Հայ ժողովուրդի եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ականաւոր դէմքերէն մէկն է հնչակեան գաղափարի մեծ ղեկավար-ուսուցիչ ընկ. Սարգիս Քէտէրեանը՝ Տխրունին։ Ան մինչեւ իր նահատակութեան օրը անսասան պայքար մղեց ի շահ հայ ժողովուրդին եւ իր կուսակցութեան՝ միաժամանակ չմոռնալով իր ծառայութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայագաղութներուն, ինչպէս նաեւ իր կեցուածքը ի դէմ ֆրանսական գաղութատիրութեան։ Այդ պայքարին հետեւանքով ենթարկուեցաւ հալածանքի, աքսորուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Սուրիոյ ծովեզերեայ Թարթուս քաղաքին մօտ գտնուող Արուատ կղզիին մէջ։ Ազատ արձակուելէն ետք, Պէյրութ գալով շարունակեց իր գաղափարական ու կուսակցական պայքարը մինչեւ 17 Յունուար 1929, եղբայրասպան գնդակով իր նահատակութիւնը։
Ընկ. Սարգիս Տխրունի մեծ ուսուցիչին յիշատակը յաւերժացուած է Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ։ Անոր անունով հիմնուած է Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութիւնը, որ իր աչքառու եւ յիշատակելի գործունէութեամբ, իր հիմնադրութեան օրէն սատար կը հանդիսանայ հայ երիտասարդութեան եւ ուսանող խաւին։ Այդ գործունէութեան կենդանի վկայութիւններէն մէկը, անարժանաբար, ես եմ եւ ինծի նմանները։
Կուսակցական եւ այլ բնոյթի բազմաթիւ աշխատանքներուն կողքին, Տ.Ո.Ե.Մ.-ի վարչութիւնը ամէն տարի կը նշէ մեծ ղեկավարին նահատակութեան տարելիցը՝ հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ այցելութեամբ Ֆըրըն Շըպպէքի Հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող Հնչակեան կուսակցութեան պանթէոն, ուր կանգնած է մեծ ուսուցիչին կիսանդրին։
Այս տարի եւս, Կիրակի, 25 Յունուար 2026-ի առաւօտուն, Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Սարգիս Տխրունիի նահատակութեան 97-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Ս. Պատարագի աւարտին, որ մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ արժանապատիւ Տէր Նարեկ աւ. քհնյ. Հէճինեանը։

Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, ինչպէս նաեւ Վարիչ մարմինի անդամները, կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները, շրջանի մասնաճիւղերու ատենապետերն ու վարչական անդամները, շարքային ընկերուհիներ եւ ընկերներ, հնչակեան գաղափարին հետեւող նուիրեալ բազմութիւն մը եւ մեծ ուսուցիչին յիշատակը յարգող գաղափարակիցներ։
Ֆըրըն Շըպպէքի Հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ, Տխրունիի դամբարանին առջեւ, Տէր Նարեկ քահանային եւ սարկաւագներուն կողմէ անգամ մը եւս հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նահատակ ընկ. Սարգիս Տխրունիի հոգիին համար։
Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի նուագով սկիզբ առաւ պաշտօնական բաժինը՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի քայլերգներու կատարումով։ Հնչակեան պանթէոնին մօտ, ուր կանգնած է մեծ ուսուցիչին կիսանդրին, Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան խօսքը փոխանցեց ընկերուհի Փաթիլ Փափազեանը (խօսքը կը տրուի առանձին)։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում դամբարանին վրայ։
Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ, տխրունիական վեթերան ընկերներու եւ նոր սերունդի ներկաներուն համատեղ երգեցողութեամբ, «Ուխտի հրաւէր» երգով իր աւարտին հասաւ անմահանուն մեծ ուսուցիչին նուիրուած ուխտի վերանորոգման այցելութիւնը։

