ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ TVA-Ի ԵՒ ՊԵՆԶԻՆԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԷՆ
Երկուշաբթի երեկոյեան կառավարութեան նիստին ընթացքին TVA-ի տուրքը բարձրացնելու եւ պենզինի սակագինը 361 հազարով ուռճացնելու որոշումը իսկոյն արժանացաւ քաղաքացիներուն դժգոհութեան: Երեքշաբթի օր Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցան ժողովրդային բողոքի սահմանափակ շարժումներ եւ ճամբաներու ժամանակաւոր փակում՝ դատապարտելով մանաւանդ աղքատ խաւերուն վնասող որոշումները: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ դիտել տուաւ, որ TVA-ի յաւելումը ուղղուած է հարուստ դասակարգին, աւելցնելով որ կառավարութիւնը ստիպուած եղած է ուռճացնելու պենզինին սակագինը, սակայն անփոփոխ պահած է մազութին գինը: Նշենք, որ կառավարութիւնը նոյն նիստին ընթացքին որոշեց յաւելեալ վեց ամսական տրամադրել հանրային ոլորտի պաշտօնեաներուն: Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոսի համաձայն, աշխատավարձերու յաւելումը պիտի արժէ շուրջ 800 միլիոն տոլար, ուստի պիտի վճարուի միայն երբ խորհրդարանը վաւերացնէ TVA-ի յաւելումը: Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր յայտնեց, թէ որոշուած է պենզինի սակագինին յաւելումը իսկոյն գործադրել՝ կանխելու համար սեւ շուկայի ձեւաւորումը, իսկ TVA-ի պարագային անհրաժեշտ է նախ համապատասխան օրէնք հրապարակել խորհրդարանէն:
ՀԱՅՔԱԼ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԲԱՆԱԿԻՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ Եարզէի գրասենեակին մէջ ընդունեց Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարողութիւնները ամրապնդելու միջոցները: Ժողովականները արծարծեցին Փարիզի մէջ Մարտին կայանալիք եւ բանակին աջակցութեան յատկացուած խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները եւ 24 Փետրուարին Եգիպտոսի մէջ կայանալիք նախապատրաստական հանդիպումը:

Ժողովականները կարեւորեցին զինուորական հաստատութեան կարողութիւններուն ամրապնդումը, նկատի առնելով ներկայ փուլին պահանջները եւ Լիբանանի կայունութեան պահպանումին մէջ բանակին վերապահուած կարեւոր դերը: Հայքալ այցելեց նաեւ Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ քննարկեց երկրին ապահովական վիճակը: Աուն աւելի ուշ ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտը, որուն հետ արծարծեց ելեւմտական զարգացումները եւ այդ առումով միջազգային կողմերու հետ համագործակցութիւնը:
ՀԱՐԻՐԻ. «ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԸ ՎՍՏԱՀԻԼ ԿԱՐՈՂ ԱՆՁԵՐՈՒ»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքէն ժողովրդային պատուիրակութիւններ, ներկայութեամբ հոսանքի փոխնախագահ երեսփոխան Պահիյա Հարիրիին:

«Անոնք, որոնք գիշեր ցերեկ յարձակում կը գործեն Մուսթաքպալ հոսանքին վրայ, փտած անձեր են եւ ցնցուած են 14 Փետրուարին Նահատակաց հրապարակին վրայ ժողովրդային մեծ ներկայութենէն», ըսաւ նախկին վարչապետը եւ շեշտեց կարող պատասխանատու պաշտօնները կարող եւ յաջող անձերու վստահելու անհրաժեշտութիւնը, առանց յարանուանական կամ շրջանային խտրութեան:
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ 20 ՏԱՐՈՒԱՅ ԱԶԱՏԱԶՐԿՈՒՄ
Պաքուի մէջ եզրափակուեցաւ նաեւ Արցախի պետական նախկին նախարար, ծանօթ հայ գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը: Ան դատապարտուեցաւ քսան տարուայ բանտարկութեան, սակայն, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, միայն 10 տարի պիտի մնայ բանտին մէջ, իսկ մնացեալ տարիները պիտի անցընէ խիստ վերահսկողութեան ենթակայ հաստատութեան մէջ: Վարդանեան մեղադրուեցաւ «Ատրպէյճանի մէջ խաղաղութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարելու, ահաբեկչութեան, ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորելու եւ շարք մը այլ լուրջ յանցագործութիւններու» մէջ, թէեւ պաշտպանական կողմը դատավարութիւնը կը համարէ ցուցադրութիւն եւ միջազգային իրաւունքի բացայայտ խախտում:

Վարդանեանի ընտանիքը յայտարարութեամբ մը շեշտեց, որ արձակուած դատավճիռը խորքին մէջ ուղղուած է ամբողջ հայութեան, ոչ միայն բարերարի անձին: Վարդանեանի միջազգային փաստաբան Ճարետ Կէնսեր համացանցային գրառումով մը ամերիկացի նախագահ Տոնըլտ Թրամփին կոչ ուղղեց կատարելու իր հրապարակային խոստումը եւ ապահովելու բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակումը: Ան արդարադատութեան ծաղր համարեց Վարդանեանի նկատմամբ արձակուած դատավճիռը, յիշեցնելով որ «անոր միակ յանցագործութիւնը Արցախի հայ քրիստոնեայ ժողովուրդի ինքնորոշումի իրաւունքին պաշտպանութիւնն է»: Իրաւաբանը դիտել տուաւ, որ դատավարութիւնը ամբողջութեամբ կեղծիք էր, որովհետեւ, ըստ օրէնքին, քաղաքացիական անձերը ռազմական դատարանին մէջ դատելը ապօրինի է: Հայ գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեան իր կարգին շեշտեց, որ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան հաւատացողները պէտք է շարունակեն պայքարը՝ յանուն Վարդանեանի ազատ արձակումին, խոստանալով իր կարգին եւս աշխատանք տանիլ այդ ուղղութեամբ: «Այս ամօթ է, անհեթեթութիւն է», բողոքեց Աֆէեան՝ խօսելով Վարդանեանի նկատմամբ արձակուած վճիռին մասին: Իսկ Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ արձակուած դատավճիռը հայ առաջնորդներուն նկատմամբ դատավարական ծաղրին գագաթնակէտն է:
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏ
Ուաշինկթընի մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփին հիմնած Խաղաղութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը: Անոր մասնակցելու համար երէկ Միացեալ Նահանգներ ուղղուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան Ուաշինկթըն ուղղուելէ առաջ տեսակցեցաւ խումբ մը ուսանողներու եւ աշակերտներու հետ՝ ներկայացնելու իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը:

Փաշինեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն՝ կեդրոնանալով նշեալ գաղափարախօսութեան սկզբունքներուն, կրթութեան, ենթակառոյցներու զարգացումին, փոխադրութեան խնդիրներու լուծումին եւ այլ հարցերու վրայ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՌՈՒՍԻՈՅ 8-ՐԴ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԲԱՐԵԿԱՄԸ
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հաղորդակցութեան զարգացումի ազգային հետազօտական հիմնարկի «Հաղորդակցութեան համակարգերը յետխորհրդային երկիրներուն մէջ» նախագիծին շնորհահանդէսը: Ըստ ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն, Ռուսիոյ ամէնէն բարեկամական երկիրներու լաւագոյն հնգեակին մաս կը կազմեն Հարաւային Օսեթիան, Աբխազիան, Պելառուսիան, Ղրխզիստանը եւ Ղազախստանը: Անոնց յաջորդեցին Տաճիկիստանն ու Ուզպեքիստանը, Հայաստան համարուեցաւ Ռուսիոյ 8-րդ ամէնէն մտերիմ բարեկամը, իսկ Ատրպէյճան՝ 9-րդը:

