ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի մէջ ունեցաւ շարք մը տեսակցութիւններ, որոնց ընթացքին վերահաստատեց խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց որոշուած թուականին կազմակերպելու հրամայականը: Աուն նաեւ վստահեցուց, որ նախապատրաստութիւնները կը շարունակուին՝ վերաբանալու Աքքարի մէջ գտնուող Քլէյաաթի օդակայանը, զայն համարելով շրջանի բարգաւաճումին թափ տուող կարեւոր քայլ մը:

Երէկ Պաապտայի պալատ այցելեց Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր զարգացումները, մասնաւորաբար կեդրոնանալով հարաւի վիճակին վրայ: Ռաատ ժողովէն ետք յայտնեց, որ Հըզպալլա յանձնառու կը մնայ երկրին մէջ միասնականութեան մթնոլորտի ձեւաւորումին, աւելցնելով որ իսրայէլեան բռնագրաւումէն ձերբազատումը պէտք չէ գործածուի որպէս ներքին քաղաքական խաղերու առարկայ:
ԱՆՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան հաստատումի մասին բոլոր խօսքերը անտրամաբանական են, այնքան ատեն որ լիբանանեան հողային տարածքներ բռնագրաւուած են իսրայէլեան ուժերուն կողմէ եւ կը շարունակուին Լիբանանի գերիշխանութեան ամէնօրեայ ոտնձգութիւնները:
ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ
Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը պատգամ մը յղեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունին, որուն մէջ յայտնեց, թէ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, խնդրելով որ ամրապնդուի նախագահ Աունին քայլերը՝ յանուն լիբանանցիներու բարօրութեան: Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին իր յղած պատգամին մէջ, պապը շեշտեց, որ Լիբանան կը մնայ քաջութեան վառ օրինակ մը, ժողովուրդին կոչ ուղղելով միասնաբար աշխատանք տանելու՝ խաղաղութեան մշակոյթը պահպանելու:
ԴԵՍՊԱՆ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻՆ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԵՐԸ
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահութիւնը յայտարարեց, որ նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունած է Լիբանանի մէջ շարք մը երկիրներու նորանշանակ դեսպաններ՝ ստանալու անոնց դիւանագիտական ծառայութեան վերաբերող հաւատարմագրերը:

Ըստ յայտարարութեան, Աունին հետ տեսակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանը, ինչպէս նաեւ Ֆիլիփինի, Ճափոնի եւ Մոլտովայի դեսպանները: Նախագահը անոնց մաղթած է բարեյաջող առաքելութիւն:
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուած յարաբերութիւնները օր ըստ օրէ ականատես կը դառնան վերիվայրումներու: Նախագահ Տոնըլտ Թրամփի կողմէ արձակուած խիստ սպառնալիքներէն օրեր անց, բանակցային ընտրանքը դարձեալ վերադարձաւ հրապարակ եւ աշխարհը սկսաւ խօսիլ համաձայնութեան հնարաւորութեան մասին: Այսուհանդերձ, Ուաշինկթըն երէկ Իրանին տեղեկացուցած է, որ կը մերժէ փոխել բանակցային յաջորդ հանդիպումին վայրն ու թուականը: Ամերիկեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, վարչակազմը կառչած կը մնայ Ուրբաթ օր բանակցային նիստերու մեկնարկին եւ կը զգուշացնէ, թէ որեւէ փոփոխութիւն կամ բանակցային տրամադրութենէ հրաժարում պիտի տապալէ դիւանագիտական ուղեգիծը եւ նախագահ Թրամփը մղէ ռազմական հարուածի:
ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈ3 ՄԷՋ

Ամերիկեան բանակներու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Պրէտ Քուփըր յայտնեց, որ օդուժը Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ հինգ հարուած ուղղած է «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան զինեալներուն:
«ԶԱՅԷՏ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿ ԵՐԿՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ
Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ զգալի յառաջընթացին հերթական ապացոյցը երէկ Ապու Տապիի մէջ էր, ուր երկու երկիրներուն առաջնորդները ստացան Զայէտի անուան մարդկային եղբայրութեան 2026-ի մրցանակը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին մէջ ունեցան առանձնազրոյց, ինչպէս նաեւ տեղացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ խորհրդակցութիւններ:

Մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան ընթացքին Փաշինեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ վերջին 40 տարիներուն ընթացքին երբեք կարելի չէր խաղաղութիւն, Հայաստան եւ Ատրպէյճան բառերը տեսնել միասին: «Ահա թէ ինչու 2025-ին տեղի ունեցածը եւ այսօր շարունակուողը կը համարուի անհաւանական զարգացում», ըսաւ Փաշինեան: Ան Ապու Տապիի մէջ կայացած արարողութիւնը համարեց Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ հակամարտութեան էջի փակում, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան դրսեւորում: «Թէեւ մրցանակը կը տրուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն, բայց ան խորքին մէջ կը պատկանի երկու ժողովուրդներուն», ըսաւ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ անհաւատալի բաներ տեղի կ’ունենան, երբ կայ հաւատք, նուիրուածութիւն, տեսլական եւ իմաստութիւն: «Երկու երկիրները հասկցան, որ հակամարտութիւնը պէտք է դադրեցուի հիմա, այլապէս երբեք պիտի չդադրի՝ պատճառելով նորանոր տառապանքներ երկու ժողովուրդներուն համար», յայտնեց Հայաստանի վարչապետը: Ատրպէյճանի նախագահը իր կարգին յայտնեց, թէ որպէս շարունակութիւն Երեւանի հետ վեց ամիս առաջ սկսած շփումներուն, Պաքու այժմ կ’ընդլայնէ առեւտրային կապերը Հայաստանի հետ: «Իմ հայ գործընկերոջ հետ տեսակցութեան ընթացքին քննարկեցինք երկկողմանի յաջորդ քայլերը: Մենք նպաստած ենք յարաբերութիւններու զարգացումին, ոչ միայն վերացուցած ենք Ատրպէյճանէն Հայաստան մատակարարումի սահմանափակումները, այլեւ ընդլայնած ենք համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ այսպիսով վերջ կը դրուի երկար տեւած հակամարտութեան: Յիշեցնենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն նախաձեռնած «Զայէտ» մրցանակը կը շնորհուի այն առաջնորդներուն, որոնք էական ներդրում կ’ունենան երկխօսութեան ամրապնդումի գործին մէջ: Նոյն ծիրին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան շեշտեց, որ խաղաղութենէն աւելի արժանապատիւ բան չկայ, ուստի պէտք է տէր կանգնիլ այդ խաղաղութեան:
ՓԱՅԼԱՆ. «ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՄՕՏԱԼՈՒՏ Է»
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի նախկին անդամ Կարօ Փայլան համոզում յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ կարողութիւն ունի միջեւ Յունիս յաջողցնելու հայ-թրքական կարգաւորումը եւ սահմանի վերաբացումը: Յիշեցնելով, որ Թրամփ կը հպարտանայ անլուծելի 8 հակամարտութիւն կարգաւորելու մասին, Փայլան կարծիք յայտնեց, որ անոնցմէ միայն հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնն է, որ իրապէս լուծումի հնարաւորութիւն ունի, որովհետեւ տարածքային վէճը արդէն ողբերգականօրէն լուծուած էր 2023-ին Արցախի ամբողջական բռնագրաւումով:

«Թրամփին տեսութիւնը այն է, որ առեւտրային տրամաբանութիւնը, տնտեսկան խթանները եւ ենթակառոյցները կրնան յաջողութեան հասնիլ այնտեղ, ուր աւանդական դիւանագիտութիւնը կանգ առած է: Այս տեսութիւնը կը տարածեն ոչ թէ դիւանագէտները, այլ առեւտրային մտածողութիւն ունեցող դեսպանները», ըսաւ Փայլան: Ան համոզում յայտնեց, որ հայ-թրքական սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար պիտի բացուի Մարտին: Նախկին երեսփոխանը նշեց նաեւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթի տեւողութիւնը կախեալ է Թուրքիոյ ձեռնարկած քայլերէն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի բանացնաց Սերժիօ Կոր վստահեցուց, որ հայ-ատրպէյճանական TRIPP նախագիծը այժմ հնարաւորութիւն ունի գործադրութեան՝ յանուն կայուն խաղաղութեան պահպանումին:
ՄԻԱՁԱՅՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Ֆրանսայի ծերակոյտը միաձայն կողմ քուէարկեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը պահանջող բանաձեւին: Ժողովին ներկայ եղած 183 ծերակուտականները համաձայնեցան նախագիծին:
14 Յունուարին Պաքուի բանտէն ազատ արձակուած եւ Հայաստան վերադարձած լիբանանահայ Վիգէն Էօլճէքեանի առողջական վիճակը կը վատթարանայ: Այդ մասին հայրենի News.am կայքին հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց կինը՝ Լինտան: Անոր խօսքով, Վիգէնին վիճակը շատ մտահոգիչ է, թէեւ նախարարութիւնը եւ «Նայիրի» բժշկական կեդրոնը կը հոգան բուժումին ծախսերը: Ան սակայն դժգոհեցաւ ապրուստի պայմաններէն, նշելով որ ընկերային օժանդակութիւն չեն ստանար, իսկ տունը մէկ ամիսով իրենց համար վարձած են խումբ մը ընկերներ:

