Ֆրանսիս Պէյքըն` անգլիացի փիլիսոփան (որ ապրած է 1561-1626 թուականներու միջեւ), կը ճանչցուի որպէս արդիական փորձականութեան -empirisme- առաջնորդը։ Անգլիա ծնած այս փիլիսոփայական շարժումին համաձայն ամէն ծանօթութիւն կը պահանջէ փորձարկութիւն-expérimentation։ Պէյքըն անկիւնադարձային շրջան մը ապրած է, ուր «Վերածնունդ»-ը կ՛անցնի գիտութեան` անթիք ժառանգութենէն դէպի գիտական մօտեցում։ 15-րդ դարուն Վերածնունդը մեծագոյն գիտական նուաճումներու բեմ հանդիսացած է, մանաւանդ աստղագիտութեան, մարդակազմութեան, բնագիտութեան ոլորտներւն մէջ։ Այս նոր շրջանին է, որ յայտնուեցան Քոբերնիքի, Կալիլէի, Նիւթընի, Ռապըրթ Պոյլի, Հարվէյի եւ Հուքի նման գիտական տիտաններ։
Եթէ Միջնադարու ընթացքին Եկեղեցին, ընդհանուր առմամբ, դրական դիրքորոշում կը ցուցաբերէր գիտութեան նկատմամբ, Վերածնունդի շրջանին ան հիմնովին փոխեց իր վերաբերումը։ Աստուածաշունչը թիրախ առնող գիտութիւնը եւ գիտական ձեռնարկը մեծ ընդդիմութեան բախեցան կղերական դասին կողմէ։
Պէյքըն կը յայտարարէ ընդունած ըլլալ Եկեղեցական դաստիարակութիւնը, սակայն կ՛առաջադրէ զատել գիտութիւնը կրօնքէն, ընկալելու եւ արագացնելու համար գիտելիքները, որպէսզի կարելի ըլլայ այս վերջինները կիրարկութեան յանձնել` մարդոց կեանքի պայմանները բարելաւելու նպատակով։ Ան ծանրացած է գիտութեան փոխակերպող-transformateur նկարագրին վրայ։ Ան ցաւ կը յայտնէ, որ գիտութեան կեանքի պայմանները բարելաւող առանձնայատկութիւնը մինչ այդ անտեսուած ըլլայ, ի նպաստ բացարձակապէս տեսական գիտելիքներու եւ յօգուտ զուտ անձնական հանրածանօթութեան որոնումին։
Մինչ այդ չմոռնանք յիշեցնելու, որ 1466-1536 թուականներու միջեւ ապրած փիլիսոփայ Էրասմի համաձայն՝ ոչինչ գիտնալը ամենամեծ երջանկութիւնն է մարդու համար։ Անոր կարծիքով միամիտ տգիտութիւնը, որ խենթութեան մէկ տարբերակն է, մարդկային էութեան հիմնական մասնիկը կը ներկայացնէ եւ խորքին մէջ ան է որ մեզի ամենամեծ երջանկութիւնը եւ գոհացումը կու տայ։ Ըստ անոր, կրօնքը խենթութեան մէկ տեսակն է, եւ իսկական վստահութիւնը հաւատքի վրայ հիմնուած է եւ երբեք՝ բանականութեան։
Պէյքըն կը հաստատէ նախապաշարում-préjugé-ներու ցանկ մը, նախապաշարումներ` որոնք գիտութեան յառաջընթացին պատուար կը հանդիսանան, նախապաշարումներ, որոնք ան կը կոչէ «մտածողութեան կուռքեր» (les idoles de l’esprit)։ Այսպէս ան կը թուէ «ցեղային կուռքեր»-ը , որոնք կը յայտնուին ընդհանրացնելու հակումով, հասարակաց` բոլոր մարդոց համար, «քարանցաւի կուռքեր» որոնք կը ձեւակերպուին նախընկալեալ գաղափարներու հետամուտ ըլլալով, փոխանակ դիտարկելու բնութեան իրականութիւնը, «հանրային վայրերու կուռքեր», որոնց համաձայն՝ հակում ունինք հետեւելու ընկերային սովորութիւններու, աղաւաղելով մեր փորձառութիւնը։
Պէյքընի համաձայն, գիտութիւնը կը յառաջդիմէ հետզհետէ աւելի ընդհանրացած օրէնքներ բանաձեւելով։ Իր առաջարկած գիտական եղանակը այս մօտեցումին մէկ տարբերակն է։ Զորօրինակ, ջերմութեան ազդեցութեան տակ մետաղներու ընդլայնումին օրէնքները գտնելու ուղղութեամբ փոխանակ շարք մը դիտարկումներ կիրարկելու, նոր տեսութիւն մը ի գործ դնել, փնտռելով այն օրինակները, որոնք վերոյիշեալ օրէնքը անվաւեր կը հանեն, այսինքն մետաղներ, որոնք ջերմութեան ազդեցութեան տակ չեն ընդլայնիր։
Պէյքըն մեծապէս ազդեցութիւն գործած է գիտութեան զարգացումի ուղղութեամբ, այս վերջինը ուղղելով դէպի գործնական փորձարկութիւն-expérimentation pratique։ Այսուհանդերձ զինք մեղադրած են երեւակայութեան կարեւորութիւնը անտեսած ըլլալուն համար, քանի որ գիտական հետազօտութիւններու մէջ կարեւոր նուաճումներու հասնելու ուղղութեամբ երեւակայութեան բաժինը անժխտելի է։ Պէյքընի յաջորդող ֆրանսացի փիլիսոփայ Պլեզ Փասքալ (1623-1662), իր կարգին, երեւակայութեան այնքան մեծ կարեւորութիւն ընծայած է, որ իրեն համար երեւակայութիւնը հոյակապ կարողութիւն մըն է, որ բանականութեան թշնամին ըլլալով կը յայտնուի, հետեւաբար ան մարդկային սխալներու որպէս աղբիւր, մեզ կրնայ նոյնիսկ փճացնել։ Ինչպէս կը տեսնուի, Պլեզ Փասքալի մօտեցումը բոլորովին տարբեր է եւ ուղղուած է աւելի կրօնական աշխարհին։ Իսկ նոյն շրջանին ապրած Թովմաս Հօպս գիտութեան եւ ուսողութեան-mathématique մէջ կը տեսնէր այն կատարեալ գործիքը, որ կը հակադրէր միջնադարեան սքոլասթիք-դպրոցաբանական վարդապետութեան։ Իր շրջանի շատ մը մտաւորականներու նման, ան համոզուած էր, որ գիտութեան ընձեռած կարելիութիւններուն սահման գոյութիւն չունի։ Անոր համար բացայայտ էր, որ բնութեան տրուած որեւէ հարց կարելի էր լուծել գիտական բացատրութիւնով։
Եզրակացնելով կրնանք ըսել, որ գիտութիւններու փիլիսոփայ Ֆրանսիս Պէյքընի, ինպէս նաեւ իր հետեւորդներուն համար գիտութիւնը կարողութիւն է։

