7 Փետրուար 2026-ին ներկայ գտնուեցայ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի «Ամուսինը ծուղակի մէջ» թատերախաղի ներկայացման, բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի, Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ։
Բեմադրիչ Յարութ Գնդունին հանրածանօթ է լիբանանահայ հասարակութեան։ Ան ամէն տարի մեզի կը ներկայացնէ միջազգայնօրէն ճանցուած հեղինակներէ թատերախաղեր։ Անոր բեմադրութիւնները միշտ ալ սիրուած ու գնահատուած են թէ՛ հանդիսատեսին եւ թէ՛ մտաւորական դասակարգին կողմէ։
«Ամուսինը ծուղակի մէջ» կատակերգութեան հեղինակը, անգլիացի յայտնի թատրոնի դերասան, բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռէյ Գունիի գլուխգործոցներէն մէկն է։ Ան 30-է աւելի «ֆարս» կատակերգութիւններ գրած է եւ 40 աւելի լեզուներու թարգմանուած ըլլալով մինչեւ օրս կը բեմադրուի աշխարհի չորս ծագերուն։

Ըստ յայտագիր գրքոյկին, Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը, ասկէ առաջ, Ռէյ Գունիէն բեմ հանած է երկու կատակերգութիւններ՝ «Երկու կին, մէկ ամուսին»-ը (2014-ին) եւ «Ֆանի մանի»ն (2017-ին)։ «Ամուսինը ծուղակի մէջ»-ը երրորդն է, որ, ըստ մեր պրպտումներուն, «Երկու կին, մէկ ամուսին»-ին երկրորդ մասն է։
Ինչ որ Շաբաթ 7 Փետրուարին դիտեցիք, որպէս բեմադրութիւն եւ խաղարկութիւն մեծապէս գնահատելի էր։ Թատերախաղը բացառիկ արագ ռիթմ ունէր եւ բաւական դժուար ու խրթին մուտք-ելք եւ երկխօսութիւն։
Չափազանցած չենք չըլլար, եթէ վկայենք, որ դերասանական կազմը բարձր խաղարկութիւն ցոյց տուաւ, գրեթէ արհեստավարժ դերասաններու մակարդակով։ Բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի բծախնդիր աշխատանքը կրկին նշմարելի էր. ան իւրաքանչիւր դերասանին տուած էր պատշաճ առոգանութիւն, ձայնային ելեւէջներ, դիմագծային եւ մարմնական շարժուձեւեր։ Շատ արագ երկխօսութիւնները բնական էին, նամանաւանդ վէճերու ընթացքին, ճիշդ տեղին ու երբեմն նոյնիսկ իրար վրայ խօսիլները, բնականութիւն կու տային «վէճ»ին։

Եօթը դերակատարներն ալ յաջող խաղարկութիւն ցոյց տուին։ Հրակ Մամիկոնեան եւ Երան Գոյունեան՝ որպէս նորեկներ, շատ բնական ու կարծես փորձառութիւն ունեցող դերասանի մակարդակը ցոյց տուին իրենց բնական խաղարկութեամբ։
Այտա Մահսերէճեան-Սրապոնեանը արդէն ծանօթ է հանրութեան իր բեմական ներկայութեամբ։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ան իր մարմնաւորած «Պարպարա»-ի կերպարը յաջողութեամբ ներկայացուց։
Իսկ Լուսինէ Տաքէսեան իշխեց բեմին, ներկայացնելով «Մերի»-ի կերպարը։
Սիմոն Եափուճեանը մեր բեմերուն վրայ ծանօթ եւ արդէն փորձառու դերասան մըն է, ան միշտ ալ սիրուած է հանդիսատեսին կողմէ։ Այս անգամ եւս իր ներկայացուցած գլխաւոր՝ «Ճոն»-ի կերպարով, ոստում մը եւս արձանագրեց իր դերասանական ասպարէզին մէջ։

Իսկ Մելիք Պետրոսեանը վերջին քանի մը տարիներուն կարեւոր կերպարներով երեւցաւ կարգ մը թատերախաղերու մէջ, ուր միշտ ալ յաջող դուրս եկաւ իր ներկայացուցած կերպարներով։ Պէտք է նշեմ, որ ան «Ամուսինը ծուղակի մէջ» իր մարմնաւորած «Սթիւ»-ի չափազանց դժուար կերպարը հոյակապ խաղցաւ։ Հայզաւակ Լէփէճեանը իր տարիներու բեմական փորձառութեան վրայ բարենիշ մըն ալ արձանագրեց՝ ներկայացնելով «Պապուկ»-ի կերպարը։
Հանդիսատեսը մեծ հաճոյքով հետեւեցաւ ներկայացման։
Գնահատելի էր «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի վարչութեան Գնահատագրերու տուչութիւնը՝ վաստակ ունեցող հինգ բեմի գործիչներու, որոնք տասնեակ տարիներ իրենց բաժինը բերած են լիբանանահայ թատերական շարժումին, ինչպէս՝ Հայզաւակ Լէփէճեան, Սիմոն Եափուճեան, Դանիէլ Քէօրօղլեան, Այտա Մահսերէճեան-Սրապոնեան եւ Սեդա Լէփէճեան։ Բոլորին Վարձքը կատար։
Եզրակացնելով՝ ըսեմ, որ «Ամուսինը ծուղակի մէջ» կատակերգութիւնը շատ յաջող էր թէ՛ որպէս թարգմանութիւն-պատշաճեցում եւ թէ՛ որպէս դերասանական խաղարկութիւն եւ մանաւանդ որպէս բեմադրութիւն։ ՊՐԱՒՕ՜։

