Անցնող Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն, իրարայաջորդ երկու երեկոներու ընթացքին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութիւնը լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան հրամցուց բարձրորակ եւ առանձնայատուկ մենախօսութիւն մը՝ հայրենի արուեստագէտ Նարեկ Դուրեանի կատարումով, նուիրուած անոր ծննդեան 65-ամեակին։
Ներկայացումը մէկ ժամ ու քառասունհինգ վայրկեան ամբողջութեամբ պահեց հանդիսատեսը բեմին կապուած՝ առանց դոյզն ձանձրոյթի կամ յոգնութեան նշաններու։ Ընդհակառակը, հանդիսատեսը դարձաւ բեմական ընթացքի անմիջական մասնակիցը՝ իբրեւ դատարանի երդուեալ ատեանի անդամներ, արձագանգելով ու ապրելով մենախօսողին հետ։
Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի էր ներկայացման լեզուական մշակուածութիւնը։ Բառապաշարը ականջը շոյող էր, համարձակ եւ ուղիղ արտայայտութիւններով լի, որոնք սակայն երբեք չէին սահեր գռեհկութեան սահմաններուն մէջ։ Կատակերգութիւնը բնականաբար ներկայացուած էր արեւելահայերէնով, սակայն լեզուն պարզ, յստակ ու հաղորդիչ էր, ինչ որ հանդիսատեսին հնարաւորութիւն տուաւ առանց որեւէ դժուարութեան հետեւելու բեմական ընթացքին։ Ռուսերէն մէջբերումներուն պարագային ալ Նարեկ Դուրեան անմիջապէս կը պարզաբանէր անոնց իմաստը՝ պահելով հաղորդակցութեան ամբողջականութիւնը։
Ներկայացման ամբողջ ընթացքին հանդիսատեսը կը շնչէր մենախօսողին հետ եւ չէր փափաքեր աւարտին հասնիլ։ Բեմին վրայ Դուրեան ունէր նաեւ հրապուրիչ օգնականուհի մը, որ մերթ ընդ մերթ յայտնուելով՝ որակաւոր խաղարկութեամբ կը կենդանացնէր մենախօսութեան որոշ դրուագներ եւ կ’ամբողջացնէր բեմական պատկերը։ Դժբախտաբար, դերասանուհիին անունը մնաց գաղտնի, նոյնիսկ ներկայացման «պռոշիւր»ի էջերը բազմիցս ստուգելէ ետք։
Այս խաղարկութեան յաջողութեան ամենավկայակոչելի փաստերէն մէկը հանդիսատեսին մէջ ծնած այն ներքին զգացումն է, որ ներկայացումը կ’արժէ երկրորդ եւ նոյնիսկ երրորդ անգամ դիտել։
Կեցցե՛ս, Նարեկ Դուրեան։ Երեք հազար երեսուներեք անգամ պռաւօ՛։ Իսկ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան՝ խորին երախտագիտութիւն, այս բարձրարժէք մենախօսութիւնը լիբանանահայ թատերասէրներուն հասանելի դարձնելու ջանքին համար։
Նշենք նաեւ, որ այս ներկայացման մասին արժանավայել եւ խորաթափանց գրիչով անդրադարձ կատարած է յայտնի մտաւորական եւ խմբագիր Վարուժան Թէնպէլեանը՝ իր «Տարբերակ 21» հարթակին մէջ, որուն ամբողջական գրութիւնը կը ներկայացնենք յաջորդող տողերով։
(Ա.)
ՆԱՐԵԿ ԴՈՒՐԵԱՆ «3033» ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ.
