Լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ Յարութ Գնդունին այն անուններէն է, որ տասնամեակներ շարունակ ներկայ եղած է թէ՛ բեմին վրայ եւ թէ՛ բեմին ետին։ Բեմադրիչ եւ դերասան, ան իր ստեղծագործական գործունէութեամբ ականատեսն ու մասնակիցը դարձած է լիբանանահայ թատրոնի զարգացման, փորձառութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։
Վերջերս ան լոյս ընծայեց արժէքաւոր հատոր մը, ուր ամփոփած է 1920-էն մինչեւ 2020 թուականներ լիբանանահայ թատրոնի հարիւրամեայ անցուդարձը։ Այս նոր հրապարակումը կը համընկնի նաեւ անոր բեմական ներկայութեան շարունակութեան հետ։
6, 7 եւ 8 Փետրուարին Յարութ Գնդունին պիտի ներկայացնէ իր նոր բեմադրութիւնը՝ «Ամուսինը ծուղակի մէջ» վերնագրով։ Այս առիթով, «Արարատ» զրուցեց Յարութ Գնդունիի հետ՝ թատրոնի, գիրքի եւ նոր ներկայացման շուրջ։

Հ.- Պրն. Գնդունի, ետ նայելով ձեր թատերական ուղիին՝ Պէյրութէն Երեւան, ապա կրկին Սփիւռք, ո՞ր պահը կը նկատէք ձեր բեմադրիչի ինքնութեան ձեւաւորման ամենաորոշիչ շրջանը։
Պ.- Նախքան բեմադրութիւններու սկսիլս, ես որպէս դերասան վաղ տարիքէս Պէյրութի մէջ գործակցած եմ յայտնի բեմադրիչներ Պերճ Ֆազլեանի, Գրիգոր Սաթամեանի եւ Վարուժան Խտըշեանի հետ, ընդհանրապէս ստանձնելով գլխաւոր դերեր անոնց բեմադրած գործերուն մէջ։ Գործակցած եմ նաեւ հայրենի դերասաններու հետ, յատկապէս կրնամ յիշել Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեանի, Թագուհի Յակոբեանի եւ Դոնարա Մկրտչեանի անունները։
1980-ականներուն սկսայ բեմադրութիւններ կատարել եւ մինչեւ օրս կը շարունակեմ փիէսներ թարգմանել ու բեմադրել, բեմ հանելով միջազգային հմբաւ ունեցող թատերագիրներու գործերը, ինչպէս՝ Մոլիէր, Նիկոլայ Կոկոլ, Թեննըսի Ուիլիըմզ, Հենրիկ Իփսըն, Ժ. Պ. Փրիսթլի, Նիլ Սայմըն, Ռէյ Գունի, Ակաթա Քրիսթի, Մայքլ Գունի, Մարք Քամոլէթթի եւ իմ հեղինակած գործերս։
Հ.- Դուք միաժամանակ եղած էք դերասան, բեմադրիչ, դասախօս եւ թարգմանիչ։ Այս բազմաճիւղ գործունէութիւնը երբեք հակասութեան մէջ դրա՞ծ է ձեզ, թէ՞ ընդհակառակը՝ փոխլրացուցած է ձեր գեղարուեստական տեսլականը։
Պ.- Որպէս արուեստագէտ, ինծի համար,դերասանութիւնը, բեմադրութիւնը, թարգմանութիւնը եւ գրականութիւնը իրար ամբողջացնող արուեստի ճիւղեր են, որոնց միաձուլումով դուրս կու գան թատերական ստեղծագործութիւններս։
Հ.- Ձեր առաջին անկախ նախաձեռնութիւնը՝ «Երիտասարդական թատրոն»-ը, ծնաւ քաղաքացիական եւ մշակութային ծանր տարիներուն։ Ի՞նչը ձեզ մղեց այդ համարձակ քայլին, եւ ի՞նչ դասեր քաղեցիք այդ փորձառութենէն։
