Նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ահաբեկումի 21-րդ տարելիցին առիթով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, Շաբաթ,14 Փետրուար 2026-ին, այցելեց կեդրոնական Պէյրութ, ուր Հարիրիի շիրիմին ծաղկեպսակ զետեղելով յարգանքի տուրք մատուցեց 14 Փետրուար 2005-ի մեծ ոճիրին զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակին։
Ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանին գլխաւորած ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ընկերակցութեամբ նախկին երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեանի: Երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, խորհրդականներ Ղաթթաս Խուրիի եւ Հանի Համուտի ներկայութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան նորագոյն զարգացումները եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նիւթը:

Ժողովականները ոգեկոչեցին նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակը եւ կարեւորեցին բարգաւաճ ու կայուն պետութիւն մը կերտելու անոր տեսլականը, մինչ ՍԴՀԿ-ի պատուիրակութիւնը դրուատեց 14 Փետրուարի հաւաքին ընթացքին նախկին վարչապետին արտասանած ուղերձին բովանդակութիւնն ու պետական առողջ հաստատութիւնները վերականգնելու անոր յանձնառութիւնը: Արծարծուեցան նաեւ ընտրական նախապատրաստութիւնները՝ կեդրոնանալով մանաւանդ Պէյրութի ընտրաշրջաններուն մէջ հետեւողական համագործակցութեան վրայ, եւ երկուստեք շեշտուեցաւ խորհրդարանական կեանքի կանոնաւոր ընթացքին կարեւորութիւնը՝ մշակելու եւ վաւերացնելու համար քաղաքացիներուն շահերէն բխող օրէնքներ:

