Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնին Առթիւ՝ Յիշելով Ծանօթ Ու Անծանօթ Վարդանները…

 Լ. Շ.

February 12, 2026
in Յօդուածներ
0
Վարդանանց Տօնին Առթիւ՝ Յիշելով Ծանօթ Ու Անծանօթ Վարդանները…

Այսօր հայաշխարհը Վարդանանք կը տօնէ։ Դպրոցները փակ են, հոս ու հոն տեղի կ’ունենան եկեղեցական ու ազգային բնոյթի հանդէսներ, մա՛նաւանդ՝ աշակերտական համախմբումներ։ Փոքրահասակ աշակերտները շա՛տ կը սիրեն այս տօնը, կը սիրեն զգեստաւորուիլ կամ պճնուիլ Կարմիր Վարդանին պէս, սուր բռնել, սաղաւարտ դնել իրենց գլխուն…։

Օրացոյցը կը յուշէ ինծի, թէ այս տարի Աւարայրի ճակատամարտի 1575-ամեակն է։ Այո՛, 451 թուականէն ցայսօր ՈԳԻ մը կայ, որ բնաւ չի մեռնիր, կ՛ապրի եթէ ո՛չ մեր մտածումներուն, բայց գո՛նէ մեր ենթագիտակցութեան մէջ։ Ատիկա Վարդանանց խորհուրդէն հասնող հայեցի ապրումն է։   

Հանդէսներն ու ոգեկոչումները՝ իրենց կարգին։ Բայց ես, այսօր, շեղում մը կատարելով Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու աւանդական շրջածիրէն՝  երկարօրէն մտածեցի մեր հին ու նոր գրականութեան «Վարդան»-ներուն մասին…։ Այս պատմական անունը կրող քանի՞ գրող ունէինք արդեօք։

Գիտեմ, որ խենթ մտածում մըն է ասիկա։ Ի՞նչ իմաստ կամ օգուտ ունի այսպիսի պրպտում մը։ Այնուամենայնիւ, յամառօրէն ճգնեցայ գտնել այդ Վարդանները։

Մտովին թռչեցայ դէպի հի՜ն դարեր։

Ահա՛ իմ առջեւ կանգնեցաւ Վարդան Այգեկցին (ԺԲ.-ԺԳ. դար)։ Ափերուն մէջ պատկերազարդ ժողովածու մը կար, որ կը կոչուէր «Աղուէսագիրք»։ Յիշեցի՛ զայն։ Կենդանիները իրարու հետ խօսեցնող առակներու հատոր մըն էր ատիկա։ Այգեկցին առակներու ճամբով ի՜նչ անմոռանալի խրատականներ տուած էր մեզի…։

Ահա՛ Վարդան Արեւելցին (ԺԳ. դար)։ Պատկառազդու հոգեւորական մը, բազմաշխատ մատենագիր, հմուտ աստուածաբան ու մեկնիչ («Մեկնութիւն Դանիէլի», «Մեկնութիւն սաղմոսաց»…), փիլիսոփայ, մա՛նաւանդ՝ վաստակաւոր ուսուցչապետ, որուն անունը անջնջելիօրէն կապուած է Խոր Վիրապի դպրանոցին։

Ահա՛ մանրանկարիչ Վարդան Արծկեցին (ԺԴ. դար, Վանայ լիճին հիւսիսային ափին գտնուող Արծկէ քաղաքէն), ճաշակաւոր արուեստագէտ, որ մէկն եղաւ միջնադարեան հայ մանրանկարչութեան Վասպուրականի դպրոցին հետեւորդներէն ու նկարազարդեց ինչ-ինչ մատեաններ։

Ահա՛ Վարդան վրդ. Բաղիշեցին (ԺԷ. դար), որ պանծացուց իր համեստ անունը՝ զայն կապելով ծննդավայրին (Բաղէշ-Պիթլիս) մօտիկ գտնուող Ամրտոլու մեծահռչակ վանքին ու պիտանի հոգեւորականներու ամբողջ սերունդ մը կոփեց այնտեղ։

Ահա՛ Վարդան Կաֆայեցին (ԺԷ.-ԺԸ. դար), որ ծնաւ, ապրեցաւ ու գործեց Խրիմի մէջ, տեղւոյն հայոց թեմի առաջնորդն եղաւ աւելի քան երեսուն տարի։ Պատմութեան մէջ անուն թողուց իբրեւ տաղերգու։

Ահա՛ նաեւ Վարդան փաշան, կամ բուն անուանումով՝ Յովսէփ փաշա Վարդանեանը (1815-1879)։ Շատ նշանաւոր է ԺԹ. դարու պոլսահայ այս երեւելի մտաւորականին «Ագապի հիքեայէսի» անունով հայատառ թրքերէն վէպը (1851), որ ունեցած է մէկէ աւելի հրատարակութիւններ։

Վարդան փաշա հինգ տարի ուսաներ է Վիեննայի Մխիթարեան հայրերուն մօտ, օսմանեան պետական վարչամեքենային մէջ ստանձներ է բարձր պաշտօններ (արքունի նաւարանէն ներս՝ 25  տարի), բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի նման՝ հիմնադիրներէն եղեր է Համազգեաց Ընկերութեան, ձեռնհասօրէն խմբագրեր է հայատառ թրքերէն «Մէճմուայի Հաւատիս» եւ «Թէրճէմանը Էֆքեար» պոլսական լրագրերը։ Ժիրայր Դանիէլեանի «Բանասիրական որոնումներ» հատորին մէջ (Պէյրութ, 1996) աւելի քան 50 էջ տրամադրուած է իրեն…։

Իսկ աւելի նորե՞րը։

Իմ գրադարանէն վար առի Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն»-ի երկու ստուար հատորները ու անոնց անուանացանկերուն մէջ սկսայ որոնել արձակագիր կամ բանաստեղծ Վարդաններ…։ Երե՛ք անուն դուրս բերի այդ ցանկերէն. Վարդան Կոմիկեան, Վարդան Գէորգեան եւ Վարդան Զօրենց։

Հիմա, կատարելապէս վստահ եմ, որ իմ ընթերցողները զարմացական հայեացքով պիտի կարդան վերի անունները եւ… ուս թօթուեն։ Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան համար անծանօթ կամ մոռցուած անուններ են ասոնք (եւ ասոնց պէս՝ շատե՜ր…)։ Բայց ես, արդէն, ճի՛շդ այս մեկնակէտէն կ’ուզեմ ճամբայ ելլել. մեր ժողովուրդը ինչո՞ւ չի ճանչնար իր անցեալի երախտաւորները, ինչո՞ւ հակամէտ է մոռնալու զանոնք։

Վերը յիշատակուած 3 անունները ժամանակակիցներ են մեզի։ Անոնք ծառայած են մեր գիր-գրականութեան ու դպրութեան, ունեցեր են նկատառելի վաստակ ու բերք։ Եկէ՛ք արագօրէն յիշենք կամ ճանչնանք զանոնք.

ՎԱՐԴԱՆ ԿՈՄԻԿԵԱՆ (1915-1998), ծնունդով՝ ատափազարցի, ասպարէզով՝ ատամնաբոյժ, ապրեցաւ ու գործեց Պոլսոյ մէջ։

Ան շուրջ կէս դար ծառայեց պոլսահայ մամուլին ու գրականութեան, ստորագրելով սիրուն պատմուածքներ, որոնք հետագային մէկտեղուեցան երկու հատորներու մէջ՝ «Բարի եկար, սէ՜ր» (1965) եւ «Համրիչի հատիկներ» (1993)։ Բայց իր մէկ այլ արժանիքն ալ իր ուսուցչագործութիւնը եղաւ։ Հակառակ ատամնաբոյժ մը ըլլալուն, ան սիրայօժար կերպով հայոց լեզու եւ գրականութիւն աւանդեց, երկա՜ր տարիներ, Կեդրոնական, Էսայեան եւ այլ վարժարաններու մէջ։ Խմբագրեց Կեդրոնական Սանուց Միութեան «Հանդէս Մշակոյթի» պարբերականի արժէքաւոր թիւերը։

ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ (1893-1978), բնիկ տրապիզոնցի, որուն անունը կու գար հեռաւոր Պուէնոս Այրէսէն (Արժանթին)։

Տեղւոյն «Արմենիա» օրաթերթին վաստակաւոր խմբագիրն էր ան, միաժամանակ՝ հմուտ գրականագէտ, հայերէնաւանդ ուսուցիչ ու բանաստեղծ։ Իւրայատուկ ու բացառիկ արժէք ներկայացնող հատոր մըն է իր «Գրական հարցեր» գիրքը (1962), ուր կը քննարկուին գրական-ստեղծագործական հարցեր եւ շահեկան թելադրութիւններ կ’ըլլան գիրի սպասաւորներուն՝ անոնց ոճն ու գրելակերպը յղկելու բարի տրամադրութեամբ։ Ունի պատմութեան դպրոցական դասագիրքեր, քերթողական հատորներ, բառարան մը եւ Լեռնահայաստանի (Զանգեզուր) հերոսամարտը պատմող գիրք մը։ Նախքան Արժանթին գաղթելը՝ ապրած ու գործած էր Պէյրութ։

ՎԱՐԴԱՆ ԶՕՐԵՆՑ (1937-2012), այլ անունով՝ Հ. Վարդան եպս. Աշգարեան, Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն, որ երկար տարիներ ծառայեց Լիբանան, վարելով հոգեւոր պատասխանատու պաշտօններ Հայ Կաթողիկէ համայնքի ծոցին մէջ, մանաւանդ որպէս Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ։

Երկարամեայ տնօրէն եղաւ Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանին (Հազմիէ, 1964-1987), նաեւ դասախօս՝ Սէն ԺոզէՖ համալսարանին (1965-1975)։ Մուսալեռցի ծնողներու զաւակ էր, ծնած՝ Անտիոք։ Հողին յանձնուեցաւ Այնճարի մէջ։ Վարպետ ճառախօս էր ազգային հանդէսներու, նաեւ՝ հեղինակ տասնեակ մը հատորներու, առաւելաբար՝ բանաստեղծական բնոյթի։ Իր կեանքին ու գործին մասին մենագրութիւն մը հրատարակած է իր վաղեմի միաբանակիցը՝ Հ. Մեսրոպ Հայունին:

Պիտի յիշեմ ՎԱՐԴԱՆ ԱՐՔ. ՏէՄԻՐՃԵԱՆն ալ (1939-2004), Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտիկ անցեալի միաբաններէն, որ շրջան մը վարեց Անթիլիասի մատենադարանի տեսուչի պաշտօնը։

Մօտիկ էր գիր-գրականութեան եւ պարբերաբար ի լոյս կ՛ընծայէր բանասիրական կամ արխիւային բնոյթի շահեկան երկեր։ Ասոնցմէ մին 1970-ականներուն տպուած «Դիւան Ատրպատականի հայոց պատմութեան» քառահատոր շարքն էր։ Յետոյ՝ «Գաւազանագիրք Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայոց թեմերու առաջնորդութեանց» հատորը (1980) կամ Բաբգէն Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսի անտիպ նամակները՝ ուղղեալ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերուն (1996)։

Անուննե՜ր եւ գործե՜ր:

Կը տեսնէք, թէ մարդկային շունչը կը հատնի, մարմինը կը փոշիանայ, սակայն տպագիր գործը կը շարունակէ գոյատեւել մշտնջենապէս…։

Share62Tweet39
Previous Post

Խմբագրական. Վասն Հայրենեաց Եւ Վասն Հաւատոյ

Next Post

Խարբերդի Հայոց Կացութեան Շուրջ Մեծ Եղեռնի Սկիզբը. Կը Խօսի Բենիամին Ժամկոչեան – I

Next Post
Խարբերդի Հայոց Կացութեան Շուրջ Մեծ Եղեռնի Սկիզբը. Կը Խօսի Բենիամին Ժամկոչեան – I

Խարբերդի Հայոց Կացութեան Շուրջ Մեծ Եղեռնի Սկիզբը. Կը Խօսի Բենիամին Ժամկոչեան - I

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.