Հին յոյները խորապէս կ’ըմբռնէին մարդկային վիճակը, որուն հիմքը ճակատագրին հանդէպ ունեցած անոնց հաւատքն էր, ոչ որպէս կոյր անխուսափելիութիւն, այլ որպէս բարոյական եւ գոյաբանական հետեւանք: Ճակատագիրը, անոնց տեսլականին մէջ, անբաժան է մարդուն յատուկ միւս երեւոյթներէն՝ հաւատքէն, խաբէութիւն-ինքնախաբէութենէն, անհիմն ինքնավստահութենէն, ուրիշին խօսքը լսելու չկամութենէն, ճիշդ կամ սխալ ընտրութենէն…։
Հին մատեաններու էջերուն մէջ դեռ կ’ապրին Երինիէսները՝ (Erinyes) վրէժխնդրութեան անողոք աստուածուհիները, որոնք աւելի հին են, քան Ողիմպոսը: Ծառայելով ստորերկրեայ աստուածներ՝ Հատէսին եւ Փերսեփոնէին, անոնք կը հետապնդեն ոչ միայն յանցագործը, այլեւ բարոյական կարգեր խախտողը, այդպիսով մարդկութեան յիշեցնելով, թէ աստուածային կամ մարդկային օրէնքին դէմ անհետեւանք չի մնար որեւէ մէկ խախտում։
Վերջերս գերագոյն հաճոյքով վերընթերցեցի Սոփոկլէսի «Անտիգոնէ»-ն (բնագիրէն թարգմանութիւնը՝ Համազասպ Համբարձումեանի) եւ վերահաստատեցի յաւերժական ճշմարտութիւն մը. քաղաքակրթութեան արշալոյսին մարդկութիւնը ստեղծած է կատարելութեան հասած բարոյական եւ գեղարուեստական արժէքներ, որոնք կը շարունակեն լուսաւորել մեր երեւակայութիւնը եւ մինչ օրս կը մնան անգերազանցելի։

Շէյքսփիր, հաւանաբար (գրեթէ վստահ եմ) առաջնորդուած է սոփոկլէսեան օրինաչափութիւններով, նոյնիսկ եթէ մտածենք, որ «Անտիգոնէն» անոր անմիջական աղբիւրը չէ։
Շէյքսփիրի օրերուն յունական ողբերգութիւնը անգլիացիներուն յայտնի էր անուղղակիօրէն՝ լատին հեղինակներու (ամէնէն առաջ՝ Սենեկայի), Վերածնունդի դարաշրջանի մարդկայնական կրթութեան, վերապատմումներու, մեկնաբանութիւններու եւ բարոյական փիլիսոփայութեան միջոցով։
Ճիշդ է, Եղիսաբէթեան Անգլիոյ մէջ Սոփոկլէսը յունարէն չէին կարդար, բայց սոփոկլէսեան ողբերգութեան ճարտարապետութիւնը արդէն իսկ մտած էր Եւրոպայի երակներուն մէջ։
Հակառակ դարերու անջրպետին, «Անտիգոնէ»-ն եւ «Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ»-ը կը պատկանին ողբերգութեան նոյն ընտանիքին։
Գուցէ Շէյքսփիր ուղղակիօրէն չէ վերցուցած Սոփոկլէսէն, սակայն յստակօրէն ժառանգած է ողբերգութեան յունական ընկալումը՝ որպէս անձնական ճշմարտութեան եւ հասարակական կարգի բախում։
Ինչպէս Անտիգոնէ եւ Հեմոն, Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ նոյնպէս երիտասարդ են, սկզբունքային ու անտեսուած։ Անոնց սէրը կը բախի ընկերային անդրդուելի օրէնքին, եւ հաշտութիւնը կու գայ միայն մահուան միջոցով։
Երկու ստեղծագործութիւններուն մէջ ալ ղեկավարութիւնը շատ ուշ կ’ընդունի իր սխալը, եւ իմաստութիւնը կու գայ որպէս սուգ։ Սիրահարներուն մարմինները դուռ կը բանան բարոյական վէճերու, ապրողները ստիպելով վճարելու հպարտութեան, յապաղումի եւ անզիջում ու յամառ կեցուածքներուն գինը։ Այսպիսով, յունական ողբերգութիւնը չ’աւարտիր հին Յունաստանի մէջ, այլ կը վերածնի, կը վերափոխուի եւ կը մարդկայնանայ՝ իր հին խնդիրները բերելով ժամանակակից աշխարհ։
Կարելի չէ անտեսել երկու տարբեր եւ իրարմէ հեռու դարաշրջաններուն ստեղծուած այս ստեղծագործութիւններուն կառուցուածքային զուգահեռները, որոնք ճշգրիտ են։
Առաջինը՝ սէրն է ընդդէմ օրէնքի։
Անտիգոնէ աստուածային՝ ընտանեկան օրէնքն է, ընդդէմ քաղաքացիական հրամանագրին (Կրէոն), իսկ Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ անհատին սէրը կը ներկայացնեն ընդդէմ հանրային թշնամութեան եւ հասարակական կարգի։
Երկուքին մէջ ալ իշխանութիւնը շեշտը կը դնէ կարգուկանոնի վրայ, իսկ երիտասարդութիւնը՝ ճշմարտութեան, մինչդեռ հաշտութիւնը կու գայ միայն մահէն ետք։
Երկու աշխարհներուն միջեւ մենք կը տեսնենք ճնշուած երիտասարդ մարդիկ։
Հեմոն՝ իշխողի որդի, նաեւ սիրահարն է դատապարտեալին։
Ռոմէօ՝ իշխող դասակարգի զաւակ, սիրահարն է ուրիշ՝ թշնամի դասակարգի անդամի մը։
Երկուքն ալ կը պատճառաբանեն։ Երկուքն ալ անտեսուած են։ Երկուքն ալ կը մեռնին ոչ թէ չարութեան պատճառով, այլ ժամանակի բարքերու՝ որպէս եսասիրութեան ու հպարտութեան զոհեր:
Կրէոն եւ Կապուլետ ողբերգական հարազատներ են…
Երկու ստեղծագործութիւններուն մէջ ալ անդառնալի աղէտին պատճառը ուշացումն է։ Հնարք, որ յստակ սոփոկլէսեան է։
Կրէոն շատ ուշ կը փոխէ իր որոշումը, նոյնն է նաեւ միաբան Լորէնսի նամակին պարագան, որ տեղ կը հասնի մեծ ուշացումով։ (մեծ, թէ փոքր, ուշացումը միշտ չարիք է)։
Ողբերգութիւնը տեղի կ’ունենայ ոչ թէ այն պատճառով, որ ճշմարտութիւնը անյայտ է, այլ այն պատճառով, որ պահ մը ուշ ընդունուած է…։
«Ճշմարտութիւն, դուն ինչո՞ւ ուշ հանդէս եկար»,- կը գոչէ յունական օրխեսթրան։
Մահը՝ բացայայտող գործիք։
«Անտիգոնէ»-ին մէջ Կրէոն խելքի կու գայ միայն Անտիգոնէի մահէն, զաւկին՝ Հեմոնին անձնասպանութենէն, եւ կնոջ՝ Եւրիդիկէի մահէն ետք։
«Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ»-ի պարագային, Վերոնա քաղաքը կը հանդարտի երիտասարդ սիրահարներուն մահէն ետք։
Մեռեալները դաս կու տան ողջերուն։ Ասիկա զուտ յունական մօտեցում է։
Սակայն, այսքան նմանութիւններով հանդերձ կայ կարեւոր տարբերութիւն մը։
Անտիգոնէ մահը կ’ընտրէ, մինչ Ճուլիէթ մինչեւ վերջին պահը կը պայքարի մահուան դէմ։
