիշատակին, որոնք պիտի մնան անմոռանալի եւ անջնջելի։

Միութեան վարժարաններու տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, աշակերտութիւնը եւ ընդհանրապէս շատ-շատեր պիտի սգան անոր բացակայութիւնը, բայց պիտի ապրին ու վերյիշեն անոր հանդարտաբարոյ, ժպտերես ու պերճախօս արտայայտութիւնները, դասաւանդման հաղորդականութիւնը եւ ուսուցման անմիջականութիւնը։

Share62Tweet39
Previous Post

Ճշմարտութիւն, Որ Միշտ Կ’ուշանայ – Սոփոկլէսէն Մինչեւ Շէյքսփիր

Next Post

Աստուած Փրկէ՛ Եւ Հեռու Պահէ՛ «Բժիշկ»ներէն

Next Post
Աստուած Փրկէ՛ Եւ Հեռու Պահէ՛ «Բժիշկ»ներէն

Աստուած Փրկէ՛ Եւ Հեռու Պահէ՛ «Բժիշկ»ներէն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.