Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Անկրկնելի Պարոն Աւօն…

Մարիա Գազանճեան

February 3, 2026
in Այլազան
0
Անկրկնելի Պարոն Աւօն…

Ուսուցչութիւնը ամենադժուար, չափազանց մաշեցնող ու յոգնեցուցիչ, պահանջկոտ գործերէն մէկն է, եւ ուսանողներուն մէջ գիտելիքներ սերմանելու սուրբ պատասխանատուութիւն ստանձնած առաքելութիւն: Ան կը կառուցէ հիմքը իւրաքանչիւր աշակերտի ձեւաւորման տարիներուն՝ կերտելով սերունդներ։
Ուսուցիչի անհատականութիւնն ու մարդկային արժէքները աւելի մեծ նշանակութիւն ունին, քան այն դասը որ կը դասաւանդէ։ Լաւ ուսուցիչը համբերատար է, անկեղծ սէր ունի ուսման հանդէպ եւ միշտ ոգեւորութիւն կը ցուցաբերէ։
ՈՒՍՈՒՑԻՉը աշակերտներուն կը փոխանցէ մաս մը իր անձէն, դասաւանդութեան շաղախելով իր ինքնութիւնը, համոզումներն ու սկզբունքները։

Բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ քննադատ Ինտրա «Նախակրթութեան սխալները» աշխատութեան 19-րդ գլխուն մէջ (որ հրատարակուած է «Արեւելք», 12 Օգոստոս 1902, թիւ 5011-ին մէջ) կը գրէ. «Եռանդուն, զուարթ եւ լրջօրէն հմուտ ու սրատես ուսուցիչ մը ի՜նչ բարիք է իր աշակերտներուն»:
Իսկական ուսուցիչը ա՛յն է, որ դասագիրքէն դուրս գալով կը յաջողի սիրցնել դասապահը, իր իմաստութեամբ, իր վարուելակերպով, իր հիւմըրով: Յաճախ մենք կը կարծենք, որ աշակերտներ կ’ունենան նախասիրած նիւթեր եւ անոնց հիման վրայ կ’որոշեն, որ դասը լաւ պատրաստել կամ ո՛չ: Սխալ կարծիք է այս մէկը, որովհետեւ դասէն առաջ աշակերտին համար կարեւոր է ուսուցիչը:
Շատ կարեւոր է նաեւ ուսուցիչին մարդ տեսակը, անոր վարքագիծը, քանի որ անիկա վառ օրինակ կը հանդիսանայ աշակերտին համար։
Կոմիտաս կ’ըսէ. «Ուսուցիչ պարո՛ններ ու քոյրե՛ր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը: Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ՝ ազգ մը կը խորտակէք վերջը»:

Պարոն Աւօն անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէր ծով սիրով եւ անոր դասերը շատ աւելի հեռու կը ճամբորդէին, քան` պարզապէս գիրքերը։ Իր նկարագիրը, խօսքերը, միտքերը ձեւաւորեցին բազմաթիւ սերունդներ։ Տարիներու ընթացքին, դպրոցէն ետք մեր կապերը պահելով, յաճախ իրար կ’այցելէինք եւ ամէն անգամ, երբ կը հանդիպէինք, ան միշտ ունէր  իմաստալից եւ խրախուսական բան կիսելու։ Իր խօսքերը, իմաստութիւնը, քաղաքական վերլուծումները եւ ներկայութիւնը խորապէս պիտի կարօտնանք։ Ան նուիրուած ուսուցիչ էր՝ անկեղծ, մտածկոտ, միշտ կոկիկ արտաքինով, քաղաքավար, համեստ, ուշադիր եւ յարգալից։ Իսկական մասնագէտ, որ սրտով կը դասաւանդէր, ձեւաւորելով աշակերտներու սերունդներ։ Անոր արժանապատիւ ներկայութիւնը, անձնական օրինակը, վերլուծական միտքը եւ նուրբ բնոյթը թարմ շունչ եւ լոյսի աղբիւր էին բոլորիս համար։
«Պրն. Աւոյին մահը մեծ կորուստ մըն է կրթական ասպարէզին, համայնքին, ընկերային շրջանակին ու ՄԱՆԱՒԱ’ՆԴ իր  հիւմորը գնահատողներուն». զինք ճանչցող ծանօթ մը կ’ըսէր։
Ան բացառիկ ուսուցիչ էր, հիանալի օրինակ եւ անձնաւորութիւն։ Պրն. Աւօն այդպիսիներէն է, որ նոյնիսկ իր մահէն ետք, կը շարունակէ ապրիլ իր աշակերտներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:
Շա՜տ սիրելի եւ անկրկնելի՜ պարոն Աւօ, շնորհակալութիւն ձեր առաքելութեան եւ ուսանողներու բազմաթիւ սերունդներու կերտման ծառայութեան համար։ Հանգչիք խաղաղութեամբ եւ ձեր յիշատակը մնայ անթառամ։
Խորին ցաւակցութիւններս սիրելի պարոն Աւոյի տիկնոջ` Վերային, զաւակներուն` Լուչիային ու  Յակոբին, քրոջը` տիկին Նելիին, եւ բոլոր սիրելիներուն, ինչպէս նաև բազմաթիւ երախտապարտ աշակերտներուն, որոնք կը սգան անոր կորուստը եւ կը յարգեն անոր օրհնեալ յիշատակը։

Share72Tweet45
Previous Post

Նոր Բեմադրութիւն, Հին Փորձառութիւններ. Զրոյց Յարութ Գնդունիի Հետ

Next Post

Լուրեր. 5 Փետրուար 2026

Next Post
Լուրեր. 5 Փետրուար 2026

Լուրեր. 5 Փետրուար 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.