Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (4)

Յարութիւն Իսկահատեան

January 31, 2026
in Յօդուածներ
0
Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (4)

Արսէն Կիտուր Քերմանշահ կը մեկնի ազգային գործով: Այնուհետեւ կ’անցնի Թի‎‎ֆլիս եւ ապա իր ծննդավայրը` Պայազիտ: Թի‎ֆլիսի մէջ ան կը գործակցի Զօրավար Անդրանիկի, Վահան Թոթովենցի եւ ուրիշ պատասխանատու ազգայիններու հետ: Կիտուր անոնց կը պարզէ Պաղտատի եւ Պարսկահայքի հայոց կացութիւնը: Ան նահատակ Ռուբէն Զարդարեանի տիկնոջ եւ զաւկին հետ հանդիպում մը կ’ունենայ` մեծ գրողին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու համար անոնց: Տիկին Զարդարեան տակաւին կ’ապրէր մեծ յոյսերով, թէ իր ամուսինը տակաւին ողջ է… Վահան Թոթովենց նախապէս զգուշացուցած էր Կիտուրը, թէ Ռուբէն Զարդարեանի նահատակութեան մասին չյայտնէր տիկնոջ: Կիտուր այդ պատուէրը լիուլի կը կատարէ:

Թի‎ֆլիսի մէջ Արսէն Կիտուր կը գործակցի նաեւ Արեւմտահայ Խորհուրդի գրասենեակին հետ: Այդ օրերուն, ռուսական բանակի զինուորներ, դասալիք ըլլալով, «տուն» կը վերադառնային: Դաշնակիցները կը ջանային հայերէն զինուորական մարդոյժ մը կազմել` թուրքերուն դէմ պատերազմելու համար: Զօրավար Անդրանիկի կողքին, Կիտուր եւս իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ այս գործին:

Արսէն Կիտուր կը վերադառնայ Պայազիտ` իր ծննդավայրին ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար: Քիւրտերը յաճախ կը յարձակէին Պայազիտի հայոց վրայ` կողոպտելու եւ սպաննելու համար:

1917-ի վերջերն էին: Թաթարները Թուրքիան ունէին իբր յենարան, իսկ վրացիք գերմանացիներուն կը վստահէին: Հայերը իրենց գոյութիւնը պէտք է պահէին միայնակ եւ վստահելով սեփական ոյժերուն միայն:

Արսէն Կիտուր Պայազիտի ամբողջ հայ մարդուժը կը հաւաքէ ու կը կազմակերպէ: Տեղացիներուն կողքին, կային նաեւ դուրսէն եկած կռուող հայեր: Սակայն քիւրտերն ու թուրքերը այնքան բազմաքանակ էին եւ լաւապէս զինուած, որ հայերը կը ստիպուին նահանջել` Պայազիտը կրակի տալէ յետոյ: Պայազիտցիները Սեւանայ լիճի ափին գտնուող գիւղերը կ’ապաստանին եւ այդ շրջանը Նոր Պայազիտ կը կոչեն:

Արսէն Կիտուր Զօրավար Անդրանիկի զօրաբաժինին մէջ կը ծառայէ պատասխանատու պաշտօնով եւ կը մեկնի Պարսկահայք` հայերը պաշտպանելու սուրբ գործով:

«Յուշեր Ու Փուշեր»-ու հեղինակը` Արսէն Կիտուր յարատեւօրէն կը շարունակէ ահաբեկուած հայ խլեակները հաւաքել: Այս մասին ան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ հետեւեալ բառերով. «…պէտք կը զգայի բարձրացնել ժողովուրդի բարոյական կորովը, արթնցնել անոր մէջ հայրենասիրական աւիւնը եւ կապել զայն ներգաղթի գաղափարին»:

Կ’արժէ մէջբերել Ռուբէն Տէր Մինասեանի վկայութիւնը Արսէն Կիտուրի մասին.

«Արսէն Կիտուրի շնորհիւ էր որ ստացուեց եզիտ Շէյխի կոնդակը եզիտիներու ուղղուած, որով կը յանձնարարէր բոլոր եզիտիներին իրենց բախտը կապել հայութեան եւ Հայաստանի հետ եւ հայ կուլտուրան ընդունիլ իբր իրենց սեփականութիւնը» (Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 7-րդ հատոր, էջ 173):

Ռուբէն Տէր Մինասեան կը յիշէ ասորիներու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու գործին մէջ Արսէն Կիտուրի եւ ուրիշներու բերած մեծ նպաստը: Ան կը հետեւցնէ. «Ան (ասորիներու հետ լաւ յարաբերութիւններու մշակումը – Յ. Ի.) ունեցաւ իր քաղաքական նշանակութիւնը, որովհետեւ 60.000 ասորիներու շահագրգռութիւնը Վանից հարաւ գտնուող շրջաններով, մեզ դնում էր դաշնակցի վիճակի մէջ» (էջ 199):

 

(Վերջ)

Share64Tweet40
Previous Post

Ռոպէր Հատտէճեան – 100

Next Post

Ընդդիմադիրները Կրնան Աղմկել, Բայց Թիւերը Չեն Ստեր

Next Post
Ընդդիմադիրները Կրնան Աղմկել, Բայց Թիւերը Չեն Ստեր

Ընդդիմադիրները Կրնան Աղմկել, Բայց Թիւերը Չեն Ստեր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.