Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խարբերդի Հայոց Կացութեան Շուրջ Մեծ Եղեռնի Սկիզբը. Կը Խօսի Բենիամին Ժամկոչեան – I

Յարութիւն Իսկահատեան

February 12, 2026
in Յօդուածներ
0
Խարբերդի Հայոց Կացութեան Շուրջ Մեծ Եղեռնի Սկիզբը. Կը Խօսի Բենիամին Ժամկոչեան – I

1915-1919-ը Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ու վերապրած, Մեզիրէի գերմանական որբանոցէն վկայեալ ուսուցչապետ, մտաւորական ու ազգային գործիչ Բենեամին Ժամկոչեանի յուշերն է ու կը ներկայացուին: Ան 1921-ին հաստատուած է Պէյրութ եւ քանի մը տարիներ ետք ստանձնած է Նոր Հաճընի Սահակեան դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնը: Մինչեւ 1975, ան մնացած է դաստիարակչական պատնէշին վրայ՝ տասնամեակներով սերունդներ դաստիարակելով ու անոնց հայեցի լաւագոյն կրթութիւն տալով: Սահակեան վարժարանի շէնքը թէեւ թիթեղածածկ, սակայն հայու անկոտրում կամքով ու կորովով, տնօրէն Բենիամին Ժամկոչեան յաղթահարած է առօրեայ բոլոր դժուարութիւնները եւ հայ սերունդներ հասցուցած: Հայաստանի անկախացումէն ետք Երեւանի մէջ դպրոց մը Բենեամին Ժամկոչեանի անունով կոչուած է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ուսուցչապետին Մեծ Եղեռնի յուշերը:

1914-ի ամռան արձակուրդի մէջ էին Մեզիրէի գերմանական որբանոցին սաները, երբ սէֆէրպէրլիք, այսինքն զօրահաւաք, կը յայտարարուի Թուրքիոյ մէջ: Երիտասարդները իրենց տուները ձգելով դէպի զօրանոցները կ’ուղղուին: Փախստականները հոս ու հոն կը թաքնուին: Պէտէլ կամ փրկագին վճարողները ատեն մը զերծ կը մնան զինուորագրուելէ:

1914-1917 երկարող ժամանակաշրջանին վերոյիշեալ կացութեան մասին ուսուցչապետ եւ յուշագրող Բենիամին Ժամկոչեան կ’արտայայտուի իր կազմած գիրքին մէջ` «Պատմութիւն Մամիւրէթ իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու» խորագրով, տպարան «Տօնիկեան եւ Որդիք», Պէյրութ, 1973, 444 էջ: Ան իր պատանութիւնը անցուցած է Մեզիրէի գերմանական որբանոցը:

Սոյն յօդուածին համար օգտուած ենք նաեւ Բենիամին Ժամկոչեանի հետեւեալ երկէն.- «Յուշարձան ուսուցչապետ Բենիամին Ժամկոչեանի», Պէյրութի Սահակեան վարժարանի նախկին սաներու հրատարակութիւն, «ՎՄՎ-Պրինտ» հրատարակչութեան տպարան (Երեւան), Պէյրութ, 2010, 581 էջ:

1914-ի աշնան գերմանացի զօրավար ֆօն Լանկ Կարինէն դէպի Պաղտատ ճամբուն վրայ, Մեզիրէի գերմանական որբանոցը կ’ացելէ: Որբանոցին տնօրէնն էր փասթոր (վերապատուելի) Էհմանը, որուն «հայրիկ» անունը կու տային սաները:

1915-ի Ապրիլին չորս վանեցի աշակերտներ կառավարութեան կողմէ Վան կը տարուին, որովհետեւ անոնք քիչ մը տղայական արտայայտութիւններ, քաղաքական ակնարկութիւններ եւ անտեղի խօսքեր ունեցած էին իրենց ծնողներուն ուղղուած նամակներուն մէջ, առանց գիտնալու թէ նամակները կը գրաքննուէին: Իբրեւ յաւելեալ պատիժ, անոնք մինչեւ Վան հետիոտն կը ղրկուին:

1 Մայիս 1915-ին հարուածը կ’իջնէ հայութեան գլխուն: Խարբերդի Եփրատ Գոլէճի դասախօսներէն Նիկողոս Թէնէքէճեանը, Խաչատուր Նահիկեանը եւ Յովհաննէս Պուճիգանեանը, իսկ Մեզիրէէն` Նշան Ղազարոսեանը, որ հնչակեան էր, ընկեր Կարօն` դաշնակցական, եւ այլ արմենական ազգայիններ կը ձերբակալուին: Հայութեան համար մթնոլորտը անշնչելի կը դառնայ:

1915 տարուան ընթացքին, փախստականները հաւաքելու պատրուակին տակ, Խարբերդի բազմաթիւ գիւղերու մէջ թուրքերը անպատմելի արարքներ կը կատարեն, ինչպէս՝ ծեծ, խոշտանգում, բռնագրաւում, արեւանգում եւ բռնաբարութիւն, աքսոր եւ վերջ ի վերջոյ սպանութիւններ:

Զինուորական տարիքի մէջ գտնուողները արձանագրուելու կը կանչուին թրքական բանակի զօրանոցներուն մէջ: Այր մարդոց մեծամասնութիւնը հլու հնազանդ կ’ենթարկուին հրամանին: Երիտասարդներէն ոմանք փախուստ կու տան, մանաւանդ թուրքերն ու քիւրտերը, որոնց պատիժը թեթեւ կ’ըլլայ եւ ոչ թէ հայերուն նման: Չյանձնուողները կախաղան բարձրացուելու սպառնալիքը կը ստանան: Ամէն քաղաք ու գիւղի մէջ հայերուն զէնքերու յանձնում կը հրամայուի:

Օսմանեան պետութիւնը (Իթթիհատականները, 1914-1917) իր յետին ծրագիրը մշակած էր նախօրօք, եւ զանոնք գործադրելու համար կասկածներ կը հնարէ ու անոնցմով կը պատրուակէ իր դաժանութիւնները: Ռուսական ճակատին վրայ, թուրքերը ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն Էնվերի հրամանատարութեան տակ: Հայ կառապան մը` Եկենեանը, Էնվերը շալկելով կը փախցնէ ճակատէն եւ կ’ազատէ գերի իյնալէ: Էնվեր շնորհակալագիր մը կը գրէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին:

Բայց եւ այնպէս, ըստ թրքական տրամաբանութեան եւ բնաւորութեան, այս պարտութեան պատասխանատու մը պէտք էր ստեղծել ու պատժել զայն: Հայ զինուորները պատասխանատու կը նկատուին եւ թուրքերը կը սկսին զինաթափել զանոնք: Անոնք ճամբաներու շինութեան տարապարհակ աշխատանքի կը տարուին բռնի ոյժով` շատ անգամ անօթի ու ծարաւ: Հայ զինուորներով կը կազմուին զիրաաթ (երկրագործական) վաշտերը, ինչպէս նաեւ ամալէ թապուրիները (բանուորական վաշտեր):

1915-ի Մայիսին զիրաաթ վաշտերու հայ զինուորները Կարմիր Խանախ բանտը կը տարուին: Յայտնի էր թէ անկէ ալ դէպի սպանդանոց պիտի քշուէին:

Հեղինակը՝ Բենիամին Ժամկոչեան, լաւ հասկցած էր թուրքը: Հայ փախստական մը երբ յանձնուէր, ծեծի տակ եւ կամ կախաղանի վրայ անպայման կը մեռնէր: Բենիամին, զինուորագրուելու տարիքի մէջ ըլլալով, փախստական կը նախընտրէր մնալ ու միշտ կը մերժէր յանձնուիլ թուրքին:

 

(Շարունակելի)

Share62Tweet39
Previous Post

Վարդանանց Տօնին Առթիւ՝ Յիշելով Ծանօթ Ու Անծանօթ Վարդանները…

Next Post

«Ամուսինը Ծուղակի Մէջ». Հոյակապ Բեմադրութիւն Եւ Խաղարկութիւն

Next Post
«Ամուսինը Ծուղակի Մէջ». Հոյակապ Բեմադրութիւն Եւ Խաղարկութիւն

«Ամուսինը Ծուղակի Մէջ». Հոյակապ Բեմադրութիւն Եւ Խաղարկութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.