Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խմբագրական. Վասն Հայրենեաց Եւ Վասն Հաւատոյ

February 12, 2026
in Խմբագրական
0
Խմբագրական. Վասն Հայրենեաց Եւ Վասն Հաւատոյ

Մեր պատմութեան խտացումն է այս կարճ ու կտրուկ կարգախօսը:

Հազարամեակներէ այսօր երկարող հայու գոյապայքարին հոլովոյթը իր կռուանները ունեցած է հայրենիքն ու հաւատքը: Հողը՝ որպէս բնօրրան, հաւաքական օճախ ու անսակարկելի ժառանգութիւն, իսկ հաւատքը՝ որպէս խարիսխ հոգեմտաւոր ազատութեան, գաղափարական ու մշակութային ինքնութեան եւ մարդկութեան սեփական նկարագիրով ներկայանալու անձնագիր: Ի՛նչ փոյթ, պայմանները փոխուեցան յաճախ, հանգամանքները եղան տարբեր, անունները եւ վայրերը իրարմէ հեռու, ժամանակները իրարմէ անկապ, բայց մնացին էութիւնը, նպատակն ու խորքը՝ անյեղլի սկզբունքներով:

Այդ երկարաձիգ դարաշրջաններուն արձանագրուած եղելութեանց շարքին, Աւարայրի հերոսամարտը կը մնայ ամենացայտուն օրինակներէն մին՝ երբ հայրենիքի պաշտպանութեան գաղափարը եւ հաւատքի կառչածութիւնը հայը ազգովին մղեց մարտադաշտ՝ սանձելու անիրաւ բաղձանքը հակառակորդին: Տղմուտ գետին ափերը ականատեսն եղան հայու հաւաքական մկրտութեան: Այն մկրտութեան, որուն աւազանը ունէր նահատակներու նուիրական յորդահոս արիւնը՝ վասն հայրենեաց ու վասն հաւատոյ: Մէկանգամընդմիշտ հայը կը պատասխանէր պատմութեան բոլոր դահիճներուն, թէ զաւթիչին տէգն ու թուրը, քուրմն ու մոգը չեն կրնար դաւանափոխել հայը. չեն կրնար խլել թանկագինը եւ չեն կրնար ուծացնել ինքնատիպ ժողովուրդի մը ազգային-բարոյական նկարագիրը: Աւարայրի հերոսամարտը 451 թուականին էր, այո՛, սակայն ցայսօր ինչքա՜ն Աւարայրներ պատահեցան հայրենիքի զանազան ոստաններուն եւ շրջաններուն մէջ: Ինչքա՜ն տարաբնոյթ վտանգներ եկան սպառնալու մեր ազգային գոյութեան: Եկան անոնք անհատնում թափով, բայց ստացան նոյնպիսի հակահարուած՝ ինչպէս Վարդանանց խոյանքին ժամանակ: Քանզի, նահատակութենէն չսարսափող ժողովուրդ մը կրնայ կերտել ամէն տեսակի յաղթանակ: Եւ այդ յաղթանակին մղիչ ուժերը կը մնան հայրենիքն ու հաւատքը:

Աւարայրի ճակատամարտը, դուրս գալով զինեալ ընդհարում ըլլալու պարունակէն, հետզհետէ զգեցաւ աւելի լայն բովանդակութիւն՝ վերածուելով բազմիմաստ խորհրդանիշի մը՝ որպէս մշտակենդան օրինակ յաջորդական սերունդներու: Եւ անցան դարեր ու դարեր, երբ այդ ոգիով կոփուեցան եւ կերտուեցան սերունդներ՝ իրենց հերթին կոթողելով նոր Աւարայրներ: Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր նահատակեալ զինակիցներուն կերպարները եղան ցոլապատկերներ խիզախութեան, նուիրումի, մարտականութեան: Անոնք որ գերհզօր ուժերու դիմաց, գազազած փիղերու առջեւ եւ մերկաթուր ոսոխներու ընդառաջ հերոսաբար դիմաւորեցին մահը, ընդոտնեցին ահի սարսուռը՝ ինքնաբերաբար բացին ճանապարհը մեր ազգային երթին՝ ո՛չ մի նահանջ վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատոյ:

Այդ օրերուն, զաւթողական յոխորտանքով մոլեգնած էր պարսից արքայ Յազկերտը: Բռնապետը կ’ենթադրէր հեշտօրէն հասնիլ իր չար նպատակին՝ ձուլման ծրագիրին. սպաննելով հաւատքը հայուն՝ բարոյազրկել զայն եւ իւրացնել Հայաստանը իր բնակչութեամբ: Այսինքն՝ անդրանցնիլ «կարմիր գիծեր»ը մեր ազգային ինքնութեան: Ահա այստեղ է որ ծառացաւ ժողովուրդը եւ հետեւելով քաջալանջ Վարդան Սպարապետին, հայոց նախարարներուն եւ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն՝ Աւարայրի դաշտը ոռոգեց մարտիրոսներու արեամբ: Չընկրկեցաւ հայը: Չխոնարհեցաւ Հայաստանը:

Յազկերտէն առաջ եւ յատկապէս Յազկերտէն ետք ինչքա՜ն նմանատիպ մեծամիտներ փորձեցին կրկնել նոյն քաղաքականութիւնը: Տեսակաւոր այլազգիներ ցանկացան հիւսել նման դաւեր: Դիմեցին այլազան միջոցներու խորամանկօրէն: Սակայն նոր Աւարայրներով հայը մնաց փարած իր երկու անկողոպտելի արժէքներուն՝ հայրենիք ու հաւատք:

Ցեղասպանութիւն, սպիտակ ջարդ, ձուլում, Սարդարապատ եւ Արցախ ու Շուշի եղան նոր փորձաքարեր: Աւարայրի արծիւներուն ոգին սաւառնեցաւ բոլոր փորձութեանց ժամանակ: Նահատակներուն պատգամը անարձագանգ չմնաց: Իմացեալ մահով նորանուն հերոսներ գրեցին միւս Աւարայրներուն փայլուն էջերը: Հայրենիքի սահմաններու վրայ դիրքապահներ ինկան՝ իրենց երակներուն մէջ եռալով արիւնը Վարդաններու սերունդին:

Վերջինը՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, այն Աւարայրն էր, որուն ընթացքին նահատակուած հերոսներուն անունները պիտի գրուին 451-ին զոհուած հերոսներու կողքին: Տղմուտի փոխան՝ Վարանդան ու Ջրականն էին, Աւարայրի տեղ՝ Հադրութն ու Շուշին, Կովսականն ու Սանասարը: Նոր Աւարայրի մը ականատեսն եղանք փաստօրէն եւ տղաքը ինկան՝ վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատոյ…: Հին պատմութիւն մըն էր որ շարունակուեցաւ եւ պիտի շարունակուի տակաւին:

Վարդանանց սերունդին մէջ միայն ռազմական ընդվզումը չէ որ յատկանշական է: Երեւոյթին միւս երեսակը ազգային բարոյական արժեհամակարգն է, որուն այնքա՜ն կարիքն ունինք այս օրերուն: Ի՞նչ արժէք ունի զէնքի յաղթութիւնը երբ չկայ անոր ոգեկան ու բարոյական բովանդակութիւնը: Իրարու անքակտելիօրէն զօդուած յատկանիշեր են բազուկի եւ հաւատքի միասնութիւնը: Անտարակոյս, այս շաղախումէն ծնած սխրագործութեան արդիւնքն էր Վարդանանց հերոսապատումը, որ ամէն տարի կ’ոգեկոչենք, անգամ մը եւս վերասնուելու համար անկէ. վերապրի՛լ մեր պատմութեան այն պայծառ դրուագը, որ հայը քանդակեց՝ վրան գրուած՝ «վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատոյ»: «Իմացեալ մահ»ուան այս դաւանանքը եղաւ ու պիտի ըլլայ գրաւականը նորանոր Աւարայրներու:

Այսօրուան սերունդը ինքզինք առաւել ճանչնալու համար պիտի դիմէ Վարդանանց սերունդին, որ մահու եւ կենաց պահուն չվարանեցաւ իր պատեանէն հանելու թուրը եւ իր պատկանդարանէն նետը, ըսելու՝ պատրաստ ենք ցվերջ մաքառելու վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատոյ:

Այդ ուխտին վերանորոգման օրն է այսօր:

Share75Tweet47
Previous Post

Լուրեր. 12 Փետրուար 2026

Next Post

Վարդանանց Տօնին Առթիւ՝ Յիշելով Ծանօթ Ու Անծանօթ Վարդանները…

Next Post
Վարդանանց Տօնին Առթիւ՝ Յիշելով Ծանօթ Ու Անծանօթ Վարդանները…

Վարդանանց Տօնին Առթիւ՝ Յիշելով Ծանօթ Ու Անծանօթ Վարդանները…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.