Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Համակարգէն Անկա՞րգ

Յարութ Տէր Դաւիթեան (ԱՄՆ)

February 3, 2026
in Յօդուածներ
0
Համակարգէն Անկա՞րգ

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի արհաւիրքներէն զգաստացած, աշխարհ ծարաւ էր խաղաղ գոյակցութեան հիմքերու հաստատման: Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ ծնունդ առաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը եւ անկէ բխած տնտեսական, ֆինանսական, մշակութային, իրաւական եւ այլ միջազգային հաստատութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ World Bank, International Monetary Fund, UNESCO, World Health Organization, International Court of Justice եւ այլն: Գոյացաւ համակարգ մը, որ մինչ այժմ յաջողած է խափանել համաշխարհային բռնկումներ: Բայց վերջին տարիներուն ականատես ենք, որ այդ համակարգը քայքայման, եթէ կ’ուզէք՝ վերափոխման կամ անցումային ընթացքի մէջ է, եւ վա՜յ այն օրուան, երբ «համ»ը կը կորսնցնէ ու կը դառնայ անկարգ:

Այս քայքայման տանող ընթացքին գլուխը կը գտնուի ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփը, իր անկանխատեսելի գործառքներով, որոնք երբեմն կը հակասեն զիրար: Շատ մը երկիրներու վրայ պարտադրած սակացոյցերը (tariffs) ու շուտով փոփոխութեանց ենթարկելով անոնք, անվստահութիւն կ’առաջացնեն իր որոշումներուն հանդէպ: Նոյնիսկ Արեւմտեան աշխարհի իր դաշնակիցները, ինչպէս օրինակ Անգլիան, Ֆրանսան ու Գերմանիան, կը խրտչին իր արարքներէն ու սկսած են վերամշակել իրենց յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի հետ: Թրամփ կրնայ գովեստով խօսիլ ղեկավարի մը մասին եւ կարճ ժամանակ ետք պախարակել նոյն անձը: Այս ցոյց կու տայ, որ խնդիրներ լուծելու իր մօտեցումը աւելի կարճաժամկէտ գործավարական առեւտուր է, քան՝ երկարաժամկէտ ռազմավարական, ինչպէս նաեւ աւելի իր անձնական շահին հետ առնչուող, քան՝ երկրին: Յստակ է, որ ան լաւագոյնս կը շահագործէ իր պաշտօնը, իրեն ենթարկելու ոչ միայն իր անմիջական շրջապատը, այլ նաեւ ընդդիմադիրներ եւ նոյնիսկ օտար պետութեանց ղեկավարներ: Երեւակայեցէք, որ ան չի վարանիր այպանելու Եւրոպական միութիւնը, որուն ստեղծումը կը նկատէ հարուած ԱՄՆ-ի: Իր արարքներով, ան կը փորձէ կապկել Շի Ժին Փինկի կամ Փութինի գործելաձեւը, որ հակադիր է ժողովրդավարական գաղափարախօսութեան:

Կախեալ ըլլալ մենատէրի մը քմահաճոյքէն, կը նշանակէ վերադառնալ անտառի օրէնքին, ուր ուժն է գերիշխողը եւ իրաւունքը զօրաւորին մենաշնորհն է: Դժբախտաբար այս իրականութեան է, որ ականատես կ’ըլլանք վերջին տարիներուն, որ մեզ մեծապէս կը մտահոգէ: Եթէ տարիներ առաջ այդ մէկը քօղարկուած էր, հիմա բացէ ի բաց գործադրութեան դրուած է: Նշենք քանի մը գլխաւոր օրինակներ. ռուս-ուքրանական պատերազմը, Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը, Սուտանի, Միանմարի, Սուրիոյ եւ Եմէնի քաղաքացիական պատերազմները, եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը՝ նշելով Հայիթիի, Քոնկոյի, Սոմալիոյ, Մալիի եւ այլոց օրինակները: Այս բոլորին լոյսին տակ ինչո՞ւ զարմանալ ու հարց տալ, թէ ո՞ւր էր քաղաքակիրթ աշխարհը Հայոց Եղեռնի ժամանակ:

 

Ինչո՞ւ նոր համակարգ

Ինչո՞ւ համաշխարհային համակարգը ներկայիս կը բոլորէ քայքայման, այլ խօսքով՝ վերափոխման գործընթացը: Պարզապէս, որովհետեւ փոխուած են բաղկացուցիչ տարրերը: ԱՄՆ-Սովետ միութիւն հակամարտութիւնը տեղի տուած է ԱՄՆ-Չինաստան մրցակցութեան, ուր Ռուսիան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութիւնը մղուած են երկրորդ գիծ: Ի տես Չինաստանի աննախընթաց յառաջխաղացքին, ըլլայ տնտեսական, արհեստագիտական եւ ռազմական բնագաւառներուն մէջ, ԱՄՆ մտահոգ է, որ մօտիկ ապագային պիտի կորսնցնէ աշխարհի հզօրագոյնը ըլլալու, եւ, հետեւաբար, իր կամքը պարտադրելու մենաշնորհը: Ուրեմն ինչպէ՞ս պէտք է դարմանել այս մտահոգութիւնը:

Յիսնամեակ մը առաջ, Չինաստանին հետ կապեր ստեղծելով, ԱՄՆ պառակտեց համայնավար աշխարհը, որ յանգեցաւ Սովետական միութեան փլուզման: Արդեօ՞ք հիմա կը ջանայ սիրաշահիլ Ռուսիան, պատուար մը ստեղծելու համար Չինաստանի դէմ: Ըստ երեւոյթին, այդ է որ կը փորձէ ընել Թրամփ, Ռուսիոյ ի նպաստ պայմաններով վերջ տալու ռուս-ուքրանական պատերազմը: Սակայն Եւրոպական միութիւնը դէմ է այդպիսի լուծման մը, որ պիտի խախտէ պետութիւններու սահմաններու անձեռնմխելիութեան իրաւակարգը եւ դուռ բանայ նորանոր բռնկումներու: Այս պատճառաւ է, որ Թրամփ կ’այպանէ Եւրոպական միութիւնը, որ կը զօրակցի ամէն գնով պաշտպանելու Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Մեր համեստ կարծիքով, առայժմ այս զարգացումները կ’ընթանան ի նպաստ Չինաստանի, որ կը դիտէ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական միութեան հիւծումը, կը սպասէ որ ԱՄՆ աւելի մխրճուի ռուս-ուքրանական պատերազմին մէջ, յարմար առիթ ստեղծելով իրեն համար, որ գրաւէ Թայուանը:

Կ’արժէ այստեղ յատուկ նշում մը ընել արհեստական բանականութեան (ԱԲ) (Artificial Intelligence) դերակատարութեան մասին համաշխարհային այս նոր համակարգի ստեղծման մէջ: Ասիկա ներկայի ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնն է (Industrial Revolution), որ յեղաշրջեց աշխարհը 18-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ: Յստակ է, որ այն երկիրները, որոնք կը տիրապետեն անոր, պիտի կարենան աւելի մեծ յաջողութիւններու հասնիլ: Սակայն շատ զգայուն կէտ մը կայ այստեղ, որ կը վերաբերի այն ընկերութիւններուն, որոնք կը զարգացնեն ԱԲ-ը: Մինչ Չինաստանի պարագային, այդ ընկերութիւնները պետութեան «խօսք»-էն դուրս չեն կրնար ելլել, ԱՄՆ-ի պարագային անոնք անկախ են եւ պէտք է նաեւ հաշուի առնեն իրենց տէրերուն եւ բաժանորդներուն շահերը: Հոս կրնայ հարց ծագիլ պետութեան եւ ընկերութեան հետապնդած նպատակներուն միջեւ: Օրինակի համար, Թրամփ արգիլեց NVIDIA ընկերութեան բարձր որակի chip ծախել Չինաստանին, բայց հանդիպելէ ետք անոր գլխաւոր պատասխանատուին հետ, որոշ փոփոխութիւններու ենթարկեց իր որոշումը, պայմանաւ որ ԱՄՆ-ին շահաբաժին մը տրուի այդ գործառքէն: Ուրիշ օրինակ մըն է, Թրամփի որոշմամբ, ԱՄՆ-ի շահաբաժին գնելը Intel ընկերութեան մէջ:

 

Նոր համակարգ եւ Հայաստան

Այս բոլորին լոյսին տակ, հարց տանք, թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այս գործընթացը Հայաստանի եւ հայութեան վրայ: Հայաստանն ալ փնտռտուքի մէջ է, որ ինչպէս պէտք է շարժի, որ անգամի մը համար եւս չտուժէ: Յստակ է, որ հարաւային Կովկասը մեծ եւ միջին տէրութեանց ուշադրութեան թիրախին տակ է եւ անոնք կը փորձեն իրենց համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել հոն: Մանաւանդ Սիւնիքի շրջանը, որ կը կամրջէ կեդրոնական Ասիան Եւրոպայի հետ եւ որու միջով կրնան անցնիլ հաղորդակցական ճանապարհներ, երկաթուղիներ, նաւթամուղեր եւ այլն: Չմոռնանք, որ Ղարաբաղեան պատերազմն էր, որ շեղեց Պաքու-Ճէյհան կազատարը, անցնելու Վրաստանի աւելի երկար եւ ծախսալից ճանապարհէն, քան՝ Սիւնիքէն: Եկէք նշենք կարգ մը օրինակներ, թէ ի՞նչ զարգացումներէ անցաւ շրջանը վերջին հինգ տարիներու ընթացքին:

Հայաստանը ամբողջութեամբ իրեն ենթակայ դարձուցած Ռուսիան հաշտ աչքով չդիտեց անոր ջանքերը՝ թեքուելու դէպի Եւրոպա, նոյնիսկ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան ժամանակ: Յիշենք անոր Մոսկուա կանչուիլը 2013-ին եւ մէկ գիշերուան մէջ Եւրոպական միութեան հետ սերտացման համաձայնագրի ժխտումը ու ապա միացումը Եւրասիական տնտեսական միութեան, Ռուսիոյ հովանիին տակ: Սարգսեանի 5 Օգոստոս 2016-ի նամակը Փութինին, որ՝ Ատրպէյճանի հետ սպառազինութեան հաւասարակշռութիւնը խախտած է եւ պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը մեծ է, անտեսուեցաւ այս վերջինին կողմէ: Դէպի Արեւմուտք ժողովրդային թափը տակաւ աճեցաւ ու յանգեցաւ 2018-ի յեղափոխութեան: Փաշինեանը «վեց ամիսէն տուն ղրկել»ու կոչերը մեր մէջ մտահոգութիւն մը ստեղծեցին, որ Հայաստանի գլխուն գալիք կայ, որ կրնայ յանգիլ նախկիններու վերադարձով իշխանութեան: Հայաստանի թեքումը դէպի ինքնիշխանութիւն եւ ժողովրդավարական կարգեր, բնականաբար, Ռուսիոյ հաշուոյն չէր գար, որովհետեւ ան պիտի կտրուէր հարաւային Կովկասէն: Ուստի, Սեպտեմբեր 2020-ին կանաչ լոյս տուաւ Ատրպէյճանին, որ վերագրաւէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջի եօթը տարածքները ու հասնի մինչեւ Շուշի, բայց ոչ՝ Ստեփանակերտ: Իր «խաղաղապահ» զօրքերը հոն փոխադրելով, ան ոտք մը ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ, որմէ կտրուած էր: Աւելին, ան սկսաւ զօրք տեղակայել Սիւնիքի մէջ, իր հսկողութեան տակ առնելու դէպի Թուրքիա եւ Իրան տանող ուղիները, որոնց միջոցաւ կրնար խուսափիլ իր վրայ դրուած միջազգային պատժամիջոցներէն: Փետրուար 2022-ին Ռուսիան ներխուժեց Ուքրանիա, յուսալով քանի մը շաբթուան մէջ հասնիլ մայրաքաղաք Քիեւ եւ զօրացնել իր դիրքերը: Սակայն մխրճուեցաւ պատերազմի մէջ: Օգտուելով Ռուսիոյ ծանր վիճակէն, Ատրպէյճան ամբողջացուց 2020-ին սկսած արշաւը եւ Սեպտեմբեր 2023-ին դատարկեց Արցախը իր բնիկներէն, «խաղաղապահ» ռուս զօրքերու աչքին առջեւ, որոնք, այլեւս հոն գործ չունենալով, ստիպուած էին հեռանալու:

Ռուսիան, որ միլիառատէր Իվանիշվիլիի միջոցաւ դարձեալ իր հսկողութեան տակ առած է Վրաստանը, կը փորձէ նոյն կերպ, միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի միջոցաւ, հասնիլ իշխանափոխութեան Հայաստանի մէջ: Առ այժմ չէ հասած նպատակին, բայց ամէն կերպ կը ջանայ այդ իրագործել: Անոր թիկունք կը կանգնին նախկին իշխանութիւններն ու անոնց կամակատարները, որոնց շարքին է ՀՅԴ-ն եւ, դժբախտաբար, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին:  Այս վերջինն ալ, հետեւելով Քոչարեանի «միակ տղամարդ»ու օրինակին, մենատիրական իշխանութեամբ իր շուրջ հաւաքեց կամակատարներու խմբակ մը, որոնք հոգեւորականի անյարիր ընթացքով վնասեցին Հայ եկեղեցւոյ հեղինակութեան: Երբ ազգովին կը բոլորէինք ճակատագրական տարիներ եւ պէտքը ունէինք բարձր հեղինակութիւն վայելող գահակալի մը, որ ժողովուրդին մէջ պիտի ամրապնդէր հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու սփոփիչ դերը, դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու իր առօրեայի մարտահրաւէրները, Գարեգին Բ. չեղաւ այդ առաջնորդը: Ան փոխանակ իր շուրջ համախմբելու արժանաւորներ եւ շահելու ժողովուրդին համակրանքն ու զօրակցութիւնը, իր քմահաճ վարքով եկեղեցիէն դուրս վանեց զանոնք: Ան փոխանակ հաւասարակշռողի դեր խաղալու, պառակտիչ հանդիսացաւ: Իր անձնականը աւելի բարձր դասելով, քան պաշտօնը, որուն ծառայութեան կոչուած էր, ան հեղինակազրկեց իր անձը եւ մեծապէս վնասեց Եկեղեցւոյ վարկին: Ան փոխանակ գործելու յանուն մեր պետականութեան եւ ինքնիշխանութեան ամրապնդման, դարձած է գործիք Ռուսիոյ ձեռքին, որ կը ջանայ մեզ ամբողջովին դարձնել իրեն ենթակայ, որպէսզի ազատօրէն շահագործէ մեզ յօգուտ իր շահերուն, ինչպէս ըրաւ Արցախի պարագային:

Ռուսական ազդեցութեան տարածման դէմ, Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն Արեւմուտքի միջոցաւ հակազդել: Սիւնիքի միջանցքը ռուսական հսկողութեան ենթարկուելուն կը փորձեն հակազդել TRIPP-ով (Trump Route for International Peace and Prosperity), որ Չինաստանը, Հնդկաստանն ու Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները կրնան օգտագործել կապուելու համար Եւրոպայի հետ: Երրորդ ուժի կամ միջնորդներու փոխարէն, կը փորձեն երկկողմանի յարաբերութիւններ ստեղծել հարեւան պետութիւներու հետ, ըլլան անոնք թշնամի Թուրքիան թէ Ատրպէյճանը: Քայլ պահելով համաշխարհային զարգացումներու հետ, ինչպէս օրինակ Արհեստական բանականութիւնը, առիթ կը ստեղծեն NVIDIA-ի եւ Firebird ընկերութեան գործակցութեամբ 500 միլիոն տոլարի AI supercomputer data center-ի մը հիմնումին երկրին մէջ, որ պիտի նպաստէ տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներու բարգաւաճման: Փոխանակ կախեալ ըլլալու մէկ երկրէ, անոնք Հնդկաստանէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ բարձր որակի զինամթերք կ’ապահովեն զօրացնելու երկրին պաշտպանութիւնը:

Երբ ակնարկ մը կը նետենք 2018-էն ի վեր Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման վրայ, ականատես կը դառնանք, որ ՀՆԱ-ի մէկ շունչի եկամուտը (GDP per capita income) աճած է 4.196 տոլարէն 8.330-ի: Բաղդատեցէք այս թիւերը Ատրպէյճանի թիւերուն՝ 4.739 տոլարէն 7.259-ի, ու պիտի համոզուիք, որ լաւ ընթացքի մէջ ենք: Երբ Ռուսիան մխրճուած է պատերազմի մէջ, որուն ելքը յայտնի չէ. երբ անոր ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ կը նուազի. երբ անոր համար ազերի-թրքական շահերը առաջնահերթ են քան Հայաստանի շահերը. երբ ան ետ կը մնայ Արհեստական բանականութեան զարգացումներէն. ուրեմն ինչո՞ւ Հայաստանը պիտի ենթարկուի նահանջի մէջ եղող երկրի մը մենատէրի քմահաճոյքին, փոխանակ փոխշահաւէտ կապեր հաստատելու զարգացող երկիրներու հետ:

Գալիք ամիսները, մինչեւ Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները, ճակատագրական պիտի ըլլան Հայաստանի համար: Պիտի վերադառնա՞նք «միակ տղամարդ»ու իշխանութեան օրերուն, երբ երկիրը ծախուեցաւ ու քանի մը ընտանիքներ հարստացան ժողովուրդի դժբախտութեան հաշուոյն, թէ՞ զարկ պիտի տանք ժողովրդավարութեան զարգացման եւ երկրի բարգաւաճման:

Share63Tweet39
Previous Post

Ձայներ Գահիրէէն – 1 (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

Next Post

Նոր Բեմադրութիւն, Հին Փորձառութիւններ. Զրոյց Յարութ Գնդունիի Հետ

Next Post
Նոր Բեմադրութիւն, Հին Փորձառութիւններ. Զրոյց Յարութ Գնդունիի Հետ

Նոր Բեմադրութիւն, Հին Փորձառութիւններ. Զրոյց Յարութ Գնդունիի Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.