Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ընկերուհի Փաթիլ Փափազեանի Խօսքը

(Սարգիս Տխրունիի Նահատակութեան 97-րդ Տարելիցին)

January 27, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Ընկերուհի Փաթիլ Փափազեանի Խօսքը

Հայ ժողովուրդի եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ականաւոր դէմքերէն է հնչակեան գաղափարի մեծ ղեկավար ուսուցիչ ընկ. Սարգիս Քէտէրեան Տխրունին, որ մինչեւ նահատակութեան օրը պայքար տարած է ի շահ հայ ժողովուրդին ու իր կուսակցութեան, չմոռնալով իր պայքարը ի նպաստ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայագաղութներուն եւ ի դէմ Ֆրանսական գաղութատիրութեան, սակայն հալածանքի ենթարկուելով աքսորուած եւ բանտարկուած է Սուրիոյ ծովեզերեայ թարթուս քաղաքի Արուատ կղզիին մէջ, ուրկէ ազատ արձակուելէն ետք Պէյրութ գալով շարունակած է իր պայքարը մինչեւ եղբայրասպան գնդակով իր նահատակութիւնը՝ 17 Յունուար 1929-ին։

Ընկ. Սարգիս Տխրունիին՝ բուն անունով Սարգիս Քէտէրեան, մեծ ուսուցիչին յիշատակը յաւերժացուած է Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ։ Անոր անունով հիմնուած է Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութիւն…

 

Պատուարժան Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լինանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ընկերներ,

Արժանապատիւ քահանայ հայր,

Յարգելի հիւրեր եւ սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ,

 

Հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մեծ ուսուցիչ եւ հռետոր Սարգիս Տխրունիի նահատակութեան 97-րդ տարելիցը, եւ անգամ մը եւս մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած գաղափարակից ընկերներուն յիշատակին։

97 տարիներ առաջ հայ դաւադիր ոճրագործը զգետնեց Սարգիս Տխրունին՝ անոր ընկերվարական համոզմունքներուն եւ վայելած մեծ ժողովրդականութեան պատճառով։ Դժբախտաբար եղբայրասպան գնդակը չթոյլատրեց զինք աւելի երկար ծառայել իր ազգին ու գաղափարին։ Բայց Տխրունին մնաց անմահ, իսկ անոր գաղափարները՝ ներշնչանք յաջորդական սերունդներուն, յատկապէս մեզ՝ երիտասարդներուս։

Սարգիս Տխրունին սիրեց արդարութիւնը, գթաց տառապողին, օգնեց տկարին, բարձր պահեց ճշմարտութիւնը, քարոզեց ընկերվարութիւնը, պաշտպանեց ազգային արժանապատուութիւնը, եւ պայքար մղեց ամէն տեսակի ստրկութեան դէմ։

Իր նահատակութեամբ ան դարձաւ դպրոց, ուր սերունդներ դաստիարակուեցան մաքուր հայրենասիրութեամբ եւ գաղափարապաշտութեամբ։

Այսօր մենք՝ Տխրունիի հետեւորդներս, կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ անշեղօրէն շարունակելու Տխրունիի գաղափարական ու հայրենասիրական մեծ դպրոցի ճամբէն, եւ պահպանելու անոր կտակը։

Նոյն ոգին, նոյն սէրը եւ նոյն նուիրումն է, որ կը խանդավառէ իւրաքանչիւր տխրունիական, եւ մղէ ի գործ ու զոհողութիւն՝ միշտ բարձր պահելով ազգային եւ հաւաքական շահերու դրօշը։

Մենք՝ որպէս հնչակեան երիտասարդներ, կը վերամկրտուինք մեր սուրբ գաղափարին մէջ եւ կը խոստանանք ծառայել Հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին, սիրել ազատութիւնը, ըլլալ մեր պատմութեան տէրը, յարգել հերոսներուն ու նահատակներուն յիշատակը, պայքարիլ ամէն տեսակի ոտնձգութիւններու դէմ, եւ կառչած մնալ մեր սկզբունքներուն։

Կը խոստանանք գործել նշանակալից, անշահախնդիր եւ նուիրուած։

Հայրենիքը մեզի համար կը մնայ բոլոր շահերէ վեր, որովհետեւ Հայրենիքը կերտելով կ’ապահովենք հայ ազգի գոյատեւումն ու յարատեւումը։

Սիրենք եւ պաշտպանենք մեր հայրենիքը ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով։

Խունկ ու մոմ մեր գաղափարակից ընկերներու յիշատակին։

Բի՜ւր յարգանք Սարգիս Տխրունիին։

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը։

Կեցցէ՛ Հայաստանը։

Կեցցէ՛ Հնչակեան Մայր կուսակցութիւնը։

Ապրի՛ Տխրունի ուսանողական–երիտասարդական միութիւնը

Share65Tweet41
Previous Post

Մեծ Ուսուցիչին Առջեւ Խոնարհումով՝ Գաղափարական Ուխտի Վերանորոգում

Next Post

3033 Անգամ Պռաւօ՛, Նարեկ Դուրեան

Next Post
3033 Անգամ Պռաւօ՛, Նարեկ Դուրեան

3033 Անգամ Պռաւօ՛, Նարեկ Դուրեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.