Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 12 Փետրուար 2026

February 12, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 12 Փետրուար 2026

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՆՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժարի հետ Պաապտայի պալատին մէջ քննարկեց երկրին ապահովական ընդհանուր զարգացումները եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:

Նախագահը իր այցելուներուն հետ քննարկեց նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու նպատակով 5 Մարտին Փարիզի մէջ գումարուելիք ժողովին նախապատրաստութիւնները: Աուն անդրադարձաւ Թրիփոլիի մէջ վերջերս պատահած փլուզումներուն, առնչակից մարմիններէն պահանջելով ջանք չխնայել՝ կանխելու նման պատահարներու կրկնութիւնը:

 

ԹՐԻՓՈԼԻԷՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐՀԱՆՈՒՄ

Թրիփոլիի քաղաքապետ Ապտիւլ Համիտ Քարիմէ յայտնեց, որ անցնող օրերուն քաղաքի Քիպպէ շրջանին մէջ շէնքի փլուզումին լոյսին տակ, քաղաքապետութիւնը տարհանած է 83 ընտանիք, որոնք կը բնակին վտանգուած կառոյցներու մէջ, անոնց յատկացնել մէկ տարի տուն վարձելու հատուցում:

«Կայացուցինք կարեւոր որոշումներ՝ լուծելու համար վտանգուած շէնքերուն խնդիրը, աջակցութեամբ առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն», ըսաւ քաղաքապետը, վերստին կոչ ուղղելով աջակցելու քաղաքին եւ բնակչութեան: Յիշեցնենք, որ շէնքի փլուզումին հետեւանքով զոհուած էր առնուազն 9 մարդ:

 

ԽՈՒԶԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ՊԵՔԱԱՅԻ ԵՒ ԱՔՔԱՐԻ ՄԷՋ

Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ շարք մը խուզարկումներ կատարած է Պեքաայի հիւսիսային Պուատի եւ Աքքարի Պըպնին շրջաններուն մէջ, ուր ձերբակալուած են հետապնդումի ենթակայ երկու քաղաքացիներ եւ գրաւուած են թմրանիւթերու արտադրութեան համար գործածուող սարքեր:

 

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս կնոջ՝ Ուշայի եւ զաւակներուն հետ Կիրակի օր այցելեց Հայաստան, ուր տեսակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացումը, տարածաշրջանային խնդիրները լուծելու ջանքերը, TRIPP ծրագրին մանրամասնութիւնները եւ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը:

Փաշինեան եւ Վենս ստորագրեցին «Հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով գործածութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը: Մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին, վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ նշանակալի յառաջընթաց արձանագրուած է հայ-ամերիկեան ռազմական եւ պաշտպանական գործընկերութեան ոլորտին մէջ: «Որպէս շարունակութիւն անվտանգային երկարամեայ համագործակցութեան եւ «Արծիւ գործընկեր» զինավարժութիւններուն, Հայաստան Միացեալ Նահանգներէն գնած է «V-BAT» տեսակի անօդաչու սարքեր», յայտնեց Փաշինեան: Վենս, իր կարգին, հպարտութեամբ յայտարարեց հիւլէական ուժանիւթի ոլորտին մէջ բանակցութիւնները աւարտելու մասին, աւելցնելով որ «երբ ծրագիրը ամբողջութեամբ հաստատուի, ճամբայ պիտի հարթէ հայկական եւ ամերիկեան ընկերութիւններու համար՝ կնքելու քաղաքացիական հիւլէական նախագիծերու վերաբերեալ համաձայնութիւններ: Այդ կը նշանակէ հինգ միլիառ տոլարի ամերիկեան սկզբնական արտահանում, առաւել չորս միլիառ տոլարի երկարաժամկէտ աջակցութիւն վառելիքի եւ սպասարկումի պայմանագրերու միջոցաւ»: Անոր համաձայն, Հայաստան այն քիչ երկիրներէն մէկն է, ուր ամերիկացիները բաւական վստահութիւն ունին այս մակարդակի ներդրումներ կատարելու եւ այս տեսակի արհեստագիտութիւն ուղարկելու: Այս տեղի կ’ունենայ վարչապետին ղեկավարութեան շնորհիւ», նշեց ամերիկացի փոխնախագահը:

 

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը վերահաստատեց, որ եպիսկոպոսներու ժողովը տեղի պիտի ունենայ իր որոշուած թուականին՝ 16-19 Փետրուարին: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, կաթողիկոսը վերահաստատեց Աւստրիոյ մէջ գումարուելիք ժողովին թուականը, անուղղակիօրէն պատասխանելով ժողովի յետաձգումին մասին անցնող օրերուն տարածուած տեղեկութիւններուն:

Միաժամանակ հաղորդուեցաւ, որ երկրէն դուրս գալու արգելքի ենթակայ եպիսկոպոսները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ժողովին մասնակցելու հեռակայ կարգով:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐԸ

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական  յանձնաժողովը հրապարակեց 7 Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող ժամկէտերը: Յանձնաժողովը յայտարարեց, որ ընտրութեան մասնակցող կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն փաստաթուղթերու ներկայացումը պիտի կատարուի 13-23 Ապրիլին, իսկ ընտրացանկերու գրանցումը՝ 23 Ապրիլէն 3 Մայիս, որմէ ետք՝ 8 Մայիսին կը սկսի նախընտրական քարոզչութիւնը եւ կը շարունակուի մինչեւ 5 Յունիս:

 

ԹՐՔԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆ

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն յայտարարեցին, որ Turkish Airlines օդանաւային ընկերութիւնը 11 Մարտէն սկսեալ թռիչքներ պիտի կատարէ դէպի Երեւան: Իսթանպուլ-Երեւան-Իսթանպուլ երթուղիով թռիչքները պիտի կատարուին ամէն օր, Մայիս 14-էն սկսեալ թռիչքներուն թիւը պիտի հասնի շաբաթական 10-ի, իսկ 15 Յունիսէն սկսեալ՝ 14-ի:

Share63Tweet40
Previous Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. «Հաճըն» Պարային Անսամպլի Պատմութիւնը

Next Post

Խմբագրական. Վասն Հայրենեաց Եւ Վասն Հաւատոյ

Next Post
Խմբագրական. Վասն Հայրենեաց Եւ Վասն Հաւատոյ

Խմբագրական. Վասն Հայրենեաց Եւ Վասն Հաւատոյ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.