Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի պատուիրակութիւնը Հինգշաբթի, 29 Յունուարին, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանին, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած տեսակցութիւնը առիթ էր փոխադարձ ծանօթացումի եւ համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերու քննարկումի: Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց դեսպան Պաղտասարեանը՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պաշտօնին նշանակուելու առթիւ եւ մաղթեց բարեբեր առաքելութիւն: Ժողովականները արծարծեցին Լիբանանին ու Հայաստանին վերաբերող հրատապ մտահոգութիւնները, եւ վարիչ մարմինի ընկերները իրենց ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեցին դեսպան Պաղտասարեանին՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով միշտ սատար հանդիսանալու դեսպանութեան նախաձեռնութիւններուն:
ՍԴՀԿ-ի պատուիրակութիւնը շեշտեց միշտ Հայաստանի պետականութեան կողքին կանգնելու՝ կուսակցութեան սկզբունքը, անկախ պետութեան պարագլուխը հանդիսացող անձին ինքնութենէն: Ժողովականները ընդգծեցին հաղորդակցութեանց խողովակները միշտ բաց պահելու եւ հայութիւնը հետաքրքրող նիւթերուն շուրջ շարունակաբար խորհրդակցելու կարեւորութիւնը:

