Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 7 Փետրուար 2026

February 7, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 7 Փետրուար 2026

ԼԻԲԱՆԱՆ-ՍՈՒՐԻԱ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի փոխվարչապետ Թարէք Միթրի եւ Սուրիոյ արդարադատութեան նախարար Մազհար էլ-Ուէյս երէկ վարչապետարանին մէջ ստորագրեցին դատապարտուած բանտարկեալներ փոխանակելու համաձայնութիւն մը, ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, արդարադատութեան նախարար Ատէլ Նասսարին եւ սուրիական պատուիրակութեան:

Համաձայնութեան հիման վրայ, Լ

իբանանի մէջ բանտարկուած շուրջ երեք հարիւր սուրիացիներ կը վերադառնան հայրենիք՝ պատիժը այնտեղ շարունակելու նպատակով: Ըստ Միթրիի, համաձայնութեան գործադրութիւնը կը սկսի այսօր առաւօտեան:

 

ՀԱՅՔԱԼ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ 

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ 2-5 Փետրուարին այցելած է Միացեալ Նահանգներ, ընդառաջելով ամերիկեան հրաւէրի մը: Ան ունեցած է շարք մը բարձրաստիճան տեսակցութիւններ՝ զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, քննարկելու համար լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի ապահովական եւ զինուորական համագործակցութիւնը, հարաւի կացութիւնը, տարածաշրջանային զարգացումները եւ միջազգային գործընկերներու հետ կապերու զարգացումը: Զօրավար Հայքալ ժողովներուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկեան կողմին եւ դրուատած անոր ջանքերը՝ լիբանանեան բանակին հնարաւորութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ: Ամերիկեան կողմը, իր կարգին, ողջունած է լիբանանեան բանակին գործունէութիւնը եւ միջազգային որոշումներու գործադրութեան ուղղութեամբ անոր թափած ջանքերը:

 

ԶԷՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆ ՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Գերմանիոյ դեսպանին՝ քննարկելու համար երկկողմանի կապերը եւ հարաւի մէջ տիրող կացութիւնը: Աուն  նշեց, որ Լիբանան կ’ողջունէ 2028-ին, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի գործունէութեան աւարտէն ետք, Լիբանանի մէջ գերմանական ծովուժին խաղաղապահ առաքելութեան շարունակութիւնը:

Ան նշեց, որ իրենց խաղաղապահներուն լիբանանեան տեղակայումը շարունակել փափաքող պետութիւններուն հետ կը քննարկէ հնարաւոր միջոցները: Աուն շեշտեց, որ Իսրայէլ չէ յարգած զինադադարի համաձայնութիւնը եւ կը շարունակէ թշնամական արարքները լիբանանեան գիւղերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կ’ընդարձակէ գործողութիւնները Պեքաայի մէջ, միաժամանակ  ազատ չարձակելով գերիները եւ չնահանջելով սահմանային բռնագրաւեալ շրջաններէն: «Բանակը ամբողջացուցած է տեղակայումը հարաւի մէջ, բացի բռնագրաւեալ հատուածներէն եւ շարունակած է Հըզպալլայի զինամթերանոցները գրաւելու աշխատանքը: Զէնքի մենաշնորհի որոշումը կայացուած է Լիբանանի մէջ եւ անոր գործադրութիւնը աստիճանաբար կը շարունակուի, միշտ ի մտի ունենալով Լիբանանի ներքին խաղաղութիւնը պահպանելու հրամայականը», ըսաւ Աուն:

 

ԺԱՆ ՆՈՒԷԼ ՊԱՐՕ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան Նուէլ Պարօ Պէյրութի մէջ քննարկումներ կ’ունենայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ՝ քննարկելու հարաւի վիճակը եւ լիբանանեան բանակին հնարաւորութիւնները ամրապնդելու միջոցները:

Պարօ շեշտեց Հըզպալլան զինաթափելու առաքելութիւնը ամբողջացնելու համար լիբանանեան բանակին աջակցելու կարեւորութիւնը: Պէյրութի մէջ, Պարօ նախ տեսակցեցաւ խորրհդարանի նախագահ Նըպիհ Պըրրիի հետ, ապա դրական որակեց Այն Թինէի մէջ եղած խորհրդակցութիւնը:

 

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԸՆԴՈՒՆԱ՞Ծ Է ՍԱՖԱՅԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլա ընդունած է է իր կապի եւ համագործակցութեան կառոյցի ղեկավար Ուաֆիք Սաֆայի հրաժարականը, զայն համարելով կուսակցութեան մէջ նման բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը առաջին հրաժարականը: Այսուհանդերձ, Հըզպալլա տակաւին պաշտօնապէս յայտարարութիւն չէ կատարած Սաֆայի հեռացումին մասին:

 

ՕՄԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Որպէս Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները վերսկսելու գործանական քայլ, Օմանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ ներկայութեամբ երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն եւ միջնորդներու: Ժողովին ընթացքին բոլոր մասնակիցները համաձայնեցան շարունակել խորհրդակցութիւնները՝ լուծումի յանգելու եւ պատերազմի վտանգը տարածաշրջանէն հեռացնելու շուրջ:

Օմանի սուլթանութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ շատ լուրջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն միջեւ: «Անհրաժեշտ էր յստակացնել բոլոր կողմերուն դիրքորոշումները եւ ճշդել հնարաւոր յառաջընթացի միջոցները», նշուեցաւ Օմանի յայտարարութեան մէջ, աւելցնելով որ յարմար պահուն պիտի գումարուի բանակցային երկրորդ հանդիպում եւ քննարկումները մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան պիտի արժանանան Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի մէջ: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի իր կարգին նշեց, որ Մասքաթի քննարկումներուն ընթացքին յստակ նշում կատարած են Իրանի շահերը պահպանելու որոշումին: «Իրավիճակը դրական էր եւ որոշեցինք շարունակել բանակցութիւնները», ըսաւ Արաղճի:

 

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ

Սուրիոյ «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ զինեալ ապօրինի կազմակերպութիւններ հրասանդներով յարձակում գործած են հարաւային Սուէյտա գաւառի Մազրաա գիւղին ուղղութեամբ, երեք վիրաւոր պատճառելով ապահովական ուժերու շարքերէն: Յիշեցնենք, որ Սուէյտան անցնող ամիսներուն ականատես դարձած էր սուրիական ուժերուն եւ տեղի տիւրզի զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բախումներու:

 

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ ցաւ յայտնեց, որ Արցախի առաջնորդները Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուած են կեղծ դատավարութեամբ: «Այս կեղծ դատավարութեան եւ Արցախի  մէջ ցեղային զտումներու լոյսին տակ, Եւրոմիութեան յանձնաժողովը չէր կրնար շարունակել անտեսել Պաքուի կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները՝ արժէքազրկուած քարիւղ ստանալու համար», ըսաւ Օքամփօ:

Արցախի Ազգային ժողովը յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ հայազգի ռազմագերիներուն նկատմամբ իրականացուած ցուցադրական դատավարութիւններուն եւ արձակուած դատավճիռներուն: Ազգային ժողովը խստօրէն դատապարտեց շինծու մեղադրանքներն ու անոնց հիման վրայ արձակուած դատավճիռները, տեղի ունեցածը համարելով պետական ահաբեկչութիւն եւ քաղաքական հաշուեյարդար: Յայտարարութիւնը դիտել տուաւ, որ ձեւական դատավարութիւնները շարունակութիւն են Արցախի դէմ 2020-ին սանձազերծուած պատերազմին եւ 2023-ի ցեղային զտումներուն, որոնք միջազգային կարգերով կը համարուին մարդկութեան դէմ ոճիրներ: «Անընդունելի եւ դատապարտելի է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն շարունակական անգործութիւնն ու անտարբերութիւնը հայրենակիցներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքական կարճատեսութիւնը, որովհետեւ այս շինծու մեղադրանքներով կը ձեւաւորուին Հայաստանի դէմ ապագային ներկայացուելիք մեղադրանքներու հիմքեր՝ որպէս ահաբեկչութիւնը խրախուսած պետութիւն», նշուեցաւ արցախեան յայտարարութեան մէջ:

 

ԱՌԵՒՏՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԽԹԱՆՈՒՄ

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յստակացուց, որ Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան հեղուկ կազ տարանցելու հնարաւորութիւնը բաց է, եւ ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւնները իրենք կ’որոշեն օգտուիլ առիթէն, թէ ոչ: Ան յայտնեց նաեւ, որ հայկական կողմը Ատրպէյճանի հետ կը բանակցի երկու առարկայի շուրջ, որպէսզի տրուի զանոնք եւս ներմուծելու հնարաւորութիւն:

Պապոյեան շեշտեց, որ բանակցութեան առարկայ հանդիսացող նիւթերուն մասին չեն յայտարարեր, որպէսզի հարցը չենթարկուի յաւելեալ ճնշումի: Պապոյեան շատ լաւ համարեց, որ Երեւան այժմ հնարաւորութիւն ունի վերաբանալու սահմանը իր տնտեսապէս մեծագոյն հարեւան Թուրքիոյ հետ: Ան չնշեց յստակ թուականներ, սակայն յիշեցուց, որ սահմանային Մարգարայի անցակէտը եւ կամուրջը արժմ լիարժէք պատրաստ են բացումի, այնտեղ  կազմակերպուած են սահմանապահ ծառայութիւններուն եւ մաքսային տնօրինումի բոլոր պայմանները:

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ 7 ՅՈՒՆԻՍԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ 7 Յունիսը ճշդեց որպէս Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու կայացումի թուական: Նշենք, որ այս տարուայ ընտրութիւններուն Հայաստանի զանազան ընտրատարածքներու մէջ կը սպասուի սուր պայքար՝ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր շարք մը կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու միջեւ:

 

ԳԻՆԻԻ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒՄԻ ԱՃ

Աշխարհի մէջ մարդիկ սկսած են աւելի քիչ գինի խմել, սակայն հայկական գինիի արտահանումը կ’ընթանայ ոչ միայն դրական, այլեւ աճող ծաւալով: Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան դիտել տուաւ, որ 2024-25 տարիներուն Հայաստանէն գինիի արտահանումին գումարային աճը հասած է 13 առ հարիւրի: «Միջազգային շուկաներուն մէջ գինիի սպառումը ընդհանուր առմամբ անկում ապրած է, սակայն հայկական գինիի արտահանումը կը շարունակէ աճիլ: Այս կը նշանակէ, որ մենք կարող ենք աւելի շատ վաճառել մեր գինին», աւետեց Պապոյեան:

CREATOR: gd-jpeg v1.0 (using IJG JPEG v62), quality = 30

Նախարարին հաւաստիացումով, գինիի արտահանումին աճին զուգահեռ շարունակաբար կը զարգանայ նաեւ գինիի զբօսաշրջութիւնը, ուստի, կառավարութիւնը կը ծրագրէ քանի մը տասնեակ միլիոն դրամի ներդրումներ կատարել Եղեգիս եւ Արենի բնակավայրերուն մէջ, ուր գոյութիւն ունի գինիի արտադրութիւն, որպէսզի օտարազգիները ոչ միայն հայկական գինի գնեն, այլեւ գինի խմելու համար ալ զբօսաշրջութեան գան Հայաստան:

Share64Tweet40
Previous Post

Շաբաթ Օր՝ «Էլ Լիուա Սայտա» Ընդդէմ Հ.Մ.Մ.

Next Post

Ձայներ Գահիրէէն – 2 (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Գահիրէէն – 2 (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

Ձայներ Գահիրէէն - 2 (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.