Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Իսթանպուլահայ Գրականութեան Նոր Կորուստը` Բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան

February 17, 2026
in Այլազան
0
Իսթանպուլահայ Գրականութեան Նոր Կորուստը` Բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան

Ցաւով իմացանք, որ Շաբաթ օր, 14 Փետրուարին, Պոլսոյ հայ գաղութը ունեցած է մտաւորական ու գրական բնագաւառէն նոր կորուստ մը եւս` բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանը։

Իգնան ասպարէզով հռչականուն ու սիրուած բժիշկ էր, վկայուած` Պոլսոյ բժշկական համալսարանէն, 1969-ին։ Բայց ատոր կողքին` ան իր երիտասարդ տարիքէն սկսեալ շեշտուած հակում մը ցուցաբերած էր գրականութեան, մասնաւորաբար բանաստեղծական արուեստի նկատմամբ։ 29 տարեկան էր, երբ 1974-ին լոյս ընծայած էր իր անդրանիկ քերթողագիրքը, «Լօ» խորագրով, որ արժանացեր էր Ալեք Մանուկեան Գրական Մրցանակի առաջին պարգեւին։ Ատկէ ետք, մինչեւ այսօր, այսինքն կէս դար, Իգնա վար չէր դրած իր գրիչը, շարունակ ստեղծագործած էր` հայ գիրին ու հայերէնի բառագանձին նկատմամբ անպարագիծ սիրով ու խորունկ հաւատքով։

Իգնայի բանաստեղծական աշխարհայեացքն ու ոճը տարբեր էին դասական ըմբռնումներէ։ Ա՛ն ալ հետեւորդ մըն էր Զահրատի ու Խրախունիի դպրոցին, պահպանելով անշուշտ ինքնուրոյնութիւն մը, որ իրե՛ն յատուկ էր եւ որ մտածական ու զգացական հիանալի հորիզոններ կը բանար ընթերցողին առջեւ ու զայն «պտոյտ»-ի կը հանէր դէպի անցեալի կարօտալի ինչ-ինչ ապրումներ…։ Սիրոյ թեմային անմրցելի տաղերգուն էր ան, որ «Քառասմբակ սէրերով» (իր մէկ քերթողագրքին խորագիրն է) կ՛արշաւէր դէպի անհուն ու չէր ձանձրանար որոնելէ «Սիրոյ գոյնը» (այս ալ խորագիրն է իր մէկ այլ քերթողագրքին)։

Իգնա Սարըասլան 80 տարեկան էր։ Իր մահով այս աշխարհէն կը հեռանայ հայատառ գրականութեան նուիրեալ մշակ մը եւս եւ ինչ որ ամէնէն տխուրն է` ա՛լ բոլորովին կը ցամքի իսթանպուլահայ երբեմնի փառաւոր գրականութեան գետակը…։

Share62Tweet39
Previous Post

ՍԴՀԿ-ի Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ Հարիրիի Շիրիմը եւ Կը Տեսակցի Սաատ Հարիրիի Հետ

Next Post

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի)

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.