Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ռոպէր Հատտէճեան – 100

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

January 31, 2026
in Յօդուածներ
0
Ռոպէր Հատտէճեան – 100

Այս օրերուն, Կ. Պոլսոյ մէջ պատշաճօրէն կը նշուի Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան 100-ամեակը: Անցեալ տարի, 99 տարեկանին, ան յաւիտենապէս փակեց իր աչքերը:

Ո՞վ էր երկարակեաց այս անհատականութիւնը, որ իրաւամբ կը նկատուէր Հայ Հրապարակագրութեան Նահապետը: Արդարեւ, վերջին տասնամեակներուն, յատկապէս սփիւռքահայ մամուլի ոեւէ հետեւող, անպայմանօրէն հանդիպած պիտի ըլլայ Ռ. Հ. սկզբնատառերուն (Ռոպէր Հատտէճեան), որովհետեւ կարելի է պնդել, թէ հայ մամուլի էջերէն ա՛ն եղած է ամենաշատ արտատպուած հրապարակագիրը: Կ. Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ-հրապարակագիր, մտաւորական Ռ. Հատտէճեան, իր «Յուշատետր» ընդհանուր վերնագիրը կրող բազմահարիւր յօդուածներով գրաւած էր ուշադրութիւնն ու համարումը մեծաթիւ ընթերցողներու. իսկ մտաւորականութեան կողմէ ալ՝ արժանացած բարձր գնահատանքի: «Յուշատետր» բառը կարծէք դարձած էր անոր սեփականութիւնը:

Ծնած էր 1926-ին, Պոլիս: Հայրը՝ Աւետիս, Գոնիոյ Ագշէհիր քաղաքէն հաստատուած էր Պոլիս. առեւտրական էր: Մայրը՝ Սիրանոյշ Զմիւռնիայէն էր: Ան իր հիմնական կրթութիւնը կը ստանայ Պանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ (1933-1944): Այդ ժամանակաշրջանին հոն կ’ուսանէին հետագային պոլսահայ գրականութեան կարկառուն դէմքերէն դարձած Վարուժան Աճէմեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Վարդ Շիկահեր եւ ուրիշներ: Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Իսթանպուլի համալսարանի գրականութեան բաժինին մէջ եւ 1950-ին կը վկայուի փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան ճիւղերէն: Որմէ ետք կ’անցնի զինուորական ծառայութեան: Անկէ վերադարձին կը նետուի պոլսահայ ազգային-մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ, հետզհետէ դառնալով անոր ամենաշխոյժ անդամներէն մին:

Աշխատակցելով պոլսահայ մամուլին («Սան», «Ճառագայթ», «Անիւ», «Երջանիկին Տարեգիրքը», «Մարմարա»), ան աստիճանաբար ձեռք կը բերէ գրական հմտութիւն: Սակայն, «Մարմարա» օրաթերթը կ’ըլլայ իր որպէս գրագէտի դրսեւորման ասպարէզը. 1955-էն կը մասնակցի օրաթերթին «Գրական Էջեր»-ու խմբագրման աշխատանքներուն: Այդ ժամանակաշրջանին թերթը կը բանեցնէին Պետրոս եւ Սեդա Զօպեանները:

Ի բնէ խմբագիր Ռ. Հատտէճեան մշակած է գրական գրեթէ բոլոր սեռերը՝ թատերգութիւն, գրադատութիւն, պատմուածք, վէպ, թարգմանութիւն, յուշագրութիւն, ուղեգրութիւն եւ նոյնիսկ բանաստեղծութիւն՝ թրքերէնով…:

1959-ին կը սկսի Ռ. Հատտէճեանի ստեղծագործական կեանքին երկար ճանապարհը, երբ «Սան»-ի բացառիկ թիւին մէջ լոյս կը տեսնէ անոր «Կեանքի մը երեք Կիրակիները» թատերգութիւնը: Անոր թատերական գործերը եղան՝ «Կիրակնօրեայ հաշուեփակ» (1973), «Վաստակ» (1976) եւ «Թատերախաղեր» (2002), որուն մէջ կային բացի վերոնշեալ գործերէն՝ միւս թատերգութիւնները եւս («Մարդը եւ իր կեղեւը», «Քիչ մը գութ եւ երկու կաթիլ արցունք…», «Մահը ա՞յս է արդեօք»): Թարգմանական գործեր՝ «Էրօինի մաքսանենգները» (Էրվին Մոսկաու, 1969) եւ «Ճատրակ խաղացողը» (Ստեֆան Ցվայգ, 1969). մամուլին համար կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ, որոնք մնացած են թերթերու հաւաքածոներուն մէջ: Վէպեր՝ «Առաստաղ» (Ա. հատոր) (1983, Բ. Տպգր.՝ 1998), «Առաստաղին միւս կողմը» (Բ. հատոր) (2000): Ապա՝ «Բառասխալ» (պատմուածքներ) (1972), «Մարդոց մեծութեան եւ խեղճութեան մասին» (պատմուածքներ) (1979). «Օրագրիս տասնհինգ էջերը» (ուղեգրութիւն) (1977). «Շնորհք արք. Գալուստեան՝ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ» (յուշամատեան) (1987), «Յիշելով մեր սիրեցեալ Շնորհք պատրիարքը» (յուշագրութիւն) (1990):

Ռ. Հատտէճեան քաջագիտակ էր հայ գրականութեան, բայց հետաքրքրական է որ միայն մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի մասին է որ պատրաստած է մենագրութիւն մը եւ նուիրած հրապարակագրական էջերու շարք մը՝ «Յակոբ Պարոնեանի մտերմութեան մէջ (1965, Բ. Տպգր.՝ 1999) եւ «Յակոբ Պարոնեան վերադարձաւ» (1999): Այսպէս կը վկայէ ան. «կեանքիս շատ կանուխ շրջաններուն, բազմաթիւ գրասէրներու նման, ե՛ս ալ մասնաւոր հետաքրքրութիւն եւ համակրանք մը զգացած էի մեր անզուգական երգիծաբան Յ. Պարոնեանի նկատմամբ: Այդ առաջին պատահական համակրանքն էր արդէն, որ մղած էր զիս Պարոնեանի մասին մենագրութիւն մը գրելու: Նախ՝ Պարոնեանի հանդէպ իմ անսահման սէրս, հիացումս՝ իր սրամտութիւններուն, մեր ազգային իրականութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումներուն, իր ցուցաբերած խիզախութեան, քաջութեան եւ ճշմարտախօսութեան հանդէպ»:

1967-ին նոր էջ մը կը բացուէր Ռ. Հատտէճեանի կեանքին մէջ եւ ինչու չէ հայ հրապարակագրութեան տարեգրութեան մէջ, երբ ան կը ստանձնէր «Մարմարա» օրաթերթին խմբագրապետութեան պաշտօնը: Արդէն գրագէտ եւ փորձառու մտաւորականը իր անմնացորդ նուիրումով նոր որակ եւ բովանդակութիւն պիտի տար օրաթերթին: Իր յօդուածաշարքերով, ընտրած նիւթերով, ճաշակով, բազմազանութեամբ, երիտասարդ ուժերու քաջալերանքով «Մարմարա»-ն պիտի դառնար զգալի ներկայութիւն հայ կեանքին մէջ: Պոլսահայ գրական-մշակութային եռուզեռին առանցքներէն մին պիտի ըլլար ան՝ քանզի թերթին շուրջ կը խմբէր ծանօթ մտաւորականներ, գրիչ շարժող տարրեր եւ խոստումնալից սկսնակներ: Բախտաւոր էր «Մարմարա»-ն, որ իր գլխուն կ’ունենար գրագէտ խմբագրապետ մը, իսկ Ռ. Հատտէճեան՝ ինքզինք դրսեւորելու լայն հնարաւորութիւն:

1981-էն «Մարմարա»-ի առաջին էջերուն վրայ կը սկսին երեւիլ «Յուշատետր» վերնագիրին տակ յաջորդական յօդուածներ: Օրուան ազգային-ընկերային եւ մշակութային հարցերը արծարծող այդ յօդուածները իրենց շահագրգռող բովանդակութեամբ, մտորումներով, հիւթեղ եւ տպաւորիչ հայերէնով մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէին ամէնուրեք: Առաւելութիւն մը եւս ունէր խմբագիրը. իր տպարանէն՝ «Մուրատ Օֆսէթ»-էն, 1982-էն սկսեալ հերթաբար լոյսին կու գային այդ «Յուշատետր»երը: Ընթերցողներու ափերուն յաջորդաբար կը հասնէին ոչ-մեծածաւալ գիրքերը: Ըստ Ռ. Հատտէճեանի, անոնք պէտք է հասնին «աւելի քան 50 հատորներու» (տես՝ «Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ» (Ա. հատոր) աշխատասիրեց՝ Կարօ Աբրահամեան, 2004, Անթիլիաս, էջ 335):

Հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի հետ ունեցած սրտբաց զրոյցի մը ընթացքին, Ռ. Հատտէճեան կը վկայէ. «1981-ին կեանքի կոչեցի «Յուշատետր» սիւնակը եւ շուտով անդրադարձայ, որ անիկա հրապարակագրութիւն չէր, այլ՝ գրական աշխատանք: Իմ   նպատակներէս մէկն ալ այդ էր արդէն, «Յուշատետր»երուն ընդմէջէն լայն չափով գրականութիւն հրամցնել ժողովուրդին» («Յառաջ», Հոկտ., 2001): Տեղին է յիշել, որ ան թերթին էջերէն կը նկարագէր իր տուած այցելութիւնները գաղութէ-գաղութ թէ Հայաստան՝ խորհրդային եւ յետխորհրդային ժամանակներուն՝ համահաւասար կերպով: Այս ուղեգրութիւնները կը կամրջէին գաղութները եւ Հայաստանը իր բեղուն ու հաճելի գրչով:

Գիւտարար խմբագիր եղաւ ան, որովհետեւ նիւթ մը կը սկսէր ծաւալելու եւ խորանալու երկար շունչով. այդպէս եղան «Հայկական առածներ»-ը (Անթիլիաս, 1995), «Հին հասցէներ» («Յուշատետր 14», 1999), «Պտոյտ մը հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ» («Յուշատետր 39», 2000),  «Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ» 10 հոյակապ հատորները («Յուշատետր 59-68», 2008-2012), որ մեծապէս օգտակար կրնայ ըլլալ հայ գրականութեան ծալքերուն հետամուտ ընթերցողներու համար: «Օտարականներ՝ աշխատասենեակիս մէջ կամ իսթանպուլահայ գրականութեան վէպը» («Յուշատետր 37», 2002), «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ» երկար շարքը («Յուշատետր 78-83 եւ աւելի, 2012-2014) եւ այլն: Հայ եկեղեցւոյ մօտիկ կանգնած ըլլալու փաստը անոր յաճախակի անդրադարձներն են մեր եկեղեցւոյ ծէսերուն, հանդիսութեանց, դաւանանքին թէ հաւատքին. այդպէս եղան օրինակ «Սրբալոյս միւռոնը եւ կրակարանը» («Յուշատետր 32», 2002), եւ «Հազար տարի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հետ» («Յուշատետր 49», 2003) գիրքերը:

Ռ. Հատտէճեանի գրիչին հիացողներէն եղած է Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, որ նախ Անթիլիասի մէջ հրատարակելէ ետք անոր «Հայկական առածներ»ը (երբ կաթողիկոսն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), 1998-ին Ս. Էջմիածնի մէջ լոյսին ընծայեց «Յուշատետր (Ընտրանի)» հաստափոր հատորը (694 էջ): Յառաջաբանին մէջ վեհափառը կը գրէ. «Իր գրական ընդարձակ վաստակին մէջ Մենք երկար տարիներէ ի վեր Մեզ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող բաժինը գտած ենք իր «ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ» համեստ անունին տակ կեանքի կոչուած գրական-գեղարուեստական, խորհրդածական, վերլուծական, յուշագրային, իմաստասիրական խորք ունեցող կտորները: Անոնք մարդկային, ազգային, կրօնական, եկեղեցական, մշակութային կեանքի երեւոյթներու մասին սուր դիտարկութիւններով Գիրի տարազ զգեցած նշմարներ են»: Ուշարժան է Թորոս Թորանեանի մէկ վկայութիւնը. արդարեւ, 1996-ին ան կ’այցելէր Պոլիս, կը փութայ «Մարմարա»-ի խմբագրատուն, ուր Երեւանէն նոր ժամանած էր Ռ. Հատտէճեան. եւ «Գրողը խորապէս տպաւորուած էր երեւոյթէ մը, որ մեր նորանկախ հայրենիքի առաջին նախագահը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ոչ միայն յատուկ ընդունելութեան մը արժանացուցած էր զինք, այլեւ խօսած էր իր ստեղծագործական աշխատանքներուն մասին, մէջբերումներ ընելով իր գիրքերէն: Այս մէկը զարմանք պատճառած էր իրեն: Նախագահ մը ե՞րբ գտած էր առիթը կարդալու իր գիրքերը» («Ամբողջական գրագէտը Ռոպէր Հատտէճեան», Հալէպ, 2002, էջ 9):

Ռոպէր Հատտէճեան բախտաւոր գրագէտ է նաեւ, քանի իր կենդանութեան իր մասին հրատարակուած են գիրքեր՝ արժեւորելով անոր վաստակն ու ստեղծագործական ժառանգութիւնը: Անոնք են՝ «Ռոպէր Հատտէճեան գրական գործունէութեան 40-ամեայ հանգրուանին» (խմբագիր՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան) (Իսթանպուլ, 1987), հայրենի գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան «Ռոպէր Հատտէճեան ներաշխարհի գեղարուեստական քննութիւն» (Իսթանպուլ, 1996), Թորոս Թորանեան «Ամբողջական գրագէտը Ռոպէր Հատտէճեան» (Հալէպ, 2002):

Ան ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ շքանշաններ. Վազգէն Ա. վեհափառի սրբատառ կոնդակ եւ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշան, Հայաստանի Հանրապետութեան Մովսէս Խորենացի պատուանշան, Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գրական Մրցանակ, Վարդգէս եւ Ռիթա Պալեան հայ մամուլի մրցանակ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան Ա. կարգի շքանշան, Համազգայինի «Անահիտ» գրական մրցանակ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալ, Երեւանի Պետական Համալսարանի ոսկէ մետալ, Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի ոսկեզօծ շքանշան, Ֆրոտիոֆ Նանսէնի անուան ոսկեայ յուշամետալ, Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Ոսկեայ Գրիչ մետալ, 2011-ին Հայաստանի նախագահին կողմէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ոսկեայ մետալ եւ այլն:

Իր հարիւրամեայ տարեդարձին առիթով, յետմահու վարձքդ կատար կ’ըսենք վաստակաշատ մտաւորականին, նախ խոնարհելով եւ ապա խունկ վառելով ու աղօթք մրմնջելով անոր անմոռաց յիշատակին:

Հայ Հրապարակագրութեան Նահապետը՝ Ռոպէր Հատտէճեան անտարակոյս կը դասուի հայ հրապարակագրութեան մեծերու շարքին:

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Վարիչ Մարմինը Կ’այցելէ Հայաստանի Դեսպանին

Next Post

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (4)

Next Post
Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (4)

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (4)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.