ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ. «ՀԱՐԻՐԻԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԱՆԽՈՐՏԱԿԵԼԻ Է»
Շաբաթ, 14 Փետրուարին, լիբանանցիները ոգեկոչեցին նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին եւ ընկերակիցներուն ահաբեկումին 21-րդ տարելիցը: Կեդրոնական Պէյրութի նահատակաց հրապարակին վրայ, Հարիրիի շիրիմին առջեւ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաքին ընթացքին լիբանանցիներուն իր խօսքը ուղղեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի:

Ան յանձնառութիւն յայտնեց նահատակ վարչապետին պետականամէտ ուղեգիծին՝ յանուն Լիբանանի վերականգնումին եւ քաղաքացիներուն բարօրութեան: Հարիրի կարծիք յայտնեց, որ երկրին մէջ այսօր խորհրդարանական ընտրութիւններու մթնոլորտ չկայ: «Քաղաքականութենէն հեռացայ երկրին մէջ գործընկերներու բացակայութեան պատճառով», ըսաւ Հարիրի՝ աւելցնելով, որ այս փուլին հետաքրքրուած է Մուսթաքպալ հոսանքին ամրապնդումով, նախքան ընտրական դաշինքներու մշակումը: «Հարիրիի ազգային ծրագիրը անխորտակելի է եւ կը խոստանամ, որ երբ ընտրութիւններ կազմակերպուին, պիտի լսեն մեր ձայնը եւ հաշուեն քուէները», ըսաւ նախկին վարչապետը: Ան հերքեց, թէ հաղորդակցութեան խողովակներ բացած է Հըզպալլայի հետ, սակայն շեշտեց, որ Հըզպալլա մաս կը կազմէ լիբանանեան պատկերին եւ բնական է երկխօսութիւն կատարել բոլոր ուժերուն հետ: Նախկին վարչապետը ոճրագործութիւն համարեց հարաւի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, միաժամանակ կարեւորեց զէնքի մենաշնորհը, որպէսզի պետութիւնը պաշտպան հանդիսանայ բոլորին: Խօսելով Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին, Հարիրի դրուատեց Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաայի գործունէութիւնը, յայտնելով որ շուտով պիտի այցելէ Դամասկոս ու տեսակցի Սուրիոյ նոր իշխանութեան հետ:
ԶԷՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ գումարած իր նիստին ընթացքին վերստին քննարկեց զէնքի մենաշնորհի ծրագրին նորագոյն զարգացումները: Նիստի մէկ հատուածին մասնակցեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ, որ ներկայացուց այդ առումով բանակին կատարած նորագոյն աշխատանքները ամփոփող հերթական զեկոյցը: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հարաւի վիճակը արծարծեց նաեւ Պաապտա այցելած ամերիկացի ծերակուտական Էլիսա Սլոթքինի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Ան վերահաստատեց, որ լիաբանանեան բանակը պիտի տեղակայուի մինչեւ հարաւի միջազգային սահմանը, Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղելով ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ՝ վերջ տալու անոր ոտնձգութիւններուն եւ պարտադրելու նահանջ՝ Լիբանանի բռնագրաւեալ հողերէն: «Մենք յանձնառու կը մնանք ամբողջական խաղաղութեան, մերժելով անիրաւ նախապայմանները, որովհետեւ այլեւս կարողութիւն չունինք կրելու հակամարտութիւններուն հետեւանքը», ըսաւ Աուն: Պաապտա այցելողներուն շարքին էր նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Ուոլթըր Շթայնմայերը, որուն հետ Աուն արծարծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց խաղաղապահ ուժերու շարքին գերմանացի զինուորներուն երկարամեայ ծառայութեան համար: Գերմանացի հիւրը իր կարգին ըսաւ. «Մենք Լիբանանի կողքին պիտի մնանք նոյնիսկ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք», շեշտելով իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ ՉԿԱՅ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւս ընդունեց Գերմանիոյ նախագահը եւ անոր տեղեկացուց, որ լիբանանցիները պատերազմ չեն ուզեր, սակայն կը մերժեն իրենց հողերուն իսրայէլեան բռնագրաւումը: Անդրադառնալով ընտրական հոլոյթին, Պըրրի շեշտեց, թէ ոչ մէկ ձեւի յետաձգում պիտի ըլլայ եւ հնարաւորութիւն չկայ խափանելու ընտրական հոլովոյթը:

Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար եւս խօսեցաւ ընտրական նախապատրաստութեանց մասին եւ դիտել տուաւ, որ ընտրութիւնը պիտի կայանայ գործող օրէնքով, զոր փոխելու հնարաւորութիւն ունի միայն խորհրդարանը:
ՅՈՎՆԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ. «ՅԱՆՑԱՒՈՐ ԼԱԿՈՏՆԵՐ ԵՆ»
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մեծ Պահքին նուիրուած իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ իշխանութիւններուն հետ վերջին շրջանին տիրող լարուածութեան: «Մեր օրերուն, երբ մեր հոգիները ալեկոծ են ազգային ու հայրենական կեանքի խնդիրներու, Սուրբ եկեղեցւոյ դէմ տարատեսակ յարձակումներու մտահոգութիւններով, մենք խաղաղութիւն կը գտնենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով», ըսաւ վեհափառ հայրապետը՝ շեշտելով, որ կեանքը պիտի շարունակուի հայրենիքին նկատմամբ ամենայն նուիրումով, մեր ինքնութեան եւ սրբազան արժէքներուն հանդէպ անբեկանելի նախանձախնդրութեամբ, Մայր եկեղեցւոյ հաւատարիմ մնալու հաստատակամութեամբ:

Իսկ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեան Հայաստանի իշխանութիւնները որակեց «յանցագործ լակոտներ, ուրիշ ոչ մէկ բան»: Ան վեհափառ հայրապետին նկատմամբ յարուցուած քրէական գործը համարեց ապօրինութիւն, քննադատելով վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնները: Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քհնյ. Արթենեան երէկ յայտնեց, որ Արարատ եպս. Գալթաքճեան եւ Դանիէլ սրբազան Ֆնտըքեան ուղղուած են Աւստրիա՝ մասնակցելու համար Եպիսկոպոսական ժողովին, որմէ կը բացակային Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու վեց սրբազաններ՝ Հայաստանէն ելքի արգելքին պատճառով: Նաթան արք. Յովհաննիսեան բացատրեց, որ կաթողիկոսին բացակայութեամբ ժողովը կը վերածուի եպիսկոպոսներու հաւաքի: Իսկ Արշակ արք. Խաչատուրեանի պաշտպան փաստաբանը յայտնեց, որ ստացած է սրբազանին վերագրուած անպատշաճ տեսանիւթերուն միջազգային մասնագիտական քննութեան արդիւնքը, ուր կ’երեւի, որ սրբազանը առնչութիւն չունի անոնց բովանդակութեան հետ:
Միւս կողմէ, իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան քարտուղար Արթիւր Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները հաւասար են օրէնքին առջիւ: Ան կը պատասխանէր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նկատմամբ քրէական գործ յարուցելու մասին հարցումի մը, շեշտելով որ եթէ իրաւական հոլովոյթ սկսելու անհրաժեշտութիւն ըլլայ, այդ անպայման պիտի սկսի, անկախ այս կամ այն քաղաքացիի կարգավիճակէն:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒՄԻՆ ԾԱՒԱԼԸ
Ատրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէն APA լրատու գործակալութենէն յայտարարեց, թէ 2026 թուականին Ատրպէյճանէն Հայաստան արտահանուած է երկու միլիոն 403 հազար տոլարի արտադրանք: Ըստ յայտարարութեան, այդ կազմած է Ատրպէյճանի ընդհանուր արտահանումի ծաւալին 0,11 առ հարիւրը:
Հայաստանի իշխող կուսակցութեան Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Արթիւր Յովհաննիսեան իր կարգին շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները կը կրեն փոխադարձ բնոյթ եւ ուղղուած են խաղաղութեան ամրապնդումին:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ, Ատրպէյճանէն քաղաքացիական հասարակութեան 19 ներկայացուցիչ ցամաքային ճամբով ժամանեց Հայաստան՝ տեսակցելու վարչապետին, նախագահին եւ հայկական քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ատրպէյճանցիները սահմանը հատած էին սահմանազատումի ենթարկուած հատուածէն:
Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ Պաքուի մէջ արգելափակուած հայ գերիներու թղթածրարին ու հաւաստիացուց, որ աշխատանքը ամէնօրեայ դրութեամբ կը շարունակուի հայերը ազատ արձակելու եւ հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ: Ան կը հակադարձէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նորագոյն յայտարարութեան, որուն մէջ Ալիեւ յստակացուցած էր, թէ մտադրութիւն չունի ազատ արձակելու դատապարտուած հայերը:

