ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ հայ համայնքը, 19 Դեկտեմբերին, սահմանադրական աւանդական քուէարկութեամբ ընտրած է իր նոր Թեմական ժողովը։ Քուէարկելու իրաւունք ունեցող 149 հայորդիներէն մասնակցեր են լոկ 47 հոգի…։ Գաղութին թիւին տարապայման նօսրացումին որպէս հետեւանք՝ այս անգամ 24 անդամի փոխարէն Թեմական ժողովը կազմուեր է միայն 12 հոգիէ, որոնց մէջ կան երեք կիներ։ Թեմականի ընտրական դրութիւնը կը կիրարկուի յատուկ կանոնագիրի մը համաձայն, որ կը վայելէ պետական ճանաչում եւ վաւերացում, 1948-էն իվեր։ Նորընտիր Թեմական ժողովը իր անդրանիկ նիստը գումարած է 29 Դեկտեմբերին, ընտրելով իր դիւանը (ատենապետ՝ Հրայր Մարտիկեան), նաեւ՝ յառաջացնելով հնգանդամ նոր Քաղաքական ժողով, ատենապետութեամբ Տիգրան Ալեքսանեանի։ Աղեքսանդրիոյ մէջ ցայսօր կը գործէ Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, իսկ Ազգ. Պօղոսեան վարժարանը փակուած է 2020-ին։ Կան նաեւ քանի մը կանգուն միութիւններ, ինչպէս՝ «Տիգրան Երկաթ»-ը, «Յառաջդիմասէր»-ն ու «Հ.Մ.Ը.Մ.-Կամք» մարզական ակումբը, անշուշտ՝ սահմանափակ ու ինքնամփոփ գործունէութեամբ։
ԳԱՀԻՐԷԻ ղպտիներու Ս. Մարկոս տաճարին մէջ, 20 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցած է Արեւելեան Ուղղափառ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու հերթական միացեալ Ս. Պատարագը, որուն, ղպտի, ասորի, եթովպական ու էրիթերիական եկեղեցիներու կողքին՝ մասնակցած է նաեւ Հայց. Առաք. եկեղեցին։

Մասնակից իւրաքանչիւր եկեղեցի իր մայրենի լեզուով ու հարազատ երգեցողութեամբ բաժին վերցուցած է պատարագին մէջ։ Հայ եկեղեցին ներկայացուցած է Ղուկաս աբղ. Հոխանեան։ Հայկական եկեղեցական երգեցողութիւնները կատարած է Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, Միհրան Ղազէլեանի խմբավարութեամբ։
ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ «Պլըքտանեան» սրահին մէջ, 27 Դեկտեմբերին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Ծիածան» մանկական երգչախումբը սարքած է ամանորեան սիրուն համերգ մը։ Ամբողջ յայտագիրը ձօնուած է հայաստանցի երգիչ-յօրինող Ռուբէն Հախվերդեանի ծննդեան 75-ամեակին։ Առ այդ, փոքրիկները իրենց թովիչ ձայնով երգած են Հախվերդեանի յօրինած «0-100 տարեկան մանուկներուն համար» խորագրեալ խտասալիկին (2008) մանկական երգերը, խմբավարութեամբ Գոհար Ղազէլեանի։

Փակման խօսքը արտասաներ է միութեան Գահիրէի մասնաճիւղի ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեան։ Բեմ բարձրացած «Ծիածան»-ի փոքրիկներուն ընդհանուր թիւը այս տարի հասեր է 41-ի։
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ «Ալ Ուասաիքիյա» («Վաւերագրական») կայանը, 26 Դեկտեմբերին, ցուցադրած է եգիպտահայութեան մասին նոր վաւերագրական ֆիլմ մը, «Ալ արման ֆի Մասր» («Հայերը Եգիպտոսի մէջ») անունով։ 35 վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմը ամբողջովին տեղական արաբական պատրաստութիւն է՝ իբրեւ ուսումնասիրութիւն, արխիւային աշխատանք, տողատակի անգլերէն թարգմանութիւն, պատկերահանում, երաժշտական ընկերակցութիւն, արտադրութիւն եւ այլն։ Սակայն հոն երեւցող, պատմող, խօսող անհատները եգիպտահայեր են, ընդհանրապէս՝ գաղութային ծանօթ դէմքեր։ Ֆիլմին խօսնակն է Ալի Սապէթ, որ վերոնշեալ կայանի գիտական պատասխանատուն է։
ԳԱՀԻՐԷԻ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 6 Յունուարին, Ս. Ծննդեան պատարագ մատուցած է եգիպտահայոց առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան։ Հաւատացեալներու առընթեր՝ արարողութեանց ներկայ եղած են երկրի նախագահին, վարչապետին ու կրօնական կալուածոց նախարարին ներկայացուցիչները, նաեւ՝ Ղպտի եկեղեցիէն հոգեւորականներ։

Հայկական պատարագը ուղղակի սփռուած է Գահիրէի հայկական ռատիոկայանէն, անկէ որոշ հատուածներ ալ՝ Ղպտի եկեղեցւոյ արբանեակային հեռատեսիլէն։ Ս. Պատարագի աւարտին՝ եկեղեցական թափօրը ուղղուած է ազգ. առաջնորդարան, ուր կատարուած է այս տարուան առաջին տնօրհնէքը։
ԳԱՀԻՐԷԻ «Ջահակիր» երկշաբաթաթերթի խմբագիր Հայկ Աւագեան իր թերթին էջերուն մէջ սկսած է լոյս ընծայել եգիպտահայոց առաջին լրագիրին՝ «Արմաւենի»-ի հիմնադրութեան ու պատմութեան առնչուած շահեկան յօդուածաշարք մը։ «Արմաւենի»-ն եղած է կիսամսեայ թերթ մը, խմբագիր ունենալով Աբրահամ Մուրատեանը։

Սակայն անկէ լոյս ընծայուած է ընդամէնը քանի մը թիւ (1865)։ Յօդուածին նիւթը սերտօրէն առնչուած է եգիպտահայոց այդ շրջանի առաջնորդական փոխանորդ Մկրտիչ արք. Քէֆսիզեանի (հետագային՝ Սիսի կաթողիկոս), քանի ա՛ն է որ մտայղացած է թերթ մը հրատարակելու գաղափարը ու զօրակցած է ատոր իրականացումին։
ԳԱՀԻՐԷԻ «Ջահակիր» երկշաբաթաթերթը կը յայտնէ, որ վերջերս կայացած եգիպտական գիրքի միջազգային տօնավաճառին (21 Յունուար – 3 Փետրուար) ցուցադրուած ու վաճառքի հանուած է Եագուպ Արթին փաշայի գրական մէկ գործին արաբերէն նոր թարգմանութիւնը։ Գիրքը կը կոչուի «Նեղոսի հովիտի ժողովրդական հեքիաթները», արաբերէնի թարգմանուած՝ Ռաշա Մաճէտի կողմէ։

Կը նշուի, որ Եագուպ փաշան այս գիրքը գրած էր ֆրանսերէնով ու հրատարակած Փարիզ, 1895-ին։ Հիմա անիկա կը հրամցուի արաբերէնով, որ մէկտեղուած հեքիաթներուն մայր լեզուն է։ Նշենք, որ Եագուպ Արթին փաշա (1842-1918) պետական կարեւոր պաշտօններ վարած է Եգիպտոսի մէջ։ 22 տարի տեւաբար (1884-1906) եղած է երկրին կրթական փոխնախարարը։ Քաջ ֆրանսագէտ էր ու զաւակն էր Արթին պէյ Չրաքեանի։
ԳԱՀԻՐԷԻ գիրքի միջազգային տօնավաճառին հանրութեան ներկայացուած է արաբերէն նորատիպ այլ գիրք մը եւս, որ մասամբ կ՛առնչուի Հայաստանի ու անոր խոհանոցին։ Հատորը կը կոչուի «Ջուրջխիլա եւ այլ պատմութիւններ. կովկասեան լեռներու ճաշասեղանը»։ Հեղինակը եգիպտացի լրագրողուհի մըն է, Հայտի Ֆարուք, որ հիմնուելով 2019-ին ու 2022-ին դէպի Վրաստան ու Հայաստան կատարած իր զբօսաշրջական ճամբորդութեանց անձնական փորձառութեան վրայ՝ ներկայացուցած է դրացի այս երկու երկիրներու իւրայատուկ ճաշատեսակները, իրենց եզակի համեմներով ու բաղադրութիւններով։

Ան իր գիրքը օժտած է կովկասեան աշխարհագրութեան եւ բնութեան գեղեցիկ նկարագրութիւններով ալ։ Ըստ հեղինակուհիին՝ Կովկասի մէջ ճաշասեղաններէն բարձրացող բոյրը ընդելուզուած է պատմութեան, աշխարհագրութեան, երաժշտութեան ու քերթողութեան հետ…։

