Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Վարդան Ճինիշեանի Յիշատակին Նուիրուած Ոգեկոչում՝ Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

February 14, 2026
in Գաղութային
0
Վարդան Ճինիշեանի Յիշատակին Նուիրուած Ոգեկոչում՝ Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 11 Փետրուարի առաւօտեան, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ սրահը լեցուած էր երախտագիտութեան եւ յարգանքի մթնոլորտով, ուր խուռներամ բազմութեան ներկայութեամբ, Ճինիշեան Հիմնարկը հանդիսաւոր կերպով մեկնարկեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքը՝ յատուկ օր մը նուիրելով իր հիմնադիրին՝ երախտաշատ Վարդան Ճինիշեանի յիշատակին։

«Յիշելով Վարդանը» խորագիրով կազմակերպուած այս յիշատակի հանդիսութիւնը վերածուեցաւ հոգեպարար եւ խորիմաստ ոգեկոչման՝ արժեւորելով այն տեսլականն ու ծառայութիւնը, որոնց վրայ հիմնուած է հիմնարկին վեց տասնամեակներու ազգօգուտ առաքելութիւնը։

Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, կրթական, մշակութային եւ ընկերային հաստատութիւններու ղեկավարներ, Ճինիշեան Ծրագրի գործադիր տնօրէնը, Հայաստանի եւ Լիբանանի շրջանային տնօրէնները, հիմնարկի աշխատակազմը, յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ համայնքային կեանքին մէջ ներգրաւուած բազմաթիւ հրաւիրեալներ, հաւատացեալ հայորդիներ։

Գեղարուեստական նրբաճաշակ յայտագրին մէջ, տիկին Անայիս Կետիկեանին եւ Արինէ Մարգարեանին հետ միասին, իրենց արժանաւոր մասնակցութիւնը բերին Համազգային Մշակութային Կեդրոնի եւ Մեսրոպեան գոլէճի ուսանողները, որոնց ներկայացուցած երգերը, ասմունքն ու ջութակի մեղեդիները յուզիչ ու առանձնայատուկ շուք հաղորդեցին յիշատակի օրուան հանդիսաւորութեան։

Գլխաւոր բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ վերապատուելի Ռաֆֆի Մսըրլեան, որ շեշտեց հիմնադիրին հոգեւոր արժէքները եւ անոր տեսլականին շարունակական ազդեցութիւնը մեր համայնքային կեանքին մէջ։ Անոր յաջորդեցին Ճինիշեան Ծրագրի գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանի եւ Լիբանանի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեանի պատգամները, որոնք վերահաստատեցին հիմնարկին յանձնառութիւնը՝ շարունակելու Վարդան Ճինիշեանի սկսած ուղին՝ իբրեւ ծառայութեան, համերաշխութեան եւ յոյսի կենդանի ժառանգութիւն, վկայելով որ Վարդան Ճինիշեանի տեսլականը կը շարունակէ առաջնորդել եւ ոգեշնչել իր ծառայութիւնը համայնքին եւ ազգին։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ատենապետ վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանի աղօթքով, որ հոգեւոր օրհնութեամբ եզրափակեց այս յիշարժան օրը։

Share70Tweet44
Previous Post

Հայ Գործարար Հրաչ Մարութեան Արժանացաւ Շուէտի Թագաւորի Բարձր Պարգեւին

Next Post

Փիլիսոփայական Մտորումներ 34. Գիտութիւնը Կարողութիւն Է

Next Post
Փիլիսոփայական Մտորումներ 34. Գիտութիւնը Կարողութիւն  Է

Փիլիսոփայական Մտորումներ 34. Գիտութիւնը Կարողութիւն Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.