Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 14 Փետրուար 2026

February 14, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 14 Փետրուար 2026

14 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ահաբեկման 21-րդ տարելիցի ոգեկոչումին մասնակցելու նպատակով, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ժամանեց Պէյրութ եւ սկսաւ քաղաքական ու դիւանագիտական խորհրդակցութիւններու շարք մը:

Ան երէկ առաւօտեան տեսակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի հետ, ապա Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ ընդունեց Սպանիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպանները: Ալեքսանտըր Ռոտաքով յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է Ռուսիոյ եւ Լիբանանի երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նիւթը: Դեսպանը հաւաստիացուց, որ իրենք միշտ պատրաստ են Հարիրին ընդունելու Մոսկուայի հետ, շեշտելով ընտրութիւնը իր որոշուած թուականին կազմակերպելու կարեւորութիւնը:

 

ՊԸՐՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պաշտօնապէս դարձաւ սկզբունքով Մայիսին կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն գրանցուող առաջին թեկնածուն: Պատուիրակութիւններու հետ ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ընտրութիւնները պիտի չյետաձգուին, որովհետեւ կարելի չէ խափանել երկրին քաղաքական կեանքին բնականոն ընթացքը:

Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար իր կարգին հաւաստիացուց, որ ընտրութիւններըը պիտի կայանան Մայիսին, չնայած հակառակը յուշող աղմուկին:

 

ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՆԱԼՈՒ ՄԱՂԹԱՆՔ

Հայաստանի սահմանին դիտարկումի առաքելութիւնը ամբողջացուցած եւրոպական պատուիրակութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր յոյս յայտնեց, որ Հայաստան օրին մէկը կը յաջողի անդամակցիլ Եւրոմիութեան: «Եւրոմիութիւնը բաւական լաւ յարաբերութիւններ հաստատած է Երեւանի հետ, իսկ Երեւան կը փորձէ աւելի մօտենալ Եւրոպային», ըսաւ Ռիթեր՝ խաղաղութիւն մաղթելով տարածաշրջանին, որպէսզի աւելի մարդիկ սկսին գալ զբօսաշրջութեան եւ ներդումներու համար:

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան դրական համարեց դիտարկումի եւրոպական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի մէջ, շեշտելով որ ան կարեւոր դեր խաղցած է կայունութեան եւ սահմանային գօտիի բնակչութեան մօտ վստահութեան զգացումի ամրապնդումին մէջ: «Մենք կ’ուզենք, որ Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը մնայ Հայաստանի մէջ ու աշխատանք կը տանինք այդ ուղղութեամբ», ըսաւ Գրիգորեան:

 

ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի մէջ նախընտրական պատրաստութիւնները ստացած են յաւելեալ թափ, քաղաքական ուժերը կը ներկայացնեն կ’ընտրեն իրենց թեկնածուները, կը բացայայտեն ընտրական լոզունգները եւ կը քննադատեն հակառակորդներուն ընտրանքները: «Մեր ձեւով» շարժումի համակարգող Նարեկ Կարապետեան յայտնեց, որ «Հզօր Հայաստան»-ի վարչապետի թեկնածուն կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանն է:

Միւս կողմէ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան սակայն յստակացուց, որ Կարապետեան չի կրնար դառնալ Հայաստանի վարչապետի թեկնածու, որովհետեւ չի համապատասխաներ Հայաստանի Սահմանադրութեան պահանջներուն եւ օրէնքներուն: Ան յիշեցուց, որ, ըստ օրէնքին, վարչապետ կամ նախագահ չի կրնար դառնալ երկքաղաքացիութեան տէր անձ մը, աւելցնելով որ Կարապետեան միաժամանակ  Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Կիպրոսի քաղաքացի է: Ռուբինեան յիշեցուց, որ նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահ դարձած էր, որովհետեւ տակաւին յայտնի չէր անոր երկքաղաքացի ըլլալը, իսկ երբ յստակացաւ, ան հրաժարեցաւ պաշտօնէն:

 

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՀԱՐՑՈՎ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի մէջ պիտի չըլլան քաղաքականութեամբ զբաղող օլիկարխներ եւ նախկին նախագահներ: Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան հաստատումը ոմանց ձեռնտու չէ, որովհետեւ այդ պարագային Հայաստան կը դառնայ լիարժէք անկախ պետութիւն: «Իսկ եթէ թշնամանք կայ, ապա Հայաստան ստիպուած կ’ըլլայ աւելի ամուր մնալու Ռուսիոյ հետ», ըսաւ Փաշինեան, մեկնաբանելով ռուս քաղաքական գործիչ Միխայիլ Զաթուլինի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Փաշինեան հինգ միլիառ տոլարի կաշառք ստացած է Ատրպէյճանի նախագահէն: Վարչապետը վստահեցուց, որ քննարկումներ կան Թեհրան այցելելու եւ համաձայնագրեր ստիրագրելու մասին:

Խօսելով Մայր Աթոռի հարցով յառաջացած խնդիրներուն մասին, Փաշինեան շեշտեց, որ «պիտի չթոյլատրէ Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս տանիլ՝ Էջմիածնի գանձերուն հետ միասին»: Անոր խօսքով,  Հայաստանէն դուրս Եպիսկոպոսական ժողով հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը կը միտի Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս հանել եւ որոշ ուժերու կողմէ այդ հարցը Հայաստանի դէմ օգտագործել:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հայց ներկայացուց կարգալոյծ հռչակուած քահանայ Տէր Թադէի (Արամայիս Թախմազեան) նկատմամբ, դատարանէն պահանջելով, որ կարգալոյծ հռչակուած քահանային պարտաւորեցնէ Մայր Աթոռին վերադարձնել Արագածոտնի Թալին քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ու բանալիները, արգիլելով նաեւ անոր մուտքը եկեղեցւոյ սուրբ խորան, աւանդատուն եւ ատեան:

 

ՏԻԱՐՊԵՔԻՐԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՆՈՒՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի անցեալին հայաբնակ Սուր թաղամասին մէջ պիտի բացուի հայ մտաւորական Մկրտիչ Մարկոսեանի անուան գրադարանը: Քիւրտ գրող Շէյմուշ Տիքէն հաւաստիացուց, որ անհրաժեշտ բոլոր արտօնութիւնները ստացած են ու գրադարանին բացումը պիտի կատարեն Մարկոսեանի մահուան 4-րդ տարելիցին՝ 5 Ապրիլին, այդ համարելով Տիարպեքիրի պատմութեան եւ յիշողութիւններուն համար կարեւոր քայլ մը: Մկրտիչ Մարկոսեան ծնած է 1938-ին, Տիարպեքիրի մէջ, յաճախած է Պոլսոյ հայկական Պեզճեան եւ Կեդրոնական վարժարանները եւ ստեղծագործած՝ հայկական եւ թրքական թերթերու մէջ, ինչպէս նաեւ հրատարակած է շարք մը գիրքեր:

Այլ գիծի վրայ, թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հայաստանի հետ սահմանի հնարաւոր վերաբացումին անհամբեր կը սպասեն մանաւանդ Թուրքիոյ սահմանային շրջանին բնակիչները, ակնկալելով կենցաղային պայմաններու բարելաւում: Ըստ հաղորդումներուն, Կարսի մէջ կը հաւատան, որ եթէ սահմանը վերաբացուի, զբօսաշրջութիւնը զգալիօրէն պիտի զարգանայ, առեւտուրը աշխուժանայ եւ Կարսէն արտագաղթը դադրի: Թրքական լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ Երեւանն ու Անքարան համաձայնած են արտօնել ցամաքային առեւտուրը Վրաստանի տարածքով:

 

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ 2025-Ի ՑՈԻՑԱԿ

Transparency International կազմակերպութիւնը հրապարակեց փտածութեան ընկալումի 2025-ի ցուցակը, որ ցոյց կուտայ, թէ քաղաքացիները որքան փտած կը համարեն իրենց երկրին հանրային ոլորտը: 182 երկիր ներառող այս ցուցակին պարագլուխի դիրքը գրաւեց Դանիան՝ 89 նիշով: Հայաստան 65-րդ դիրքը կիսեց Քուէյթի, Մոնթենեկրոյի, Նամիպիայի եւ Սենեկալի հետ՝ հաւաքելով 46 կէտ, իսկ Լիբանան կը համարուի աշխարհի աւելի փտած երկիրներէն մէկը եւ Իրանի հետ գրաւեց 153-րդ դիրքը՝ 23 կէտով:

Share64Tweet40
Previous Post

Ճակատամարտ՝ Աղիւսակի Վերին Հորիզոնականին Համար

Next Post

ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմինը Քաղաքական Հարցերը Կը Քննարկէ Ահմատ Հարիրիի Հետ

Next Post
ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմինը Քաղաքական Հարցերը Կը Քննարկէ Ահմատ Հարիրիի Հետ

ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմինը Քաղաքական Հարցերը Կը Քննարկէ Ահմատ Հարիրիի Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.