Պ.- «Երիտասարդական թատրոն» անկախ թատերախումբը հիմնեցի խումբ մը թատերասէր երիտասարդներով՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն՝ 1979-ին։ Թատերախումբը 10 տարի գոյատեւեց (1978-1988), ելոյթներ ունենալով Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ եւ բեմ հանեց համամարդկային նիւթեր շօշափող թատերախաղեր։ Այդ տարիներուն, երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ, երբ տակաւին գոյութիւն չունէր համացանցը, Ֆէյսպուքը, Ինսթակրամը, աւելի կը հետաքրքրուէին արուեստներով եւ թատրոնով։ «Երիտասարդական թատրոն» թատերախումբը ունէր աւելի քան 30 անդամ եւ երիտասարդներ սիրով կը մասնակցէին բեմադրական աշխատանքներուն։ Այսօր, դժբախտաբար, երիտասարդութիւնը տարուած է համացանցով եւ աչքերը հեռախօսէն անդին չեն տեսներ։

Հ.- Ձեր «Լիբանանահայ թատրոնը 1920–2020» գիրքը պարզ պատմագրութենէ աւելի մէկդարեայ մշակութային դիմադրութեան վկայութիւն է։ Ի՞նչն էր ձեր հիմնական մղիչ ուժը այս ծաւալուն եւ բծախնդիր աշխատասիրութիւնը ձեռնարկելու։
Պ.- Ինչպէս որ գիրքիս մէջ յիշած եմ, լիբանանահայ թատրոնը ունի մէկդարեայ կեանք, ուրկէ անցած են շատ մը յայտնի թատերական գործիչներ։ Ես որպէս թատրոնի «խենթ», փոքր տարիքէս կը հաւաքէի լիբանանահայ թատրոնին վերաբերեալ՝ թերթերուն մէջ տպուած գրութիւններ եւ վաղ հասակիս դիտած եմ գրեթէ բոլոր գլխաւոր բեմադրութիւնները, յատկապէս Ժորժ Սարգիսեանի, Պերճ Ֆազլեանի, Գրիգոր Սաթամեանի, հայրենի բեմադրիչներու եւ դերասաններու գործերը (որոնք ելոյթ ունեցած են Պէյրութի մէջ) եւ մանաւանդ ես ալ բաժին ունեցած եմ այդ շարժումին մէջ։
Ժամանակի ընթացքին սկսայ հաւաքել ու պահել թերթեր, գրութիւններ, յետոյ որոշեցի ամբողջական աշխատանք տանիլ, ու սկսայ արխիւներ, աֆիշներ, յուշագրութիւններ ձեռք բերել եւ դասաւորեցի թատերախումբերու ցանկեր, եւ հազարաւոր թատերական գնահատական եւ քննադատական յօդուածներ պրպտեցի, որոնք լիբանանահայ լրագիրներու մէջ լոյս տեսած էին, գտայ իւրաքանչիւր ներկայացուած փիէսի մասի գրուած տեղեկութիւններ, գնահատանքներ, ծանուցումներ։ Այս գործին աշխատանքը ինձմէ խլեց 10 տարի եւ 10 հոգինոց աշխատանքը առանձինս կատարեցի, որովհետեւ ինծի պէս ուրիշ «խենթ» մը չգտայ, որ հետս աշխատի այս գործին վրայ։ «Լիբանանահայ թատրոնը 1920–2020» հատորը՝ մօտ 400 էջ, լոյս տեսաւ շնորհիւ պարոն Յակոբ Լատոյեանին եւ յատկապէս գիրքս խմբագրող Վարուժան Թէնպէլեանի:
