ՖՐԱՆՍԱՅԻ հարաւարեւմտեան ծայրամասի ՓՕ քաղաքին մէջ (Pau, Սպանիոյ սահմանէն ոչ-հեռու), վերջերս, բացուած է հայկական առաջին մշակութային կեդրոնը՝ «Մայրիկ» անունով։ Կեդրոնին հովանաւորն է շրջանին մէջ գործող ու տեղւոյն հայերը իրարու կապող «Հայկական շարժում» միութիւնը։

Նոր կեդրոնը կը միտի դառնալ հաւաքավայր մը, ուր կը մտադրուի ուսուցանել հայոց լեզու, պատմութիւն, հայ արուեստ, պար ու երաժշտութիւն, ապրեցնելու համար հայկական ինքնութիւնը։ Փոյի մէջ ամէն ինչ նոր է որ կը սկսի։ «Հայկական շարժում» միութիւնը դեռ հազիւ երկու տարուան կեանք ունի, սակայն արդէն իսկ սկսեր է զգացնել իր ներկայութիւնը։ Քաղաքապետարանն ալ կ՛օժանդակէ իրեն՝ այլազան մշակոյթներու սատարելու մայր սկզբունքէն մեկնած։
ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ (փարիզեան արուարձան) Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, 17 Յունուարին, բանախօսութիւն մը տուած է ծանօթ գրականագէտ Մարկ Նշանեան՝ «Գրակա՞ն սփիւռք մը» նիւթով։ Ներկայ եղած են շուրջ յիսուն հոգի։ Բանախօսը վերլուծած է ժամանակակից սփիւռքի գրական առօրեան եւ կատարած է հարցադրումներ

Ան երկարօրէն կանգ առած է ֆրանսահայ գրականութեան հին շրջանի վիպագիրներէն Զարեհ Որբունիի հայեացքներուն վրայ, վերլուծած՝ անոր վէպերը, որոնցմէ երկուքը՝ «Թեկնածուն» եւ «Ասֆալթը», վերջերս Ֆրանսերէնով ալ հրատարակուեր են, նոյնինք բանախօսին թարգմանութեամբ։
ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, 17 Յունուարին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի ծրագրերու աւագ պատասխանատու տիկ. Անի Կարմիրեան զեկոյց մը ներկայացուցած է «Զնտուկ» համացանցային կայքէջին մասին։ Այս հարթակը կ՛ընդգրկէ արեւմտահայերէնի ուսուցման մանկավարժական նորարար ուղիներ։

Զեկուցաբերը նշած է, որ խաղերու, թարգմանութիւններու, ձայնագրութիւններու եւ ուսուցողական տարբեր նիւթերու ճամբով՝ «Զնտուկ» կայքէջը դարձած է մանկավարժական իւրայատուկ տարրալուծարան մը, որ առիթներ կ՛ընձեռէ զարգացնելու նորահաս սերունդներուն լեզուական գանձարանն ու ստեղծագործական մտածողութիւնը։ Այս առթիւ, ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուած է նաեւ տիկ. Կարմիրեանի նորատիպ «Կախարդական ցուցափեղկը» մանկական գիրքը, որ լոյս ընծայուած է Պոլսոյ ԱՐԱՍ հրատարակչատունէն։
ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ գործող CALFA անունով կազմակերպութիւնը, հիմնուելով Փարիզի երբեմնի «Հ. Սամուէլեան» գրատան հայերէն մամուլի ճոխ հաւաքածոներուն վրայ, սկսած է աշխատանք տանիլ պարզելու համար, թէ անցեալ դարուն ի՞նչ հայկական խանութներ, միութիւններ եւ առեւտրական հաստատութիւններ կային Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ։ Արխիւային ու պրպտողական այս աշխատանքը յառաջ կը տարուի հին թերթերուն մէջ տասնամեակներ առաջ հրատարակուած ծանուցումներուն վրայ։

Աշխատանքը աւարտելէ ետք՝ պրպտող խումբը պիտի պատրաստէ Փարիզի թուայնացուած քարտէս մը, արհեստական բանականութեան ճամբով (AI), ուր ցոյց պիտի տրուի հայկական ներկայութիւնը։ Այսինքն՝ «Հայկական Փարիզ»-ի քարտէս մը, ուր նշուած պիտի ըլլան անցեալի հայկական դերձակատուները, տպարանները, բժիշկներու դարմանատուները, սրճարանները, խմբագրատուները, վաճառատուները եւ այլն։ Ծրագրին նիւթապէս կը սատարէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը։
ՓԱՐԻԶԻ «Օթէլ տիւ Քոլէքսիոնէօր»-ի մէջ, 27 Յունուարին, տեղի ունեցած է Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) տարեկան աւանդական ընթրիքը, շուրջ 400 հիւրերու մասնակցութեամբ։ Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս ներկաներուն մէջ աչքի զարկած են ֆրանսացի պետական բարձրաստիճան դէմքեր, որոնց կարգին՝ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւ, ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ եւ այլ բազմաթիւ հանրածանօթ անուններ։

Ձեռնարկի ընթացքին «Արիութեան շքանշան» շնորհուած է ծերակոյտի նախագահին եւ վարչապետին՝ Արցախի ու Հայաստանի ի նպաստ իրենց ճիգերուն համար։ Խօսք առած են CCAF-ի համանախագահները՝ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, դատապարտելով Ատրպէյճանի հակահայ յարձակումներուն դիմաց միջազգային հանրութեան կրաւորական կեցուածքը։ Ֆրանսայի կառավարութեան անունով ելոյթ ունեցած են ներքին նախարար Լօռան Նունիէզ եւ վարչապետը, վերահաստատելով իրենց զօրակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան։
ՓԱՐԻԶԻ «Օթէլ լը Մարուա»-ի շքեղ սրահներուն մէջ, 4 Փետրուարին, Հայաստանի դեսպանատունը պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքած է հայկական բանակի կազմաւորման 34-րդ տարեդարձին առիթով։ Ներկայ եղած են ֆրանսացի ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, ռազմական կցորդներ, ինչպէս նաեւ համայնքային ներկայացուցիչներ։

Դեսպան Արման Խաչատրեան այս առիթով արտասանած է ուշագրաւ ճառ, ուր նշելէ ետք, թէ հայկական արդի բանակը գոյութեան կոչուեցաւ 1992-ին, իր խօսքը շարունակած է հետեւեալ մտածումներով. «Դիւանագէտն ու զինուորը կը մարմնաւորեն պետութեան արտաքին գործունէութեան երկու խորհրդանիշերը։ Անոնք կը ծառայեն պետութեան, սակայն երկու տարբեր հարթութիւններու վրայ. մէկը կը ձգտի խուսափելու պատերազմէն, միւսը պէտք է պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու զայն։ Այս խորհրդածութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, որ դիւանագիտութիւնը կրնայ վստահելի ըլլալ միայն այն պարագային, երբ կը հիմնուի պաշտպանական իրական կարողութեան վրայ, եւ որ ռազմական ուժը իմաստ ունի միայն՝ երբ կը տեղաւորուի քաղաքական եւ իրաւական յստակ տեսլականի մը ծիրին մէջ»։ Այնուհետեւ, դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի պետութեան՝ Հայաստանին ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ ռազմական աջակցութեան համար։
ԻՍԻ-ԼԷ-ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ (փարիզեան արուարձան) «Շանթը-լիվր» գրատան երդիքին տակ, 7 Փետրուարին, ընթերցասէրներու համար իր նոր գիրքը ստորագրած է Կորիւն Ափրիկեան։ Նորատիպ հատորը ֆրանսերէն է ու կը կոչուի «Nous somme nos montagnes» («Մենք ենք մեր սարերը»)։

Իրենց գիրքը մակագրելու համար գրատուն փութացած մեծաթիւ անձեր պատեհ առիթ ունեցած են զրուցելու հեղինակին հետ։ 112 էջանի գիրքը, որ ճոխացած է գծագրութիւններով, կը պատմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան տառապալից պատմութեան եւ պատերազմի արհաւիրքով սնած անոր առօրեային մասին։
ՇԱՒԻԼԻ (փարիզեան արուարձան) հայոց եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ, 7 Փետրուարին, կայացեր է Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի» արձակ գործին ֆրանսերէն թարգմանութեան («Le pays de Nairi») հրապարակային ներկայացումը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հայկ. Մշակ. Միութեան։ Վէպին թարգմանիչն է Հայկ Տէր Յարութիւնեան։

Յիշեցնենք, որ Չարենցի ուշագրաւ այս գործը առաջին անգամ տպուած էր դար մը առաջ՝ 1926-ին։ Վէպին միջավայրը բանաստեղծին ծննդավայրն է՝ Կարսը։ Ներկայացուած են Կարսի անցուդարձերը Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակէն (1913) մինչեւ քաղաքին անկումը թուրքերու ձեռքը։ Գործող հերոսները կարսեցի իրական դէմքեր են, խորհրդանշական անուններու տակ ծածկուած ու սրամտութեամբ պատմուած։