Անտիգոնէ բարոյական բացարձակութիւնն է, մինչ Ճուլիէթ՝ մարդկային յուսահատութիւնը։
Շէյքսփիր, կը խորհիմ, կլանած է յունական ողբերգութեան տրամաբանութիւնը, բայց զայն վերաձեւած՝ ըստ Վերածնունդի մարդկայնութեան եւ հոգեբանութեան։
Ապացոյց մը եւս, որ յունական ողբերգութիւնը չէ աւարտած, այլ արտագաղթած եւ հասած է Շէյքսփիրի Անգլիա։
Ըստ առասպելին՝ Սոփոկլէս, որուն անունը կը նշանակէ փառք իմաստութեան (Սոֆիա = իմաստութիւն, կլէոս = փառք), կեանքէն հեռացած է ինիսուն տարեկանին, երբ փորձ կ’ընէր առանց շունչ առնելու արտասանել իր «Անտիգոնէ» թարտրերկէն երկար նախադասութիւն մը։
Կեանքի ինը տասնամեակներու ընթացքին ան գրած է 120 թատերգութիւն, որոնցմէ միայն եօթը հասած են մեզի։ Ապշեցնող է անոր գրականութեան տոկունութիւնը, որ նաեւ վերածուած է իւրօրինակ ապացոյցի։ Ապացոյց, որ լաւ գրողը ոչ միայն հպատակն է իր ոգեշնչումին, այլեւ կարգապահութեան հետեւորդ է։
Անոր կերպարը կը կոտրէ միայնակ, մեկուսացած, մռայլ բանաստեղծի առասպելը, որուն իր ժամանակակիցները չհասկցան, քանի որ պատրաստ չէին ընկալելու անոր հանճարը։
Սոփոկլէս ըսուածին հակառակն էր։ Ան ճանչցուած ու յայտնի էր իր կենսուրախութեամբ եւ մաս կը կազմէր հանրային կեանքին։
Ինչպէս որ Սոկրատ, որպէս ծանր հետեւակային զինուոր, մասնակցած է Պելոպոնէսեան պատերազմին, ինչպէս որ 24 տարեկան Տանթէ՝ Կամպալդինոյի ճակատամարտին, այնպէս ալ Սոփոկլէս լիարժէք ներգրաւուած էր հանրային կեանքին մէջ։
Զօրավար Պերիկլէս աթենացիները պատերազմի առաջնորդելու համար զայն ընտրած էր միայն ա’յն պատճառով, որ «Անտիգոնէ»-ն լայն ճանաչում բերած էր իրեն աթենացիներու շրջապատին մէջ։ Ան անպարտելի էր ոչ միայն մարտադաշտին վրայ, այլեւ որպէս յունական ողբերգութեան ախոյեան։
Սոփոկլէս երեսուն անգամ մասնակցած է Դիոնիսիա քաղաքի թատերական մրցոյթներուն, եւ քսանչորս մրցանակ շահած։ Իսկ ո՞վ էր անոր գլխաւոր մրցակիցը։ Անշուշտ գուշակեցիր, սիրելի ընթերցող, Էսքիլոս, այո’, որուն ստեղծագործութիւնները կը շարունակեն մեզ հիացնել եւ արդէն երկու հազարամեակ կը կարդանք անոր «Օրեստէա»-ն եւ «Պրոմեթէոս շղթայուած» երկերը։
Էսքիլոս կը պատմէ աստուածներու եւ տիեզերական բեմին վրայ զարգացող մեծ, համընդհանուր, երկնային տռամներու մասին։ Ճիշդ է, որ Սոփոկլէս եւս նոյն տռամը կը պատմէ մեզի, բայց ի տարբերութիւն իր ժամանակակիցին, անոր տռամը կը զարգանայ մարդկային հոգիին մէջ։
Շատեր ըսած ու գրած են, որ գիտակից մարդուն ծննդավայրը Հին Յունաստանն է, թէեւ կան եւ ուրիշներ, որոնք կը կասկածին այդ վարկածին։ Կայ, սակայն, անվիճելի փաստ մը. առաջին անգամ Հին Յունաստանի մէջ է, որ գրուած ու բեմադրուած է գիտակից էակին կեանքը։
Անտիգոնէին հետքը ամէն տեղ է, նոյնիսկ մեր օրերուն։
Եթէ պայմանականօրէն ըսենք, որ Աստուած կամքի ազատութիւն տուած է մեզի, ուրեմն մե’նք ենք մեր արարքներուն եւ անյաջողութիւններուն պատասխանատուն։
Ի՞նչ ընել, եթէ մեր ղեկավարները վատ են կամ չար։ Եթէ մարդը կ’ուզէ կեանքը փրկել, բայց ոչ սուտի միջոցով… Այս միտքը, խորքին մէջ, Անտիգոնէինն է։
Աւելին, կեանքի մէջ շատ-շատեր կը գիտակցին, որ սխալ ընտրութիւն ըրած են, բայց կը շարունակեն մնալ անգործունեայ, ընտրելով ամէնէն դիւրին ու ապահով ճամբան։
Անտիգոնէ մեզի կը սորվեցնէ, որ անգործ կեանքը զուրկ է խիղճէ։
Եթէ կարենայինք երեւակայել մարդկային միտքի մէջ տեղի ունեցող տեղաշարժերը… Վստահաբար, միտքի այդօրինակ փոփոխութիւն մը յառաջ եկած է երկու հազար տարի առաջ, այս թատրերկի ընթերցումէն ետք…։
Արուեստը ընդունակ է արթնցնել մարդուն խիղճը։ «Արուեստ» կոչուելու արժանի արուեստին նպատակն է բացայայտել մարդկային հոգիի չուսումնասիրուած շերտերը, եւ այդ է, որ յաջողած է ընել Սոփոկլէս։
Ահա թէ ինչու պէտք է կարդալ «Անտիգոնէ»-ն։
Հեգէլ փիլիսոփան այս գործը համարած է արուեստի գագաթնակէտ։ Ըստ անոր, Սոփոկլէսին թատրերկը գեղարուեստական ձեւի մէջ բարձրագոյն փիլիսոփայական հակամարտութիւն է՝ առանց մեկնաբանութեան, առանց բացատրութեան։
Ըստ Հեգէլի, ողբերգական հակամարտութիւնը կը ծագի երկու օրինական, բայց փոխադարձաբար զիրար բացառող բարոյական պնդումներէն։ Օրինակ՝ Սոփոկլեսի Անտիգոնէն կը ներկայացնէ «Մօր օրէնքը» (ընտանեկան պարտականութիւնը), մինչդեռ Կրէոն՝ «Հօր օրէնքը» (պետական օրէնքը)։
Անտիգոնէն սոփոկլէսեան ողբերգութեան կեդրոնն է ոչ միայն որպէս ըմբոստ կերպար, այլեւ որպէս ձեւաւորուած էակ, որ կ’ոչնչանայ իր բարոյական տեսլականի մաքրութեան պատճառով։ Ան ողբերգական է ոչ թէ սխալ կամ ճիշդ ըլլալուն համար, այլ քանի որ կը տեսնէ միայն մէկ ճամբայ եւ այդ ճամբայէն կը քալէ այնպիսի բացարձակ պարզութեամբ, որ կեանքին տեղ չի ձգեր բանակցելու իր սկզբունքներուն հետ։ Իր յայտնուելու առաջին իսկ պահէն Անտիգոնէ առաւելաբար կը պատկանի ոչ թէ այս, այլ անդիի աշխարհին։ Ան չի վիճիր, որպէսզի համոզէ. ան կը խօսի որպէս մէկը, որ արդէն գիտէ։ Այս վստահութիւնը անոր ուժն է եւ ճակատագրական սահմանափակումը միաժամանակ։
Ի տարբերութիւն Կրէոնի, որ քաղաքական հեղինակութիւն է, եւ որուն կուրութիւնը աստիճանաբար կ’աճի (խօսքը տեսողութեան մասին չէ) Անտիգոնէին ողբերգութիւնը ներքին է։ Ան չի զարգանար, չի տատամսիր, չի սորվիր։ Անոր հերոսութիւնը ճշմարտութիւնը խոհեմութեամբ չմեղմացնելու մէջ է։ Անտիգոնէ մահը կ’ընտրէ ոչ թէ որպէս փախուստ, այլ որպէս ինք իր անձին հաւատարիմ մնալու տրամաբանական ելք։ Մահը անոր համար ոչնչացում չէ, այլ՝ ներդաշնակութիւն։ Ինք աւելի մահացու կը գտնէ ապրիլ՝ դաւաճանելով իր իմացական աշխարհին։
Սակայն Սոփոկլէս իր ընթերցողին թոյլ չի տար «Անտիգոնէ»-ն կարդալ ու զայն ընկալել որպէս սովորական զոհ։ Անտիգոնէին լեզուն սուր եւ նոյնիսկ մօտ է… ամբարտաւանութեան։ Ան իր քոյրը կը մերժէ ոչ միայն վախի, այլեւ անոր մարդկայնութեան պատճառով։ Սէրը, ամուսնութիւնն ու շարունակականութիւնը եւ մարդը կեանքին կապող փխրուն կապերը նուազ կը կշռեն, քան իր բարոյական մաքրութիւնը։
Այսպիսով, Անտիգոնէին ողբերգութիւնը նաեւ ողբերգութիւնն է բացարձակութեան։ Ան անզիջում առաքինութեան մարմնաւորումն է եւ չի կրնար զուգորդուիլ անկատար, շնչող աշխարհին հետ։ Աստուածները, որոնք ան կը կանչէ, յաւերժական են։ Քաղաքը, որուն մարտահրաւէր նետած է՝ ժամանակաւոր։ Իսկ ինք, կանգնած է այդ երկուքին միջեւ, ամբողջութեամբ չպատկանելով ոչ մէկուն։
Ան ցաւալիօրէն կը գիտակցի, թէ ինչ է կորսնցուցածը եւ այդ փաստը աւելի կ’ընդգծէ անոր ողբերգականութիւնը։ Անտիգոնէ կը խօսի այն ամուսնութեան մասին, որ տեղի պիտի չունենայ, այն երգերուն մասին, որոնք պիտի չլսէ, այն արեւին մասին, որ այլեւս պիտի չտեսնէ։ Սակայն գիտակցութիւնը չի կասեցներ անոր վճռակամութիւնը, ընդհակառակը՝ կը սրէ։
Ան դէպի մահ կը քալէ ոչ թէ կուրօրէն, այլ բարձր գիտակցութեամբ։ Իսկ սա արդէն կործանարար է։ Անտիգոնէ չի ջախջախուիր ճակատագրին կողմէ, այլ կը համագործակցի անոր հետ։
Որպէս կին, անոր անհնազանդութիւնը կը խաթարէ զինք շրջապատող աշխարհին կառուցուածքը, բայց Սոփոկլէս ողբերգութիւնը չէ կապած սեռի հետ։ Անտիգոնէն ուղղորդողը իր խիղճն է։ Այդպիսով ան կը բացայայտէ միայն հնազանդութեամբ պայմանաւորուած օրէնքներուն փխրունութիւնը։
Այնուամենայնիւ, ան կը բացայայտէ նաեւ խիղճին գինը, որ կը տանի դէպի միայնութիւն, լռութիւն եւ վաղաժամ մահ։
Անտիգոնէ կը մեռնի երիտասարդ, բայց կատարեալ։ Կրէոն կը գոյատեւէ, բայց աշխարհն ու կեանքը այլեւս ունայն են անոր համար։ Եւ ահա այս հակադրութեան մէջ է, որ մենք կը գտնենք ողբերգութեան դաժան գեղեցկութիւնը։ Անտիգոնէ կը կորսնցնէ իր կեանքը, բայց անխախտ կը պահէ իր ներքին ճշմարտութիւնը։