Հ.- Հատորի յառաջաբանին մէջ պրն. Վարուժան Թէնպէլեան կը շեշտէ, որ Դուք այս գիրքին մէջ ներկայ էք թէ՛ իբրեւ մասնակից, թէ՛ իբրեւ դիտորդ։ Ի՞նչ սահմաններ դրիք ձեր անձնական յիշողութեան եւ պատմագրական պատասխանատուութեան միջեւ։
Պ.- Յիշեցնեմ, որ գիրքին մէջ մէջբերած եմ թերթերու գնահատանքներ, որոնք արտայայտած են իւրաքանչիւր բեմադրութեան մասին, նոյնիսկ եթէ իմ բեմադրութիւններուս կամ դերասանութեանս մասին քննադատութիւններ կան՝ մէջբերած եմ։ Ես իմ անձնական կարծիքս շատ քիչ տուած եմ՝ առանց կողմնակալութեան եւ առանց ոեւէ մէկը վիրաւորելու։ Ես լիբանանահայ թատերական կեանքին մասնակցութիւն բերած եմ պատանեկութենէս ի վեր եւ մօտ 60 տարի թատրոնով ապրած ու գործած եմ։ Հետեւաբար, լիբանանահայ յայտնի գործիչներուն հետ շփում ունեցած եմ։
Հ.- Ձեր գնահատմամբ՝ լիբանանահայ թատրոնը այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ ձեր գիրքը ի՞նչ պատգամ կ’ուղղէ նոր սերունդի թատերական գործիչներուն։
Պ.- Լիբանանահայ թատրոնը այսօր բաւական դժուարութիւններ ունի. թատրոնով զբաղող երիտասարդներ գրեթէ չկան, հայկական համայնքը նօսրացած է։ Առաջ՝ 60–ական թուականներէն մինչեւ 90-ական թուականները, թատերական ներկայացումներ տեղի կ’ունենային ամենաքիչը չորս շաբաթավերջի ելոյթներով՝ լեցուն սրահներու առջեւ, այսօր երեք ելոյթէ աւելի դժուար թէ բեմադրութիւն մը դիմանայ։ Հանդիսատեսի պակաս կայ, դերասան եւ բեմասէր երիտասարդներու պակաս կայ, բեմադրիչներու պակաս կայ, վիճակը տխուր է։ Բայց մենք՝ քանի մը բեմադրիչներով եւ փոքր քանակով դերասան դերասանուհիներով, կը շարունակենք ու պիտի շարունակենք մեր երթը։

Հ.- «Ամուսինը ծուղակի մէջ» կատակերգութիւն մըն է, սակայն ձեր բեմադրութիւնները սովորաբար կը գերազանցեն ժանրային սահմանները։ Այս գործին մէջ ի՞նչ խորքային շերտեր փորձած էք բացայայտել ծիծաղէն անդին։
Պ.- «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբով (հիմնուած 2013–ին), մենք բեմ հանեցիք զանազան ժանրի թատերախաղեր, մէջն ըլլալով կատակերգութիւններ։ «Ամուսինը ծուղակի մէջ» թատերախաղին հեղինակը անգլիացի յայտնի թատերագիր, դերասան եւ բեմադրիչ Ռէյ Գունին է։ Ան գրած է 30-է աւելի թատերախաղեր։ Ճանչցուած է որպէս համաշխարհային «ֆարս»ի վարպետ։
Մեր թատերախումբը ցարդ Ռէյ Գունիէն ներկայացուցած է երկու կատակերգութիւն՝ իմ իսկ թարգմանութեամբ։ Այս տարի բեմ պիտի հանենք Ռէյ Գունիէն երրորդ գործ մը՝ «Ամուսինը ծուղակի մէջ» խորագրով։
«Ֆարս»-ը կատակերգութեան այն ժանրն է, որ հիմնուած է սուտի վրայ, բայց՝ «տակից», թեթեւօրէն կը փորձէ բան մը թելադրել։
