Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Առասպելատիպ Գայը (Հայկ Բժշկեանց)

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

February 20, 2026
in Յօդուածներ
0
Առասպելատիպ Գայը (Հայկ Բժշկեանց)

Ո՞վ չէ լսած կամ չէ երգած հետեւեալ երկտողը՝

          Բարձրացնենք բաժակները, կենաց հայերի

         Անդրանիկին, Սերոբ փաշին, Հայկ Բժշկեանցին:

Ո՞վ չի խոնարհիր վերոնշեալ առասպելատիպ հերոսներու վաստակին ու յիշատակին առջեւ:

Արդարեւ, հայոց զօրականներու աստղաբոյլին մէջ իր շքեղ պատուանդանը ունի առասպելական հրամանատար ու ռազմիկ Հայկ Բժշկեանցը, արեւելահայ եզրոյթով՝ «Լեկենտար Գայը»: Ցայսօր, ան ոգեղինապէս ներկայ է Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, որովհետեւ լայն մայրուղի մը կը կրէ իր փառահեղ անունը. որովհետեւ Հայաստանի սպայից վարժարանը կը կոչուի իր անուամբ. որովհետեւ կոթողուած է իր վիթխարի արձանը՝ երիվարի վրայ թուրը ձեռքին նստած՝ աշտանակելու պատրաստ, եւ մանաւանդ որովհետեւ իր անուան դպրոցը հայրենասէր սերունդներ կը կերտէ Հրաչեայ Քոչարի անուան փողոցին վրայ կանգնած. հոն՝ դարբնոցն է փթթող Գայ-ականներուն, որոնք տարիներ շարունակ կ’ըմբոշխնեն եւ կ’իւրացնեն Հայկ Բժշկեանցէն փոխանցուած արիութեան, մարտունակութեան եւ առնականութեան անժամանցելի պատգամները:

Հայկ Բժշկեանց ծնած է 18 Փետրուար 1887-ին՝ Թաւրիզ (Պարսկաստանի Ատրպատականի նահանգ): Հայրը՝ Տրդատ (ռուսական դարձուածքով՝ Տիմիդրի) ուսուցիչ էր եւ Պարսկաստանի Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներէն: Հայկը կը յաճախէ իր ծննդավայրին Արամեան վարժարանը: Աշակերտական տարիներէն կը դառնայ Հնչակեան կուսակցութեան գործուն անդամներէն: Կուսակցական հանգամանքին պատճառով Բժշկեաններ 1901-ին կ’արտաքսուին Թաւրիզէն եւ կը հաստատուին Թիֆլիս: Թիֆլիսի մէջ կը յաճախէ Ներսիսեան վարժարան: Հոն գաղափարական հնոցի մէջ թրծուելու կողքին, կը ստանայ նաեւ մարտական մկրտութիւն, երբ 1903-ին, կը մասնակցի Անդրկովկասի ցարական բռնապետ հայատեաց իշխան Գոլիցի ահաբեկման գործողութեան՝ որպէս պահեստային խումբի անդամ: Կը վտարուի դպրոցէն որպէս խռովարար: Հետաքրքրական է ընդգծել, թէ խիզախ մարտականը օժտուած էր նաեւ գրելու շնորհքով: Գրութիւններ եւ թղթակցութիւններ կը ստորագրէ Բանուոր, Բանուոր Հայկ կեղծանուններով սոցիալ-դեմոկրատական թերթերու եւ հանդէսներու («Բանուոր», «Բանուորի Ձայն», «Ձայն», «Գաղափար», «Հնչակ»): Իր յօդուածները կը վերաբերէին բանուորական շարժման, գործադուլներու, արդարութեան պայքարին, ընկերային հաւասարութեան, դասակարգային բախումներու, ճնշեալ դասակարգին չքաւորութեան եւ թշուառութեան եւ այլն: Թիֆլիսի մէջ հետապնդուելով խոյս կու տայ Պաքու, ուր ձերբակալուելով կը բանտարկուի վեց ամիս: Բանտէն դուրս գալով, Պաքուի բանուորական շրջանակներու մօտ կը նուիրուի կազմակերպչական աշխատանքի, կը քարոզէ հնչակեան գաղափարաբանութիւնը. վեց տարուան ընթացքին կը հիմնէ եւ կը ղեկավարէ 37 բանուորական բջիջ: Անկէ կ’անցնի Թիֆլիս, դարձեալ խլրտուն կեանքով եւ կազմակերպչական աշխատանքով: 1911-ին կը ձերբակալուի եւ կը նետուի նշանաւոր Մետեխի բանտը: Որմէ ետք կ’աքսորուի Աստրախան:

Կը սկսի Առաջին Աշխարհամարտը եւ կը բռնկի կովկասեան ճակատը: Ուրեմն յարմարագոյն պահն էր ինքզինք նուիրելու հայրենիքի փրկութեան նուիրական գործին: Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Աստրախանի Էդիլ մասնաճիւղը կը կազմակերպէ 150 հոգինոց կամաւորներու ջոկատ մը՝ մեկնելու ռազմաճակատ: Ջոկատը կը գլխաւորէր Հայկ Բժշկեանց: Ջոկատը կը ժամանէ Թիֆլիս եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ կը պատրաստուի մեկնելու ճակատ: Այդ արարողութեան կը մասնակցի Տրդատ Բժշկեանց: «Մշակ» թերթը կը նկարագրէ՝ «Չափազանց սրտառուչ էր եւ մեծ տպաւորութիւն գործեց խմբապետի հօր վերջին հրաժեշտը իր սիրած որդու հետ, մանաւանդ երբ նա ասաց. «Սիրուն բալաս, այսօր բաժանւում ենք միմեանցից, գուցէ եւ յաւիտեան. սակայն ուզում եմ իմ վերջին աւանդը տալ քեզ, քո «կանաչ-կարմիրը» իմ ձեռքով կապել (հարսանեաց հանդէսի խորհրդանշան)» եւ հանեց մի խենչալ, կապեց որդու մէջքին եւ շարունակեց. «Ահա այս սուրով խոցոտիր այն մարդանց սրտերը, որոնք շատ հայ մայրերի սրտերն են խոցոտել»: Շատերի աչքերից հոսում էին արցունքները, շատերը մղկտում էին, սակայն զաւակից անջատուող հայրը ժայռի նման կանգնած էր բազմութեան առաջ՝ ժպտադէմ, հպարտ, եւ ոչ մի արցունք»: Հայրենասիրութեան օրինակելի դրսեւորում:

Հայկ Բժշկեանցի ղեկավարած ջոկատը կը միանայ 6-րդ գունդին, որ ցարական Ռուսաստանի զօրքերուն հետ կը յառաջանար դէպի Էրզրում (Կարին): Գունդը ծանօթ էր որպէս հնչակեաններու գունդ, որուն միացած էին հետագային անուանի գրողներ Եղիշէ Չարենցն ու Ակսել Բակունցը: Գունդին հրամանատարն էր Աղանիկ Ջանփոլատեան, որուն յաջորդեց անուանի զօրական Գրիգոր Աւշարեան: Ճակատային գիծին վրայ Հ. Բժշկեանց աչքի կը զարնէ իր խիզախութեամբ եւ հմտութեամբ, որուն համար ալ կը ստանայ աւագ ենթասպայի աստիճան եւ աւելի ետք կը դառնայ հարիւրապետ: Սակայն, կռուի թէժ պահուն, հրամանատար Գրիգոր Աւշարեան, Շարեան գետի ափին՝ Վերին Բասենի դաշտին վրայ, 23 Յունիս 1915-ին, կը նահատակուի՝ փառքով պսակելով իր անունը: Անմիջապէս, գունդին հրամանատար կը նշանակուի Հայկ Բժշկեանց: Հետագային, Գ. Աւշարեանի նահատակութեան մանրամասները Հ. Բժշկեանց պիտի յուշագրէր Թիֆլիս լոյս տեսնող «Գաղափար» թերթին մէջ (3-10 Յուլիս 1916): Տարբեր դիրքերու բախումներու ընթացքին Հ. Բժշկեանց կը վիրաւորուի երեք անգամ: Բուժման համար կ’ուղարկուի Մոսկուա: Երբ հոն էր, արդէն ցրուած էին կամաւորական գունդերը: Եւ հոն՝ 1917-ին, կը պայթի Ռուսաստանի քաղաքացիական պատերազմը: Ինք աշխուժօրէն կը ներքաշուի պատերազմի արիւնալի յորձանուտին մէջ՝ Կարմիրներու կողքին եւ տարբեր ճակատներու վրայ կը ղեկավարէ դժուարին մարտեր (Սամարղանտ, միջինասիական քաղաքներ, Ստավրոպոլ, Սիմպիրսկ, Լաթվիա, Պելառուսիա եւ այլն): Ի ծնէ ռազմիկն ու հրամանատարը, բարձրօրէն գնահատուելով նորահաստատ իշխանութեանց կողմէ, կը ստանայ մարտական շքանշաններ, զինուորական պարգեւներ եւ գնահատագրեր: Կարեւոր էջ մը կը բացուի իր կեանքին մէջ, երբ 1921-ին կը նշանակուի Խորհրդային Հայաստանի ռազմական կոմիսար (նախարար): Այդ շրջանին հիմքերը կը դնէ Հայաստանի ռազմական ամրապնդման: Աւելի ուշ կը շարունակէ խորանալ ռազմարուեստին մէջ՝ գրելով ռազմագիտական գիրքեր, յուշեր եւ տեսական գործեր:

Սակայն, իր բոլորանուէր ինքնանուիրումին եւ զոհողութեան գերնպատակ դարձուցած վարչակարգն ու պետութիւնը զինք անհեթեթօրէն կը մեղադրէ որպէս «ժողովուրդի ոխերիմ թշնամի». կը ձերբակալուի եւ կը գնդակահարուի 11 Դեկտեմբեր 1937-ին: Ան հերթական նահատակն էր Սթալինեան բռնատիրական եւ արիւնախում ռեժիմին:

Գայի մասին գրուած են բազմաթիւ գիրքեր հայերէն եւ ռուսերէն: Ան համախորհրդային մասշտապի հեղինակութիւն էր: Հայկ Հայրապետեան կը գրէ «Լեկենտար Գայ» (Երեւան, 1977) մենագրութիւնը, Վարդան Դեվրիկեան՝ «Հայկ Բժշկեան» գիրքը (Երեւան, 2006) (Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան հրատարակութիւն):

Երեւանի մէջ գոյութիւն ունին վեց արձաններ՝ յովատակներու վրայ բազմած հերոսներով՝ Սասունցի Դաւիթ, Արգիշտի թագաւոր, Վարդան Մամիկոնեան, Զօրավար Անդրանիկ, Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան եւ հնչակեան դաստիարակութեամբ ջրդեղուած՝ առասպելատիպ Հայկ Բժշկեանց (Գայ):

Փա՛ռք հերոսին: Փա՛ռք անոր բարեբաստիկ ծնունդին, որուն տարեդարձն է 18 Փետրուարին:

Share62Tweet39
Previous Post

Պօղոս Քիւրտեան. «Մի՛ Դպչիք Քաղաքացիներու Գրպանին»

Next Post

Ճշմարտութիւն, Որ Միշտ Կ’ուշանայ – Սոփոկլէսէն Մինչեւ Շէյքսփիր

Next Post
Ճշմարտութիւն, Որ Միշտ Կ’ուշանայ – Սոփոկլէսէն Մինչեւ Շէյքսփիր

Ճշմարտութիւն, Որ Միշտ Կ’ուշանայ - Սոփոկլէսէն Մինչեւ Շէյքսփիր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.