Սթոքհոլմի մէջ, 4 Փետրուարին, արքունի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, Շուէտի Թագաւորը անձամբ պարգեւատրեց «Sevan» սննդարդիւնաբերական ընկերութեան հիմնադիր եւ վարչութեան նախագահ Հրաչ Մարութեանը՝ Նորին Մեծութեան Թագաւորի Մետալով (8-րդ աստիճան՝ Սէրաֆիմեան շքանշանի կարգին մէջ)։ Պարգեւը շնորհուեցաւ «շուէտական սննդարտադրութեան մէջ նշանակալից ներդրում ունենալու համար» հիմնաւորումով։
Պարգեւատրման առիթով իր զգացումները արտայայտելով՝ Հրաչ Մարութեան նշեց, որ անկարելի է չափել իր ապրումները, եւ թէ ինք այս պարգեւը կը դիտէ իբրեւ վկայութիւն այն արժէքներուն՝ արդարութեան, ազնուութեան եւ որակին համար, որոնք առաջնորդած են զինք եւ «Sevan»-ը այս ճանաչման ճանապարհին։
Հրաչ Մարութեան առաջին անգամ այցելած էր Շուէտ 1966-ին, հօրը հետ, իբրեւ շրջիկ վաճառական։ Արմատներով հայ եւ Լիբանանի մէջ մեծցած, ան 1970-ին Քոփենհակընի մէջ ծանօթացաւ իր ապագայ կնոջ՝ ֆիննական ծագումով Աննիին հետ։ Ամուսնութենէն ետք ընտանիքը հաստատուեցաւ Լիբանան, ուր ծնաւ իրենց անդրանիկ որդին՝ Մայքըլը։ 1970-ականներու վերջաւորութեան անոնք վերջնականապէս տեղափոխուեցան Շուէտ, ուր Հրաչ Մարութեան փոխեց իր գործունէութեան ուղղութիւնը եւ հաստատուեցաւ սննդարդիւնաբերութեան մարզին մէջ։

1989-ին հիմնուեցաւ «Sevan»-ը, իսկ 2014-ին ընկերութիւնը սկսաւ իր սեփական գործարանին մէջ արտադրել հումուս եւ ֆալաֆէլ։ Այսօր «Sevan» խմբակի ընկերութիւնները կը հաշուեն շուրջ 60 աշխատակից՝ աւելի քան 20 ազգութիւններու ներկայացուցիչներով։ Ընկերութեան գործունէութիւնը կը շարունակեն որդիները՝ Մայքըլ եւ Քրիսթոֆըր, մինչ Հրաչ Մարութիւնը կը շարունակէ աշխուժօրէն հետեւիլ Միջին Արեւելքի մատակարարներու հետ կապերուն։ Խմբակի քանի մը ընկերութիւններ վերջին ինը տարիներէն ի վեր կը ղեկավարէ գործադիր տնօրէն Էլին Ինկուէս Փիւքը։
Մօտ չորս տասնամեակի աշխատանքով Հրաչ Մարութեան եւ «Sevan»-ը Միջին Արեւելքի խոհանոցը հասցուցին սկանտինաւեան սեղաններուն՝ ստեղծելով նոր համեր, տնտեսական աճ, աշխատատեղեր եւ մշակութային հանդիպումներ։ Թագաւորական այս պարգեւը, որ առաջին անգամ շնորհուած է 1800-ին՝ Կիւստաւ Դ. Ատոլֆ թագաւորին կողմէ, կը տրուի հասարակութեան մէջ առանձնայատուկ ծառայութիւն մատուցած անձերու։
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ հիւսիսային Սթոքհոլմի Ռոզերսպէրկ շրջանին մէջ գտնուող գործարանին մէջ՝ «Sevan»-ի ամբողջ անձնակազմին մասնակցութեամբ։

