Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Իմաստասէրներու Տեսութիւնները` Տիեզերքը Բացայայտելու Մասին

Սօսէ Փիլաւճեան

February 18, 2026
in Յօդուածներ
0
Իմաստասէրներու Տեսութիւնները` Տիեզերքը Բացայայտելու Մասին

1) Ի՞նչ է փիլիսոփայութիւնը.

Ամէն բանէ առաջ փորձենք սահմանել, թէ ինչ է փիլիսոփայութիւնը։ Փիլիսոփայութիւնը միշտ կը սկսի հարցադրումով։ Հարցում` ամենաընդհանուր բաներու մասին։ Ո՞վ է մարդը։ Ուրկէ՞ եկած է աշխարհ։ Ինչո՞ւ գոյութիւն ունի։ Ինչո՞ւ կ’ուզենք ճանչնալ եւ հետազօտել զինք։ Ինչպէ՞ս կը ճանչնանք զինք եւ այլն․․․

Փիլիսոփայութիւնը յունարեն բառ է, որ կազմուած է երկու բաղադրիչէ. Փիլո – որ կը նշանակէ սէր, եւ Սոփիա – որ կը նշանակէ իմաստութիւն։

Ուրեմն Փիլիսոփայութիւնը իմաստասիրութիւն է, իսկ փիլիսոփան իմաստասէրն է։ Ուստի փիլիսոփայութիւնը գործնական գիտութիւն չէ քիմիագիտութեան թէ կենսաբանութեան նման, որովհետեւ ինք կ’առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի բարձր նպատակի, որ ճշմարտութեան հասնիլն է։

Փիլիսոփայութիւնը կը հարցնէ ամէն բաներու սկիզբի մասին։ Ան կ’ուզէ ճանչնալ ամէն բանի ծայրագոյն սկիզբը եւ այս նպատակին կը հասնի ո՛չ դիցաբանութեամբ, ո՛չ կրօնով, այլ` իմաստութեամբ եւ մտքով։ Փիլիսոփայութիւնը կը ջանայ ամէն բաներու ամբողջութիւնը բացատրել։

Փիլիսոփայութիւնը հարց կու տայ «ինչպէ՞ս» եւ «ինչո՞ւ»։ Անոր հիմքը զարգացումն է։ Իմաստասիրութիւնը զարմանքէ ծնունդ առած է, որուն կը յաջորդէ հարցադրումները։

Իւրաքանչիւր մանուկ իր մօր հարց կու տայ ամէն ինչի մասին. ան փիլիսոփայ է, եւ յետոյ այս փիլիսոփայելու կարողութիւնը իր մէջ կ՛աներեւութանայ։

Թէեւ փիլիսոփայութիւնը տեսական գիտութիւն չէ եւ անոր նպատակը եւ արդիւնքը գործանական եւ օգտակար չեն այլ գիտութիւններու նման, բայց ան կը սորվեցնէ վերլուծական մտածողութիւն, ճիշդ եզրակացութեան եւ փաստարկումի յանգում։

Ուստի փիլիսոփայութիւնը կու գայ տրամաբանական եւ գործնական կարողութիւններէ, որոնք օգտակար են կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ։

 

2) Փիլիսոփայութեան ճիւղերը կախեալ են քննարկուող խնդիրներէն, որոնք կը բաժնուին հետեւեալ կերպ.