Սոփոկլէս կը չարչարէ մեզ, քանի որ իր Անտիգոնէն մեզի չի սորվեցներ ինչպէս ապրիլ անվտանգ։ Ան կը սորվեցնէ ինչպէս ապրիլ ազնիւ, նաեւ ցոյց տալով, թէ որքան վտանգաւոր կրնայ ըլլալ այդ ազնուութիւնը։ Անոր ողբերգութիւնը ոչ թէ իր մահն է, այլ այն, որ կարգուկանոնի եւ կարեկցանքի կարօտ աշխարհը տեղ չունի այն մարդուն համար, որ չի տառապիր երկուութեան ախտէն։
«Ատելութիւնը հեռու է ինձմէ, ես ծնած եմ սիրոյ համար»։
Ասիկա այնքան հզօր կը դարձնէ փարատոքսը։ Անտիգոնէ այս խօսքերը կ’արտասանէ գործելով արարք մը, որ իր համաքաղաքացիները կ’որակեն որպէս անհնազանդութիւն, սադրանք, նոյնիսկ դաւաճանութիւն։ Բայց ան, Սոփոկլէսին թոյլտուութեամբ կը յամառի, քանի որ իր քայլը ատելութեան ծնունդ չէ, այլ արդիւնքն է եղբօր հանդէպ տածած սիրոյն։ Սէր՝ դէպի այն կապը, որ, ինչպէս շաքարը ջուրին մէջ, չի լուծուիր օրէնքի կամ ժամանակի մէջ։
Ահա այս է պատճառը, որ Անտիգոնէ ողբերգական է։ Անոր բարոյական տիեզերքին մէջ սէրը մեղմ կամ անձնական չէ։ Այդ սէրը պարտաւորեցնող է, պահանջկոտ եւ բացարձակ։ Սէրը զայն կը պարտաւորեցնէ նոյնիսկ այն ատեն, երբ կ’ոչնչացնէ։ Ան չ’երեւակայեր սիրել ընտրողաբար կամ զգուշօրէն։ Սիրել կը նշանակէ գործել՝ անկախ հետեւանքներէն։
Եւ այնուամենայնիւ, վերը մէջբերուած տողը ցաւոտ հեգնանք մը ունի։ Անտիգոնէ, որ կը պնդէ, թէ ծնած է սիրոյ համար, կը քալէ ճամբայէ մը, որ կը տանի դէպի մեկուսացում, մերժում եւ մահ։
Անոր սէրը մաքուր է այնքան, որ տեղ չի ձգեր ողջերուն հետ բանակցութեան։ Ան արդարութիւնը կը սիրէ աւելի քան երջանկութիւնը, ճշմարտութիւնը կը սիրէ աւելի քան գոյատեւումը։ Այս առումով անոր սէրը լուսաւոր է, բայց նաեւ… մահացու։ Այն չի հաշտեցներ, կը բաժանէ։ Չի բուժեր իր քաղաքը, այլ կը բացայայտէ անոր վէրքերը։
Սոփոկլէս Անտիգոնէին թոյլ տուած է վերանայիլ հերոսութիւնը։ Անոր մղիչ ուժը, ինչպէս ողբերգական այլ դէմքերունը, զայրոյթը չէ, ոչ ալ վրէժխնդրութիւնը։ Զինք յառաջ մղողը նուիրումն է։ Ասիկա Անտիգոնէն կը դարձնէ բարոյապէս պայծառ, բայց նաեւ սարսափելի։ Այսօրինակ սիրով կառավարուող աշխարհը քաղաքականապէս չի կրնար գործել, սակայն առանց ատոր կը դառնայ ունայն ու դաժան։
Անտիգոնէ կանգնած է խախտումի այդ գիծին վրայ։
Այսպիսով, երբ ան կ’ըսէ թէ՝ «Ես ծնած եմ սիրոյ համար», իր ճակատագիրը կը նշէ։ Սէրը իր մխիթարութիւնը չէ, ճակատագիրն է։
Սոփոկլէսեան ողբերգութիւնը յաճախ պատմութիւն է մարդու մասին, որ առաքինութիւն մը ունի այնքան ամբողջական ու կատարեալ, որ աշխարհը ի վիճակի չէ զայն կրել։
Ահա թէ ինչու անոր ձայնը դարերու խորքէն եկած, հասած է մեզի եւ լուռ կը յուշէ, որպէսզի մենք մեզի հարցնենք, թէ որքա՞ն սէր պատրաստ ենք կրել եւ ի՞նչ գին պատրաստ ենք վճարելու ատոր համար…։

