2 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ կայացաւ «Հայկական սփիւռքներու» նուիրուած համաժողով։
Հունգարիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ համախմբուած 17 երկիրներու ներկայացուցիչներէն իւրաքանչիւրը զեկուցեցին իրենց համայնքները յուզող հարցերը։
Լիբանանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր։

Գերպծռ. Մաշտոց շեշտը դրաւ Լիբանանի եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող քաղաքական անկայուն եւ անբարենպաստ պայմաններուն վրայ, նաեւ ծայրայեղական իսլամիստներու ահաբեկչական գործողութիւններուն ստեղծած ահ ու սարսափին, որոնց հետեւանքով քրիստոնեայ եւ հայ քաղաքացիները տուայտանքի մէջ խարխափած կը լքեն երկիրը եւ կը գաղթեն համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր։
Գերպծռ. Մաշտոց Զահթէրեան իր խօսքի աւարտին աղերսանօք դիմեց համաժողովը կազմակերպողներուն, որ անյապաղ օգնութեան ձեռք մեկնեն Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ հաստատուած քրիստոնեաներուն, որպէսզի գէթ մնացած փոքրաթիւ հատուածը եւս չլքէ տարածքը, որ եղած է քրիստոնեաներու բնօրրան եւ չամայանայ տարածաշրջանը իր տեղաբնիկներէն եւ քրիստոնէական հոգեւոր կառոյցներու մէջ միշտ մատակարարուին խորհուրդները եւ միշտ եկեղեցւոյ կոչնակները ղօղանջեն` աւետելով Սուրբ Պատարագի ժամը։

