Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

February 14, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի)

ՔՍԱՆԹԻԻ (Թրակիոյ հիւսիսը, Պուլկարիոյ սահմանին մօտիկ) հայ համայնքը աւանդութիւն մը ունի. ամէն տարի, Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցի երեկոյեան, «Աւետիս»-ի շրջագայութիւն կը կատարուի տասնեակ մը բնակարաններ՝ աւետելով Աստուածայայտնութեան տօնը։ Այս տարի եւս, 5 Յունուարին, երգեցիկ խումբ մը, որուն մաս կազմեր են թաղային խորհուրդի անդամներ, Հայ Գթութեան Խաչի անդամուհիներ եւ տեղւոյն հայկական միօրեայ դպրոցի պատանիներ, շրջագայած է Քսանթիի թաղերը՝ թակելով բարեկամ ընտանիքներու դռները…։

Խումբը այցելած է նաեւ քաղաքապետին գրասենեակը եւ հոն կտրած ամանորեան գաթան։ Այցեր տրուած են նաեւ շրջանի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտին եւ զինեալ ուժերու Դ. զօրաբանակի զօրավարին, արժանանալով բոլորին սիրոյն եւ գնահատանքին։

ԳՈՔԻՆԻՈՅ (Աթէնքի արուարձան) Զաւարեան կեդրոնի սրահին մէջ, 12 Յունուարին, Հայ Կապոյտ Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղը անդամական հաւաք մը կազմակերպած է Տարեմուտի առիթով։ Նախ կատարուած է աւանդական գաթայի հատում, ապա բարեմաղթութիւններ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարետ քհնյ. Խաչերեանի ու մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարի-Ռոզ Գէորգեանի կողմէ։

Ներկաները միաբերան երգած են «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը։ Օրուան պատգամը տուած է «Ազատ Օր»-ի խմբագիր Քերոբ Էքիզեան, որ իր ելոյթը ամբողջովին կեդրոնացուցած է հայախօսութեան նիւթին վրայ։ Ան արտայայտուած է հետեւեալ ձեւով. «Սփիւռքի մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար լեզուն դադրած է պարզապէս մշակութային արժէք ըլլալէ ու վերածուած՝ գոյութեան նախապայմանի։ Երբ մեզ պաշտպանող պետութիւն չունինք, լեզո՛ւն է որ կը դառնայ մեր սահմանը։ Երբ օտար միջավայրի մէջ կ՛ապրինք՝ հայերէ՛նն է որ մեզի կը յիշեցնէ թէ ո՞վ ենք եւ ուրկէ՞ կու գանք»։ Բանախօսը կարեւորած է նաեւ նորակազմ ընտանիքներու մէջ հայախօսութիւնը խթանելու եւ նորափթիթ մանուկները մայրենիի շուքին տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Արծարծուած այս հրատապ նիւթը պատճառ դարձած է որ ներկաներէն ոմանք եւս կարծիքներ արտայայտեն այս մասին։ Այս ծիրին մէջ ելոյթներ ունեցեր են Ազգ. Զաւարեան վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի Շաքէ Էլմասեան եւ նոյն վարժարանի տնօրէնուհին՝ Հայկան Մինասեան։

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ (Թրակիոյ շրջան, հիւսիսային Եգէականի ափին, Թուրքիոյ սահմանէն ոչ-հեռու) Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը նշուած է 18 Յունուարին։ Պատարագած եւ քարոզած է Աթէնքէն ժամանած յունահայոց առաջնորդը՝ Սահակ եպս. Եմիշեան։ Ներկայ եղած են քաղաքապետը, քաղաքին յոյն մետրոպոլիտը, պետական ու զինուորական բարձրաստիճան դէմքեր։ Կրօնական արարողութեանց աւարտին սարքուած է ճաշկերոյթ՝ գեղարուեստական յայտագրով ճոխացած։ Այս առթիւ, թաղային խորհուրդը պարգեւատրած է Դանիէլ Թադէոսեանը՝ անոր երկարամեայ ծառայութեանց առ ի գնահատանք։

Օր մը առաջ, Սահակ եպս. նոյն եկեղեցւոյ մէջ կատարած է դպրաց (3 հոգի) ու կիսասարկաւագաց (2 հոգի) ձեռնադրութիւն, այցելած է քաղաքին հայկական Տարօնեան միօրեայ վարժարանը եւ հանդիպած աշակերտութեան հետ։ Ան քաղաքավարական այցելութիւն տուած է նաեւ շրջանի յոյն մետրոպոլիտին ու անոր նուիրած հայկական փոքրածաւալ գորգ մը։

ԱԹԷՆՔԻ Փէրիսթէրիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 18 Յունուարին, Ս. Պատարագով, հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ ոգեկոչական ելոյթներով նշուած է յիշատակը Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի բարերար եղբայրներուն՝ եգիպտաբնակ կեսարացի աղա Գրիգոր եւ աղա Կարապետ Մելգոնեաններուն, դպրոցի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով։ Պատարագած եւ արարողութեանց նախագահած է Յունահայ թեմի (էջմիածնական) առաջնորդ Խորէն եպս. Առաքելեան։

Ազգային հպարտութեան եւ երախտագիտութեան մթնոլորտի մէջ՝ ներկայ մելգոնեանցիները յիշած են դպրոցական իրենց երջանիկ օրերը։ Յետ պատարագի՝ եկեղեցւոյ մէջ կայացած է ոգեկոչման աշխարհիկ բաժին մը։ Սրտի խօսք արտասանած են տիկ. Շաքէ Էլմասեան (որպէս երէց մելգոնեանցի) եւ տիկ. Մանիշակ Եսայեան-Մինասեան (որպէս կրտսեր սերունդի ներկայացուցիչ)։ Յիշատակուած են երբեմնի համբաւաւոր ուսուցիչները։ Միասնաբար երգուած է Մելգոնեանի քայլերգը։ Յիշեցնենք, որ Նիկոսիոյ Մելգոնեան վարժարանը բացուած էր 1926-ին եւ փակուած՝ 2005-ին, աղմուկ, ընդվզում եւ յուսաբեկութիւն թողլով իր ետին…։

ՅՈՒՆԱՀԱՅ համայնքը ներկայացնող պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, 26 Յունուարին, հանդիպում մը ունեցած է Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքիթաս Գագլամանիսի հետ, խորհրդարանի շէնքին մէջ։ Հայ պատուիրակութիւնը, զոր գլխաւորած է առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան եւ որուն մաս կազմեր են Ազգ. վարչութեան դիւանէն Նազար Նազարեան ու Քերոբ Էքիզեան, ինչպէս նաեւ տիկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ տիկ. Ալիս Ֆուրունճեան, ջերմօրէն ընդունուած է պետական պատասխանատուին կողմէ։

Անդրադարձ կատարուած է հայ-յոյն եւ Հայաստան-Յունաստան յարաբերութեանց։ Հելլէն խորհրդարանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է նեցուկ կանգնելու յունահայ համայնքի կարիքներուն։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ,25  Յունուարին, տեղւոյն Տիկնանց Միութիւնը հաւաք մը կազմակերպած է՝ նոր տարուան գաթայի հատում կատարելու համար։ Գաթայի հիւրասիրութիւնը շատ ընդհանրացած ու աւանդական սովորութիւն մըն է յունահայոց մօտ. Տարեմուտի շրջանին, գրեթէ յունահայ բոլոր միութիւնները անպայման կը կազմակերպեն «գաթա հատելու» մասնաւոր հաւաքներ, որոնց կ՛ընդառաջեն մեծաթիւ հայորդիներ։

Թեսաղոնիկէի Տիկնանց Միութիւնն ալ կատարած է նոյնը։ Սրահին մէջ, ներկաները ողջունած է քաղաքին հոգեւոր հովիւը՝ Եղիա վրդ. Մալխասեան (Անթիլիասէն)։ Խօսք առած է Տիկնանցի ատենապետուհի Վերգին Աւետիսեան։ Ապա գաթան կտրուած է մոմերու լոյսի տակ եւ «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ։ Այս առթիւ յայտարարուած է Տիկնանց Միութեան նոր կազմի անուանացանկը, զոր այսուհետեւ պիտի գլխաւորէ տիկ. Անոյշ Պապոյեան։

ԱԹԷՆՔԻ Հայաստանի դեսպանատուն այցելած են, Յունուարի վերջերը, Հայ Կապոյտ Խաչի Ճէնազեան ազգային ամէնօրեայ միջնակարգ վարժարանի աշակերտները, իրենց պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ։ Դեսպան Տիգրան Մկրտիչեան ողջունած է զանոնք, անդրադարձած այդ օրուան խորհուրդին, որ է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորման 34-րդ տարեդարձը։

Դպրոցի տնօրէնուհին՝ Արշալոյս Սափրիչեան, նշած է որ հայրենի երկրին հետ աշակերտներուն կապը ամրապնդելու նպատակով՝ արդէն աւանդութեան վերածուած է աւարտական դասարանէն ուսանողական խմբակներու դէպի Հայաստան ամառնային խմբական այցելութիւնները։ Աշակերտները ներկայացուցած են պարեր ու երգեր, իսկ դեսպանատունը իւրաքանչիւրին նուիրած է հայկական քաղցրաւենիք։ Դեսպանատուն նմանօրինակ այց մը կատարած են նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արթաքի Գալփաքեան նախակրթարանի աշակերտները։

ԱԹԷՆՔԻ «Լազարօ 1971» ճաշասրահին մէջ, Փետրուար 1-ին, յունահայոց Ազգ. Վարչութիւնը սարքած է իր տարեկան ամանորեան ճաշկերոյթը։ Հանդիսավարութիւնը կատարեր է Սերոբ Էքիզեան։ Հայկական ճոխ երգացանկով՝ երեկոյթը շէնցուցեր է արուեստագէտ Սարօ Տէմիրճեան։ Ուղերձ մը կարդացեր է Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Նազար Նազարեան, անդրադառնալով յառաջիկային իրագործելի որոշ ծրագրերու։

Առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոսի ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեր է վարչութեան նախկին ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի՝ առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեանց։ Սրբազանը, իր խօսքին մէջ, ակնարկեր է  2026-ը «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման» տարի հռչակող հայրապետական պատգամին ու մատնանշած՝ այդ ծիրին մէջ յունահայ գաղութէն իր սպասումները։

Share66Tweet41
Previous Post

ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմինը Քաղաքական Հարցերը Կը Քննարկէ Ահմատ Հարիրիի Հետ

Next Post

Հայ Գործարար Հրաչ Մարութեան Արժանացաւ Շուէտի Թագաւորի Բարձր Պարգեւին

Next Post
Հայ Գործարար Հրաչ Մարութեան Արժանացաւ Շուէտի Թագաւորի Բարձր Պարգեւին

Հայ Գործարար Հրաչ Մարութեան Արժանացաւ Շուէտի Թագաւորի Բարձր Պարգեւին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.