Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հոգեւորականի Տիպարը Եւ Մեր Ակնկալութիւնը

Ա.

February 19, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0

Վերջին օրերուն հայրենիքի մէջ եկեղեցի–իշխանութիւն յարաբերութիւններու շուրջ ստեղծուած տագնապը նոր թափ առաւ, մանաւանդ Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովին ընդառաջ, երբ հրապարակուեցան մեղադրանքներ՝ ուղղուած Ամենայն Հայոց Վեհափառին եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու։ Կիրքերը, ըստ երեւոյթին, երկուստեք գերբորբոքուած են եւ մթնոլորտը՝ լարուած:

Զանոնք հանդարտեցնելու կամ կողմերը մերձեցնելու փորձն իսկ այս փուլին ապարդիւն կը թուի ըլլալ։

«Արարատ» երբեք հակուած չէ մտնելու այս բանավէճին մէջ: Մեր դերը այլ է: Կը բաւարարուինք զարգացումները արձանագրելով որպէս լրատուութիւն եւ այդ ալ՝ հնարաւորին չափ անաչառ կերպով, խուսափելու համար սխալ մեկնաբանութիւններու եւ կանխակալ դատողութիւններու թակարդէն։ Մեր էջերուն վրայ առաջնահերթ կը մնայ պատասխանատու, հաւասարակշռուած եւ արժանապատիւ լրատուութիւնը։

Այդ սկզբունքով էր նաեւ, որ Երեքշաբթի օրուան թիւով առաջին էջին վրայ ներկայացուցինք Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեանի կողմէ արտասանուած արտայայտութիւնը՝ առանց փոփոխութեան կամ մեղմացման։

Այդուհանդերձ, չենք կրնար չարձանագրել, որ մեզի համար անյարիր է եկեղեցականի մը բերնէն հնչող անվայել բառապաշարը։ Մեր մշակոյթին մէջ հոգեւորականը սրբազան առաքելութիւն կրող անձ է՝ հաւատացեալին տիպարն ու համայնքներու բարոյական ներկայացուցիչը, եւ ոչ թէ մարզական մրցակցութեան միջավայրին մէջ գտնուող ու մրցակիցը հայհոյող, այս կամ այն գործիչը անպատուող պատահական անձնաւորութիւն:

Աւելին՝ հոգեւորականի խօսքը միայն անձնական կարծիք չէ, այլեւ եկեղեցւոյ հեղինակութեան արտացոլացումը։ Անոր արտասանած իւրաքանչիւր բառը կը կշռուի աւելի ծանր, որովհետեւ կը հնչէ սրբազան կոչում կրող շրթունքներէ։ Ուստի զսպուածութիւնը, խոհեմութիւնը եւ աստուածահաճոյ լեզուն ոչ թէ ընտրանք են, այլ պարտաւորութիւն՝ հաւատացեալ ժողովուրդին վստահութիւնը ամուր պահելու համար։

Սոյն գրութիւնը ունի պարզաբանական բնոյթ։ Մեր դիրքորոշումը յստակ է եւ արտայայտուած է Հնչակեան կուսակցութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ։

Share64Tweet40
Previous Post

Լուրեր. 19 Փետրուար 2026

Next Post

Պօղոս Քիւրտեան. «Մի՛ Դպչիք Քաղաքացիներու Գրպանին»

Next Post
Պօղոս Քիւրտեան. «Մի՛ Դպչիք Քաղաքացիներու Գրպանին»

Պօղոս Քիւրտեան. «Մի՛ Դպչիք Քաղաքացիներու Գրպանին»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.