«ՉԿՈՐՍՆՑՆԵԼ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ»
Նարեկ Դուրեան այն արուեստագէտներէն է, որոնք երբեք չեն խուսափիր սուր հարցադրումներէ։ Հայրենի հանրածանօթ դերասան եւ բեմադրիչ, հեգնա-երգիծական մենախօսութեան վարպետ, Դուրեան տարիներ շարունակ իր հիւմըրին միջոցով կը շօշափէ ազգային, միջազգային եւ ընդհանրապէս մարդկային հարցեր։ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Լիբանանի մէջ ներկայացուած իր վերջին մենախօսութիւնը՝ «3033», չի շեղիր այդ գիծէն՝ միաժամանակ ծիծաղ յառաջացնելով եւ խռովիչ մտորումներ յարուցելով։
«3033»-ի առանցքը ֆեմինիզմն է, կամ աւելի ճիշդ՝ Դուրեանի քննադատական վերաբերումը անոր որոշ ծայրայեղ դրսեւորումներուն։ Ան յստակ կը յայտարարէ, որ ամբողջովին կողմնակից է կնոջ եւ տղամարդու հաւասարութեան ու ազատագրութեան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Սակայն ան կասկածի տակ կը դնէ այն պահը, երբ հաւասարութիւնը կը սկսի վերածուիլ բնութեան այլափոխումին կամ դերերու արուեստական փոխանակման։
Դուրեանի պատկերացումով՝ կինը գեղեցիկ է, նուրբ, հրապուրիչ, եւ ան կը հաւատայ, որ տղամարդուն համար բնական է կնոջ հանդէպ յարգանք, սէր եւ ասպետական վերաբերում ցուցաբերելը թէ՛ բարոյական, թէ՛ գեղագիտական իմաստով։ Բայց ան զարմանք կը յայտնէ այն մօտեցումներուն նկատմամբ, երբ հաւասարութեան անունով կինը կը վերածուի բռնակալի, իսկ տղամարդէն կը սպասուի ծննդաբերութիւն։ Եթէ հաւասարութիւնը կը նշանակէ իրականութեան աղաւաղում եւ բնութեան ժխտում, ապա, ըստ Դուրեանի, այդ արդէն անհեթեթ է։
Այս հարցադրումները կը ներկայացուէին թատերական մտածուած շրջագիծի մը մէջ։ Դուրեան կը գտնուի դատավարութեան մէջ՝ ենթադրեալ 3033 թուականին, ապագայ աշխարհի մը մէջ, ուր կանայք կ’իշխեն, եւ իր պատկերացումները կնոջ մասին՝ գեղեցկութիւն, ցանկութիւն, ասպետութիւն, համարուած են արգիլուած գաղափարներ։ Մենախօսութիւնը կը ձեւաւորուի որպէս պաշտպանողական խօսք դատարանին մէջ։ Դատաւորին ձայնը կը հնչէ անտեսանելի, իսկ բանտապահը՝ երիտասարդ ու գեղեցիկ կին մը, կը մարմնաւորէ այդ ապագայի իշխանութիւնը։ Ան գործնական է, խիստ, բայց միաժամանակ՝ կարծես զրկուած է գեղեցկութեան եւ նրբութեան զգացումէն։ Այս հակադրութիւնը պատահական չէ, այլ՝ մտահոգիչ։
Դատավարութեան ընթացքին, հանդիսատեսը ինքն է երդուեալ ատեանը։ Դուրեանի անմիջական հաղորդակցութիւնը դահլիճին հետ կը ստեղծէ զուարճալի իրավիճակներ, եւ ծիծաղը կը տիրէ թատերասրահին մէջ։ Սակայն այդ ծիծաղը միայն զուարճանալու համար չէ․ ան միջոց է մտածելու, հարցադրելու։
Մենախօսութեան ընթացքին Դուրեան կը շօշափէ նաեւ մերօրեայ այլ հարցեր՝ համացանցը, բջիջային հեռախօսները, խելախօսները, արհեստական բանականութիւնը։ Ան զանոնք կը նկատէ օգտակար գործիքներ, եթէ օգտագործուին խոհեմաբար։ Հակառակ պարագային, մարդկութիւնը, ըստ Դուրեանի, կը թաւալի դէպի դատարկութիւն եւ մակերեսայնութիւն։ Մարդիկ այլեւս գիրքեր չեն կարդար։ Գիտելիքը կը նահանջէ։ Աշխարհը կը կառավարուի տգէտներու կողմէ, որոնք վտանգաւոր կերպով մօտ են «կարմիր կոճակին» (կորիզային ռումբի)։
Դուրեանի առաջադրանքները պարզ են, բայց խորիմաստ․ կարդացէ՛ք գիրքեր, մնացէ՛ք ասպետական, պահպանեցէ՛ք գեղեցկութիւնը։ Հաւասարութիւնը, ան կը շեշտէ, պէտք չէ նշանակէ նրբութեան, յարգանքի եւ մարդկային խորքի վերացումը։
Մօտ երկու ժամ շարունակ Նարեկ Դուրեան խնդուք պատճառեց, բայց նաեւ մեզ հրաւիրեց ինգնագիտակցութեան։ «3033»-ը ոչ թէ դատավճիռ է ապագային դէմ, այլ զգուշացում՝ չկորսնցնելու մարդուն մարդկայնութիւնը յառաջդիմութեան անունով։
Վարուժ Թէնպէլեան
«Տարբերակ 21»