Օրինակ, անուղղակիօրէն կը հասկցուի, որ մարդ մէկ կին պէտք է ունենայ կամ սուտ պէտք չէ խօսի եւ այլն։ Ընդհանրապէս, արուեստի որեւէ գործ, յատկապէս թատերախաղ մը, քարոզչական պէտք չէ ըլլայ, այլ անուղղակիօրէն, «տակից» հասկցուի անոր տալիք ուղերձը։ Ըսել կ’ուզեմ, ըստ իս, թատրոնը դպրոց չէ որ դասեր տայ, թատրոնը արուեստ է, ինչպէս միւս արուեստները, որոնք ըսելիք եւ թելադրելիք ունին։
Այս կատակերգութիւնը բաւական դժուար բեմադրուելիք գործ մըն է, հեղինակը բացառիկ արագութիւն, ռիթմ, մուտք-ելք, հեռաձայններ, դուռեր, դուռի զանգեր եւ իրար հիւսուած խրթին լուծումներ տուած է կատակերգութեան, եւ դերասանները սպառիչ խաղարկութիւն մը ցոյց պիտի տան եւ վստահաբար հանդիսատեսը հեւ ի հեւ պիտի հետեւի, գիտնալու համար թէ ինչպէս պիտի լուծուի նիւթը: Հանդիսատեսը, ժպիտը դէմքին, տրամադրութիւնը փոխուած սրահէն դուրս պիտի գայ։
Հ.- Ինչպիսի՞ բեմադրական մօտեցում որդեգրեցիք այս ներկայացման համար՝ թեքնիք, ռիթմ, դերասանական խաղ։
Պ.- Ինչպէս իմ բոլոր բեմադրութիւնները, «Ամուսինը ծուղակի մէջ» կատակերգութիւնն ալ, բեմական blocking-ի «սիսթեմով» բեմադրած եմ։ Այսինքն դերասանական կազմին հետ փորձի սկսելէ առաջ, գծած ու գրած եմ իւրաքանչիւր դերասանին քալուածքը, դիմագծային արտայայտութիւնները, խօսելու ոճը եւ կերպարներուն նկարագիրը, առաւել նշած եմ թէ դերասանը որ մէկ բառին ուր պիտի շարժի։ Ըսեմ նաեւ, որ սեղանի աշխատանքը շատ կարեւոր է ինծի համար, ուր կը տրուի իւրաքանչիւր կերպարի շեշտադրութիւնները, ձայնի ելեւէջները եւ այլն։ Ես ուշադրութեամբ կը հետեւիմ իւրաքանչիւր դերակատարի շարժումներուն եւ առոգանութեան։ «Խնդացնելու» համար աւելորդ շարժուձեւերը արգիլած եմ, կը ստիպեմ որ կատակերգութիւնը խաղան որպէս թէ լուրջ գործ մըն է որ բեմ կը հանեն։
Հ.- Դերասանական կազմը կը համադրէ փորձառու եւ աւելի նոր դէմքեր։ Ի՞նչ սկզբունքով կատարեցիք ընտրութիւնը, եւ ի՞նչ նոր երանգներ կը բերեն անոնք բեմին վրայ։
Պ.- Պէտք է ըսեմ, որ հետս աշխատող դերասանական կազմը թատերական փորձառութիւն ունեցող անձեր են։ Տղաք եւ աղջիկներ, որոնք տասնեակ տարիներ հետս աշխատած են, եւ կան նաեւ նորեկներ, որոնք թատերական շնորհք ունին։ «Ամուսինը ծուղակի մէջ» կատակերգութեան մէջ դերերով հանդէս պիտի գան եօթը դերասաններ, որոնցմէ հինգը բեմական փորձառութիւն ունին եւ ծանօթ են լիբանանահայ հանդիսատեսին՝ Սիմոն Եափուճեան, Հայզաւակ Լէփէճեան, Այտա Մահսերէճեան-Սրապոնեան, Մելիք Պետրոսեան եւ Լուսինէ Տաքէսեան: Կան նաեւ թատերական ձիրքով օժտուած երկու դերակատարներ՝ Հրակ Մամիկոնեան եւ Երան Գոյունեան։ Նշեմ, որ ինծի համար գլխաւոր կամ երկրորդական դերասան չկայ։ Եթէ երկրորդական դեր ստանձնող դերասանը լաւ չխաղայ իր դերը, թատերախաղը ձախող կը համարեմ։ Խմբային խաղարկութիւնը թատերախաղի մը յաջողութեան գլխաւոր և պարտադիր պահանջքն է։
Հ.- Ինչո՞ւ ընտրեցիք այս գործը այս ժամանակաշրջանին։
Պ.- 6, 7 եւ 8 Փետրուար 2026–ին ներկայացուելիք «Ամուսինը ծուղակի մէջ» ֆարսը թարգմանած էի 2017 թուականին եւ այս տարի որոշեցի բեմադրել, քանի որ ձեռքիս տակ եղող դերասանական կազմը յարմար էր այս կատակերգութեան կերպարներուն։ Ես միշտ թատերախաղ մը բեմ կը հանեմ երբ տեսնեմ թէ պիտի կարենամ դերասանները ձեռք ձգել։ Այս օրերուն բաւական դժուարութիւններ կան ճիշդ դերասանական կազմ մը ձեռք ձգելու համար, բայց ես, եւ ինծի պէս միւս լիբանանահայ բեմադրիչ ընկերներս, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու, առանց յուսահատելու կը շարունակենք մեր երթը եւ վստահ եմ որ պիտի շարունակենք բեմ հանել թատերախաղեր, անտեսելով ամէն տեսակ խոչընդոտներ։
Հ.- «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը տարիներու ընթացքին ձեւաւորած է իր հանդիսատեսը։ Այս նոր բեմադրութեամբ որո՞ւն կը դիմէք՝ հին հանդիսատեսի՞ն, թէ՞ նոր սերունդներուն։
Պ.- «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հիմնուեցաւ 2013 թուականին։ 2014–էն 2025 մեր խումբը բեմ հանեց հետեւեալ թատերախաղերը. «Երկու կին մէկ ամուսին», «Անկոչ հիւրը», «Թակարդը», «Ֆանի մանի», «Դուռէ դուռ» եւ «Օթել Փլազայի սենեակը»։ Այս տարի 6, 7 եւ 8 Փետրուարին բեմ պիտի հանէ «Ամուսինը ծուղակի մէջ» կատակերգութիւնը։ Մեր թատերախումբը բաւական գնահատուած է թէ՛ հանդիսատեսին եւ թէ՛ մամուլին կողմէ: Միշտ ալ լեցուն սրահներու առջեւ ելոյթ ունեցած ենք։
Եթէ կատակերգութիւն մը լրջօրէն ներկայացուի (առանց overact–ի եւ աւելորդ շարժուձեւերու), կը գնահատուի։ Այսինքն, կատակերգութիւնը նոյնքան արուեստ է, ինչպէս լուրջ թատերախաղը։ Խօսքս հասարակ խնդուքի մասին է, գռեհիկ կամ ժամանակավրէպ նիւթեր, կամ «ճոք» մը պատմելով խնդացնելը ինծի համար նոյնը չէ, ինչ որ լրջօրէն՝ դերասանականօրէն եւ բեմադրական օրէն կատակերգութիւն մը բեմ բարձրացնելը։
Հ.-Վերջապէս, ի՞նչ ակնկալիքով կը ցանկաք, որ հանդիսատեսը դուրս գայ սրահէն «Ամուսինը ծուղակի մէջ» ներկայացումէն ետք, լոկ ուրախացա՞ծ, թէ՞ նաեւ խորհրդածող։
Պ.- Հանդիսատեսը անպայման սրահէն դուրս պիտի գայ ուրախ՝ տրամադրութիւնը փոխուած։ Կրնայ խորհրդակցութիւններ ալ ունենալ, կամ թատերախաղին մէջ տեսնել մարդկային սխալներ, որոնք մտածել կու տան իրեն։

