ՇՈՒՏՈՎ՝ ԼԻԲԱՆԱՆ–ՍՈՒՐԻԱ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Կը սպասուի, որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ստորագրուի արդարադատական համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ լիբանանեան բանտերուն մէջ արգելափակուած շուրջ երեք հարիւր սուրիացի պիտի յանձնուի Դամասկոսի իշխանութիւններուն, իրենց պատիժին մնացեալ մասը Սուրիոյ մէջ կրելու նպատակով:
Լիբանանի կողմէ այս հարցը հետապնդող փոխվարչապետ Թարէք Միթրի յայտնեց, որ ազատ արձակումի ենթակայ սուրիացիները աւելի քան 10 տարի լիբանանեան բանտի մէջ գտնուողներէն են: Անոր խօսքով, համաձայնութիւնը ի զօրու պիտի դառնայ ստորագրութեան պահէն սկսեալ: Նշենք, որ կառավարութիւնը իր վերջին նիստին վաւերացուցած էր շուրջ երեք հարիւր սուրիացի բանտարկեալ Լիբանանէն սուրիական բանտ փոխադրելու նախագիծը եւ այժմ կը սպասուի, որ Պէյրութ այցելէ սուրիացի նախարար մը՝ համաձայնութիւնը ստորագրելու համար:
ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՄ
Լիբանանի հարաւային շարք մը շրջաններ անցնող երկու օրերուն ականատես դարձան իսրայէլեան յարձակումներու սաստկացումի: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յաջորդական հաղորդագրութիւններով յայտարարեց թիրախաւորուած շրջաններուն մէջ մահացած կամ վիրաւորուած անձերուն մասին տուեալներ:Անսարիէ եւ Քլայլէ բնակավայրերու թիրախաւորումին հետեւանքով մահացած է մարդ մը եւ վիրաւորուած են 8 ուրիշներ, իսկ Աապէի մէջ մահացած է մարդ մը եւ երեք անչափահասներ՝ վիրաւորուած, ներառեալ վեց տարեկան աղջնակ մը: Նախապէս, վեց մարդ վիրաւորուած էր Հարուֆի թիրախաւորումին հետեւանքով, մինչ Առողջապահութեան նախարարութիւնը դատապարտեց հարաւային հիւանդանոցներու նկատմամբ իսրայէլեան կողմէն արձակուած սպառնալիքները, զանոնք համարելով միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պատճառաբանեց, թէ վերջին հարուածները ուղղուած էին Հըզպալլայի զինամթերանոցներուն եւ Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ կուսակցութեան ռազմական կարողութիւնները ամրապնդելու փորձերուն:
ԱՈՒՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ՄԱՏՐԻՏԷՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Մատրիրի մէջ տեսակցեցաւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանի ապահովական զարգացումները եւ համատեղ հետաքրքրութեան առարկայ այլ նիւթեր: Աուն դրուատեց Լիբանանին զօրակցող Սպանիոյ կեցուածքն ու լիբանանեան բանակին աջակցելու պատրաստակամութիւնը, մաղթելով որ Սպանիա մասնակցի լիբանանեան զինուած ուժերուն աջակցելու նպատակով Փարիզի մէջ կայանալիք ժողովին: Ան դրուատեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն շարքերուն մէջ սպանացի զինուորներուն առաքելութիւնը:
Սպանական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց խումբ մը խաղաղապահներ Լիբա

նանի մէջ տեղակայելու, նոյնիսկ երբ յառաջիկայ տարի աւարտի ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի պաշտօնական առաքելութիւնը: Աուն Մատրիտի իշխանութիւններուն եւ Եւրոմիութեան երկիրներուն կոչ ուղղեց յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Թել Աւիւի վրայ, որպէսզի գործադրէ զինադադարը եւ վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութեան ամէնօրեայ խախտումներուն:
ՀԱՐԻՐԻԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ 14 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Հարիրի կը շարունակէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 21-րդ տարելիցի ոգեկոչումին նախապատրաստութիւնները: Կեդրոնական Պեքաայի մէջ քաղաքացիներուն հետ ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին Հարիրի կոչ ուղղեց խուռներամ մասնակցելու Հարիրիի յիշատակի ոգեկոչումին:

Ան նշեց, որ 14 Փետրուարին տեղի ունենալիք հաւաքին ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի հրապարակէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Մուսթաքպալ հոսանքին դիրքորոշումները:
ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՃԱՄԲԱՆԵՐ
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ լիբանանեան զանազան շրջաններու ճամբաներուն վրայ կը շարունակուի առաւելագոյն արագութիւնը հատող ինքնաշարժներուն հետապնդումը: Անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին ապահովական ուժերը արձանագրած են արագութեան սահմանի 8995 խախտում, որոնց համար հրապարակուած են տուգանքներ: Նոյն ժամանակահատուածին ձերբակալուած է 559 մարդ՝ Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ ոճրային արարքներ կատարելու յանցանքով:
ՍՏՈՅԳ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷ՝ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՄԱՂԹԱՆՔԻ
Իրանի նկատմամբ Միացեալ նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփին ոճը ընդամէնը օրերու ընթացքին պատերազմականէն վերածուեցաւ բանակցայինի: Ամերիկեան նաւատորմերուն Միջին Արեւելք գործուղումի եւ Իրանին անյապաղ ուժեղ հարուած հասցնելու նախապատրաստութեան մասին խօսող Թրամփ Կիրակի օր յոյս յայտնեց, որ Թեհրանի հետ կնքուի գործարք մը՝ լուծելու տարակարծութեանց առարկայ նիւթերը: Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէի զգուշացուց, թէ իր երկրին նկատմամբ ամերիկեան որեւէ յարձակում պիտի վերածուի տարածաշրջանային լայնածաւալ պատերազմի: Իրանի «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան հրահանգած է բանակցութեան նստիլ Միացեալ Նահանգներու հետ՝ յանգելու համար լուծումներու, արտաքին գործերու նախարարն ալ վստահութիւն յայտնեց, որ իրապէս կարելի է համաձայնական եզրեր գտնել Ուաշինկթընի հետ, միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով պատերազմի, եթէ ձախողի բանակցութիւնը: Իրանեան գործակալութիւնները կ’ակնկալեն, որ հերթական բանակցութիւնները սկսին յառաջիկայ քանի մը օրերուն, հաւանաբար Թուրքիոյ մէջ, մասնակցութեամբ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճիի եւ ամերիկացի բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի: Իսկ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յառաջիկայ օրերուն հաւանաբար հիւրընկալէ ամերիկացի պատուիրակը եւ քննարկէ Իրանի հարցով լարուածութիւնը: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Իսմայէլ Պաքայի դիտել տուաւ, որ եթէ վտանգուի Իրանի ապահովութիւնը, ապա այդ վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ տարածաշրջանային մակարդակով:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը դրուատեց Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր կազմակերպութեան միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը, զայն համարելով Սուրիոյ ամբողջականութիւնն ու միասնականութիւնը ամրապնդող քայլ մը: Ուաշինկթըն յայտնեց նշեալ համաձայնութեան գործադրութեան իր աջակցթիւնը, պատրաստակամութիւն յայտնելով համագորածկցելու առնչակից բոլոր կողմերուն հետ՝ դիւրացնելու համաձայնութեան գործադրութիւնը:

Սուրիոյ Ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ապահովական ուժերն ու հետախուզական ծառայութիւնները Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն մէջ կատարած են շարք մը գործողութիւններ եւ ձերբակալած են ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած բջիջի մը անդամները: Ըստ նախարարութեան, հարցաքննութեան ընթացքին ձերբակալուածները խոստովանած են, որ իրենց գործածած հրթիռներն ու անօդաչու սարքերը ապահոված են Հըզպալլայէն: Աւելի ուշ, Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը ժխտեց սուրիացի զինեալներուն զէնք մատակարարելու մասին ամբաստնութիւնները:
ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ՝ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԻՆ ՇՈՒՐՋ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քհնյ. Արթենեան դիտել տուաւ, որ Աւստրիոյ մէջ գումարուելիք եպիսկոպոսաց ժողովին վերաբերեալ տեղի կ’ունենան քննարկումներ, որոնց հիման վրայ պիտի կայացուին որոշումներ: Ան յիշեցուց, որ այս քայլին դիմած են նկատի առնելով վեց եպիսկոպոսներու նկատմամբ սահմանուած՝ երկրէն դուրս մեկնելու արգելքը, ինչ որ կրնայ ազդել ժողովի գումարումին վրայ:

Իսկ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ տակաւին յստակօրէն չի կրնար խօսիլ նշեալ ժողովի գումարումին մասին, նկատի ունենալով վեց սրբազաններուն նկատմամբ սահմանուած արգելքը: Անոր համաձայն, դատական որոշումները կայացուած են հաւանաբար եպիսկոպոսներուն ժողովը խափանելու կամ խաթարելու նպատակով: Յիշեցնենք, որ վեց եպիսկոպոսներն են Յովնան եպս. Յակոբեան, Մակար եպս. Յակոբեան, Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Հայկազուն արք. Նաճարեան, Վահան եպս. Յովհաննիսեան եւ Մուշեղ եպս. Պապայեան: Քննչական կոմիտէն նշեց, որ անոնք կը հետապնդուին դատական որոշումները չկատարելու կամ անոնց կատարումը խոչընդոտելու ամբաստանութեամբ:

