Եգիպտահայ մամուլէն կատարուած տեղական հայկական լուրերու ամփոփումը ընելէ առաջ՝ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Գահիրէի ազգ. առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած համայնքային տարեկան վիճակագրութիւնը, որ կը վերաբերի անցնող 2025 թուականին։
Շատ գնահատելի է այս աւանդական ու հետեւողական վիճակագրութեան հրապարակումը, որովհետեւ անիկա յստակ պատկերացում մը կու տայ եգիպտահայ գաղութին մասին ու մեզ, բոլորս, կը մղէ մտածելու, թէ ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք՝ սփիւռքեան ափերու վրայ…։
Ուրեմն, ըստ 4 Յունուար 2026 թուակիր այդ վիճակագրութեան, անցնող տարուան ընթացքին Գահիրէի մէջ կատարուած է 3 մկրտութիւն, 2 պսակադրութիւն եւ 24 թաղում։ Իսկ Աղեքսանդրիոյ մէջ՝ 1 մկրտութիւն, 1 պսակադրութիւն եւ 5 թաղում։
Պատկերը տխուր է անշուշտ եւ ցոյց կու տայ, թէ գաղութ մը ի՛նչպէս կը կծկուի, կը փոքրանայ, կը հիւծի։ Երբոր 3 մկրտութեան (որ է ըսել՝ ծնունդի) դիմաց 24 յուղարկաւորութիւն կը կատարուի, սա կը նշանակէ արդէն, թէ համայնքը ոչ միայն չ՛աճիր, այլեւ շարունակ արիւն կը կորսնցնէ ու կ՛ընթանայ դէպի անէացում…։
Եւ հոս, պիտի ուզէինք փակագիծ մը բանալ ու եգիպտահայոց այս վիճակագրութիւնը բաղդատել միջինարեւելեան երկու այլ գաղութներու պարագաներուն հետ. Հալէպ եւ Պոլիս։
Արդարեւ, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը եւս բարի աւանդութիւնը ունի, ամէն Տարեմուտին, հրատարակելու համայնքային վիճակագրութիւն մը։ Ըստ նորագոյն վիճակագրութեան՝ 2025-ի ընթացքին թրքահայ համայնքը ունեցած է 183 մկրտութիւն եւ 527 թաղում…։ Ցուցանիշը ողբերգական է։ Իսկ Հալէպ, ազգ. առաջնորդարանէն մեր ստացած հաւաստի տեղեկութիւնները կը վկայեն, որ անցեալ տարուան ընթացքին կատարուած է շուրջ 20 պսակադրութիւն, 60 մկրտութիւն եւ 160 թաղում…։
*
Եգիպտահայ մեր թերթերը ի՞նչ խապրիկներ ունին մեզի։
Նախ հետաքրքրուեցանք անոնց 2026-ի ամանորեան թիւերով։
«Արեւ» շաբաթաթերթի 1 Յունուարի թիւին մէջ, թերթին խմբագրուհին՝ Սեւան Սեմերճեան (որ Հալէպի հարազատ զաւակ է…), ստորագրեր է «Միայն յոյս» վերնագրով սրտախօսիկ գրութիւն մը, ուր անկեղծ տողերով կը բացատրէ, թէ ինք չի նմանիր այսօրուան սերունդին, որ կը սիրէ դիւրահաս, անհոգ ու մակերեսային կեանք մը ապրիլ, հինը մերժել, հպատակիլ առձեռն հեռաձայնի քմայքներուն…։ Ան կ՛ակնարկէ նաեւ ազգային ու հայրենական մեր տխուր իրավիճակին, հետեւցնելու համար, որ «ամօթալի այս էջերը փակող, կռնակ շտկող ու գլուխ բարձրացնող յո՛յս է մաղթանքս՝ միայն»։
«Յուսաբեր» օրաթերթի տարեփակի թիւը (31 Դեկտեմբեր) ունի խմբագրական մը, որ կը կրէ «Լուծումը՝ տուփէն դուրս գալն է» խորագիրը։ Զայն ստորագրած է խմբագիրը՝ Զ. Լ. (Զաւէն Լիյլոզեան)։ Իր ակնարկած «տուփ»-ը Հայաստանի ներքաղաքական թնճուկն է, որ կը խռովէ բովանդակ ազգը։ Խմբագրականը կ՛անդրադառնայ Արցախի յանձնումին ու դատարկումին, ափսոսալով որ «յաղթական էինք, բայց ձեւը գտան մեզ պարտութեան մատնելու, իսկ մենք անպատրաստ էինք այդ ձեւին»…։
Ահա՛ փունջ մը լուրեր ալ Նեղոսի ափերէն.
ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ (Գահիրէ) «Պլըքտանեան» սրահին մէջ, 12 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցած է Ազգ. Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի շրջանաւարտից հանդէսը, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. բժ. Գէորգ Երզնկացեանի։ Տարեշրջանը ունեցած է միջնակարգի վեց ու երկրորդականի եօթը շրջանաւարտ։

Աշակերտները գործադրած են գեղարուեստական յայտագիր մը, բաղկացած` խմբերգերէ, թատերախաղերէ եւ արտասանութիւններէ։ Շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ մը կարդացած է Սերենա Մսրլեան։ Խօսք առած է դպրոցին նորանշանակ տնօրէնը՝ Գէորգ Գազանճեան։ Պարգեւատրուած է նախկին երկարամեայ տնօրէն Սիմոն Չամքէրթէնեան, որ անցնող տարեշրջանի լրումին հետ դադրած էր պաշտօնէ ու հանգստեան կոչուած։
ԼՈՒՔՍՈՐԻ (փարաւոններու երբեմնի մայրաքաղաքը, Գահիրէէն 670 քմ դէպի հարաւ) «Յուղարկաւորութեան տաճար»-ին մէջ, 14 Դեկտեմբերին, Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարար ՇէրիՖ Ֆաթհի բացումը կատարած է Ամէնհոթէպ Գ. փարաւոնի երկու հսկայ արձաններուն։

Այս հանդիսաւոր առիթով, նախարարը գնահատական վկայագիր մը յանձնած է եգիպտաբան Հուրիկ Սուրուզեանին, տուեալ արձաններու վերանորոգումի եւ վերականգնումի աշխատանքներուն իր բերած մեծ նպաստին ու երկարատեւ ջանքերուն համար։
ԳԱՀԻՐԷԻ մէջ, 19 Դեկտեմբերին, պաշտօնական բացումը կատարուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ՆՈՒՊԱՐԻ վերանորոգուած սրահին (Հ.Մ.Ը.Մ.-Նուպարը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մարզական թեւն է)։ «Արեւ» թերթը այս լուրը հաղորդած է մեծ յապաղումով՝ 22 Յունուարի իր թիւով։ Ըստ տպուած թղթակցութեան՝ նախ նորայարդար սրահին օրհնութիւնը կատարած են առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ հայ կաթողիկէ վիճակաւորը՝ Գրիգոր-Օգոստինոս եպս. Գուսան։

Ողջոյնի խօսք արտասանած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Եգիպտոսի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան, յիշելով որ ի՛նք ալ անցեալին իբրեւ մարզիկ գործած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Նուպարի շարքերուն մէջ։ Միութեան ատենապետ տոքթ. Հրայր Տրդատեանի ձեռամբ պարգեւատրուած է ճարտարապետուհի Սաթօ Աբգարեանը, որ հսկած էր բարենորոգումին ու գեղեցկօրէն ծրագրաւորած էր զայն։ Խօսք առած է նաեւ Լիբանանէն ժամանած Արին Ղազարեան (Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան շրջանային համակարգող), որ կարդացած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Սէմ Սիմոնեանի Ամերիկայէն յղած շնորհաւորագիրը։ Հուսկ բանքը արտասանած է Աշոտ սրբազան։
ԵԳԻՊՏՈՍ գտնուած է, Դեկտեմբեր 22-23, Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, աշխատանքային այցով։ Հայ նախարարը ունեցած է բազմաթիւ պաշտօնական հանդիպումներ եւ արդիւնալից շփումներ, միաժամանակ մասնակցելով Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 6-րդ նիստին։ Պապոյեան տեսակցած է Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան, արտաքին առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացումի նախարարներուն հետ։

Կողմերը քննարկած են տարաբնոյթ հարցեր, ինչպէս՝ սերմերու արտադրութեան, մշակելի հողերու բարելաւման, ջրային պաշարներու խելամիտ շահագործման պէս ծրագրեր։ Եգիպտացիք առաջարկած են պտուղ ու բանջարեղէն առաքել Հայաստան, խթանել փոխադարձ առեւտուրն ու ներդրումները։ «Ջահակիր» երկշաբաթաթերթը (15 Յունուար) լայնօրէն անդրադարձեր է նախարար Պապոյեանի այս կարեւոր հանդիպումներուն, միաժամանակ արտագրելով եգիպտական ու հայաստանեան պաշտօնական կայքէջերու լրատուութիւնները այս մասին։

