Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ճակատամարտ՝ Աղիւսակի Վերին Հորիզոնականին Համար

February 12, 2026
in Մարզական
0
Ճակատամարտ՝ Աղիւսակի Վերին Հորիզոնականին Համար

Վաղը, 13 Փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 2։15-ին, Սաֆայի մարզադաշտը պիտի հիւրընկալէ 3-րդ դասակարգի Լիբանանի ախոյանական մրցումներուն յատկանշական հանդիպումը՝ Պէյրութի Հ.Մ.Մ. ընդդէմ «Շապէպ Մաժտ էլ Այնճար»-ի։ Այս ճակատումը կու գայ ախոյանութեան 9-րդ շաբթուան ծիրին մէջ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունի երկու կազմերուն համար։

Ինչպէս կանխատեսելի էր, նախորդ մրցումը դիւրին չեղաւ հայկական խումբին համար։ Հիւրընկալուելով՝ ան դէմ-յանդիման եկաւ ամէն գնով յաղթանակ կորզելու վճռակամութեամբ պատրաստուած մրցակիցի մը։ «Կարմիրներ»-ը քիչ մնաց որ ճաշակէին իրենց առաջին պարտութեան դառնութիւնը, սակայն մարտական ոգին եւ յամառ պայքարը ի վերջոյ պտուղ տուին։ Մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաշտութեամբ։ Նշենք, որ նախորդ վեց մրցումներէն ընդամէնը երկու կոլ ընդունած Հ.Մ.Մ.-ի բերդը, միայն Սայտայի մէջ նոյնքան կոլ ստացաւ։

Վերադառնալով վաղուան վճռորոշ հանդիպման, Այնճարի կազմը կրնկակոխ կը հետեւի Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ին, աղիւսակին մէջ ընդամէնը մէկ միաւորի տարբերութեամբ գրաւելով երկրորդ հորիզոնականը։ «Լիուա Սայտա»-ի նման, ան ալ ունի միայն մէկ պարտութիւն (1-0), որ կրեց նոյնինքն Հ.Մ.Մ.-էն՝ երթի մրցումին ընթացքին։ Ասիկա կը նշանակէ, որ վաղուան խաղի ընթացքին հայկական կազմէն եկող ամէն փոքր անուշադրութիւն կամ սայթաքում կրնայ ճակատագրական դառնալ աղիւսակի դիրքային դասաւորման համար։

Անհրաժեշտ է շեշտել, որ ցանկալի յաղթանակին պարագային «Կարմիր սատանաներ»-ը պիտի վայելեն չորս միաւորի ապահով տարբերութիւն մը, հաւանաբար մինչեւ ախոյանութեան առաջին հանգրուանի աւարտը՝ ամրապնդելով իրենց առաջատար դիրքը։

Այս ակնկալութիւնը շօշափելի իրականութեան վերածելու համար, մարզիչն ու մարզիկները միայնակ չեն կրնար կրել ամբողջ պատասխանատուութիւնը։ Մեծագոյն դերը պիտի պատկանի Հ.Մ.Մ.-ի հաւատարիմ համակիրներուն։ Վաղուան յաղթանակը անոնց մասնակցութեամբ պիտի կերտուի, անոնց ձայնով ու քաջալերանքով։ Ախոյանութեան վճռորոշ փուլերուն մօտեցող այս հանգրուանին, խումբը առաւել քան երբեք կարիք ունի իր համակիրներուն կենդանի աջակցութեան։

Ուստի վերահաստատենք մեր կոչը․
Բոլորս դէպի մարզադաշտ — Հ.Մ.Մ.-ի հետ, մինչեւ վերջ։

Share70Tweet44
Previous Post

●Հայ Դպրոց, Հայ Ուսուցիչ ●Հայ Թերթ, Հայ Խմբագիր ●Հայ Հայերէնագէտ, Հայ Բանասէր

Next Post

Լուրեր. 14 Փետրուար 2026

Next Post
Լուրեր. 14 Փետրուար 2026

Լուրեր. 14 Փետրուար 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.