Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի հրատարակութեամբ, 2023-ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ յոյժ հետաքրքրական յուշագրութիւն մը, որուն բովանդակութիւնը փոթորկայոյզ ժամանակաշրջանի մը կենդանի վկայութիւնն է: Գիրքը հրատարակուած է «Պատմութիւն Կերտողները» հանրածանօթ մատենաշարով: Յուշագրութեան հեղինակը Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ՀԱՀԳԲ – ASALA) հիմնադիր-ղեկավար Յակոբ Յակոբեանն է: Գիրքը կազմած, խմբագրած եւ յառաջաբանը գրած է ծանօթ գրականագէտ, գրող Կարօ Վարդանեան. գիրքին բովանդակութիւնը իրեն տրամադրած է «Սփիւռք» պարբերաթերթը, ինչպէս որ նշուած է գիրքի մուտքին: Գիրքը կը բաղկանայ 245 էջերէ: Կան նաեւ լուսանկարներ:
1970-ականներուն, տարբեր էին ժամանակները, տարբեր աշխարհի քաղաքական կեանքի կանոնները, տարբեր՝ ազատագրական պայքարի ձեւերն ու մարտավարութիւնները: Պաղեստինեան մարտական գործողութիւնները բուռն թափով կը շարունակուէին՝ ցնցելով աշխարհը: Այդ եռեւեփուն օրերուն ծնունդ առաւ նաեւ հայկական վրիժառական պայքար մը, որ օրին մեծապէս ցնցեց միջազգային հանրային կարծիքը եւ էութեամբ յուզեց հայ կեանքը՝ յեղաշրջելու աստիճան:
Այս բուռն իրադարձութեանց առանցքին կը գտնուէր ՀԱՀԳԲ-ը եւ անոր այդ օրերուն անծանօթ Յակոբ Յակոբեան անունով ազդեցիկ հիմնադիր-ղեկավարը: Ահա այսպիսի առեղծուածային մարդու մը յուշերն են որ դրուած են մեր տրամադրութեան տակ եւ ընթերցասէրներու գրասեղանին: Մարդ՝ որ ոմանց համար ընդյատակեայ հերոս էր, կամ ուրիշներու աչքին՝ անողոք ահաբեկիչ:
Գիրքին ծաւալուն մուտքը (էջ 5-40) գրած է անոր խմբագիրը «Համբաւ, որը հնարաւոր չէ կողոպտել» խորագիրով, ուր բաւականին լայն ծանօթութիւններ կան ՀԱՀԳԲ-ի ծնունդին, կազմակերպչական հարցերուն, նպատակներուն, ներքին խլրտումներուն, ներհայկական եւ ներկազմակերպչական հակամարտութիւններուն եւ այլն: Ան դիտել կու տայ, որ ՀԱՀԳԲ-ի շուրջ հետաքրքրութիւնները կը շարունակուին, մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ. եւ թէ ինչպէս Գ. Եանիկեան դարձաւ ներշնչման ակունքը վրիժառու երիտասարդութեան պոռթկումին: Ան կը հաստատէ՝ «Ստեղծուեց, զօրացաւ, ու արդէն 1980-ին նրա անունը թնդում էր աշխարհով մէկ»: Անոր հիմնադիրը՝ Յարութիւն Թագուշեան (1951-1988) ծնած է Իրաքի Մուսուլ քաղաքը եւ իր յեղափոխական գործունէութեան ընթացքին, հանրային ու միջազգային կարծիքը մոլորութեան մէջ ձգելու համար, օգտագործած է տարբեր ծածկանուններ՝ Յակոբ Յակոբեան, Մինաս Օհանեան, Մուճահէտ, Միհրան Միհրանեան, Վահրամ Վահրամեան եւ այլն: Խմբագիրը կը նշէ, թէ «Տարիների ընթացքում ՀԱՀԳԲ-ի վերաբերեալ որոշակի գրականութիւն է ստեղծուել՝ պատմագրական, լրագրային ու, նոյնիսկ՝ գեղարուեստական», եւ կը յաւելու, թէ ինք Յակոբ Յակոբեանի «մասին երկար զրոյցներ է ունեցել նրա յայտնի եւ անյայտ բազմաթիւ զինակիցների հետ: Նրա հանդէպ վերաբերմունքը բազմազան է ու խիստ հակասական՝ մեծարանքից, հիացմունքից մինչեւ խորը ատելութիւն»: Ան համապարփակ կերպով կ’անդրադառնայ այն ներքին արիւնալի դէպքերուն, որոնք արձանագրուեցան ՀԱՀԳԲ-էն ներս, յատկապէս 1983-ին, Մոնթէ Մելքոնեան-Յակոբ Յակոբեան կատաղի հակամարտութեան ծիրէն ներս: Դաւադրաբար զոհ գացին ազդեցիկ քատրեր՝ Վիգէն Այվազեանն ու Խաչիկ Հաւարեանը: Բանակի հիմնական ուժերէն Մոնթէն եւ Դաւիթ Դաւիթեանը հեռացան եւ խոյս տուին Այնճար: Անոնք հիմնեցին ԱՍԱԼԱ-Յեղափոխական Շարժումը, որ ոչ մէկ գործունէութիւն ունեցաւ: Խմբագիրը կը թուէ շարք մը իւրայատուկ գործողութիւններ, որոնք կատարուեցան ԱՍԱԼԱ-ի կողմէ, մանաւանդ Թուրքիոյ տարածքէն ներս, պայթումներ տարբեր վայրեր, Անգարայի եւ Պոլսոյ օդանաւակայաններու մէջ գործողութիւններ, Պոլսոյ փակ շուկային յարձակումը, Փարիզի «Վան» գործողութիւնը եւ այլն: Կարեւոր տեղեկութիւններ կան նաեւ ՀԱՀԳԲ-ՀՅԴ արիւնալի հակամարտութեան շուրջ, Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու (ՀՑԱՄ) մասին եւ անոր յարաբերութեան ՀԱՀԳԲ-ին հետ: Ուշագրաւ է որ անոնց միջեւ գործակցութեան եզրեր փորձած է գտնել ՀՅԴ-ի ականաւոր մարտական Աբրահամ Աշճեան (Աբօ), որ հետագային առեւանգուեցաւ եւ անհետացաւ, գրելով՝ «ՀՅԴ-ն անմիջապէս մեղադրեց Թուրքիայի գաղտնի սպասարկութեանը, չնայած կուսակցութեան ներսում նաեւ կային այլ շշուկներ…»: Դիպուկ ու տեղին է Կարօ Վարդանեանի ընդգծումը՝ «զինեալ պայքարի սկզբնաւորողն ու արմատաւորողը ՀԱՀԳԲ-ն է, իսկ ՀՅԴ-ն հարկադրուած ստեղծեց ՀՑԱՄ-ն ու միացաւ պայքարին՝ իր հայրենասէր երիտասարդներին չկորցնելու համար»: Նման եւ այլ ուշագրաւ տեղեկութեանց կծիկը կը քակէ սոյն բաժինը եւ կը բանայ բազմաթիւ խունացած թղթածրարներ: Մուտքի աւարտին՝ «Չլինէր Յարութիւն Թագուշեան-Յակոբ Յակոբեանը՝ սփիւռքում ոչ մի զինեալ պայքար էլ չէր լինելու: Այդ նա՛ էր, որ պաղեստինեան պայքարում կուտակած իր ահռելի ռազմական-կազմակերպչական փորձով, հայկազունի տոհմիկ կամքով անհնարինը դարձրեց հնարաւոր»: Նշենք որ Յ. Յակոբեան իր մարտական մկրտութիւնը ստացած էր պաղեստինեան պայքարի քուրային մէջ, իւրացուցած պաղեստինեան մարտաոճը եւ հմտացած զինեալ պայքարի նրբութիւններուն մէջ:
Այնուհետեւ, կ’իմանանք որ այս յուշագրութիւնը հրապարակուած է ԱՍԱԼԱ-ի պաշտօնաթերթ «Հայաստան»-ի մէջ՝ 1983 թուականին:
Ապա կը սկսի բուն յուշագրութիւնը: Ան կ’անդրադառնայ այն դրդապատճառներուն, որոնք մղած են զինք ստեղծելու մարտական, անկախ եւ ազգային կազմակերպութիւն մը, որ զօրաշարժի ենթարկէ սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը, բարձրացնէ հայկական պահանջատիրութեան հարցը, արար աշխարհին յիշեցնէ անպատիժ մնացած հայկական ցեղասպանութիւնը եւ թրքական պետութիւնն ու իր դաշնակիցները զգաստացնէ՝ թէ հայ ժողովուրդը ունի յստակ իրաւունքներ: Ան կ’անդրադառնայ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան՝ ըլլալով ցեղասպանութեան զոհ ընտանիքի շառաւիղ, կը նշէ թէ իր գերդաստանէն նահատակուած են 83 հոգի եւ փրկուած է միայն իր հայրը, որ ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններու մէջ մեծցուցած է իր ընտանիքը: Դեռ պատանի, զինք կը մտատանջէ ազգային հարցերը, հայութեան ապագան եւ կը համոզուի թէ լուռ եւ ուրացող թշնամիին պէտք է հարուածել՝ յանցագործութեան պատին գամելու համար: Ան դրականօրէն կ’արտայայտուի հայրենի իրականութեան՝ այսինքն Խորհրդային Հայաստանի մասին, ինչպէս նաեւ կը դրուատէ հայ եկեղեցին՝ «անմար ճրագը» համարելով այդ: Ան կը գրէ, թէ 1967-ին արդէն որոշած է հիմնել ուժական կազմակերպութիւն մը: Կը հաստատէ որ ԱՍԱԼԱ-ի հիմնադրումով իրականացած է իր տարիներու երազը: Հետաքրքրական է որ անմիջապէս կը գտնէ համախոհներ, որոնք կ’ըլլան հիմնադիրները կազմակերպութեան. ան թուած է անոնց անուն-մականուններուն սկզբնատառերը միայն (անվտանգութեան հասկնալի պատճառներով):
«Սկիզբ Պայքարի» գլուխին մէջ կը գրէ, թէ ինչպէս մտած է պաղեստինեան պայքարի շարքերուն մէջ, անցած զինուորական վարժանքներէ եւ իսրայէլեան ուժերու դէմ ունեցած բախումներ: Ան կ’ուղղուի Պէյրութ, կը տեսակցի ազգայիններու հետ, կը շօշափէ միտքեր եւ 1975 Յունուար 20-ին կը կատարուի առաջին գործողութիւնը եւ այս օրը կը համարուի ԱՍԱԼԱ-ի ծննդեան թուականը: Կ’անդրադառնայ նիւթական հարցին՝ ըսելով որ միայն հայ ժողովուրդն է ԱՍԱԼԱ-ի դրամագլուխը: Կը գրէ Կարապետ Փաշափէզեանի մասին եւ անոր նահատակութեան՝ 12 Մարտ 1983-ին: Ապա, իր դրական տպաւորութիւնները ֆրանսացի անուանի լրագրող Շարլ Վիլնեովի շուրջ, որուն հետ ունեցած հարցազրոյցը մեծ աղմուկ կը ստեղծէ՝ իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալով: Ան կը պատմէ իտալական կառավարութեան հետ բանակցութիւններու մասին՝ պաղեստինեան կողմին միջնորդութեամբ: Հոս կը տեսնենք անունները պաղեստինցի ղեկավարներու Եասէր Արաֆաթ, Ապու Այատ, Ապու Հոլ, Ապու Հիշամ: Իտալացիք անվճար կը փորձեն բուժել ԱՍԱԼԱ-ի վիրաւոր մարտիկ Ալեք Ենիգոմուշեանը, որ վիրաւորուած էր Ժընեւի մէջ՝ ռումբի պայթումի հետեւանքով: Իտալացիք մեծ գումարներ կ’առաջարկեն՝ փոխան ԱՍԱԼԱ-ի գործողութիւններու դադրեցման Իտալիոյ տարածքին: Անկէ ետք կը կարդանք ԱՍԱԼԱ-ի համակիր շարժումները համախմբելու կարեւորութեան մասին, քանզի այդ օրերուն Սփիւռքի մէջ ան մեծ համակրանք շահած էր արդէն, յատկապէս երիտասարդութեան մօտ՝ Ֆրանսա, Գանատա, Լիբանան, Իրան եւ այլն:
Գիրքին էջ 139-169 կը նկարագրէ շատ իւրայատուկ մարտական գործողութիւն մը: Յ. Յակոբեան նախապէս մասնակցած է Եւրոպայի մէջ իսրայէլեան թիրախի մը վրայ յարձակումի, որուն ելքը եղած է յաջող: Այս անգամ ան կը ղեկավարէ Քուէյթի մէջ ճափոնական դեսպանատան գրաւման գործողութիւնը: Ճափոնցիք Սինկափուրի մէջ շրջափակման մէջ պահած էին պաղեստինցի մարտիկներ: Յակոբեան եւ իր մարտախումբը զանոնք անվնաս եւ ազատ արձակելու համար կը գրաւեն Քուէյթի Ճափոնի դեսպանատունը: Թէ ինչպիսի իրարանցում կը ստեղծուի եւ Ճափոնի վարչակարգը ուղղակի յարաբերութեան մէջ կը մտնէ ղեկավար Յակոբեանի հետ: Ան կը վարէ բանակցութիւնները եւ կը հարկադրէ իր պայմանները, որուն արդիւնքով պաղեստինցիք կը հասնին Քուէյթ եւ ապա մարտախումբն ու ազատ արձակուած մարտիկները կը հասնին Եմէն: Անվտանգ կ’արձակուին նաեւ դեսպանատան վախուորած եւ ահաբեկ պատանդները, որոնց շարքին դեսպանը նաեւ: Ոչ ոք կ’իմանայ ղեկավարին հայ ըլլալը: Անկէ ետք՝ Խ. Հաւարեան եւ Աբօ Աշճեան պատմութիւնն է, որուն կը յաջորդէ բանակցութիւնները գանատական կառավարութեան հետ: Շատ կենդանի վկայութիւն է Անդրանիկ Փաշա խմբակին յարձակումը թուրք դիւանագէտ Օքթար Ճիրիթի դէմ, որուն հետեւանքով կը զգետնուի դիւանագէտը եւ ծանրօրէն կը վիրաւորուի Յակոբ Յակոբեան: Դէպքը կը պատահի Համրայի ֆիլիփըրի զուարճավայրի մը մէջ, 16 Փետրուար 1976-ին: Ապա, 9 Փետրուար 1981-ին, Ժընեւէն Ալեք Ենիգոմուշեանի վերադարձը Պէյրութ: Այնուհետեւ, Թեհրանի մէջ երկու ԱՍԱԼԱ-ականներու գնդակահարութիւնը: Բազմաթիւ միջնորդական փորձերը կը ձախողին զանոնք ազատելու, որուն մէջ կային Լիբանանի իրանամէտ եւ իսլամամէտ միջնորդներ: Հետագային յստակացաւ, որ երկու նահատակ մարտիկներն էին՝ Եղիա Քեշիշեան եւ Զաւէն Աբեթեան: Այնուհետեւ կարգ մը փորձեր Խորհրդային Միութեան հետ յարաբերութեանց մէջ մտնելու: Շատ ինքնատիպ է Պէյրութի մէջ ամերիկացի գնդապետի մը առեւանգումը: Մորկան սեւամորթ բարձրաստիճան զինուորական է եւ կ’իյնայ Յակոբեանի ափերուն մէջ: Զինուորականը կը խոստովանի ԱՄՆ-ի մէջ սեւամորթներու ճնշուած իրավիճակին մասին եւ թէ ինք հարկադրուած որոշած է ըլլալ բանակային՝ գէթ քիչ մը լաւ պայմաններ ունենալու համար: Ան չ’իմանար որ առեւանգիչը հայ է եւ ինկած հայոց ձեռքը եւ կը զարմանայ որ քրիստոնեայ լիբանանցիներ են հեղինակները, քանզի այդպէս հաղորդած էր հմուտ ղեկավար Յակոբեան: Մորկան ծառայած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Կազմակերպչական այլ նիւթեր եւս կան գիրքին մէջ՝ ուրկէ կը տողանցեն այդ օրերու գործօն դէմքեր՝ Արա Թորանեան, Հրայր Գազանճեան, Փիեռ Կիւլիւմեան, Յակոբ Տարագճեան, Սարհատ Սարհատեան, Սիւզի Մահսերեճեան, Գէորգ Աճեմեան, Յարութիւն Գէորգ, Լեւոն Էքմէքճեան, Զահէր Խաթիպ եւ ուրիշներ: Գիրքին վերջին գլուխը Համօ Մոսկոֆեանի դէմ երկու մահափորձերու մասին է (Փարիզ եւ Պէյրութ):
Այսպէս, շատ շահեկան եւ տեղեկութիւններով լեցուն հատոր մը ունինք մեր ձեռքերուն մէջ:

