Միջազգային մարզական յաջողութիւններ արձանագրած լիբանանցի մարզիկները խրախուսելու իր շարունակական ջանքերուն ծիրին մէջ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար դոկտ. Նորա Պայրաքտարեանը ընդունեց եւ պարգեւատրեց տարբեր մարզական ֆետերասիոններու մարզիկներ, միջազգային մրցավարներ եւ միջազգային մարզիչներ։
Նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուեցան եօթը ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներ՝ հեծանուավազք, խառն մարտարուեստ, Մուայ Թայ, Թեքուանտօ, Ճիւտօ, Սուսերամարտ եւ Պատմինթոն մարզաձեւերէն։

Պարգեւատրուածներուն շարքին էր նաեւ Մուայ Թայ մարզաձեւի պրոնզէ մետալակիր Ծովակ Քէօշկէրեանը։
Թէեւ որոշ ուշացումով, Լիբանանի արժանաւոր մարզիկները արժանացան երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարուհիին բարեխիղճ ուշադրութեան եւ գնահատանքին՝ միջազգային հարթակներու վրայ անոնց արձանագրած յաջողութիւններուն համար։
Պարգեւատրուած մարզուհիներն ու մարզիկները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին նախարարութեան այս նախաձեռնութեան համար՝ զայն նկատելով ապագայ մարզական նորանոր նուաճումները խթանող կարեւոր քայլ։

