Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պօղոս Քիւրտեան. «Մի՛ Դպչիք Քաղաքացիներու Գրպանին»

February 19, 2026
in Այլազան
0
Պօղոս Քիւրտեան. «Մի՛ Դպչիք Քաղաքացիներու Գրպանին»

Magazine-lb հարթակի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Լիբանանի Վարպետ ոսկերիչներու եւ գոհարագործներու սենտիքայի նախագահ Պօղոս Քիւրտեան յայտնեց իր կտրուկ ընդդիմութիւնը հանրային հատուածի պաշտօնեաներուն եւ զինուորական կազմին նախատեսուած աշխատավարձի բարձրացման նկատմամբ, նշելով որ նման քայլ մը ի վերջոյ բեռը կը դնէ քաղաքացիներու ուսերուն վրայ եւ զիրենք կը դնէ իրարու դէմ։

Քիւրտեան շեշտեց, որ պետութիւնը պարտաւոր է նախ պայքարիլ ապօրինութիւններու, մաքսանենգութեան եւ պետական կառոյցներու մէջ տիրող անգործունեայ ու անկարգ վիճակին դէմ, սկսեալ ծովեզերեայ հանրային կալուածներէն մինչեւ նաւահանգիստ եւ մաքսատուն։ Ան ընդգծեց, որ գոյութիւն ունին բազմաթիւ միջոցներ, որոնցմով պետութիւնը կրնայ ապահովել եկամուտներ՝ առանց կրկին անգամ ձեռքը երկարելու քաղաքացիներու գրպաններուն եւ անպատասխանատու հարկաբեռով ծանրացնելու զանոնք։

Ան նաեւ կոչ ուղղեց իրական եւ գործնական տնտեսական փրկութեան ծրագիրի մշակման, յիշեցնելով որ նախապէս առաջարկուած էր համազգային տնտեսական համաժողով մը, ուր մասնակցութիւն պիտի ունենային տնտեսական եւ ընկերային կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու պետական պատասխանատուներ՝ յստակ բարեփոխումներու ճանապարհային քարտէս մը սահմանելու համար։

Վերջաւորութեան, Քիւրտեան յայտնեց, որ ոսկերիչներու եւ գոհարագործներու արտադրական հատուածը արդէն իսկ զգալիօրէն տուժած է նոր հարկային բեռերէն եւ բարձրացումներէն։

Share64Tweet40
Previous Post

Հոգեւորականի Տիպարը Եւ Մեր Ակնկալութիւնը

Next Post

Առասպելատիպ Գայը (Հայկ Բժշկեանց)

Next Post
Առասպելատիպ Գայը (Հայկ Բժշկեանց)

Առասպելատիպ Գայը (Հայկ Բժշկեանց)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.