Ա․ Մեթաֆիզիք (Բնազանցութիւն). կը քննէ գոյը – բոլոր գոյութիւն ունեցող բաները, իբր ինքզինք եւ գոյի մասը։

Բ․ Հմտաբանութիւն. կը քննէ մարդկային ճանաչումը, այսինքն ինչպէս մենք կը ճանչնանք աշխարհը եւ թէ որքան մեր ճանաչումը իրականութեան համապատասխան է։

Գ․ Մարդաբանութիւն. կը քննէ մարդը, անոր էութիւնը, տեղը տիեզերքի մէջ եւ ճակատագիրը։

Դ․ Բարոյագիտութիւնը. կը քննէ մեր բարոյական վարքը եւ կը հարցնէ բարոյականութեան աղբիւրներու մասին։

Ե․ Տիեզերաբանութիւն (Գիտութեան փիլիսոփայութիւն). կը քննէ բնութիւնը եւ տիեզերքը, որ կը շրջապատէ մեզ։

Զ․ Գեղագիտութիւնը. կը քննէ գեղեցկութիւնը։

Բացի այս ամենակարեւոր ճիւղերէն կարելի է բաժնել յատուկ փիլիսոփայութիւն մը` ամէն գիտական ճիւղի համար, օրինակ.

1- Աստուծոյ փիլիսոփայութիւն,

2- Օրէնքի փիլիսոփայութիւն,

3- Կրօնի փիլիսոփայութիւն,

4- Միտքի փիլիսոփայութիւն եւ այլն․․․

 

3) Փիլիսոփայութեան սահմանումը

Ոմանք կ’ըսեն, թէ փիլիսոփայութիւնը անկարելի է սահմանել։ Ուրիշները կը ստեղծեն զանազան սահմանումներ։ Հոս դիմենք անոնցմէ մէկուն, որ կազմեց կաթողիկէ վարդապետ հայր Franciszek Kwiatkowski: Փիլիսոփայութիւնը գիտութիւն է ամէն բաներու վերջնական պատճառի մասին, որ հասած է մարդը միտքի լոյսով։

Ուրեմն փիլիսոփայութիւնը իր հիմնական իմաստով վերջնական պատճառներու գիտութիւն է։

Որպէսզի ճիշդ ընկալենք, անհրաժեշտ է պատասխանել ի՞նչ է պատճառը։

Պատճառը այն բանն է, որ կ’ազդէ ուրիշ բանի հաստատութեան վրայ։ Այնուհետեւ փիլիսոփայութիւնը գիտութիւն է ասոր մասին։

Ինչո՞ւ աշխարհը հաստատուած է, ինչո՞ւ մենք գոյութիւն ունինք։

Ինք կը փնտռէ առաջին հիմնական պատճառները։ Փիլիսոփայութիւնը կը քննէ աշխարհը, մարդը եւ Աստուած։

Նոյնպէս կրօնը կ’ընդգրկէ այս երեք ասպարէզները, բայց գլխաւոր տարբերութիւնը կրօնի եւ փիլիսոփայութեան միջեւ այն է, որ կրօնի մէջ Աստուած կը յայտնէ ճշմարտութիւնը մարդու համար, իսկ փիլիսոփայութիւնը կը ջանայ մարդկային մտքով հասնիլ ճշմարտութեան։

Պատճառին հարցը` նախկին յոյներն էին, որ երեւան հանեցին։

Անոնք կը բացատրէին իրականութիւնը դիցավէպերու օգնութեամբ։ Աշխարհն ու մարդը աստուածներու կռիւի հետեւանք էին։

Բայց դիցավէպերու հիմքին թաքնուած է հարցում մը` պատճառի մասին (Յունարէն «Արհէ»)։ «Արհէ» կարելի է թարգմանել զանազան ձեւով.

– իբր պատճառ

– իբր սկզբունք

– իբր ատաղձ։

Ճիշդ հասկնալու համար յունական փիլիսոփայութիւնը, նախ պէտք է իմանալ անոնց ժամանակի հասկացողութիւնը, որ կը զանազանուի մեր հասկացողութենէն։ Մեզի համար ժամանակը գծային է։ Աշխարհը ունի իր սկիզբը եւ կ՛երթայ մինչեւ վերջ։

ՍԿԻԶԲ-ՎԵՐՋ

Իսկ յոյներուն ժամանակը շրջանային է։

Զանազան դարագլուխներ կը յաջորդեն զիրար։

Ասոր համար այսպիսի մտածողներէն ոմանք կը հաւատային նաեւ վերամարմնաւորման։ Շրջանային ժամանակը չունէր սկիզբ եւ վերջ։

Այսինքն, եթէ այժմ նստած ես եւ կը կարդաս այս գրութիւնը, ուստի դարձեալ պիտի գայ ժամանակ, որ պիտի կարդաս միեւնոյն գրութիւնը, որովհետեւ ամէն ինչ շրջային է եւ կը կրկնուի դէպի անսահմանութիւն։

Առաջին հայեացքէն կը թուի, որ եթէ ժամանակն է շրջային եւ սկիզբ չունի, կարիք չկայ հարցնելու պատճառի մասի։

Ի՞նչ է այս աշխարհին պատճառը` սկզբո՞ւնքը, թէ՞ ատաղձը։

Բայց յոյները սկսան հարցնել` Թալես Միլեթացի յաւակնեցաւ, որ պատճառը ջուրն է։ Որովհետեւ ջուրն ունի երեք վիճակներ եւ ներկայ է ամէն բանի մէջ։ Մեր սնունդը մեծ մասամբ կը բաղկանայ ջուրէն, խմած ենք ջուրը եւ ջուրի շնորհքով ապրած ենք, երկիրը կը լողայ ջուրի վրայ եւ այլն․․․

Իսկ ըստ Քսենոփանտեսի, պատճառը հողն է։ Ամէն ինչ հողէն շինուած է եւ դէպի հող  կը վերադառնայ։ Անաքսիմենեսի համար պատճառը օդն է։ Օդը կը թափանցէ ամէն ինչի մէջ, օդով մենք շունչ կ’առնենք։

Հերակլիտոս համոզուած էր, որ կրակն է ամէն ինչի պատճառը։ Հերակլիտոս, դիտելով կրակը եւ անոր փոփոխութիւնը, եկած է այն եզրակացութեան, որ ամէն ինչ փոփոխական է։ Ինք համարուած է փոփոխութեան փիլիսոփայ։ Ան կը պնդէր, որ անկարելի է երկու անգամ մտնել նոյն գետը, որովհետեւ երկրորդ անգամին կը մտնենք ուրիշ ջուրի մէջ։ Ան կ’ըսէր, որ ամէն ինչ հոսած է եւ չկայ որեւէ հաստատ բան այս աշխարհի վրայ։

Հակառակ Հերակլիտոսին, Պարմենիդես կայունութեան փիլիսոփայ է։ Ըստ Պարմենիդեսի, պատճառը հիմնական սկզբունքի գոյ է։ Այս պատասխանը աւելի վերացական էր նախորդներէն, որոնք կեդրոնացած էին աշխարհի տարրերու վրայ։ Ասոր համար Պարմենիդեսի պատասխանը յեղափոխութիւն էր։

Գոյ, միակ գոյ։

Ի՞նչ են գոյի յատկանիշերը։ Պարմենիդես կը համարէր, որ գոյն է յաւիտեան, անփոփոխ, կատարեալ, անշարժ եւ յատուկ։ Ետքը նման յատկանիշերով Աստուածաբանութիւնը պիտի նկարագրէ զԱստուած։

Բայց ի՞նչ է Պարմենիդեսի խնդիրը։ Թէեւ ինք կը համարէր, որ գոյն աշխարհի սկզբունքն է, չէր բաժներ աշխարհը իրեն սկզբունքէն, իրեն պատճառէն։ Ըստ անոր կայ այն՝ ինչ կայ, իսկ չկայ գոյութիւն չունի։ Եթէ բան մը գոյութիւն ունի՝ ապա կայ, եթէ գոյութիւն չունի` ապա չկայ։

Պարմենիդեսի դիրքը պիտի կոչուի «մոնիզմ»։ Ամէն ինչ միութիւն է եւ մէկ գոյ։ Բայց եթէ ամէն ինչ պիտի ըլլար միութիւն, ինչպէս մենք տեսած ենք զանազան գոյեր։ Անասուններ եւ մարդիկ, որ ծնած են եւ մեռած, որոնք այսպիսի անկայուն եւ փոփոխական են։

Մեր կեանքն ալ անկայուն է, այսօր կ’ապրինք եւ վաղը պիտի մեռնինք։ Նաեւ մենք ալ կատարեալ չենք, կրնանք հիւանդանալ, իրեր կրնան փճանալ եւ այլն․․․

Ուրեմն Պարմենիդես ուրկէ՞ սահմանած է այս գոյի կայուն յատկանիշերը, եթէ ամէն ինչ կ’ենթարկուի փոփոխութեան։ Ուրեմն Հերակլիտոս ճիշդ էր յաւակնելով, որ փոփոխութիւնը գոյութեան հիմքն է եւ ոչ կայունութիւն։

Բայց նոյնիսկ այս փոփոխութեան մէջ կը զգանք կայունութեան կարիք մը, գտնելու իրականութեան առաջին սկզբունքը։

Թէեւ Հերակլիտոսի եւ Պարմենիդեսի տեսութիւնները կը յիշեցնեն Աստուծոյ մասին, բայց Աստուծոյ հարցումը ծածկուած է անոնց մտածումի մէջ։ Պարմենիդեսի գաղափարի արդիւնքն է կայուն մոնիզմ, այսինքն հայեացքը, որ աշխարհը ընդգրկուած է Աստուծոյ մէջ։

Ըստ Հերակլիտոսէն եկող գաղափարին` Աստուած կրնայ ըլլալ նոյն աշխարհի հետ, ուր մնայուն փոփոխութիւնը կու տայ աշխարհի աստուածային յատկանիշեր։

Չնայած այս բոլոր յեղափոխական հայեացքներուն, գլխաւոր մնացած խնդիրը այն էր, որ իրենք չէին կրնար բաժնել աշխարհը` սկզբունքէ (Աստուծմէ)։

Ի՞նչ կը վերաբերի Պղատոնի, ան կը ջանար լուծել դժուարութիւնը` Պարմենիդեսի եւ Հերակլիտոսի գաղափարներուն միջեւ։ Ինք կը նկատէր, որ այս բանը, որուն Պարմենիդես տուաւ յատկանիշեր իբր յաւիտեան, անփոփոխական եւ կայուն գոյ չէ, գաղափար է։ Ըստ Պղատոնի, գաղափարները կայուն, յաւիտեան եւ անփոփոխական են եւ յատուկ գոյութիւն ունին, ինպէս` սիրոյ գաղափարը, գեղեցկութեան գաղափարը, ճշմարտութեան գաղափարը եւ այլ․․․ Ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, ունի գաղափար մը։

Այլ գոյերը, ինչպէս` աթոռը, սեղանը, արջը ունին իրենց գաղափարները։ Այս գաղափարները ճշմարիտ գոյն են։ Այս աթոռները, որ մենք տեսած ենք, միայն աթոռի գաղափարին շուքերն են։ Ուրեմն ամէն բան ունի իր յատուկ, անփոփոխական եւ կայուն գաղափարը։  Պղատոնի երկխօսութիւններուն մեծ մասը նուիրուած է գաղափարին։ Ինք գաղափարները կը բացատրէ քարանձաւի փոխաբերութեամբ։

Քարանձաւի մէջ նստող մարդիկ դէպի ելքը կը տեսնեն, իսկ քարանձաւի պատին վրայ` միայն շուքեր։ Չեն տեսներ այն, որ ճշմարիտ է։ Ուրիշ մարդիկ կը մօտեցնեն իրական իրերը կրակին մօտ եւ կը յառաջացնեն շուքեր, որոնք առաջին մարդիկ տեսած են։ Իրենք կապուած են այնպիսի ձեւով, որ չեն կրնար դառնալ եւ տեսնել ճշմարիտ իրերը, արդ` ամբողջ կեանքի ընթացքին դիտած են միայն շուքերը։ Եթէ իրենցմէ ոեւէ մէկը, ազատելով շղթաներէն, դուրս գար քարանձաւէն աշխարհը տեսնելու, երբ վերադառնայ քարանձաւ եւ պատմէ իր ընկերներուն ինչ տեսաւ եւ որ այս շուքերը ճշմարիտ չեն, իրենք պիտի չուզեն լսել անոր ու մերժեն դուրս ելլել, միայն շուքերուն հաճութիւն ունենալով։

