Սրտի խոր կսկիծով կը հաղորդենք, որ ազգային միութենական եւ կուսակցական կեանքը կը շարունակէ ծանր կորուստներ արձանագրել։ Իրարմէ ընդամէնը վեց օրուայ տարբերութեամբ, մահացան երկու նուիրեալ դէմքեր:
Կիլիկեան Շրջանակի հաւատաւոր եւ նուիրեալ անդամներէն ընկեր Վիգէն Չէմպէրճեանը իր մահկանացուն կնքեց Երեւանի մէջ, 29 Յունուարին, 67 տարեկան հասակին։ Ան ծնած էր Հալէպ, 1959-ին, եւ փոքր տարիքէն անդամակցած էր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան։ Տարիներու ընթացքին նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարած է Ն.Ս.Մ.Մ.-ի «Ազատ Ղարիպեան» պարախումբին, Ազգագրական երգչախումբին, «Անդրանիկ» թատերախումբին, ինչպէս նաեւ նշանակալի աջակցութիւն բերած է Կիլիկեան կրթական հաստատութեան շարունակականութեան ու յառաջխաղացումին։ Ան նաեւ եղած է միութեան վարիչ մարմինի անդամ եւ ատենապետ։
Իսկ երէկ, 4 Փետրուարին, 88 տարեկան հասակին մահացաւ Կիլիկեան շրջանակի երբեմնի ղեկավարներէն եւ գործօն անդամներէն՝ ընկեր Ժան Տէր Գէորգեանը։ Ան ծնած էր Հալէպ, 1938-ին, եւ կանուխէն ներգրաւուած էր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ Եղած է Ն.Ս.Մ.Մ.-ի վարչութեան անդամ (1962-1966), Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան ատենապետ (1967-1971), Հալէպի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ, ինչպէս նաեւ Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան վարիչ մարմինի անդամ (1967-1971)։ Բազմաթիւ առիթներով այցելած է Հայրենիք եւ գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Սփիւռք-Հայրենիք մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ։
Երկու հանգուցեալներն ալ Հալէպի մէջ ունեցած են արժէքաւոր եւ մնայուն ներդրում, յատկապէս Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան եւ անոր յարակից կազմակերպութիւններու ծառայութեան իմաստով։
Երկու նուիրեալ ընկերներու կեանքին ու գործին պիտի անդրադառնանք աւելի մանրամասն։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