Այս է փիլիսոփային գլխաւոր խնդիրը։ Նոյնիսկ եթէ ան գտնէ ճշմարտութիւնը, չկարենայ փոխանցել եւ բացատրել զայն մարդոց, որ գոհացած են այս աշխարհի շուքերով։ Ըստ Պղատոնի, գոյերը, որ մենք տեսած ենք, միայն շուքեր են ճշմարիտ իրականութեան։ Միայն գաղափարներու աշխարհը գոյութիւն ունի կատարեալ ձեւով։

Իսկ Գնոստիկեանները համոզուած էին, որ մեր ամբողջ աշխարհը պատրանք է։ Ըստ անոնց, իրական աշխարհը գոյութիւն ունի տեղ մը, բայց մենք կ’ապրինք միայն այս նիւթական աշխարհի պատրանքին մէջ։

Այսպիսի աշխարհի հասկացողութեան ընդդիմացաւ Արիստոտելը։

Ան մերժեց գաղափարներու տեսութիւնը։ Ինչպէս` աթոռը, որ ինծի համար կարեւոր, շօշափելի եւ յատկանշական է, միայն շուք է եւ պէտք է ունենայ գաղափար մը, որ բացարձակապէս հեռու է անկէ։ Այնուհանդերձ Արիստոտել կազմեց իր փիլիսոփայութիւնը, որ կը յաւակնի, թէ մեր աշխարհը գոյութիւն ունի իրական։ Այս դիրքը կոչուեցաւ իրապաշտութիւն (ռէալիզմ), հակառակ Պղատոնի գաղափարականութեան (իտէալիզմի)։ Արիստոտելի համար իրերը գոյութիւն ունին իրական եւ իրական կրնանք ճանչնալ զանոնք։ Պէտք է նշել, որ Արիստոտելի համար նիւթը գոյ կ’ըլլայ յաւիտեան։ Հակառակ քրիստոնէութեան ըսածին, աշխարհը սկիզբ չունի։ Բայց Արիստոտել, տեսնելով նիւթի շարժումը, եկաւ եզրակացութեան, որ անհրաժեշտ է, որ գոյը ըլլայ առաջին շարժողը, որ նիւթը շարժման մէջ դրաւ։ Այս մտածողութիւնը դարձաւ Աստուծոյ գոյութեան խելամիտ ապացոյցներու սկիզբը։ Բայց պէտք է նշել, որ Արիստոտելի համար Աստուած ստեղծող չէ, այլ միայն շարժող։ Արիստոտելի դրութիւնը դարձաւ Թովմա Աքուինացիի փիլիսոփայութեան սկզբունքը, որ տիրապետած էր արեւմտեան քրիստոնէութեան մէջ մինչեւ 20-րդ դար։

Share62Tweet39
Previous Post

«Առեղծուածային Յակոբ Յակոբեանը ASALA»

Next Post

Վարդանանցը՝ Ուխտի Հաւատարմութեան, Խղճի Ազատութեան Եւ Եկեղեցական Վկայութեան Տօնը

Next Post
Վարդանանցը՝ Ուխտի Հաւատարմութեան, Խղճի Ազատութեան Եւ Եկեղեցական Վկայութեան Տօնը

Վարդանանցը՝ Ուխտի Հաւատարմութեան, Խղճի Ազատութեան Եւ Եկեղեցական Վկայութեան Տօնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.